Հարցազրոյցը Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ


 Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին, Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը Սուրիոյ խորհրդարանին եւ ժողովուրդի ակնկալութիւններուն առնչութեամբ երեսփոխանական թեկնածու, Բերիոյ Հայոց թեմի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

 

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Սուրիոյ ժողովուրդը կը նախապատրաստուի 13 Ապրիլ 2016ին կայանալիք խորհըրդարանական ընտրութիւններուն: Այս առիթով կը խնդրենք համառօտ կերպով ներկայացնէք Սուրիոյ խորհրդարանը:

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ.- Սուրիոյ խորհրդարանը կամ Երեսփոխանական ժողովը երկրի օրէնսդիր մարմինն է, որուն գլխաւոր պարտականութիւններն են.

ա. Ճշդել երկրի տնտեսական ընդհանուր պիւտճէն.

բ. Կատարել կառավարութեան կնքած համաձայնագիրներու հաս-տատումը.

գ. Իրեն վերապահուած է պատերազմի կամ զինադադարի յայտարարման որոշումի իրաւունքը.

դ. Ունի իշխանութիւն՝ հսկելու պետութեան ընդհանուր քաղաքականութեան, նախարարներու գործելակերպին եւ ընթացքին.

ե. Իր իրաւունքն է, ի հարկին, հաստատել անհատ նախարարի կամ Նախարարաց խորհուրդի նկատմամբ վստահութեան վերացումը.

զ. Օրէնքներու առաջադրման, քննարկման եւ հաստատման հիմնական պատասխանատու կողմն է անիկա: Սակայն հանրապետութեան նախագահը բաժնեկից է օրէնքներու հրապարակման գործին:

Երկրի օրէնսդիր այս վարչամեքենան բաժին ունեցած է երկրի սահմանադրութեան մշակման կամ վերանայման աշխատանքին մէջ, յատուկ մարմիններ ճշդած է այս ուղղութեամբ, ինչպէս՝ 1973ին, 2012ին: Իր պարտականութեանց մաս կը կազմէ նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու իրագործումը՝ ըստ կարիքի:

Երեսփոխանական ժողովը կ՛ընտրուի 4 տարին անգամ մը:

1990էն մինչեւ օրս ժողովը կը բաղկանայ 250 անդամներէ, որոնց կէսը բանուորներ եւ երկրագործական աշխատանքներով զբաղողներ են: Ժողովը կ՛ունենայ տարեկան երեք հիմնական նստաշրջաններ եւ ի հարկին յատուկ հրաւէրով արտակարգ նիստեր:

Սուրիական խորհրդարանը հիմնուած է 1928ին, սակայն կարգ մը աղբիւրներու մէջ յիշատակուած է 1932 թուականը: Թէեւ, երբ պատմութեան էջերուն դառնանք, Սուրիոյ առաջին օրէնսդիր մարմինի կազմութեան թուականը կարելի է համարել 19 Յունուար 1919ը, երբ 85 անդամներ ստորագրահաւաքով մը ընտրուեցան եւ կազմեցին առաջին Սուրիական խորհրդաժողովը՝ Սուրիոյ ընդհանուր խորհրդաժողով անունով: Այդ 85 անդամներու հաւաքը իրականութեան մէջ եղած էր դէմ դնելու համար Քինկ Քրայնի օրուան ծրագիրին եւ օրին իր կարեւորագոյն որոշումը եղած էր 8 Մարտ 1920ին Սուրիոյ անկախութեան յայտարարումը եւ Հիւսէյնի որդի Ֆէյսալ իշխանի թագադրութիւնը, որպէս Սուրիոյ թագաւոր, թէեւ համաձայնականները չընդունեցին այս մէկը, որուն իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցաւ Մայսալունի նշանաւոր ճակատամարտը, եւ շըրջան մը Սուրիան ֆրանսական գաղութատիրութեան ենթակայ դարձաւ:

Այնուամենայնիւ, Սուրիական խորհրդարանը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս շարունակեց իր գործունէութիւնը՝ ծառայելով երկրին ու ժողովուրդին:

 

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Սուրիան, ըլլալով Միջին Արեւելքի հիմնական երկիրներէն մէկը, խորհրդարանէն ներս որքանո՞վ տեղ տուած է իգական սեռին:

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ.- Սուրիական ընկերութիւնը յատկանշուած է իր լայնախոհ, ողջմիտ հասարակութեամբ: Սուրիական խոր-հրդարանէն ներս իգական սեռը առաջին անգամ մուտք գործած է 1950ին: 1949ին, հրամանագիրով մը սուրիացի կնոջ տրուած է ընտրելու, ոչ ընտրուելու իրաւունք, սակայն հետաքրքրական է նաեւ այն կէտը, որ 1949ի օրէնքով, երբ իգական սեռին տրուած է ընտրելու իրաւունք, այդ իրաւունքը վերապահուած է միայն ուսեալ կնոջ եւ ամուսնացեալ իգական սեռին: Այնուամենայնիւ, 1950ին ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքով իգական սեռը մուտք գործած է Սուրիական խորհրդարան: Այսօր հպարտօրէն կարելի է ըսել, որ Սուրիական խորհրդարանէն ներս ոչ մէկ խտրութիւն կայ իգական եւ արական սեռի ներկայացուցիչներուն միջեւ, այլ՝ որպէս քաղաքացի, ան, որ իր բաժինը ունի բերելիք երկրի եւ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ, կ՛ընտրուի խորհրդարանի անդամ, իգական սեռի պատկանի, թէ արական: Այսօր Սուրիական խորհրդարանի 250 երեսփոխաններէն 30ը իգական սեռի ներկայացուցիչներ են:

 

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Անցնող ժամանակաշրջաններուն հայ համայնքը որքանո՞վ ներգրաւուած է Սուրիական խորհըրդարանէն ներս:

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Անցնող գրեթէ բոլոր շըրջաններուն, հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ ներգրաւուած են Սուրիական խորհրդարանէն ներս, բացի մէկ երկու շրջաններէ: 1928էն մինչեւ 2011 հայ երեսփոխաններու թիւը կը հաշուէ 21: Խորհրդարանի հիմնադիր ժողովին մէջ կը յիշուի 4 հայ երեսփոխաններու անուններ՝ Նիքոլա Ճենճի, Ֆաթհալլա Ասիուն, Միհրան Բիւզանդեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ Աղեքսանտրէթի շրջանը կը ներկայացնէր: Այս տարիներուն ընթացքին հայ 21 երեսփոխաններէն յիշենք մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան (8 շրջան), Ֆաթհալլա Ասիուն (4 շրջան), Նիքոլա Ճենճի, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Տիգրան Չրաճեան (3ական շրջան): Իսկ վերջին տարիներուն երկրչփ. Սիմոն Լիպարեան (2 շրջան), մեթր Սումպուլ Սումպուլեան (2 շրջան): Բնականաբար հայ համայնքը կ՛ուզէ միշտ իր ներկայացուցիչը ունենալ այս ժողովէն ներս՝ իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու Սուրիական հայրենիքի գոյերթին:

 

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Ձեր կարծիքով Սուրիոյ ժողովուրդը ի՞նչ ակնկալութիւններ ունի յառաջիկայ խորհրդարանէն:

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆ.- Սուրիոյ ժողովուրդը ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, երկու հիմնական ակնկալութիւն ունի. նախ երկրի վէրքերուն սպիացումը, անոր վերականգնումը, ապա բարեփոխումները՝ երկրի ծաղկուն ապագային հեռանկարով:

Այստեղ յստակօրէն պէտք է ուրուագծել, որ սուրիացի քաղաքացին կը հաւատայ երկրի ամբողջականութեան անվիճելիութեան եւ բոլորս կը մնանք պաշտպան անոր պահպանման: Սուրիան կը ներկայանայ իր ժողովուրդի բոլոր բաղկացուցիչներու ներդաշնակ գոյակցութեամբ՝ առանց կրօնական, համայնքային կամ ազգային խտրութեան:

Սուրիոյ ժողովուրդը կազմող հաւաքականութիւններուն, բաղկացուցիչներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնը հիմնուած է փոխըմբռնման, փոխճանաչողութեան, միտքի, հաւատքի, լեզուի, մշակոյթի ազատութեան եւ փոխյարգանքի սկզբունքին վրայ:

Երբ մենք յաղթահարենք Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած այս պատերազմը, արձանագրուած յաջողութիւններուն լոյսին տակ, երկրի վերականգնումը բոլորիս պարտաւորութիւնն ու պարտքը պիտի ըլլայ, ապա նաեւ սատար հանդիսանալ եւ օգնել ժողովուրդին՝ յաղթահարելու դէպքերու եւ տագնապի արդիւնք ընկերային, հոգեբանական, տնտեսական, նկարագրային փոփոխութիւններն ու կենցաղային դժուարութիւնները, որոնց մէջ ի մասնաւորի այն դժուարութիւնները, զորս կրեց հալէպահայութիւնը՝ անապահովութեան, ջուրի եւ հոսանքի տագնապներով: Վերականգնումի հանգրուանի անմիջական շարունակութիւնը կարելի է նկատել երկրորդ բաժինը՝ բարեփոխումները: Բարեփոխումներու մասին մեր երկրի վսեմաշուք նախագահը նախքան դէպքերը խօսած էր: Այսօր սակայն պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բարեփոխում, որովհետեւ, դժբախտաբար, բարեփոխում բառը սխալ մեկնաբանողներ կան: Բարեփոխումները բոլոր ժամանակներու համար անհրաժեշտութիւն են, անոնք մարդն ու հաւաքականութիւնը լճացումէ դուրս կը բերեն եւ յառաջդիմութեան, զարգացման հիմնական ուղին կ՛ուրուագծեն, անոնք սակայն ընդունելի եւ ողջունելի են, երբ դրական փոփոխութիւններ յառաջ կը բերեն՝ շինելով եւ ո՛չ քանդելով, ծաղկեցնելով եւ ո՛չ խամրեցնելով: Այնպէս որ, ժողովուրդը յառաջիկայ խորհրդարանէն կ՛ակնկալէ այնպիսի բարեփոխումներ, որոնք երկիրը կ՛առաջնորդեն դէպի ծաղկուն ապագայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.