«ԽՃԱՆԿԱՐՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ. Հեղինակ՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Ներկայացուած 5 Մարտ 2020-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպած Գինեձօնին։ Ստորեւ ամփոփուած տարբերակը։
Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն Հատորը լոյս տեսաւ 2019 թուականին, Մոնթրէալի մէջ։ Անուանումը՝ չի ներկայացներ գունագեղ նկարներու զմայլանք մը, այլ յստակ պատկերացում մը Հայոց Ցեղասպանութեան, ուր իւրաքանչիւր էջ կը պատմէ դրուագ մը, պատում մը մեր ողբերգութենէն, վկայութիւններու փունջ մը, ոդիսականներ վերապրողներէ եւ հեղինակի ընտանիքէն։ Իսկ այդ ամբողջութեան ընդմէջէն հարց կու տամ, թէ արդեօք հեղինակին կտակն է այս ի յիշատակ ու յարգանք ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ վերապրողներուն։ Նուիրական այս գործը, նոյնքան օգտաշատ ու անշահախնդիր է, որքան գիտակից մարդկային տառապանքին եւ յատկապէս անկէ ճակատագրուած ազգի մը։
Հեղինակը՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ոչ միայն հմուտ բժիշկ եղած է ասպարէզով, այլ դասախօս, պատգամաբեր, մտաւորական եւ ազգասէր հայ մը, որ միշտ մնացած է հաստատ իր սկզբունքներով, համեստ, խոնարհ եւ ամբողջականօրէն նուիրուած հայ մշակոյթին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Հատորը կը բաղկանայ 500 էջերէ, ուր բովանդակութիւնը բաժնուած է 27 գլուխներու։ Հոն արձանագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Թուրք բժիշկներու դերակատարութեան մասին, նահատակ հայ բժիշկներու, թուրք իգական սեռին դերակատարութեան, թուրք երեխաներու մասնակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացքին մէջ, որբանոցներու, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին, Օրորա Մարտիկանեանի եւ նմաններու ճակատագրին, վերապրողներու եւ հեղինակին հարազատներու ոդիսականներուն մասին, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներ՝ Գառնիկ Բանեանի, Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեանի, Մարթա Մայայեան-Հարպոյեանի եւ Թորոս Հարպոյեանի ինքնակենսագրութիւնները եւ տարագրութեան յուշերը, եւ այլ։
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան գիրքի նախաբանին մէջ կը գրէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած հայ «գաղթաշխարհ»-ը եւ «որբաշխարհ»-ը ընդհանրապէս ապաստան գտան արաբական երկիրներուն մէջ գոյութիւն առած՝ մեծ թիւով գաղթականներու եւ որբանոցներու մէջ, որոնք առաւելաբար մատակարարուեցան ոչ-հայկական մարդասիրական-բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Անոնք մատուցեցին մարդասիրական աննախընթաց եւ անսահման ծառայութիւններ՝ հայ տարագիր ժողովուրդին եւ որբաշխարհին։ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը եղաւ այդ կազմակերպութիւններէն մէկը եւ կարեւորագոյնը»։
Հատորի առաջին գլուխը կը սկսի Թուրք բժիշկներու դերակատարութիւնը եւ նահատակ հայ բժիշկները հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին թեմայով։ Հեղինակը հոն կը նկարագրէ բժիշկներուն անմիջական մասնակցութիւնը եւ մեղսակցութիւնը, տեղահանութեան, անտեսելով բժշկական հայր՝ Հիւպոկրատի երդումը եւ բժշկական բարոյականութիւնը։
Հեղինակը ոչ միայն թուագրած է թուրք բժիշկներուն անուանացանկը, այլ մասնագիտական ուսումնասիրութեամբ 18 հոգիի մասին տոմարակալած եւ նշած է օգտագործուած աղբիւները եւ անոնց առանցքային ու հիմնական դերակատարութիւնը հայկական ջարդերու կազմակերպումին եւ գործադրութեան մէջ։ Թուրք բժիշկներ ուղղակի կամ անուղղակի մեղսակցութեամբ պատասխանատու են՝ առնուազն 196 հայ բժիշկներու եւ վիրաբոյժներու, 15 բժշկական հայ ուսանողներու, 102 հայ դեղագործներու, 16 հայ ատամնաբուժներու եւ անորոշ թիւով հայ հիւանդապահուհիներու սպանութեան։
Երկրորդ գլուխը տրամադրուած է Թուրք իգական սեռին դերակատարութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մասին։
Հեղինակը կը գրէ. «Հայ վերապրողներու գրի առած տեղեկութիւնները, օտարազգի ականատեսներու եւ բարեսիրական ու կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու յուշագրութիւնները կը փաստարկեն, որ թուրք կանայք մասնակցած են բռնարարքներու եւ անմիջական ու գործօն դերակատարութիւն ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ»։
Սվազի ֆրանսայի փոխ-հիւպատոս Մորիս Կարլիէի կինը՝ Էմիլ Կարլիէ հե- տեւեալ ձեւով նկարագրած է Ուրֆայի դէպքերը. «3,000 հայ կիներ պատսպարուած էին հայոց եկեղեցւոյ մէջ. թուրք մարդասպան տղամարդիկ մտնելով եկեղեցի, բռնաբարեցին շատերը եւ զանազան տեսակի բռնութիւններ բանեցուցին, իսկ գազան թուրք կիներ 50 արկղ նաֆթ թափեցին հայ կանանց վրայ եւ հրոյ ճարակ դարձուցին բոլորը»:
Բժիշկ Հարպոյեան կը գրէ, որ թուրք կանայք ցեղասպանութեան ընթացքին եղած են նաեւ նախաձեռնողներ, սպանութիւններ կատարողներ, հրահրողներ, կողոպտիչներ եւ հայ կիներ ու մանուկներ առեւանգողներ։
Այս տղերը կու գան 25 վկայութիւններով եւ մանրամասնութիւններով, Էրզրումէն, Խարբերդէն, Տիարպէքիրէն, Սվազէն, Տոմինիկեան եւ Շուէտացի միսիոնարներէ, Դանիացի ընկերային եւ կրօնական ծառայողներէ եւ վերջապէս՝ վերապրողներէն։
Երրորդ գլուխը տրամադրուած է Թուրք երախաներու մասնակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մասին։
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ թուրք երեխաները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մասնակից դարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան արարքներուն: Ինչպէս գիտենք, հայրենիքի գաղափարախօսութեան եւ ազգայնամոլութեան քարոզչութիւնը ունեցած է մեծ դերակատարութիւն: «Թուրքիան միայն թուրքերուն» եղած է թուրք ազգայնամոլնե-րուն հիմնական կարգախօսը: Անոնք համոզած են հասարակութիւնը, որ օսմանցի ժողովուրդը ունի սրբազան պարտականութիւն մը՝ «սրբազան պատերազմ եւ Ճիհատ»-ը: Եւ որովհետեւ Թուրք երեխաները ունեցած են նաեւ թուրք մեծերուն ենթարկուելու եւ մեծերը յարգելու ժողովրդային-ընկերային հասկացողութիւնը, հետեւաբար, նոյնիսկ Դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսըն, իր յուշագրութեան մէջ նկարագրած է թուրք երեխաներուն վերաբերմունքը՝ ըսելով. «Երբեք տեսած չեմ կատաղի եւ վայրի տեսք ունեցող նման մարդիկ: Նոյնիսկ իրենց պզտիկ տղաքը իրենք իրենց հասուն մարդու ձեւեր կու տային ու մեր ետեւէն կը պոռային` կեաւո՛ւր, քրիստոնեայ շո՛ւն: Անոնք կը հաւաքուէին եւ կը զուարճանային հայերու չարչարանք- ները դիտելով» …։
Հատորը կը շարունակուի այլ գլուխներով, սակայն հոս կ՚անդրադառնանք միայն քանի մը նիւթերու մասին։
ՍԵՌԱՅԻՆ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Թուրք ղեկավարութիւնները ընդունած եւ քաջալերած են սեռային բռնութիւնները, որոնք նկատուած են Ցեղասպանութեան շրջանին: Անոնք հաւատացած են, որ բռնաբարուած հայ կիները պիտի լքեն իրենց ամուսինները, հարազատները եւ ցեղակիցները։ Անձնասպան պիտի ըլլան ու պիտի անհետանան: Անոնք հաւատացած են նաեւ, որ թիրախ դարձած հայ աղջիկները պիտի հեռանան իրենց ընտանիքներէն՝ վախի, նուաստացումի, ամօթխածութեան եւ յանցանքի զգացումներով:
Թուրք զինուորներ դեռատի հայ աղջիկները բռնի ուժով փոխադրած են Պոլիս, իբրեւ նուէր Պոլսոյ կեդրոնական հրամանատարութեան անձնակազմի անդամներուն:
Կարգ մը թուրք բժիշկներ կատարած են նաեւ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ շատ մը հայ աղջիկներու վրայ, յագեցնելու համար իրենց վատառողջ սեռային կիրքերը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը կը յագեցնէին անչափահաս, 12 տարիքը չբոլորած հայ պարմանուհիներու կուսութիւնը պղծելով եւ դիտելով պղծուած հայ անմեղուհիներու զոհաբերումը իրենց ձեռքով սարքուած բագիններու վրայ:
Այս բոլորը կատարուած են մէկ յստակ միտումով, որ բնաջնջուի Հայ ազգի նոր սերունդ ծնող հատուածը, այլ խօսքով՝ հայ իգական սեռը:
– Քարէն Եփփէ 1926-ին վկայած է. «Հազարաւոր հայ կիներ, զորս անձամբ ազատած էի իսլամ տուներէ, մեծամասնութիւնը այդ տուներու տղամարդոց կողմէ մատնուած էր սեռային շահագործումի եւ ունեցած էր բռնի սեռային յարաբերութիւն»:
– Տոմինիկեան միսիոնար Եասէթ Սիմոն ականատես եղած է Մարտին քաղաքի ողբերգութիւններուն: Ահաւասիկ անոր վկայութիւնը՝ թուրքերու սեռային «սխրագործութիւններուն» մասին. «Խենեշում եւս, կիրքն աւելի քստմնելի հա- մարձակութիւն ստացաւ: Իրենց կիրքը յագեցնելու համար, բռնացան ո՛չ միայն ողջ, այլեւ մեռած կանանց վրայ: Ու վերջապէս գազանութիւնը հասաւ զազրելիութեան գագաթնակէտին: Տիգրանակերտի ձորակին մէջ ժամանակաւոր ցուցահանդէս սարքեցին, ուր զինուորներու հսկողութեամբ ցուցադրեցին զոհուած կանանց մարմինները՝ սրունքները վեր, արեւէն ուռած ու այլանդակուած անդամներով»:
Հեղինակը օգտագործած է 18 աղբիւրներ եւ նշած է 46 վկայութիւններ։
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
Հայ մանուկները եւ անչափահասները բաժնեկից դարձան, հայ տարեցներու եւ չափահաս կիներու տարագրութեան ծայրագոյն աստիճանի դժուարութիւններուն, փոթորկալից տեղահանութեան եւ անվերջանալի տարագրութեան դէպի հեռաւոր անապատային վայրեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկներու եւ անչափահասներու ոդիսականին մասին էջերով կ՚անդրադառնայ հեղինակը, եւ հոն զգալի է անոր յատուկ հետաքրքրութիւնը Հայ որբերու ողբերգութիւններուն եւ անոնց ապրած գաղթականութեան դառնութիւնները, որոնք տեսան տառապանք ու զրկանք, եւ չունեցան արդար եւ խաղաղ մանկութիւն:
Գառնիկ Բանեան՝ կը յիշէ. «Որբանոցին մէջ հարցուցին անունս, մեքենաբար պատասխանեցի՝ Գառնիկ: Ահռելի ապտակ մը եւ ես լաց ու ճիչով գետին ինկած՝ կը գալարուէի, երբ թուրք պաշտօնեայի կօշիկին քիթով կողիս տրուած հարուած մը բաւական եղաւ, որ ուշակորոյս, փռուիմ գետին մեռելի պէս: Անունս այլեւս Գառնիկ չէր, այլ՝ Մահմուտ, թիւս ալ 551: Հայերէն խօսիլը ջնջուած էր»: Գառնիկ Բանեան Ճեմալ Փաշայի կազմակերպած հարիւր հազարաւոր հայ որբերու հաւաքին ընթացքին փոխադրուած է Անթուրայի որբանոցը, ուր ենթարկուած է թրքացումի ահաւոր վտանգին։ Ապա, ազատելով այդ դժոխքէն փոխադրուած է Ժպէյլի որբանոցը։ Սորված է արհեստ, ապա իր ուժերով 1935ին Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն եղած է։ Դաստիարակ, գիրքերու հեղինակ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի փոխ տնօրէն։ Եղած է «Ակօս» պաշտօնաթերթի խմբագիր։ Նաեւ գործօն համազգայնական, Ազգային Իշխանութեան անդամ եւ ատենապետ։ Բանեան իր ներդրումը ունեցած է Ազգային Երեսփոխանական եկեղեցական կեանքին։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ը ԵՒ ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔՊՍԸՆ
Ամերիկեան Նպաստամատոյցի խնամատարութեան տակ եղող որբանոցներէն մէկը եղած է Լիբանանի «Ճպէյլի տղոց որբանոց»-ը: 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը կը գնէ ճպէյլի մէջ մեծ հողաշերտ մը, 40.000 քառակուսի մեթր, իր հին շէնքերով միատեղ եւ կը վերածէ զայն որբանոցի, որ կը կոչուի «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց»-ի «Ճպէյլի տղոց որբանոց»:
«Ճպէյլի տղոց որբանոց»-ը, որ յետագային կոչուեցաւ «Թռչնոց Բոյն», կը գտնուի Լիբանանի Ճպէյլ-Պիպլոս քաղաքին մէջ: Մեծ թիւով նոր որբեր կը հասնին «Ճպէյլի տղոց որբանոց»-ը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն: Այս որբանոցը կը գոյատեւէ մինչեւ 1928: Այդ թուականէն սկսեալ Թռչնոց Բոյնը կը գործէ նոր առաքելութեամբ մը: Հոն կը պատսպարուին եւ կը խնամուին լիբանահայ գաղութէն ներս ամէնէն աւելի կարիքաւոր հայ ընտանիքներու զաւակները եւ ծնողազուրկ որբերը:
Հեղինակը ուսուցիչներէն յիշած է՝ Ստեփան Տարտունի, Կոստան Պանտիկեան, Միհրան Պալիկեան եւ Հայկ Պալեան:
Աւետիս Ահարոնեան, Ճպէյլի Թռչնոց Բոյնի հայ որբերուն ուղղած իր նամակին մէջ գրած է՝ «Դուք սիրուն ծիլեր մեր նոր անդաստանի, մեր խորտակուած անտառի հարուստ բողբոջներ, առաջին ցոլքերը մեր ծագող արշալոյսի, ահա ձեր պատկերն իմ հոգումն է եւ կեանքս՝ ձեր կեանքն է եւ շունչս: Ձեր շունչը, վասնզի դուք էք հաւատքիս անխորտակելի անսասան սիւները»:
Մարիա Ճէյքպսընի անձնանուիրութիւնը (էջ 128-էն սկսեալ կը կարդանք) անքակտելի կապ ունի Լիբանանի Թռչնոց Բոյնի հետ։ Սակայն, նախ 1915-ին կը հասնի Խարբերդ եւ մինչեւ 1919 ականատես վկան կ՚ըլլայ Խարբերդի մէջ պատահած թրքական սարսափելի ու անմարդկային արարքներուն ու ոճիրներուն: Ան կը տառապի ամբողջ այս չորս տարիները, սակայն գերմարդկային ճիգերով կը փրկէ հազարաւոր հայ կեանքեր:
«Թռչնոց Բոյն»-ը 1928-ին՝ սեփականութիւնը կը դառնայ «Դանիական Կանանց Միսիոնարական Գործիչներու Կազմակերպութեան» եւ կը յանձնուի Մարիա Ճէյքպսընի տնօրէնութեան: Այդ թուականէն սկսեալ Թռչնոց Բոյնը կը գործէ նոր առաքելութեամբ մը: Հոն կը պատսպարուին եւ կը խնամուին լիբանահայ գաղութէն ներս ամէնէն աւելի կարիքաւոր հայ ընտանիքներու զաւակները եւ ծնողազուրկ որբերը: Որբանոցը՝ 1930-ին, ի վերջոյ կը ծախուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: 13 Օգոստոս 1930-ին, Բաբգէն աթոռակից Կաթողիկոս առաջին անձը կ՚ըլլայ որ ոտք կը կոխէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նոր նստավայրը:
Թռչնոց Բոյնէն դուրս կու գան հազարաւոր պատուական հայորդիներ, որոնցմէ շատերը կ’ըլլան գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի հռչակաւոր ծառայողներ, եկեղեցականներ ու ազգային գործիչներ:
Հոս կարեւոր է յիշել, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Թռչնոց Բոյն»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարար եւ նուիրական թանգարանին հիմնադրութիւնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐԸ, ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԸ ԵՒ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀԸ
Բժիշկ Հարպոյեան կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-ին գործադրութեան դրուած էր օսմանեան պետութեան կողմէ համայն աշխարհի եւ մեծ պետութիւններու ականատեսութեամբ: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը՝ տարեց տղամարդիկը ու կիները, դեռատի աղջիկները եւ մանուկները գաղթականութեան ցուպը ձեռքերնին քալեցին շատ երկար, բռնեցին խաչելութեան ճանապարհը, համտեսեցին ոճրագործ եւ մարդասպան թուրքին ամէնադաժան վայրագութիւնները, մաքարեցան Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ անօթի ու ծարաւ, պայքարեցան բնութեան բոլոր աննպաստ պայմաններուն դէմ, անոնցմէ շատ շատեր կորսնցուցին իրենց անմիջական հարազատները եւ մնացին առանձին, մանուկներուն մեծամասնութիւնը դարձան որբեր՝ զուրկ ծնողական գուրգուրանքէ եւ խնամքէ»: Ահաւասիկ հեղինակին ապրումները, իր իսկ բառերով։
Անթիլիասէն կանցնինք Անթուրա, եւ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ որբանոց։ Հոս, Պօղոս Արիսի որբերէն եղած է հեղինակին աները՝ Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեան: Ան նախ եղած է Ճպէյլի տղոց որբանոցի 1392-րդ որբը: Հոն մնացած է երկու տարի: Պետրոս կը փոխադրուի Հայր Պօղոս Արիսի Էշրէֆիէի որբանոցը 1922-ին, որովհետեւ իր անունին քով արձանագրուած է Հայ կաթողիկէ ըլլալը: Հոս Պետրոսին որբանոցին թիւը կ’ըլլայ 323: Պետրոս այս որբանոցին մէջ կը մնայ 4 տարի մինչեւ 1926:
Պետրոս Պտղունի կը յիշէ հետեւեալը. «Որբանոցը կը դառնայ ուսումնական կեդրոնի մը: Հոն կը դասաւանդեն անուանի հայ ուսուցիչներ: Աշակերտներուն կը փոխանցուի հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզու, լեզուի տաղաչափութիւն, բարձրագոյն թուաբանութիւն, երգեցողութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն: Որբանոցը կ’ունենայ տղոց երգչախումբ, որուն խմբավարը կ’ըլլայ Կոմիտասի աշակերտներէն Յարութիւն Կիւլեսէրեան եւ ետքը Հայաստանցի երաժիշտ պրն. Վարդանը: Երգչախումբը կը ներկայանայ հանրութեան քառաձայն երգացանկով, յատկապէս Կոմիտասեան երգերով: Հայր Արիս տեսնելով կարգ մը որբ աշակերտներուն ունեցած երաժշտական ձիռքերը կ’ուղղէ զանոնք ջութակի եւ մանտոլինի դասընթացքներու: Ան ջութակ մը կը գնէ եւ կը տրամադրէ Պետրոս Պտղունիին որպէսզի հետեւի ջութակի դասերու»:
Պողօս Արիսէն կը հասնինք Ղազիրի որբանոցը, դարձեալ Լիբանան։ Հոս կը կարդանք դարձեալ հետաքրքրական մասնրամասնութիւններ հեղինակին կողմէ՝ ինչպէս որ լսեցինք տեսերիզին մէջ Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզին մասին: Որբերը կ՛որոշեն գորգը նուիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճին: Նախագահ Քուլիճ, ստանալէ ետք այս պատմական եւ աննախընթաց նուէրը, կը յայտարարէ. «The rug has a place of honor in the White House where it will be a daily symbol of goodwill on earth»։ Էջ 224-ի վրայ արձանագրուած է շատ գեղեցիկ պատմութիւն մը, կ՚առժէ կարդալ եւ հպարտանալ։
Որբանոցներէն կ՚անցնինք անհատական ոդիսականներուն։ Ինչպէս՝ Նարդուհի Խոսրոֆեանի, Սեդրակ Պէզիրկանեանի, Գառնիկ Բանեանի եւ Արշալոյս Օրօրա Մարտիկանեանի (որուն մասին արձանագրութիւններ կատարած է հեղինակը 323-343 էջերուն վրայ)։
Սակայն, անդրադառնանք մի քանի վերապրողներու մասին։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ-ի պատմութեան, եւ հոն կը կարդանք կապ մը մեր գաղութը վերջերս հաստատուած տիկին Սոնա Եափուճեանի հոգելոյս ամուսնոյն՝ Յակոբ Եափուճեանի հօր հետ։ Լեւոն Շահնազարեան Հայ Որբաշխարհի բոլոր որբերուն նման չունեցաւ ընդունելի, բնական եւ առողջ մանկութիւն: Ան վայելեց Հայկական Ցեղասպանութեան դառնութիւնները, ականատես եղաւ հայ մայրերու, քոյրերու եւ մանուկներու չարչարանքներուն, խողխողումին, սպանութեան: Կորսնցուց իր հայրը, մայրը եւ մէկ հատիկ փոքրիկ քոյրը: Իր 28 անձերէ կազմուած գերդաստանէն ապրեցաւ միայն ինք, իսկ մնացեալ 27 հայորդիները նահատակուեցան:
ԲԱՐՍԵՂ ՏՕՆԻԿԵԱՆ – կը պատկանի Հայոց Ցեղասպանութեան «Որբաշխարհի» փաղանգին: Ան ծնած է Պրուսայի «Մեծ Նոր Գիւղ» կոչուած գիւղը, 1910-ին: Բարսեղ որբացած է 1915-ի ջարդերուն, երբ 5 տարեկան էր: Թուրքերը մտած են իր ծննդավայրը եւ հաւաքած ու փոխադրակառքերով անյայտ վայր մը տարած են գիւղին հայ ժողովուրդը:
Բարսեղին հայրն ու մայրը, թուրք զինուորներու հարուածներուն տարափին տակ կը բարձրանան զինուորական փոխադրակառք եւ անկէ կը փորձեն մանուկ Բարսեղը վեր բարձրացնել իրենց կողքին. Բարսեղ գետինը նստած կը ճչար իր տեղախախտած արմուկին ցաւէն. Հայրը չի յաջողիր ու խեղճ Բարսեղ գետին կ’ինայ, սակայն կը դադրի ճչալէ, որովհետեւ անոր տեղախախտած արմուկը… կը վերագտնէ իր բնական վիճակը: Փոխադրակառքը կը սուրայ եւ կ’անյայտանայ: Փոխադրակառքին հետ կ’անյայտանայ նաեւ Բարսեղին ծնողքը, որոնք մաս կը կազմեն նահատակուած հայերու բանակին: Բարսեղ կը կորսնցնէ իր եղբայրը եւ քոյրերը, կը մնայ առանձին որբ մը:
Սակայն, Բարսեղ կը դառնայ հանրածանօթ մեքենագէտ ու մետաղեայ գործիքներ արտադրող հայ վարպետ մը ամբողջ Եգիպտոսի մէջ: Իր հաստատութիւնը կը գործակցի նոյնիսկ անգլիական բանակին հետ եւ մեծ քանակութեանբ մեքենական կազմածներ կը վաճառէ անգլիացիներուն:
ՊԵՏՐՈՍ ՄԷՅՎԱԼԵԱՆ ՊՏՂՈՒՆԻ – Ան կը պատմէ.- «Մարաշի մէջ, մեծ մօրս տան դիմաց կը խաղանք ես եւ մօրաքրոջս տղան՝ Ֆրանսուան: Քիչ անդին, դրացիներուն Ալի Էօքքէշ եւ Օմար տղաքը ցեխին մէջ ցից կը խաղան: Անոնցմէ մէկը մեզի «կեաւուր» կը պոռայ, չեմ գիտեր ի՞նչ ներքին դրդումէ մը մղուած, քար մը կ’առնեմ դէպի իրենց կը նետեմ: Ալիին գլխուն հանդիպած է. երբ անոնց մեր կողմը վազելը տեսանք, Ֆրանսուան եւ ես ներս վազեցինք եւ դուռը գոցեցինք: Մեծ մայրս զիս պահեց տախտակամածին անկիւնը, հագուստի մը տակը: Քիչ ետք թուրք ծնողները գանգատի եկան, մեծ մայրս անոնց հետ լեզու գտաւ, իմ որբութիւնս պատրուակելով եւ մէկ գաւաթ սուրճով ճամբեց զանոնք։ Երբ հայրս Մարաշ եկաւ եւ լսեց իմ «Ֆռնուզցիական» հերոսութիւնս, հինգ դահեկանով զիս վարձատրեց»։
Հակառակ անոր, որ տարիներ շարունակ ջութակի դասընթացքներու հետեւած է, Հալէպ հաստատուելէն ետք ջութակը փոխարինած է մանտոլինով, որովհետեւ Հա- լէպի մէջ գործնապէս պիտի չկարենար շարունակել ջութակը, տեղւոյն աննպաստ պայմաններուն պատճառով: Շուտով կը հմտանայ մանտոլինի գործածութեան: 1950-ին կը կազմէ Mandolata քառեակը եւ կ՚ունենայ հարիւրէ աւելի երկսեռ աշակերտներ, որոնց մանտոլինի դասեր կու տայ: Կազմած քառեակը կը հրաւիրուի սուրիական ռատիոկայան, որպէսզի շաբաթական հերթականութեամբ կէս ժամ տեւողութեամբ հայկական երաժշտական յայտագիր մը հրամցնէ: Իր խմբավարութեամբ, քառեակը տարիներ շարունակ կը կատարէ ազգանուէր գործ եւ կը հրապուրէ ոչ միայն սուրիահայութիւնը, այլ նաեւ տեղացիները:
Պտղունի կը նուագէ նաեւ սղոցի վրայ: Հալէպի մէջ հայկական շատ մը ձեռնարկներու կը հրաւիրուի, որպէսզի սղոցով նուագէ հայկական զանազան եղանակներ: Անշուշտ իրենց դաշնակի վրայ կ՚ընկերակցէր դուստրը՝ Էլիզապէթը:
Զաւակները բոլորն ալ ժառանգած են երաժշտութեան արուեստը: Իսկ թոռնիկները, որոնք բոլորն ալ երաժշտական մեծ հակում ունին, արդէն ականատես ենք անոնց երաժշտական յաջողութիւններուն։
ԲԺԻՇԿ ՅԱԿՈԲ ՃԵՍՈՒՐԵԱՆ – 1915-ին, բժիշկ Ճեսուրեան զինակոչուած է օսմանեան բանակ, շուտով ձերբակալուած է եւ բանտարկուած՝ շինծու ծանր անբաստանութիւններով: Այդ օրերուն, Կեսարիոյ մէջ տրուած է տարագրութեան ահազանգը: Սկիզբ առած են անուանի հայերու, մասնաւորապէս՝ մտաւորականներու, բժիշկներու եւ մեծահարուստներու ձերբակալութիւնները:
Բժիշկ Յակոբ շարունակած է զինուորական ծառայութիւնը՝ զինուորական զանազան հիւանդանոցներու մէջ, իբրեւ բժիշկ եւ բժշկապետ: Հետագային, ան հաստատուած է Պոլիս եւ սկսած է աշխատիլ:
Բժիշկ Յակոբ պսակուած է Պոլսոյ մէջ Արաքսիին հետ, որոնք կը ձգեն Պոլիսը եւ կը փոխադրուին Հալէպ, 1925-ին: Անոնք կը ստանձնեն Վարուժանը Արաքսիին ծնողքէն: Վարուժան հօրեղբօրը հետ կ’ապրի 1925-էն մինչեւ 1942, իբրեւ անոր մէկ զաւակը:
Վարուժան մինչեւ իր երիտասարդ տարիքը Բժիշկ Յակոբը կը ճանչնայ իբրեւ իր հայրը: Վարուժան Հալէպի մէջ կ’ամուսնանայ օրիորդ Անի Խաչատուրեանի հետ, 1942-ին: Անոնք կը բախտաւորուին երկու աղջիկ զաւակներով՝ Արտեմիս եւ Վանին: Վարուժան 1965-ին ընտանեօք Գանատա կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Մոնթրէալ:
Բժիշկ Ճեսուրեան մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ հայ ժողովուրդի առողջապահական դաստիարակութեան եւ մասնաւորաբար՝ իգական սեռի: Եղած է յարգալից եւ ազնուական հայ բժիշկ մը: Եղած է շատ լուրջ, խոհեմ, ազնիւ, սա- կաւախօս, ազգասէր եւ ծառայասէր: Ան տարիներ շարունակ անվճար դարմանած է իրեն դիմող՝ նիւթապէս տկար հայ հիւանդները: Ամէն երեքշաբթի օրերը, բոլոր հիւանդները ընդունած է եւ դարմանած՝ անվճար, մինչեւ իր մահը:
Բժիշկ Ճեսուրեան եղած է Հալէպի Ազգային Վարժարաններէն մէկուն հոգաբարձու եւ Գաւառական Ժողովի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի դատաստանական խորհուրդի անդամ: Մահացած է Հալէպ, 1958-ին:
ՀԱՆԸՄ ՉԱԳԸՃԵԱՆ – Անգլիացի մը՝ Չէսթ Նաթ քաղաքէն (Cհest Nut City), 1881-ի ծնունդ եւ Միացեալ Բարենորոգեալ Եկեղեցւոյ վերապատուելի Ճոն Ուորտ Կրէյվզ (Reverend John Ward Graves) որբանոց մնացած է 3-4 օր եւ մտերմացած է հայ որբերուն հետ, զրուցած է անոնց հետ ու հետեւած է անոնց խաղերուն ու շարժուձեւերուն: Անոր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է Հանըմի վրայ, եւ իր մէջ զարգացած է զգացական կապ մը՝ հանդէպ Հանըմի: Երկար մտածումէ եւ ուսումնասիրելէ ետք, ան որոշած է որդեգրել փոքրիկն Հանըմը: Ուստի իր որոշումը յայտնած է որբանոցի վերակացուին, որ անմիջապէս չէ ընդառաջած Ճոնի առաջարկին, ընդհակառակը՝ ներկայացուցած է որբերուն մէջէն ուրիշ աղջնակ մը: Ճոն հաստատ մնացած է իր որոշումին վրայ, ուստի վերակացուն իր համաձայնութիւնը յայտնած է Հանըմի որդեգրման:
Հանըմ անուանուած է Պրենտա եւ մեծցած է իբրեւ անգլիացի: Ան մոռցած է իր մայրենի լեզուն. Կը խօսէր միայն Անգլերէն: Սակայն Պրենտա շարունակ կը յիշէր իր հայկական ծագումը եւ իր իսկական անունը: Մինչեւ 1946, ան ապրած է անգլիական միջավայրի մէջ եւ ոչ մէկ հայու հանդիպած է: 1946 տարին Պրենտայի համար եղած է անկիւնադարձային: Այդ տարի բախտը կ՛ունենայ տեսնելու իր եղբայրը եւ եղբօրորդիները՝ Եգիպտոսի մէջ:
Պրենտա Կրէյվզ իր հօր՝ Ճոն Կրէյվզի հետ Անգլիա հասած է, անցնելով Երուսաղէմէն, Եգիպտոսէն, Իտալիայէն եւ Ֆրանսայէն: Լիբանանէն դուրս գալու պահուն, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կորսուած է անոնց ճամբորդական պայուսակը: Երուսաղէմի մէջ Ճոն՝ Պրենտայի հայրը, արծաթէ հայկական ոճով պզտիկ խաչ մը, շղթայով միասին, գնած է եւ անցուցած՝ Պրենտային պարանոցը: Խաչին վրայ անգլերէնով արձանագրուած է՝ August 14, 1921: Պրենտա այդ խաչը իր վիզին վրայ պահած է մինչեւ իր մահը: Հաւանաբար Ճոն Կրէյվզ այս ընելով ուզած է փաստել Պրենտայի հայու ինքնութիւնը: Հաճելի ընթերցանութիւն մը պիտի ըլլայ էջ 351-ը ուր պատմականը գրուած է Պրենտայի եւ մեր գաղութի զաւակներէն՝ արուեստագէն Պերճ Չաքըճեանի եւ անոր տիկնոջ Նայիրիին մասին։
ՎԵՐԱՊՐՈՂ՝ ՊԵՀԵՍՆԻՑԻ ՄԱՐԹԱ ՄԱՅԱՅԵԱՆ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ – Ինքնակենսագրութեան եւ տարագրութեան յուշերուն մէջ կը գրէ.- 1915-ի առաջին ամիսներուն, թուրքերը յայտարեցին որ բոլոր երիտասարդները պատերազմի ճակատ պիտի երթան՝ կռուելու թշնամիին դէմ, վասն Թուրքիոյ պաշտպանութեան: Քանի մը ամիս վախի մէջ ապրեցանք. օր մը անակնկալօրէն մեր տան դուռը զարնուեցաւ. մայրս գնաց եւ տեսաւ 4 թուրք զինուորներ, որոնք կը հարցնէին Մարտիրոս եղբօրս մասին. մայրս ներս ընդունեց աղտոտ դէմքերով այդ 4 թուրքերը, որոնք խուզարկեցին ամբողջ տունը, սակայն ապարդիւն, անոնք չգտան եղբայրս: Ան պահուըտած էր մեր տան գաղտնի թաքստոցը: Զինուորները չգտնելով Մարտիրոսը՝ յարձակեցան մօրս վրայ եւ գաւազանով հարուածեցին: Թուրք զինուորները մայրս ձգելով՝ զիս բռնեցին եւ չուանով կապելէ ետք, փայտէ գաւազանով հարուածեցին: Մայրս տեսնելով այս բոլորը, վազեց եւ Մարտիրոսը իր թաքստոցէն դուրս հանեց ու յանձնեց թուրք զինուորներուն, որոնք Մարտիրոսը շղթայակապ տարին իրենց հետ:
Յետագային, 1921-ին, Հալէպի մէջ Մարթան կը նշանուի իր Սարգիս մօրեղբօր տղուն՝ Թորոսին հետ: Ամուսնութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1922-ի սկիզբը: Ան իր յուշերուն մէջ կ՚ըսէ.- Ես եւ ամուսինս՝ Թորոսը, տարիներու ընթացքին բախտաւորուեցանք 6 մանչ զաւակներով՝ Սարգիս, Յարութիւն, Ճորճ, Մարտիրոս, Գրիգոր, Կարպիս, եւ մէկ աղջիկ զաւակով՝ Վարդուհի: Առաջին զաւակս՝ Սարգիս, ծնաւ 1923-ին: Վեց տղայ զաւակներս բոլորն ալ ամուսնացան եւ բախտաւորուեցան զաւակներով, իսկ աղջիկս՝ Վարդուհին, տակաւին ամուրի է: Զաւակներէս չորսը արհեստաւոր ոսկերիչներ են, հինգերորդը՝ Գրիգորը հաշուապահ է, իսկ վեցերորդը՝ Կարպիսը բժիշկ է ու մասնագէտ քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններու:
«Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, իմ ընտանիքէս նահատակուեցան հայրս եւ հօրեղբայրս, եղբայրներս՝ Յակոբ, Սարգիս եւ Մարտիրոս, Մարիամ քրոջս ամուսինին՝ Դաւիթին ծնողքը ու առաջին նշանածս՝ Կարապետ Մկրտիչեանը:
ՊԵՀԵՍՆԻՑԻ ԹՈՐՈՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ – 1914-ի ամառը, Պեհեսնիի երիտասարդները թուրք իշխանութեան կողմէ զինակոչի ենթարկուեցան: Անոնք բաժնուեցան իրենց հարազատներէն եւ նախազգացումը ունեցան, որ այլեւս պիտի չվերադառնային եւ իրենց հայրենի օճախը պիտի չտեսնէին, ինչ որ իրականացաւ հետագային: Շատ դժուար էր բաժանումը եւ՝ յուզիչ: Ամէն տան մէջ կար լաց ու կոծ, եւ բարի վերադարձի մաղթանքներ:
Երկար տարաքրութենէ ետք, անոնք կը հասնին Հալէպ, ասորի կաթոլիկ վարդապետին եկեղեցին: Վարդապետը կը կոչուէր Ապունա Եուսէֆ: Թորոս Հարպոյեան կը պատմէ.- «Ան դիմաւորեց մեզ եւ տարաւ բակին մէկ անկիւնը, ուր ես, Գաբրիէլ եղբայրս, Մարթա մեծ քոյրս իր երկու զաւակներով, ինչպէս նաեւ միւս երեք քոյրերս գիշերեցինք սրտաճմլիկ վիճակի մէջ: Ան մեզի փոխանցեց հաստատագիր մը, իբրեւ թէ մենք հին սուրիացիներ էինք, հիմք ունենալով Մարթա քրոջս ամուսինին թրքական զինուորական տարազով նկարը, որ մնաած էր քրոջս քով: Այս հաստատագիրը մեզ ազատեց կրկնակի հետապնդումներէ եւ թուրք զինուորներուն հարցաքննութիւններէն: Ապու Եուսէֆ վարդապետը մեզի համար եղաւ պահապան հրեշտակ մը»:
Թրքական իշխանութիւնը Հալէպի մէջ կը հաւաքէ սուրիահպատակ երիտասարդները զինուորական ծառայութեան համար: Անոնց հետ Թորոս Հարպոյեանն ալ կը ձերբակալուի եւ կը տարուի Պապ քաղաքը, որ Հալէպէն 50 քիլօմեթր հեռու էր: Պապի զօրանոցէն կը կարողանայ փախչիլ եւ հասնիլ Հալէպ, սակայն երկրորդ անգամ դարձեալ կը ձերբակալուի եւ ինքզինքը կը գտնէ Տէր Զօրի զօրանոցին մէջ, ուր կը մնայ մէկ ամիս, իբրեւ թուրք զինուոր: Հոն չորս այլ հայերու հետ կը գործադրեն փախուստի ծրագիրը: Գիշերով դուրս կու գան զօրանոցէն, այն պահուն, երբ պահակները հարբած կը քնանային: կը քալեն երկար եւ կը հասնին Ռաքքա քաղաքը: Յաջորդ օրը, շոգեկարքով կը հասնին Պապ եւ ապա՝ Հալէպ: Մեծ ուրախութիւն էր հարազատներուս համար Թորոսի վերադարձը:
Աւելի ուշ Թորոս Հարպոյեան ոսկերչութեան արհեստը ժառանգած ըլլալով իր հօրմէն եւ մեծ հօրմէն, վերջնականապէս Հալէպ կը հաստատնուի, կը սկսի զբաղիլ ոսկերչութեամբ, շուտով կը հաստատէ ոսկերչական իր արհեստանոցը եւ վաճառատունը: Քանի մը տարուան մէջ կը գրաւէր Հալէպի հայ եւ ոչ հայ ոսկերիչներուն ուշադրութիւնը եւ կը շահի անոնց վստահութիւնը:
Թորոս Հարպոյեան իր կրտսերագոյն տղայէն՝ Կարպիսէն կը խնդրէ որ երկար ուսումնասիրութիւն մը կատարէ Պեհեսնիի անցեալին եւ պատմութեան մասին, որպէսզի հանրութիւնը մանրամասնօրէն տեղեակ ըլլայ Պեհեսնիի պատմութեան: Եւ ահաւասիկ այս գիրքը կու գայ վկան դառնալու այդ օրերու անբացատրելի տարապանքին եւ հոս կը կարդանք ուսումնասիրութիւն մը ՊԵՀԵՍՆԻԻ եւ ՔԵՍՈՒՆԻ մասին, ուր օգտագործած է 32 աղբիւներ։
Վերջապէս,
Այս հատորը կարծես Բժիշկ Հարպոյեանի հոգեկան նուէրն է մարդկութեան, որովհետեւ յստակ է տողերուն ընդմէջէն, թէ վերապրողներն ու յատկապէս որբանոցները, քանդակուած են իր կեանքի ապրումներուն մէջ։ Այո, կեանքին մէջ, որովհետեւ այլապէս նման հրատարակութիւն մը կարելի չէ ընծայել հայ ժողովուրդին։
Ինչու ոչ, որ այս հատորը թարգմանուի այլ լեզուներու, որպէսզի օտար ազգութիւններ իսկապէս հասկնան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ջարդ, տեղահանութիւն եւ ճակատագիր։ Վստահ եմ ան մեծապէս պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչական աշխատանքներուն: Անոր միջոցաւ, օտար շրջանակներ իրազեկ պիտի դառնան որբանոցներու պատմութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան։
Հեղինակը մանրակրկիտ եւ հսկայական ուսումնասիրութիւն կատարած է, թէ ուր տեղադրուած են հայ մանուկները, մանրամասն արձանագրութիւններ կը կարդանք իւրաքանչիւր որբանոցի մասին։ Թիւերով ու անոնց աղբիւրները նշելով, այս հատորը կու գայ փաստաթուղթ մը ըլլալու որբերուն, որբանոցներուն եւ որբաշխարհին մասին։
Հայոց Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք, յառաջացած է հազարաւոր հայ որբեր: Անոնք կրած են տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսած են տառապանք եւ մահ: Անոնք եղան մեր պատմութեան ամէնէն դժբախտ սերունդը:
Ու այսպէս, ստեղծուեցաւ ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ-ը:
Ամէնէն ուշագրաւ տեղեկութիւնը, այն է, որ հայ որբերը տէր կանգնած են իրենց ինքնութեան, չեն ենթարկուած ձուլումի եւ օտարացման ճնշումներուն: Օրինակ, Ճորճթաուն 109 որբ տարուած է, անոնց պահած, խնամած եւ առաջարկուած է փոխել անունները եւ օտար անուններ տալ, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ յարմարուին տարածքին եւ նոր կեանքին։ Սակայն, այդ փոքրիկ երեխաները ըմբոստացած են, չեն հրաժարած իրենց հայկական անուն-ազգանուններէն: Ըմբոստացած են, որովհետեւ միակ կապը իրենց ընտանիքներուն եւ կորսնցուցած ծնողներուն հետ` այդ ծնողներէն մնացած միակը` իրենց տուած անուններն են:
Զգալի է, որ Հեղինակը յուզումով կը գրէ «ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ»-ին մասին։ Զգայլի է անոր զգացական պահերը եւ ան կը գրէ այնպէս, ինչպէս կարծես անձնապէս ականատեսն է այդ բոլոր տառապանքին, աքսորին, սովին, հիւանդութիւններուն եւ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ-ին։ Հեղինակը խորիմաստ եւ նրբազգաց ձեւով պատկերացուցած է տեղահանութեան պատմութիւնը։
Այս գիրքը հարուստ է իւրայատուկ պատմութիւններով եւ վերապրողներու անմոռանալի տառապանքներով։ Այս հատորը կու գայ արթնցնելու մեր խիղճերը, որ որբացած սերունդը ստանձնած է այն ծանր պարտականութիւնը, գոյատեւելու, պահելու հայ լեզուն եւ մշակոյթը եւ առաւել եւս կայուն հիմքերու վրայ կազմաւորելու սփիւռքը։
Բժիշկ Հարպոյեանի կատարած այս ուսումնասիրութիւնը պարզապէս գրի առնուած մանրամասնութիւններ չեն, իւրաքանչիւր ոդիսական որ արձանագրած է, զգալի է ապրում, առօրեայ զգացական պահեր, իւրաքանչիւր անհատ որ արձանագրուած եւ անուանուած է այս հրատարակութեան էջերու ընդմէջէն, յստակօրէն մասնիկ մը դարձած է իր տարիներու օրագրութեան մէջ։ Այս հրատարակութեան մեծ արժէքը կը հանդիսանայ Բժիշկ Հարպոյեանի կատարած մեր ժողովուրդի այ՛դ ժամանակաշրջանի վաւերագրութիւնը:
Հեղինակին աշխատասիրութիւնը ակնառու եւ համոզիչ վկայութիւն մըն է , թէ՛ կարդացողին, թէ՛ մասնագէտին եւ թէ՛ հետագայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողին համար, եւ վերջապէս այս գիրքը բացայայտօրէն իւրօրինակ յարգանքի պատում մը եւ ձօներգ է հեղինակէն` որբերուն եւ վերապրողներուն։
Տանիա ՕՀԱՆԵԱՆ