Ամերիկացի ուսանողուհին կ՚ուսումնասիրէ հայկական միջնադարեան ձեռագիր մատեանները
Էրին Բինօն Երեւան կը գտնուի իբրեւ ԱՄՆ-ի 2016-17-ի ակադեմական տարեշրջանի ֆուլպրայդի (Fulbright) ուսանողական գիտաշխատող: Այս առթիւ «Հորիզոն»ը հարցազրոյց ունեցաւ Էրինին հետ՝ մօտէն ծանօթանալու համար իրեն եւ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ իր տարած գիտահետազօտական աշխատանքներուն:
- Ուրախ ենք ձեզ Երեւան տեսնելով, խնդրեմ ներկայացուցէք մեզի ձեր կենսագրական եւ ուսումնառական տուեալները:
Ես՝ Էրին Բինօն, արուեստի եւ մատեանի պատմութեան ուսանողս մասնագիտացած եմ միջնադարեան եւ ժամանակակից հայկական ձեռագիրներու եւ մագաղաթներու գիտաշխատանքային ոլորտին մէջ: Ուսանած եմ ԱՄՆ-ի Թաֆդս համալսարանին մէջ դասախօս ունենալով Դոկտ. Քրիստինա Մարանչին, այնուհետեւ Հարաւային Մեթոտական համալսարանին մէջ դասախօսներ ունենած՝ դոկտ. Բամելա Բէդոնը եւ Դոկտ. Լիզա Բոնը: Իբրեւ գիտահետազօտող աշխատած եմ շարք մը թանգարաններու մէջ, ինչպէս Տալլասի արուեստի թանգարանին, Մասաչուսէչի Ուաթըրթաուն քաղաքի հայկական գրադարանին եւ թանգարանին մէջ: Այժմ, Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ այցելու դասախօս եմ եւ կը դասախօսեմ հայկական տեսողական մշակոյթին մասին՝ միանգամայն գիտահետազօտական աշխատանքներ տանելով Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ: Հայաստան կեցութենէս մէկ տարի ետք պիտի սկսիմ դոկտորական գիտաստիճանի պաշտպանութեան աշխատանքներուս ԱՄՆ-ի Փրինսդոնի համալսարանի արուեստի եւ հնագիութեան բաժանմունքին մէջ:
• Ինչպէ՞ս արթնցաւ ձեր հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայկական ձեռագիրներուն եւ ինչպէ՞ս որոշեցիք գալ Երեւան գիտական աշխատանքներ կատարելու համար Մատենադարանին մէջ:
Հայկական արուեստին եւ ճարտարապետութեան մասին առաջին ծանօթութիւնս եղաւ Թաֆդս համալսարանին մէջ՝ շնորհիւ հայ արուեստի եւ ճարտարապետութեան դասախօսներ՝ Դոկտ. Քրիստինա Մարանչին, Արթիւր Հ. Տատեանին եւ Արա Օզդիմըլի: Այդ ժամանակ, ինչպէս եւ այսօր, Թաֆդսը Միացեալ Նահանգներու այն հազուագիւտ համալսարաններէն էր, որ կ’ընդգրկէր երկու սկզբնական դասընթացքներ եւ մասնագիտական սեմինարներ ո՛չ միայն հայոց պատմութեան, այլեւ հայ արուեստի պատմութեան վերաբերող: Երբ առիթ ընձեռուեցաւ ինծի հետեւելու սոյն դասընթացքներուն, չէի մտածած երբեք թէ իմ հետաքրքրութեան դաշտս կրնայ միանգամայն փոխուիլ: Պոսթընի արուարձաններէն մէկուն մէջ էր, որ սիրահարուեցայ հայկական արուեստին ու մշակոյթին: 2013-ին առանց վարանումի յաճախեցի Հարաւային Մեթոտական համալսարանի արուեստի պատմութեան աւարտական ծրագրի բաժինը, ուր մեծ ընդունելութիւն եւ քաջալերանք ստացայ, շարունակելու համար իմ անձնական հետազօտական աշխատանքներս՝ հայկական ձեռագիրներու, յուշարձաններու, վանքերու վերաբերեալ: Ուսումնառութեանս շրջանին զիս խրատեցին, որ հայերէն սորվիմ, որպէսզի ճշգրտօրէն սերտեմ սկզբնաղբիւրները, թարգմանեմ բնագիրները, նկատի առած որ մասնագիտական աշխատանքային ոլորտիս մէջ իբրեւ գիտաշխատող այդպէս դերս աւելի ազդու կրնար ըլլալ: Առ այդ ալ սկսայ սորվիլ հայերէնի այնպիսի բարդութիւններ, որոնց մասին նախապէս երբեք ալ լսած չունէի:
2015-ի ամրան, Երեւանի Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան 12-րդ ժողովին բախտը ունեցայ յօդուածով հանդէս գալու: Այս մէկը առիթ հանդիսացաւ, որ առաջին անգամ այցելեմ Հայաստան ու ծանօթանամ Մատենադարանի մատեաններուն, որոնց մասին երկար ատեն սերտած էի: Այս կարճ այցելութիւնը պատճառ դարձաւ, որ աւելի երկար ժամկէտով վերադառնամ Երեւան՝ սորվելու համար լեզուն, ինչպէս նաեւ՝ հայկական արուեստին առնչութեամբ աւելի մեծ ծրագիր մշակելու: 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին համար գնահատուեցայ ԱՄՆ-ի Ֆուլպրայթ ուսանողական հետազօտական պարգեւով եւ Օգոստոսի վերջը Երեւան տեղափոխուեցայ՝ հիմնական նպատակ ունենալով Մատենադարանի հետազօտական աշխատանքներուն առընթեր քննախօսական ծրագիր մշակել, ինչպէս նաեւ ձեռք բերել դասախօսական փորձառութիւն՝ իբրեւ այցելու դասախօս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ:
• Վստահաբար տարբեր ձեռագիրներու հետ ալ առնչութիւն ունեցած էք: Ինչպէ՞ս կը գնահատէիք հայկական ձեռագիրներու իւրայատկութիւնը այս պարագային:
Կը բաւէ որ անգամ մը տեսնես հայկական մանրանկարչութիւնը եւ անկարելի է որ մոռնաս զայն: Հայկական ձեռագիրներուն մէջ ինծի համար ուշագրաւը այն է, որ անոնք աներեւակայելի ոճային բազմազանութիւն կը կրեն, քանի որ հայերը եղած են ձեռագիրներու ընդօրինակման եւ նկարազարդումի աշխատանքին ամէնէն երկար կիրառողները: Մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը հայկական ձեռագիր մատեանները տակաւին կ’ընդօրինակուէին եւ կը նկարազարդուէին գրիչներու կողմէ, հակառակ այդ ժամանակուան լայն տարածում գտած տպագրական մամուլին: Տեղական նիւթերու հաւաքածոն եւ երփներանգ գոյներու դրսեւորումը կը յանգէր գեղեցիկ նկարազարդման, որ կը կրէր այս տարածաշրջանի ինքնատպութիւնն ու իւրայատկութիւնը: Երբ հասու դառնաս բնագրին զարդանախշերու նրբութիւններուն, անմիջապէս հաճոյքը պիտի զգաս (գոնէ ինծի համար այդպէս է) հայկական նախշազարդերը այլ ձեռագիր մատեաններէ տարբերակելու:
• Ուսումնասիրելով հայկական ձեռագիրները կրնա՞ք պարզաբանել թէ ձեռագրային նմոյշներու, զարդանախշերու եւ գոյներու միջոցով ի՞նչպիսի պատկերացում կազմեցիք հայ ժողովուրդի նկարագրային գիծերուն մասին:
Այժմ հետաքրքրուած եմ վաղ ժամանակաշրջանի Վան-Վասպուրական նահանգին մէջ պատկերազարդուած ձեռագիր մատեաններով: Այս շրջանը անշուշտ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս կը մնայ եւ երկար ժամանակ հանդիսացած է որպէս Անատոլուի մէջ յաղթական տարածք՝ շնորհիւ իր ռազմավարական դիրքին: Ուսումնասիրութեանս ընթացքին նկատեցի որ հակառակ բոլոր արշաւանքներուն եւ դիմակայած տարաբնոյթ ալիքներուն, ակնառու է այդ տարածաշրջանի հայութեան մշակութային առաձգականութիւնն ու վերածնունդը: Պէտք է ըսել, որ պետականութեան բացակայութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ իր խոր ազդեցութիւնը ձգած է ձեռագիրներու նկարազարդման բազմազանութեան մէջ: 5-րդ դարուն Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտէն ետք, ձեռագիրներու նիւթերը մեծաւ մասամբ պատմութեան կը վերաբերին: Թէ Ինչո՞ւ պատմական դէպքերէն ու վկայաբանութիւններէն շուրջ հազար տարի ետք բնագիր մատեանները ընդօրինակուեր ու նկարազարդուեր են, արդէն իսկ կը վկայէ հայ ժողովուրդին կարեւոր գիտակցութեան մասին՝ պատմութիւնը պահպանելու ի խնդիր: Կը սիրեմ երբ բնագիրը եւ մատեանը հայերու ինքնութեան ուժեղ արտայայտութիւնը կը հանդիսանան: Անշուշտ որ հայ գրականութիւնը, գեղարուեստական փորձը եւ մատեանը առաջնային ատաղձը կը կազմեն տեսողական արուեստին:
Հարցազրոյցի աւարտին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Էրին Բինօնին եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն, իր այս երախտարժան ծրագիրներուն համար:
Հարցազրոյցը վարեց եւ հայերէնի թարգմանեց՝ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան