Պէյրութը, Հալէպը եւ Երեւանի մէջ «հնչող քննադատութիւնը»

 

Խ. Տէր Ղուկասեան

Առանց յուլիսեան երկշաբաթեայ իրադարձութիւններուն վերջնական վերլուծման մը հաւակնութեան, Օգոստոս մէկի իր ելոյթով նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուամենայնիւ հրամցուց քանի մը եզրակացութիւն: Անոնց կարգին՝ անընդունելի համարեց հարցերը զէնքով լուծելու «որեւէ միտում իսկ», միեւնոյն ժամանակ չանտեսեց, որ ժողովուրդի «մի հատուածի մօտ» առկայ են «մտահոգութիւններ»: Մինչ նման սկզբունք հազիւ թէ կարելի է հարցականի տակ առնել, Նախագահի խօսքին մէջ տարբեր հաստատումներ եւ ուղղակի թէ անուղղակի պատգամներ անխուսափելի կը դարձնեն անոնց մեկնաբանման անհրաժեշտութիւնը եւ հրապարակային քննարկումը: Այն ինչ որ այս տողերով պիտի արտայայտուի՝ Նախագահի խօսքը սփիւռքեան տեսանկիւնէն մեկնաբանութեան փորձ մըն է, որ միեւնոյն բնոյթի այլ նախաձեռնութիւններու նման ո՛չ կը հաւակնի ըսուածը բացարձակ առարկայական հասկացողութեամբ ընկալած ըլլալ, ո՛չ ալ մէկ եւ միակ ճշմարտութիւն մը արտայայտել:

Այսպէս, Նախագահը բառացիօրէն ըսաւ. «Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի՝ Սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ մէկը չփորձի Մերձաւոր Արեւելքից ներմուծել Հայաստան: Թող սա չհասկացողները ուսումնասիրեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատմութիւնը կամ այսօր դեռ ծաւալուող՝ Սիրիայի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները եւ իրենց եզրակացութիւնները կատարեն դրանից»:

Նշենք, որ նոյն հնչեղութեամբ յօդուած մը նախապէս լոյս տեսած եւ հրապարակային քննարկման նիւթ եղած էր հայրենի մամուլի եւ ընկերային ցանցերուն մէջ: Խօսքը կը վերաբերի Յարութ Յարութիւնեանի «Պէյրութ մի՛ սարքէք մեր երկիրը» յօդուածին, որ լոյս տեսաւ Յուլիս 18-ին Մեդիամաքս ընկերութեան կայքէջին վրայ եւ արտատպուեցաւ հայրենի թէ սփիւռքեան մամլոյ տարբեր օրկաններու մէջ: Իր բովանդակութեամբ այլապէս հետաքրքրական եւ հայրենի իրականութեան խորթ երեւոյթները բացայայտող այս յօդուածը, սակայն, իր խորագրով եւ անոր Ժիրայր Սէֆիլեանի ծննդավայրի հետ առնչումով թէկուզ եւ անուղղակիօրէն կարծես կը յուշէ, որ Հայաստանի մէջ խնդիրներուն զէնքի միջոցաւ լուծում տալու նախանձախնդրութիւնը արտասահմանեան, այս պարագային՝ սփիւռքեան ներածում է եւ ոչ թէ ծնունդ՝ հայրենի պայմաններուն եւ հասարակութեան: Վստահաբար պարզ զուգադիպութիւն է այս յօդուածով արտայայտուած մտքին արձագանգը Նախագահի խօսքի վերոնշեալ պարբերութեան մէջ: Աւելի՛ն, «Սասնայ Ծռեր» զինեալ խմբաւորման կողմէ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի վրայ կատարուած յարձակման ստեղծած լարուածութեան ամբողջ երկու շաբաթներու ընթացքի իր պահած լռութենէն յետոյ Նախագահին առաջին հրապարակային ելոյթը վստահաբար շատ լաւ մտածուած եւ ուղարկելիք պատգամներու իմաստով կուռօրէն բանաձեւուած ճառ մըն է: Եւ, որպէս այդպիսին, պարզ է որ անոր աւելի զգաստ ու ականջալուր պէտք է ըլլալ եւ լուռ չանցնիլ անոր առաջացուցած հարցադրումներուն եւ մտահոգութիւններուն վրայէն:

Անոր արդէն բացատրողական-լուսաբանական կարգով անդրադարձան, ի միջի այլոց, Արա Սանճեան իր «Երեւան եւ… Պէյրութ» յօդուածով եւ «Ազդակ»ի Օգոստոս 3-ի ակնարկը, որ նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Նախագահին խօսքերը ժխտականօրէն ընկալուած են արաբական մամուլին մէջ: Նոյն այդ ակնարկը կասկած չի ձգեր նաեւ, որ սփիւռքեան մամուլի մէջ յարաբերական լռութիւնը իր կարգին առիթ տուած է ընթերցողներու լայն հատուածի մը հակազդեցութեան եւ հրապարակային քննարկման՝ ընկերային ցանցերուն մէջ: Ճիշդ է, որ ընկերային մետիան, ֆէյսպուքեան հայութիւնը (ինչպէս կարելի է անուանել) շատ աւելի աղմուկ եւ շփոթ կ’առաջացնէ, քան կը յստակացնէ իրավիճակ մը: Սակայն անպատասխանատուութիւն կ’ըլլայ հոն սահմանափակ ժամանակամիջոցով կենդանութիւն ստացած նիւթի մը անտեսումը երբ այսքան արձագանգ կը ստեղծէ:

Արդ, անկախ Նախագահի խօսքի ցարդ եղած բանական բոլոր հակազդեցութիւններէն, ուր արտայայտուած են տարբեր բնոյթի մտահոգութիւններ՝ քաղաքներու անուանակոչման ու բաղդատականի անդրադարձներուն մասին, սփիռքեան ընկալումով ժխտական հնչեղութիւն է նաեւ այն լուռ միտքը, որ Հայաստանի մէջ զէնքով խնդիրներ լուծելու միջոցը սփիւռքեան, ա՛լ աւելի յստակօրէն՝ Միջին Արեւելեան արմատներ ունի, ներածում մըն է, որ խորթ է հայրենի իրականութեան: Անմիջապէս ըսենք, որ տարակարծութիւն չկայ Նախագահին խօսքի այն բաժնին, ուր զգուշացման հրաւէր կայ խուսափելու նման միջոցառումներէ, որոնք կ’առաջնորդեն այնպիսի ողբերգութիւններու, ինչպիսին եղաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կամ ինչպիսին է այսօր Սուրիան: Բայց նաեւ յստակ պէտք է ըլլայ, որ անցեալին Լիբանանի եւ այսօր Սուրիոյ մէջ համատարած էր այն պաշտօնական ինքնախաբէութիւնը, որ քաղաքացիական պատերազմները «դուրսէն» կը հրահրուէին, որ լիբանանեան թէ սուրիական հասարակութիւնները նման պառակտումի երբեք չէին երթար, եւ որ կար պետութիւն մը որուն ինստիտուցիոնալ ոլորտին մէջ հասարակութեան ներքին բոլոր հարցերն ու տարակարծութիւնները կը լուծուէին օրէնքի հիման վրայ: Արտաքին միջամտութիւնները հազիւ թէ բացառութիւն եղած են քաղաքացիական բոլոր պատերազմներու պարագային. բայց քաղաքացիական պատերազմի երեւոյթը ինքնին ցոյց կու տայ, որ ինչ որ արմատական խնդիր կայ նոյն այդ երկրին մէջ, այնքան արմատական, որ լուծումը այլ միջոցով չի տեսնուիր: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, առանձին դէպքերը կրնան ծնունդ տալ քաղաքացիական պատերազմի, սակայն քաղաքացիական պատերազմ կը պատահի միայն՝ երբ կողմերը կը պատրաստուին անոր եւ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պայմանները անոր կ’առաջնորդեն:

Քաղաքացիական պատերազմի ուրուական չկայ Հայաստանի մէջ: Զինեալ միջադէպը աննախընթաց է միայն՝ եթէ անտեսենք անցնող քսանհինգ տարիներուն սպանութիւններու շարք մը, ուր յանցագործութիւնն ու քաղաքական մութ նպատակները ընդհանրապէս անզանազանելի են: Այդ սպանութիւնները, հարկ է յիշեցնել, երբեք կարգին չեն բացայայտուած: Առանց տակաւին խօսելու պետական մակարդակով կիրարկուած բռնութիւններուն մասին… Այդ բոլորը նախընթաց չեն եղած, որպէսզի զինեալ յեղաշրջման գաղափարը արմատանայ հասարակութեան մէջ: Երանի Նախագահին խոստացած հետաքննութիւնը լոյս տեսնեն մօտ ատենէն, որպէսզի յստակ դառնայ, եթէ «Սասնայ Ծռեր»ը պէյրութեան սադրա՞նք մըն է ըստ էութեան, թէ արդիւնքը բացառապէս հայրենի իրականութեան: Կը կրկնենք՝ ճիշդ է Նախագահին զգուշացումը, որ միջադէպը նախընթաց չըլլայ զինեալ պայքարի ճամբով Հայաստանի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու: Միեւնոյն ժամանակ սակայն ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ «Սասնայ Ծռեր»ու խմբաւորումի անհեթեթ պահանջներուն գտած ժողովրդականութեան երեւոյթին, այսինքն՝ յուլիսեան օրերուն սկսած եւ այսօր շարունակուող ընկերային զօրաշարժի խոր պատճառներուն անտեսումը: Պէյրութեան թէ հալէպեան իրականութիւններուն հետ հազիւ թէ կապ ունին անոնք, թէեւ սխալ չէ յիշեցնել, որ առնուազն Սուրիոյ պատերազմին ծնունդ տուուղ պատճառներէն մէկը ժողովրդավարութեան պահանջը, Մարդկային Իրաւանց յարգանքը եւ փտածութեան վերացումն էր: Այդ պահանջներուն սկզբնական խաղաղ արտայայտութեան բռնի ճնշումը նաեւ խոշոր պատճառ էր, որ սուրիական իրականութեան մէջ խոր արմատ ունեցող եւ ցարդ զսպուած միջ-համայնքային եւ հատուածական խնդիրները, անվստահութիւնը, եթէ ոչ ոխն ու ատելութիւնը, յանկարծ հրապարակ ելլեն եւ դուռ բանան արտաքին միջամտութիւններու: Բաղդատական փորձ մը չէ ասիկա, պարզ յստակացում, որ զինեալ միջոցառումներու հետեւանքներու զգուշացումը չի կրնար սահմանափակուիլ միապատճառային պարզացումով:

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ընկերային զօրաշարժները մաս կազմած են քաղաքական համայնապատկերին, բայց բազմացած են օլիկարգային համակարգի ամրագրումէն, մենաշնորհային դրամատիրութեան հասարակարգի հաստատագրումէն եւ ազատ շուկայական տոկմայի հետեւումով տնտեսական քաղաքականութեան վերջնական պաշտօնականացումէն ետք՝ 1999-2001 քաղաքական ամենածանր անկայունութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին: Անոնց դրդապատճառը կամ ներշնչման աղբիւրը 2004-ին այսպէս կոչուած «գունաւոր յեղափոխութիւններ»ու ֆոլքլորն էր, բնապահպանման խնդիրները, հարկային անարդարութիւնը թէ 2008-ի եւ 2013-ի նախագահական ընտրութիւնները: Անոնց նախաձեռնողները իրենց ապիկարութեամբ յուսախաբութիւն պատճառած են փողոց իջած զանգուածներուն, անոնց հանգուցալուծումը դրուած առաջադրանքներու իրականացման իմաստով շատ աւելի ձախողած է, բայց ընկերային զօրաշարժերու խորքային պատճառները կը յամենան, որովհետեւ իշխանութիւնները եւ, ընդհանրապէս, քաղաքական ընտրանին, նախընտրած է երաշխաւորել համակարգի շարունակականութիւնը եւ տարիներու ընթացքին հեռացած է ժողովուրդէն, եւ կորսնցուցած ժողովուրդին վստահութիւնը:

Դժուար թէ Ազատութեան Հրապարակին վրայ շարունակուող ցոյցերը այսօր տարբեր հանգուցալուծում մը յուշեն: Հաւաքները, որոնք անհրաժեշտ են առողջ ամէն ժողովրդավար դրութեան համար, հազիւ թէ կարենան շրջանցել ինքնաբուխ նման իւրաքանչիւր զօրաշարժի յատուկ յոգնածութիւնը, եթէ անոնց ետին ծրագիր եւ ղեկավարութիւն չկայ: Ոչ ալ անոնց շարունակումը ժողովրդականութեան յաւելման երաշխիք է: Աւելի՛ն, մինչ խօսքի ազատ բեմ կու տան արուեստական ամէն տեսակի ստեղծագործութիւններու, ներառեալ հայհոյանքներ, նոյնքան ճիշդ է նաեւ, որ հոն մէկտեղուած զանգուածը այնքան ալ հակամէտ չէ իր չուզած խօսքերը լսելու: Իր բոլոր առաւելութիւններով հանդերձ, ժողովրդային հաւաքներու յատուկ ուղղակի ժողովրդավարութիւնը զայն կը հաւասարեցնէ «մեծամասնութեան բռնատիրութեան»: Բայց երեւոյթը ինքնին բարացուցական է կառավարական համակարգի տկարութեան: Երանի Նախագահին համոզմամբ այս տագնապէն աւելի զօրացած պետականութիւնը իրականութիւն ըլլայ մօտ ապագային: Հիմակուհիմա, այն ինչ որ նախ չորսօրեայ պատերազմը եւ յուլիսեան տագնապը բացայայտեց առաւելաբար պետութեան տկարութիւնն է: «Տկար պետութեան» հասկացողութիւնը չի վերաբերիր զինեալ յարձակումը կանխատեսելու եւ անոր առաջքը առնելու կարողութեան միայն, այլ՝ անոր հետեւանքով առաջացած ժողովրդային զօրաշարժի խորքային պատճառներուն այսքան տարիներէ ի վեր լուծում չգտնելու, կամ այդ լուծումը լոկ ազատ շուկայակական միջոցներու եւ անոնց սին արդարացումներու մէջ տեսնելու իրողութեան:

Առ այդ, երբ Նախագահը կը վստահեցնէ, թէ առկայ խնդիրներուն, թերիներուն եւ ժողովուրդի «մէկ հատուածին մտահոգութիւններուն» լուծումը «կը լինի լայն համաձայնութեան դաշտի պատասխանատուութեան ներքոյ» եւ անոր գործնականացման միջոց կը նկատէ «ազգային համաձայնական իշխանութեան» ձեւաւորումը, ամէն պատճառ կայ, եթէ ոչ թերահաւատութեան, առնուազն զգոյշ ըլլալու նման հեռանկարի լաւատեսութենէ: Ընկերային դժգոհութիւնը արտայայտուեցաւ նոյն այդ համաձայնական կառավարութեան տարիներուն, երբ տնտեսութեան պղպջակային աճը հիմնականօրէն պարարտացուց օլիկարգներուն օֆշորային հաշիւները, բայց չստեղծեց կայուն զարգացման տնտեսական համակարգ, օրուան պատասխանատուներն ու ազատ շուկայական օրկանական մտաւորականները յոխորտացին «Կովկասեան Վագր»ի սին անուանումներով, անտեսուեցաւ ընկերային պաշտպանուածութեան երաշխիքներու կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ ընկերային արդարութեան, հարստութեան արդար վերաբաշխումի ամէն նախանձախնդրութիւն տեղ իսկ չունեցան քաղաքական բառապաշարին մէջ: Արդիւնքով՝ ազգային համաձայնութեան կառավարութենէն ծնաւ կոալիցիոն ժողովրդավարութիւնը, որ չէզոքացուց առողջ ընդդիմութեան առաջացման ամէն կարելիութիւն, օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ընդդիմութիւնը վերածուեցաւ պարզ ձեւականութեան, «համաձայնականութիւնը» ծառայեց միայն համակարգի կառուցային բացթողումները անտեսելու, եւ օլիկարգային խաւը աւելի եւս ամրագրեց ամէն օրէնքէ եւ հաշուետուութենէ անդին ըլլալու իր ինքնավստահութիւնը: Օրին թերեւս, ի դիմաց տնտեսութեան աճին կախարդական թիւերու խաբկանքին, ոմանց համար դժուար էր այս բոլորը յստակօրէն տեսնել: Բայց այսօր, դէմ յանդիման Նախագահի առաջադրած նմանօրինակ հեռանկարի մը, երկրի քաղաքական բոլոր ուժերը պարտաւոր են մօտիկ անցեալի դասերը լաւ ուսումնասիրելու:

Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնները կը ձեւաւորուին ընդհանրապէս դէմ յանդիման արտաքին սպառնալիքներու: Այս իմաստով, Նախագահին առաջարկը, այո՛, կ’իմաստաւորուի Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման իմաստով, եթէ իսկապէս արտաքին ճնշումները այնքան զօրաւոր են, որ հայկական կողմը անհրաժեշտօրէն ներազգային համաձայնութեան պէտք ունի անխուսափելի փոխ-զիջումներու պատասխանատուութիւնը հաւաքականօրէն ստանձնելու համար: Այդ ձեւով միայն կրնայ վերանալ այս «փոխ-զիջումային» յղացքի «գաղտնիքը», եւ լոզունգային ելոյթներու փոխարէն կարելի կ’ըլլայ բանականօրէն քննարկել Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն ներս բացառելու Նախագահի յստակ յանձնառութեան կարմիր գիծէն անդին ամէն կարելիութիւն: Հայաստանէն ներս համակարգային փոփոխութիւնը, որ պիտի իրականանայ նախագահական վարչակարգէն խորհրդարանական վարչակարգի անցնելով, պէտք ունի աւելի քան ժողովրդային հանրաքուէի մը, պէտք ունի ընկերային համաձայնագրի վերանորոգման: Ճիշդ է, գործնական իմաստով կոնկրետ միջոցառում չկայ նման տեսական յղացքներու իրականացման համար: Յստակ է, սակայն, որ առանց ներքին բանավէճի, անհամաձայնութիւններու ազատ արտայայտութեան, անկարելի է կայուն եզրակացութիւններու հասնիլ: Այսօրուան իրավիճակին մէջ միակ համաձայնութիւնը, որ կրնայ իմաստաւորուիլ, հակամենաշնորհային քաղաքական կոալիցիոնի մը շուրջ է, որովհետեւ, ի վերջոյ, խորհրդարանական կառավարութեան մեծ խոստումը մենաշնորհներու առաջացման ամէն փորձութիւն իսկ բացառող համակարգի մը ստեղծումն է, հոն ուր ժողովրդավարութիւնը կը հասկցուի միայն առողջ ընդդիմութեան մը առկայութեամբ եւ այդ ձեւով ալ կ’երաշխաւորուի որեւէ իշխանութեան սխալներու սրբագրման կարողականութիւնը:

Այս բոլոր վերլուծումը ցարդ կեդրոնացաւ ներհայաստանեան ոլորտի տինամիքին վրայ: Բայց Նախագահը Պէյրութն ու Հալէպը նշելով, Սառը Պատերազմը յիշեցնելով եւ ենթադրաբար Մերձաւոր Արեւելքի յատուկ լուծումները Հայաստան ներմուծման զգուշացումով նաե՛ւ Սփիւռքին դրաւ «դիմացի մայթ»ին վրայ: Ճիշդ է, Մերձաւոր Արեւելքը համայն Սփիւռքը չէ, բայց ո՞վ կրնայ հարցականի տակ դնել այն, որ ընդհանրական հասկացողութեամբ Սփիւռքի մը ինքնութեան եւ արժէքային համակարգի կազմաւորման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցան Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները, որոնք Պաղ Պատերազմի տարիներուն նաեւ հայապահպանման առաջատար դիրքին վրայ կը գտնուէին: Ճիշդ է, որ այդ կազմաւորման պատմական հոլովոյթին մէջ ներքին պառակտումները, եղբայրասպան բախումները իրենց տեղը ունեցան: Բայց այդ մէկը եղաւ հիմնականօրէն խորհրդային վարչակարգի թեր ու դէմ գաղափարախօսական դիրքաւորման բաժանման գծի երկայնքին, որուն համար առաւելագոյն պատասխանատուութիւնը կ’իյնար նաեւ օրին խորհրդային ղեկավարութեան «բաժնէ՛, որ տիրես»ի քաղաքականութեան վրայ: Եթէ պահ մը փորձենք կապ տեսնել Պէյրութի, Հալէպի, քաղաքացիական պատերազմներու եւ Սփիւռքի միջեւ, ապա եւ ճիշդ է, որ 1958-ին լիբանանեան քաղաքացիական առաջին պատերազմի ժամանակ միջհայկական բախումներու սեւ էջեր արձանագրուեցան: Բայց նոյնքան ճիշդ է նաեւ, որ 1975-ին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միասնաբար որդեգրեցին «դրական չէզոքութեան» քաղաքականութիւնը եւ ցոյց տուին, որ անցեալի ողբերգութեան դասերը քաղելու կարողութիւնը ունին: Կացութիւնը իտէալական գոյներով ներկայացնելու միամտութիւն չկայ հոս, ոչ ալ հաւակնութիւն՝ հաստատելու որ հայը-հայու դէմ յոռի երեւոյթ չարձանագրուեցաւ բնաւ: Բայց տիրապետող էր եղբայրասպանութեան փորձութեան կրկին չմատնուելու քաղաքական հասունութիւնը, որ արդիւնք էր, պէտք է յիշեցնել, Ցեղասպանութեան Յիսնամեակի ստեղծած մթնոլորտին: Թէ Հալէպը ի՛նչ իմաստով կ’առնչուի քաղաքացիական պատերազմի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դերակատարութեան՝ այնքան ալ յստակ չէ, եւ այդ իմաստով որեւէ մեկնաբանութիւն, որպէսզի չըլլայ սպեկուլացիա, պէտք ունի շատ աւելի նուրբ վերլուծումի: Վստահաբար մանաւանդ ա՛յս Նախագահին մօտ ժխտական ոչ մէկ տրամադրութիւն կրնայ ըլլալ Հալէպի ու հալէպահայութեան նկատմամբ, բայց այդ մէկը առաւել հարցականի տակ կ’առնէ օրհասական օրեր ապրող, ամէն օր նահատակուող, ժամանակին հայաշատ ու հայակերտ այդ քաղաքին օրինակին ընդգրկումը իր խօսքին մէջ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան հարց չունէր Սփիւռքի «նարինջ ուտողներ»ը դնելու դիմացի մայթին վրայ: Հայաստանի առաջին Նախագահը կը տագնապէր այն անհեթեթ մտավախութեամբ, որ Սփիւռքը, իմա՛՝ Դաշնակցութիւնը, երկիր վերադառնալով կ’ուզէր տէր ու տիրական դառնալ հայրենիքին: Իր «պետական մտածողութիւնը» կազմաւորուեցաւ հայաստանցի-արտասահմանցի նէօ-պոլշեւիկեան համոզումին հիման վրայ, որպէսզի ազատ, անկախ եւ հպարտօրէն առաջ տանէր նէօ-լիպերալ անցումային հոլովոյթը եւ Հայաստանը նորմալացնէր՝ զայն ձերբազատելով հայ-դատական կամ սոցիալիստական ամէն ուրուականէ: Այս անհեթեթ, բայց օրին իշխանութեան համար պայքարը յստակօրէն բացատրող տրամաբանութենէ անդին անցած ենք ազգովին: Թերեւս նոյնինքն Տէր Պետրոսեանն իսկ բարեփոխած է իր դիրքորոշումը՝ առանց քաղաքական-գաղափարախօսական իր համոզումներէն հրաժարելու: Քոչարեանի օրով եւ իր նախաձեռնութեամբ սկսած Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումը Սարգսեան ոչ միայն շարունակեց, այլ խորացուց՝ դէպի ազգային համարկում տանող կոնկրետ նախաձեռնութիւններով, որոնց կարգին՝ քաղաքացիական օրէնքի բարեփոխումն ու Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը: Ինչո՞ւ, ուրեմն, խօսքին մէջ ընդգրկել այնպիսի բանաձեւումներ, որոնք հարցականներ կ’առաջացնեն եւ կը պղտորեն մտքերը…

Ամէն պարագայի, Նախագահի ելոյթին այս բացառիկ ուշադրութիւնը, անոր խօսքերուն հրապարակային քննարկումը ինքնանպատակ չէ, սփիւռքեան նարսիսականութիւն չէ, ոչ ալ ինքնասիրութիւնը վիրաւորուած տեսնելու անհեթեթ զգայնութիւն մը: Առնչակից է հայրենիքի ու ազգի հաւաքական ապագայի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ Արցախի ճակատներէն մինչեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, բայց նաե՛ւ Ազատութեան Հրապարակի թէ Երեւանեան փողոցներու մէջ ընկերային զօրաշարժերու պահանջներուն:

Սփիւռքեան իւրայատկութեան փնտռտուք մը չէ այս, ոչ ալ «խաթեր»ի առնելու շփացածութիւն: Սփիւռքեան յանձնառութիւն է՝ ազգային հաւաքական գործընթացին մէջ իր տեղը հաստատագրելու ոչ թէ որպէս հանդիսատես, այլ՝ դերակատար: Կը բացառուի այդ դերակատարութիւնը «Երեւանը Պէյրութ վերածելու» անհեթեթ տրամաբանութեամբ սահմանումի ամէն տրամադրուածութիւն: Բայց նաեւ անկարելի է ականջալուր չըլլալ Երեւանի փողոցներուն մէջ «հնչող քննադատութեան», ինչպէս Նախագահը ի՛նք իր խօսքին մէջ բանաձեւեց իրավիճակը եւ յանձնառութիւն վերցուց թերիներու սրբագրութեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.