Ազգայնական զարթօնքը Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ Մոսկուայի պատասխանը

 

Արսէն Սափարով՝ «վերաբանակցիլ թոյլատրելիին սահմաններուն շուրջ. ազգայն(ական) զարթօնքը խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ Մոսկուայի պատասխանը»

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԾՐԱԳՐԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

1965 թուականին, Երեւանը ականատես կը դառնար Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակը նշող ցոյցերու։ Այս ցոյցերը ազգայնական զգացումներու զարգացումի անկիւնադարձ մը պիտի կազմէին՝ ցեղասպանութեան հարցի քաղաքականացումի եւ խորհրդային իշխանութիւններու հակազդեցութեան տեսանկիւնէն։ Խորհրդային ծայրամասային հանրապետութիւններուն հանդէպ բիրտ վերաբերումը չգործադրուեցաւ անոնց պարագային։ Տոքթ. Արսէն Սափարովի (Շարժայի համալսարան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) դասախօսութիւնը նուիրուած էր այն ուժական փոխյարաբերութեան, որ յատկանշած էր հայկական ազգայնականութեան ցուցադրութիւնը եւ խորհրդային իշխանութիւններու տեղական ու համամիութենական հակազդեցութիւնը։ Սափարով իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է London School of Economics-ի (LSE) մէջ եւ հեղինակած՝ «Հակամարտութենէ ինքնավարութիւն՝ Կովկասի մէջ» (2015) հատորը։ Դասախօսութեան ատենավարն էր Հայկական Ուսմանց Ծրագրի անդամներէն Ռաֆայէլ Գրիգորեանը։

Տոքթ. Սափարով սկիզբը ակնարկ մը նետեց Ապրիլ 24, 1965ի բողոքներուն կարեւորութեան խորհրդային ծիրին մէջ, յատկապէս ընդգծելով այն փաստը, որ այս բողոքները ընթացած են առանց պետական բռնութեան ենթարկուելու։ Ասիկա կը հակադրուէր ժողովրդային զգացումներու նման արտայայտութիւններու (ինչպէս Նովոչերկասկի (Ռուսաստան) եւ Թիֆլիսի չթոյլատրուած ցոյցերը տասնամեակ մը առաջ) բիրտ վերաբերումին, զոր խորհրդային իշխանութիւնները ցուցաբերած էին, եւ որ ձերբակալութիւններու եւ մահերու առաջնորդած էր։ Ըստ Սափարովի, Երեւանի 1965ի անսովոր պարագան կը հարցադրէր խորհրդային հակազդեցութեան ձեւերը ազգայնականութեան ցուցադրութիւններու հանդէպ, որոնք տեղի կ՚ունենային Միութեան ծայրամասային հանրապետութիւններուն մէջ։

Դրուած շարք մը հարցումները ձեւաւորած էին մօտեցումի եղանակը նիւթին հանդէպ։ Ի՞նչ էր այս ցոյցերուն շրջագիծը։ Ինչո՞ւ Մոսկուայի իշխանութիւնները ցուցարարները չցրուեցին։ Ինչո՞ւ տեղական իշխանութիւնները թոյլատրեցին նման հանրային զօրաշարժ։ Ինչո՞ւ ցուցարարները իրենց աշխատանքային ասպարէզն ու ապահովութիւնը վտանգի տակ դրին՝ ցոյցերուն միանալու համար։ Ցոյցերը ինչպէ՞ս ներգործեցին հայկական ազգայնականութեան զարգացումին վրայ։

Փորձելով այս հարցերուն պատասխան գտնել, ինչպէս եւ դէպքերը վերլուծել հայկական ազգայնականութեան ներխորհրդային զարգացումներու ծիրին մէջ, տոքթ. Սափարով անդրադարձաւ հայաստանեան հանրութեան, տեղական իշխանութիւններուն եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն խաղացած նշանակալից դերերուն։ Ան քննեց 1965ի իրադարձութիւնները եւ ցոյցերուն շուրջ տեսակէտները, վերլուծելով խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւններուն ուղղուած երեք բաց նամակներ, որոնք հայ մտաւորականութեան կողմէ գրուած էին Մոսկուայէն, Թիֆլիսէն ու Երեւանէն։

Տոքթ. Սափարով ընդգծեց, թէ Թուրքիայէն հողային որեւէ պահանջ արտօնուած չէր արծարծել Խորհրդային Հայաստանի մէջ, քանի որ Մոսկուան (մասնաւորապէս Ստալինը) չէր ուզեր վնասել Անգարայի հետ յարաբերութիւնները։ Միաժամանակ, սակայն, Ստալինի օրերուն տեղի ունեցած ներգաղթի շնորհիւ, խորհրդահայ բնակչութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը Մեծ Եղեռնէն վերապրողները կը կազմէին։ Իբրեւ արդիւնք, ժողովուրդին մէջ ներյայտ լարուած իրավիճակ մը կար հողային պահանջներու նկատմամբ. ներգաղթող հայերը իրենց հետ բերած էին Ապրիլ 24ի գաղափարը իբրեւ ոգեկոչումի օր եւ կուտակուած յոյզերը արտայայտելու ձեւ։ 1956էն ետք, Նիկիտա Խրուշչեւի ապաստալինակացումի գործընթացին սկզբնաւորութեամբ, Հայաստանի ժողովուրդը սկսաւ աւելի ազատօրէն խօսիլ, ինչ որ վերոյիշեալ բաց նամակներուն համագիրը կազմեց։

Հայկական Համայնավար Կուսակցութեան 1964ին Մոսկուա ուղղուած նամակը յատկանշուած էր կեդրոնական իշխանութիւններուն ղրկուած նամակներու երեք թեմաներով։ Առաջին հերթին՝ նամակը հայոց բացարձակ յանձնառութիւնը կը վերահաստատէր Խորհրդային Միութեան եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն նկատմամբ, յիշեցնելով անոնց հաւատարիմ կեցուածքը Խորհրդային Միութեան նախորդին՝ Ռուսական Կայսրութեան հանդէպ։ Երկրորդ՝ կը նկարագրէր անկումային վիճակ մը, ողբալով հայոց տառապանքը, ընդ որում՝ 1915ի ցեղասպանութիւնը, իրենց ռուսամէտ կեցուածքին հետեւանքով։ Վերջապէս, նամակը կը նկարագրէր Խորհրդային Միութեան ուղղուած բացայայտ սպառնալիքներու առկայութիւնը, ընդգծելով ցեղասպանութեան տարելիցին ոգեկոչումը Սփիւռքի մէջ։ Այսպէսով, խորհրդային հնարաւոր վարկաբեկումը կանխելու համար, ան կը յանձնարարէր արտօնել տարելիցը ոգեկոչող հրատարակութիւններ եւ նորակերտ յուշարձանի մը կառուցումը։ Իշխանութիւններուն՝ ոգեկոչումները արտօնող պատասխանը, Ապրիլէն երեք ամիս առաջ կը հասնէր Երեւան, ինչ որ աճապարանքի կնիք մը կը դնէր պատրաստութիւններուն։ Աւելի՛ն. կազմակերպուած ձեռնարկները անհամապատասխան էին հանրութեան ակնկալիքին, ընդգրկելով քանի մը գաղտնի դասախօսութիւններ եւ դատապարտումի բացակայութիւնը։

Տոքթ. Սափարով այնուետեւ ներկայացուց միւս նամակները, որոնք կարծիքներու խայտաբղէտ պատկեր մը կը հրամցնէին։ Վրաստանէն կեդրոնական իշխանութիւններուն ուղղուած նամակը ուժեղ ու լաւատես զօրակցութիւն ցոյց կու տար Խորհրդային Միութեան հանդէպ, եւ ցեղասպանութեան ճանաչումը Խորհրդային Միութեան բարելաւումի միջոց կը նկատէր։ Երեւանէն ղրկուած միւս նամակը տրամագծօրէն հակառակ էր՝ հեգնական միտումով։ Վերջինս Հայաստան վերադարձուած էր գրաւոր նշմարով, որ կ՚առաջադրէր հեղինակը Մոսկուա բերել տալ՝ հարցերը «քննարկելու» համար, ինչ որ անտարակոյս բանտարկութեան հրաւէր մըն էր։ Երեք նամակներուն հեղինակները ծանօթ էին խորհրդային կեցուածքին ազգայնականութեան հանդէպ, ուստի նման նամակներու առաքումով իրենք զիրենք վտանգի տակ կը դնէին։ Նամակները խորհրդահայերու տեսակէտներու եւ գիտակցութեան փոփոխական բնոյթին արտայայտութիւններ էին՝ ազգային ինքնութեան, ազգային սուգի, ազգային ցոյցերու եւ Մոսկուայի հանդէպ ենթակայութեան մասին։

Ապրիլ 24, 1965ի ցոյցերը, որոնք կեդրոնացած կազմակերպութենէ զուրկ էին, տեղի ունեցան Երեւանի շուրջ, Լենինի հրապարակին մէջ եւ Կոմիտասի անուան պանթէոնէն դուրս։ Դոկտ. Սափարովը նկարագրեց, թէ ինչպէս Համայնավար Կուսակցութիւնը փորձ կատարեց ցոյցը պահել Լենինի հրապարակէն հեռու, քանի որ ազգայնական զգացումներու նման դրսեւորում խորապէս ոչ-խորհրդային արտայայտութիւն մըն էր տիրող գաղափարախօսութեան դէմ։ Ազգայնական ջերմեռանդութեան այսպիսի ցոյց մը Լենինի հրապարակին մէջ, ուր Միութեան անդամներուն եղբայրութեան պաշտօնական գաղափարախօսութիւնը կը քարոզուէր, հետաքրքրական երկուութիւն մը կը ցուցաբերէր։ Ժողովուրդը, որ այն կարծիքին էր, թէ ոգեկոչումը բոլորին կը պատկանէր եւ ո՛չ թէ սակաւ ընտրեալներու, ազգայնական նշանախօսքեր արտաբերելով կը ներխուժէր Օփերայի մէջ տեղի ունեցող փակ ոգեկոչական հանդիսութեան, ինչ որ հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ 1965ի ոգեկոչումը թուականի կարեւորութեան համեմատ վայել չնկատուեցաւ (կեդրոնական իշխանութիւնները չէին դատապարտած 1915ի բնաջնջումը), ինչ որ աւելի եւս սրեց Հայաստանի բնակչութեան զգացումները, որ մղուեցաւ յաւելեալ թափով ցոյց ընելու։ Ցոյցերու անբաւարար վերահսկողութեան հետեւանքով, Հայկական Համայնավար Կուսակցութեան առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեանը պաշտօնազրկուեցաւ։

1967ին կառուցուեցաւ Մեծ Եղեռնի յուշարձանը, որ պիտի դառնար ամենամեայ ցոյցերու կիզակէտը։ Վայրը նպատակաւոր կերպով հեռու կը գտնուէր խորհրդային բոլոր յատկանշական տարածքներէն, ինչպէս Լենինի հրապարակը, 1965ի ազգայնական ցուցադրութեան կրկնութենէն խուսափելու համար։ Մինչ այդ, տեղական իշխանութիւնները բոլորովին տարբեր բեմագիր մը պատրաստած էին ոգեկոչումի համար։ Անոնք պէտք է ապացուցէին, որ ժողովրդային շարժումներու վերահսկումի լծակները իրենց ձեռքն էին՝ բնակչութեան ու անոր զգացումներուն կառավարելիութիւնը փաստելու համար։ Միւս կողմէ, խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները որոշած էին թոյլ տալ ոգեկոչումներուն կայացումը՝ հայ բնակչութեան պահանջներն ու ցասումը դէպի Թուրքիա ուղղորդելու համար։

Տոքթ. Սափարով փաստարկեց, որ ցոյցերը եւ իրերայաջորդ ոգեկոչումները, աւելի քան Խորհրդային Միութեան անունով դրդուած շարժում մը ըլլալու, հակազդեցութիւններու ուժական յարաբերութեան մը արդիւնքն էին։ Ան յայտնեց, թէ Մոսկուա սկզբնական յաջողութեան հասած էր՝ խորհրդահայութեան գոհացում տալով եւ անոր ժխտական զգացումները դէպի Անգարա ուղղորդելով։ Բայց այս արարքը վերջինիս թոյլ կու տար զօրաշարժի անցնիլ ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հողային պահանջներու նպատակներուն շուրջ։ Հետեւաբար, Սափարով եզրակացուց, որ թոյլատրուած ցոյցերուն հետեւանքներուն զօրութիւնը աւելի էր, քան Մոսկուայի փափաքածը։

Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը։ Ներկաներէն մէկը հարցուց, եթէ դասախօսը կը կարծէր, որ Խորհրդային Միութիւնը հիմնական ռազմավարութիւն մը ունեցած էր՝ ծայրամասային ազգութիւններու հետ իր յարաբերութեան մէջ։ Տոքթ. Սափարով պատասխանեց, թէ ընդհանուր մօտեցումը եղած էր, որ խախտումները վերագրելի էին դրամատիրութեան մնացուկներու։ Ստալինեան վարչակարգէն ետք, սակայն, Խորհրդային Միութիւնը աւելի նախնական մօտեցում մը որդեգրած էր ազգային ինքնութեան նկատմամբ, թէեւ ան ընդգծեց, որ հետեւողական ծրագիր մը գոյութիւն ունեցած չէր երկար ժամանակի վրայ։

Ուրիշ հարցում մը Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ունեցած դերին մասին էր՝ ցոյցերուն ընթացքին։ Տոքթ. Սափարով պատասխանեց, թէ Կաթողիկոսը, քաջ գիտնալով խորհրդային զօրքերու ներկայացուցած հնարաւոր վտանգը, ամենայն հաւանականութեամբ ձեռնարկած էր բազմութիւնները հանդարտեցնելու, աւելի քան կիրքերը հրահրելու։ Ան նաեւ մանրամասնեց, թէ ինչպէ՞ս ցոյցերը հողային պահանջ եւ ցեղասպանութեան ոգեկոչում միաձուլած էին։ Սափարով հաստատեց, որ ցոյցերէն անմիջապէս ետք, հազարաւոր ստորագրութիւններով քանի մը նամակներ ուղարկուած էին Մոսկուա՝ պահանջելով Ղարաբաղի վերադարձը Հայաստան, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս երկու հարցերը միացած էին իրարու։ Վերջապէս, ան նշեց, թէ խորհրդային իշխանութիւնները, խորհրդանշական կերպով, փորձած էին վարկափրկել Անդրանիկը, որ թէեւ մէկ կողմէ նկատուած էր Կովկասի թրքական բնակչութեան դէմ պայքարած մարտիկ մը, միւս կողմէ քաղաքացիական պատերազմի շրջանէն միակ անձն էր, որ հակառուսական պայքար տարած չըլլալով կրնար վերականգնումի ենթարկուիլ։ Անդրանիկի ծննդեան 100ամեակը նշուած էր Փետրուար 1965, զինք ոգեկոչող յօդուածերու հրատարակութեամբ։ Ցեղասպանութեան յիշատակումին մօտ ըլլալով, այս վերականգնումը բնակչութեան ուղղուած յստակ պատգամ մըն էր, թէ այժմ կարելի էր խօսիլ այնպիսի բաներու մասին, որոնք թոյլատրուած չէին նախօրօք։

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին դասախօսութեան ամբողջական տարբերակը դիտել, կրնան այցելել https://progarmstud.org.uk/ կայքէջը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.