ՌԻՕ-2016 ԵՒ ՄԵՐ «ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ»Ն

 

Խ. Տէր Ղուկասեան

Ռիօ-2016 Ողիմպիական ամառնային 31րդ խաղերուն մասնակցած, մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալներով Հայաստան վերադարձած մարզիկները փառահեղ ընդունելութեան արժանացան Զուարթնոց օդակայանին մէջ: Բոլոր անոնք որոնք տեղւոյն վրայ, պատկեռասփիւռով թէ համացանցի միջոցով կրցան հետեւիլ Օգոստոս 27ին հայրենի ախոյեանին եւ փոխ-ախոյեաններուն ժողովրդային ընդունելութեան, իրենց զգացած յուզումին, բաւարարութեան եւ հպարտութեան ընդմէջէն վստահաբար ունեցան միեւնոյն մտածումը՝ արժանի են այդ փառք ու պատիւին եւ աւելիի՛ն:

Խաղերու կայացման ընթացքին, Տէյվիտ Գլէյ Լարճ «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսաթերթի կայքէջին վրայ Օգոստոս 12ին հրատարակեց յօդուած մը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ Ողիմպիական խաղերու ժողովրդականութեան եւ յաջողութեան գաղտնիքը՝ ազգային, ազգայնական եւ մինչեւ իսկ ցեղախմբային-գլանական, մէկ խօսքով՝ հաւաքական ինքնութեան ամենաբնազդային եւ հիմնական ոգիին հրահրումը: «Այդպէս էր,- կը գրէ «The Olympic Spirit is Unbrindled, Rabid Nationalism” յօդուածին հեղինակը,- երբ այդ խաղերուն իրարու դէմ կը մրցէին հին յունական քաղաքներու մարզիկները, որոնք երբեմն իրենց կեանքի գնով իսկ կը ձգտէին յաղթանակին: Երբ 1896ին ֆրանսացի Փիեռ Տը Գուպերթէն վերակենդանացուց մարզական աւանդութիւնը, որպէս համաշխարհային հանդէս, որուն նպատակն էր պանծացնել համամարդկային համերաշխութեան եւ բարիկամեցողութեան ոգին,- կը շարունակէ յօդուածագիրը,- եթէ նոյնիսկ հրաւիրուած ըլլային թուրք մարզիկները, վստահաբար պոյքոթի պիտի ենթարկէին իրենց դարաւոր թշնամիին՝ Յունաստանի կողմէ հիւրընկալուած այդ մարզախաղերը: Նոյն հարթակին վրայ՝ ազգայնական հունգարացիներ մերժեցին Աւստրօ-հունգարական Կայսերութիւնը ներկայացնող խումբին մաս կազմել եւ իրլանտացիները չուզեցին խառնուիլ անգլիացիներուն՝ Միացեալ Թագաւորութեան պատուիրակութեան մէջ»: Եւ այսպէս, գրութեան ամբողջ տեւողութեան Գլէյ Լարճ վեր կ’առնէ անցնող 120 տարիներուն միջազգային քաղաքական իրավիճակն ու տուեալ պատմական պահուն տիրող լարուածութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով արձագանգած են իրերայաջորդ Ողիմպիականներուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով անոնցմէ ոմանց. ինչպէս՝ 1936ին Նացիական Գերմանիոյ հիւրընկալած խաղերը եւ 1972ի Միւնիխի մէջ իսրայէլացի մարզիկներու սպանդը: Այս բոլորով հանդերձ, մարզախաղերը պահած են իրենց գրաւչութիւնը, մարզական սխրանքներն ու երեւոյթները, ինչպիսին էին Ռիօ-2016ին Պոլթ եւ Ֆելփ, չեն կորսնցուցած իրենց պատճառած հմայքը, ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանի հանդիսատեսը: Ճիշդ է, որ մարզիկները իրենք երբեմն անմասն չեն մնացած մեղկութիւններէ, ինչպէս օրինակ մրցումի աւարտին հակառակորդին բարեւելու մերժումը, բայց ընդհանրապէս տիրապետող եղած է մարզական բարձրութեան վրայ մնալու ոգին, եւ պարտուողները յարգանքի տուրք գիտցած են տալ իրենցմէ լաւ եղողներուն:

Միջազգային քաղաքական լարուածութիւններէն, ազգամիջեան հակամարտութիւններէն անկախ, Ողիմպիականները նաեւ յաճախ բեմ կը հանդիսանան ազգային, ընկերային թէ մարդկային իրաւունքներու խախտումի դէմ բողոքներու ցուցականութեան, բռնաբարումները տեսանելի դարձնելու եւ պայքարողներուն ձայնը լսելի դարձնելու համար: Խօսքը չի վերաբերիր արիւնահեղութեան ու վայրագութեանց, որոնք չեն կրնար արդար բողոքի ձայն ըլլալ երբեք, երբ անմեղ զոհերու պատճառ կը դառնան: Ռիօ-2016ի առիթով լատինամերիկեան յառաջդիմական մամուլը յիշեցուց նախորդ տարուան ընթացքին իտալացի գրող Ռիքքարտօ Կացցանիկայի մէկ յօդուածը՝ Մեքսիքօ-1968ի խաղերուն Միացեալ Նահանգներէն սեւամորթ մարզիկներ Թոմմի Սմիթի եւ Ճոն Գարլոսի անմահացած պատկերը՝ սեւ ձեռնոցներով, բռունցքնին վեր, գլուխնին կախ եւ ոտաբոպիկ՝ աշխարհին յիշեցնելու սեւամորթներու ընկերային իրաւունքներուն համար պայքարողներուն մասին: Սեւ ձեռնոցով բռունցքը, յիշեցնենք, Մալքոլմ Էքսի հիմնած Սեւ Յովազներ կազմակերպութեան խորհրդանիշն էր: Մարզիկները այդ բողոքի ժեսթը ընելու յանդգնութիւնը ունեցան, երբ մետալաբաշխումի ժամանակ կը հնչէր Միացեալ Նահանգներու քայլերգը: Նման ժեսթ, որ երբեք չկրկնուեցաւ նման հանդիսութեան մը, օրին աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեց, երկրորդական մակարդակի անցան Ողիմպիականն ու բոլոր մետալները, եւ աշխարհով մէկ խօսուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան շարունակման մասին: Երկու մարզիկները արտաքսուեցան երկրի Ողիմպիականի հաւաքականէն եւ տուն վերադառնալով ենթարկուեցան հալածանքի եւ մինչեւ իսկ մահուան սպառնալիքներու: Ի վերջոյ սակայն, պատմութիւնը երկու մարզիկներուն տուաւ իրենց արժանի տեղը. Գալիֆորնիոյ Սան Խոսէ Պետական Համալսարանի քէմփըսին մէջ զետեղուած է սեւամորթներու արժանապատւութիւնն ու ընկերային իրաւունքները ամէն բանէ վեր դասած երկու մարզիկները անմահացնող արձան մը:

Այդ արձանին վրայ սակայն չկայ երրորդ անձը, ան որ 200 մեթր վազքին 19:78 երկվայրկեանով մրցանիշ կոտրած Թոմմի Սմիթէն յետոյ 20:06 երկվայրկեանով արծաթեայ մետալին արժանացած էր: Պատմութիւնը ընդհանրապէս չի յիշեր զինք՝ աւստրալիացի մարզիկ Փիթըր Նորմընը, որուն մասին է Կացցանիկայի յօդուածը: Իրականութեան մէջ Նորմըն նոյնքան արժանապատիւ տեղ ունի այդ արդար բողոքի մարմնացման մէջ, որքան երկու գլխաւոր դերակատարները: Այսպէս, Սմիթ եւ Գարլոս բեմ բարձրանալէ առաջ մօտեցած են սպիտակամորթ Նորմընին եւ հարց տուած՝ եթէ կը հաւատար հաւասար իրաւունքներու: Քիչ մը զարմացած, Նորմըն ըսած է, որ այո՛, կը հաւատար: Ասոր վրայ երկու մարզիկները իրեն յայտնած են իրենց մտադրութեան մասին: Սմիթի վկայութեամբ, Նորմըն անմիջապէս զօրակցած է անոնց: Աւելի՛ն, քանի որ Սմիթ եւ Գարլոս միայն մէկ զոյգ սեւ ձեռնոց ունէին, սկիզբը որոշած էին չգործածել այն: Բայց Նորմընը իրենց ըսած է, որ ետքայլ պէտք չէ ընեն եւ առաջարկած՝ որ մէկը աջ ձեռքին անցընէ ձեռնոցը, միւսը՝ ձախ: Այդպէս ալ կ’երեւին Սմիթ եւ Գարլոս նկարին մէջ, մէկը աջ եւ միւսը ձախ բռունցքները վեր, ոտաբոպիկ որպէս խորհրդանիշ ոչ միայն սեւամոթներու խտրականութեան դէմ բողոքի, այլ նաեւ ի պաշտպանութիւն բոլոր ընչազուրկերուն եւ շահագործուողներուն:

Սեւամորթ եւ տեղածին բնակչութեան դէմ խտրականութեան եւ հալածանքի երկար պատմութիւն ունեցող աւստրալիական կառավարութիւնը, իր կարգին, չներեց Նորմընին: Մարզիկը ստիպուեցաւ հեռանալ ասպարէզէ, վերածուեցաւ փարիայի, հալածուեցաւ, եւ Սիտնի-2000ին կառավարութիւնը երկրի բոլոր մարզիկներուն յատուկ հրաւէր ուղղեց, բացի Փիթըր Նորմընին: Լքուած ու անգործ, մոռցուած աշխարհէն, ընկղմեցաւ ալքոլամոլութեան մէջ եւ մահացաւ 2005ին: Սմիթ եւ Գարլոս ներկայ գտնուեցան իր թաղման եւ առաջին գիծի վրայ էին Նորմընի դագաղը ուսամբարձ փոխադրողներու կարգին: Ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին Նորմընի ուղղակի թէ անուղղակի ձեւով դիմումներ եղած են զղջումի խօսք ըսելու, ինչ որ եւ կրնար թերեւս իրեն վերադարձնել իր փառքն ու աւելին, սակայն ան ամէն անգամ մերժած է այդ նուաստանքին ենթարկուիլ եւ հաստատ մնացած՝ իր հաւատացած սկզբունքներուն վրայ: Նշենք, որ Կացցանիկայի յօդուածը յիշեցուցած Ափորրէա կազմակերպութեան համացանցային էջին վրայ Ռիօ-2016ին ամբողջ ընթացքին զանազան յօդուածներ լոյս տեսան քաղաքին եւ երկրին մէջ իշխանութիւններու դէմ բողոքի ցոյցերն ու ելոյթները լռեցնելու կոչուած միջոցառումներուն մասին…

Ողիմպիականներու առնչակից կարելի չէ մոռացումի տալ ամենահզօր կապիտալը եւ իր ազդեցութիւնը: Նախ եւ առաջ յստակ է, որ Ողիմպիական կազմակերպող որեւէ քաղաքի համար պատմութեան անցնելու այդ պատիւը բազմամիլիառ գումարներու ներդրումի կը նայի: Անկախ կազմակերպական ամէն մարտահրաւէրներէն, զուտ տնտեսական տեսանկիւնէ ճիշդ է, որ նման ներդրում աշխատատեղի կը ստեղծէ, գոնէ պարագայաբար, միեւնոյն ժամանակ սակայն քիչեր կը յիշեն, որ նման գումարներ իրենց հետ կը բերեն նաեւ փտտածութիւն եւ իրաւունքներու բռնաբարում: Աթլանթա, Սիտնի եւ Լոնտոն, զարգացած տնտեսութիւններ, այնքան ալ բարացուցական չեն նման ենթադրութեան համար: Բայց պէտք է յիշեցնել, որ Չինաստանի մէջ ամբողջ թաղամասեր փլուզուեցան, առանց շատ մտիկ ընելու ընդհանրապէս համեստ եւ աղքատ դասակարգի տեղւոյն բնակիչներու բողոքը: Եւ արդեօ՞ք Յունաստանի տնտեսական փլուզման ու այսօրուան տագնապին արմատները կու գան Աթէնք-2004էն: Ոստիկանան վէպերու հեղինակ Փեթրոս Մարքարիս առնուազն շատ կասկած չունի այդ մասին: Անշուշտ, կարելի է ըսել, որ եղածը գրականութիւն է, Մարգարիս տնտեսութենէ չի հասկնար եւ անտեսել, որ յաճախ տաղանդ ունեցող գրողներուն տեսլականը աւելի հարազատօրէն կ’արտայայտէ երկրի մը, ժողովուրդի մը եւ հասարակութեան մը ճշմարտութեան մոմենտը քան ազատ շուկայականութեան ծանօթ յանկերգներու արտասանութեան թեկնածուները:

Գրականութենէ հեռու, տնտեսագիտական թէ հասարակագիտական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կու գան փաստելու Մարքսեան այն համոզումը, որ նիւթական ենթակառոյցն է, որ հասարակական երեւոյթներու պատճառական բացատրութիւն կու տայ որոշ չափով (այսինքն այնքան որքան հասարակագիտական տեսութիւնները, որոնք մարգարէութիւններ չեն,թոյլ կու տան իմանալու) Ողիմպիականներուն ամենէն աւելի մետալներ ապահովողներու մասին: Այսպէս, Ռիօ-2016էն մէկ ամիս առաջ, Փրայս Ուաթըրհաուս ֆինանսական գործարարքներու խորհրդատուական գործառութիւնը շրջաքայութեան մէջ դրաւ ուսումնասիրութիւն մը, որ որպէս մեկնակէտ ունենալով երկրի համընդհանուր հում արտադրութիւնը եւ նախապէս Ողիմպիականներուն արձանագրած արդիւնքը կը նախատեսէր առաւելագոյն մետալներ ապահովող առաջին տասը երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Իտալիա: Տեղերու փոքր տարբերութեամբ կանխատեսումը ճիշդ դուրս եկաւ: Նոյնանման ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած էր նաեւ Կոլտմըն Սաքս, որ կ’եզրակացնէր, թէ երկրի մը տնտեսական յաջողութիւնը կը բարելաւէ Ողիմպիականին մետալներ շահելու իր կարելիութիւնները: Այս պատճառական ընդհանուր կապը չի ժխտեր այլ ազդակներու դերը: Օրինակ, Զուիցերիոյ նման զարգացած երկիր մը այնքան ալ լաւ դիրք չգրաւեց մետալներու տախտակին վրայ, մինչ Քենիա 13 մետալի տիրացաւ: Հոս է, որ տարբեր ազդակներ կը մտնեն հաշուարկի մէջ, որոնց կարգին՝ հողատարածութիւն եւ բնակչութեան թուաքանակ, մարզական աւանդութիւն, մասնագիտութիւն եւայլն: Փաստօրէն, Քենիայի մետալներէն 12ը աթլեթիզմի եւ վազքի կը վերաբերին:

Այս ուսումնասիրութիւններու եզրակացութիւնները ճակատագրապաշտական տուեալներ չեն անշուշտ, բայց կրնան որեւէ երկրի ուղեցոյց ըլլալ ե՛ւ իր սահմանափակումները իմանալու, ե՛ւ նաեւ իր հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու: Այսպէս, Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ հաւանաբար խորհրդային տարիներէն մնացած համանման մարզական աւանդութիւն մը ունին, բայց տնտեսական աճի տարբերութիւնը նկատի ունենալով թերեւս հասկնալի ըլլայ թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան 18 մետալ շահեցաւ եւ Հայաստան՝ 4: Կարելի է ենթադրել, որ Ատրպէյճանի մէջ Ողիմպիականի պատրաստութեան համար շատ աւելի ներդրումի հնարաւորութիւն կար, քան՝ Հայաստանի: Այս տողերը չեն ենթադրեր, որ Հայաստանի յաջողութեան չափանիշը Ատրպէյճանի թէ որեւէ այլ երկրի հետ համեմատութիւնն է, ոչ ալ արդար է անտեսել այն զոհողութիւնը, որ հազարումէկ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուող պետութիւնը յանձն առած է 32 մարզիկներ ուղարկելու Ռիօ: Պարզապէս՝ անհրաժեշտ է քննարկել, թէ համապատասխան մարմինները կրնա՞ն աւելին ընել, երբ տաղանդը չէ, որ կը պակսի հայրենի մարզիկներուն մօտ:

Մեր ուրախութեան գինիին ջուր խառնել չէ նաեւ ուշադրութեան առարկայ դարձնել այն համեստ պայմանները, որոնց մէջ կ’ապրին ու կը մարզուէին մետալակիրները, որքան ալ վստահաբար անոնց պայմանները բարելաւող եւ ապագայ երաշխաւորող մեկենասներ պիտի գտնուին: Ողջունելով հանդերձ այդ մարդկանց անկեղծ նախանձախնդրութիւնը, թոյլ թող տրուի նաեւ մաղթել, որ համակարգային արմատական փոփոխութիւնները յանգին անոր, որ մեր մարզիկներուն պայմանները բարելաւուին մետալներ շահելու համար եւ ոչ թէ մետալներ շահելու հետեւանքով:

Արթուր Ալեքսանեան իր յաղթանակը նուիրեց նահատակ Ռոպերթ Աբաջեանին, Ապրիլեան պատերազմին զոհերուն եւ սահմանապահ զինուորներուն, ժեսթ մը, որ համազօր է փոքր ազգի մը բողոքի ձայնին ընդդէմ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը անտեսող միջազգային անարդարութեան: Թերեւս այն չունենայ այն միջազգային հնչեղութիւնը, որ Սմիթի ու Գարլոսի բողոքի ցուցադրութիւնը ունեցաւ ատենին: Բայց Ալեքսանեան հազիւ թէ այդ հաւակնութիւնը ունեցած ըլլայ: Իրը նախ եւ առաջ սիրոյ ու հայրենասիրութեան պատգամ մըն է հայ ժողովուրդին, յարգանքի տուրք մը բոլոր անոնց, որոնք վստահաբար կրնային ու կրնան փայլիլ մարզախաղերու, գիտութեան թէ արուեստի մէջ, բայց սահմանին արթուն պահապաններն են: Այդ պատգամը լաւագոյնս կ’ընկալուի, եթէ սահմանէն ներս ստեղծուին համակարգային այն պայմանները, որոնք ընկերային արդարութեան, կենսամակարդակի բարելաւման եւ պայծառ ապագայի յոյս ներշնչեն Ալեքսանեաններու սերունդին եւ անոնցմէ յետոյ գալիք բոլոր հայորդիներուն:     

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.