94 տարի առաջ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեցին Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին


Հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­չար­չար կեան­քին ա­մէ­նէն սփո­փա­րար պա­հե­րէն մէ­կը կը խորհր­դան­շէ 1922 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լի 17-ը, երբ Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րէն մէկուն վրայ ար­դա­րա­դատ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­ կո­ւե­ցան, միա­ժա­մա­նակ, Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն եր­կու­քը՝ Պե­հաէտ­տին Շա­քիրն ու Ճե­մալ Ազ­մին։

Դաշ­նակ­ցա­կան եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Ա­րամ Եր­կա­նեան եւ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան միաս­նա­բար գոր­ծադ­րե­ցին թուրք եր­կու ջար­դա­րար­նե­րուն ա­հա­բե­կու­մը, որ մաս կը կազ­մէր Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան 9րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին (գու­մա­րո­ւած Ե­րե­ւան, 1919-ին) ո­րո­շած «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեանց շար­քին։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագրուած, կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը, ա­ռա­ջին հեր­թին, հայ ժո­ղո­վուր­դի բիւ­րա­ւոր «նա­հա­տակ­նե­րուն կտակն էր», ան­շո՛ւշտ, ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան պի­տի ընդգ­ծէր՝ իր յու­շե­րը հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նե­լով։

Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­յա­ցու­ցած «­Նե­մե­սիս»-ի ո­րո­շու­մը նաեւ քա­ղա­քա­կան քայլ էր, ո­րով­հե­տեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, յաղ­թա­կան Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած Պոլ­սոյ Պա­տե­րազ­մա­կան Ա­տեա­նը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը դա­տե­լով եւ ա­նոնց դէմ մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավճիռ ար­ձա­կե­լով հան­դերձ, եր­բեք քա­ղա­քա­կան կամ­քը չցու­ցա­բե­րեց դա­տավ­ճի­ռը գոր­ծադ­րե­լու։ Իսկ յան­ցա­պարտ­նե­րը, օգ­տո­ւե­լով թոյ­լա­տու այդ վե­րա­բե­րու­մէն, փա­խուստ տո­ւին Պո­լի­սէն, ա­նուն եւ հաս­ցէ փո­խե­լով ու ան­յայ­տա­նա­լով։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չէր կրնար այդ­պէս ան­պա­տիժ ձգել Հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման ու թրքաց­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թուրք ե­ղեռ­նա­գործ­նե­րը։

«­Նե­մե­սիս»-ի ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը դիւ­րին չե­ղաւ։

Նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նե­լու դժո­ւա­րին ժա­մա­նա­կը կ’ապ­րէր։ Պոլ­շե­ւիկ­ներն ու քե­մա­լա­կան­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րեն յա­տուկ հա­շո­ւարկ­նե­րով, նոր դա­ւեր կը նիւ­թէին Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ եւ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, իբ­րեւ ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման ա­ռա­ջա­տար ու­ժը եւ նորաստեղծ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան փաս­տա­ցի իշ­խա­նու­թիւ­նը, վե­րապ­րող հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման կռո­ւան­նե­րը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ մար­տահ­րա­ւէ­րը կը դի­մագ­րա­ւէր։

Ո­րո­շու­մէն տա­րի մը ետք միայն ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ «­Նե­մե­սիս»-ի գոր­ծադ­րու­թեան։

15 Մարտ 1921-ին, Պեր­լի­նի մէջ, Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի ձե­ռամբ, ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ եւ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թալէաթ փա­շան։ 5 Դեկ­տեմ­բեր 1921-ին, Հ­ռո­մի մէջ, Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի կող­մէ ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան վար­չա­պետ Սա­յիտ Հե­լիմ փա­շան։

17 Ապ­րիլ 1922-ին էր, որ կար­գը հա­սաւ Մեծ ե­ղեռ­նի «գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ» Պե­հաէտ­տին Շա­քի­րի եւ Տ­րա­պի­զո­նի հա­յոց սպան­դը ան­ձամբ գլխա­ւո­րած կու­սա­կալ Ճե­մալ Ազ­միի։

«­Նե­մե­սիս»ի 17 Ապ­րիլ 1922-ի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­մէ­նէն յան­դուգն էր։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ միա­ժա­մա­նակ եր­կու թի­րա­խի դէմ կ’ուղ­ղո­ւէր՝ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, նաեւ, որ Պե­հաէտ­տին Շա­քիր եւ Ճե­մալ Ազ­մի ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու մեծ խում­բով բա­նուկ փո­ղո­ցէ մը կ­’անց­նէին ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան պա­հուն։ Այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ այն պատ­ճա­ռով, որ Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք Պեր­լի­նը դժո­ւար ռազ­մա­դաշտ դար­ձած էր ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց հա­մար։

Բայց Ար­մէն Գա­րո­յի, Շա­հան Նա­թա­լիի, Հ­րաչ Փա­փա­զեա­նի, Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի, Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի եւ գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից դաշ­նակ­ցա­կան միւս գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար ան­յաղ­թա­հա­րե­լի բան չկար։ Մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը տրո­ւած էր եւ «­Նե­մե­սիս»-ի գոր­ծո­ղու­թեանց շղթա­յին այս օ­ղակն ալ պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւէր։

Յան­դուգն ա­հա­բե­կու­մը գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ՝ հա­կա­ռակ խան­գա­րող պա­րա­գա­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­մին, յատ­կա­պէս Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի սայ­թա­քե­լով գե­տին իյ­նա­լուն, թուր­քե­րու խում­բին մէջ գտնո­ւող Թալէա­թի այ­րիին կող­մէ գե­տին ին­կած Շի­րա­կեա­նի ատր­ճա­նա­կը վերց­նե­լու ճի­գին ե­ւայլն։ Պէտք է կար­դալ ե՛ւ Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի «Այս­պէ՛ս սպան­նե­ցինք», ե՛ւ Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի «Կ­տակն էր նա­հա­տակ­նե­րուն» ա­նուն յու­շե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան հա­տո­ւած­նե­րը, խո­րա­չա­փե­լու հա­մար տա­րո­ղու­թիւ­նը թէ՛ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կած յանդգ­նու­թեան, թէ՛ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ան­պար­տե­լի դարձ­նող ար­դա­րա­դա­տու­թեան ներ­քին կրա­կին։

Պե­հաէտ­տին Շա­քիր եւ ճե­մալ Ազ­մի տեղ­ւոյն վրայ մա­հա­ցան։

Զոյգ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կրցան փա­խուստ տալ եւ ի­րենց հետ­քը թաքց­նել հե­տապնդող­նե­րէն։

Հա­յոց բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րուն կտա­կը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ։

Հա­յեր, յի­շէ՛ք, 1922-ի Ապ­րիլ 17-ի «­Նե­մե­սիս»-ը, որ­պէս­զի անվ­հատ ու ա­նե­րեր շա­րու­նա­կենք մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը՝ յա­նուն Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան ու վերջ­նա­կան նո­ւա­ճու­մին։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.