Սարգիս Զէյթլեան. «Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր» դաւանանքին պատգամաբերը


28 Մար­տի այս օ­րը, 31 տա­րի ա­ռաջ, Պէյ­րու­թի մէջ ա­ռե­ւան­գո­ւե­ցաւ, ան­հետ կոր­սո­ւե­ցաւ եւ մութ պայ­ման­նե­րու մէջ սպան­նո­ւե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի նոր ժա­

մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն մար­տու­նակ դրօ­շա­կիր­նե­րէն Սար­գիս Զէյթ­լեան։

Ե­թէ կա­րե­լի է քա­նի մը բա­ռով խտաց­նել գա­ղա­փա­րա­կան նկա­րա­գիրն ու էու­թիւ­նը Սար­գիս Զէյթ­լեան ազ­գա­յին անձն­դիր գոր­ծի­չին, ջլա­պինդ եւ հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կա­գի­րին ու դաշ­նակ­ցա­կան յան­դուգն ղե­կա­վա­րին, ա­պա ի­րա­ւամբ ան կը հան­դի­սա­նայ Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նե­լու հան­գա­նա­կին յա­ռա­ջա­պահ պատ­գա­մա­բե­րը։

Մարտ 1985ի այս օ­րը, Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հին մէջ, հա­յա­նուն բայց ազ­գա­դաւ ու­ղեղ մը յղա­ցաւ, պա­տո­ւի­րեց ու օ­տա­րի ձեռ­քով ի­րա­գոր­ծեց ա­ռե­ւան­գու­մը եւ սպա­նու­թիւ­նը Մար­դու, Հա­յու եւ Դաշ­նակ­ցա­կա­նի ինք­նա­տիպ մարմ­նա­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցող այս ար­ժա­նա­ւո­րին։

Իր 25րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, 1992ին, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լով 28 Մարտ 1985ի ո­ճի­րին բա­ցած խոր վէր­քին, մեր ժո­ղո­վուր­դի սե­րունդ­նե­րուն յանձ­նեց Ա­ւան­դը Ս. Զէյթ­լեա­նի՝ պատ­գա­մե­լով, որ – «Ս. Զէյթ­լեա­նը էր եւ կը մնայ մեր ար­ժա­նա­ւոր ըն­կե­րը, որ նա­հա­տա­կո­ւած է Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան վա­րած պայ­քա­րի պատ­նէ­շին վրայ՝ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մութ ու­ժե­րու ձեռ­քով (իր ըն­կե­րա­կից՝ Կ. Գո­լան­ճեա­նի հետ միա­սին) ա­ռե­ւան­գո­ւե­լով եւ տմար­դի կեր­պով ա­հա­բեկ­ման են­թար­կո­ւե­լով։ Պայ­քա­րո­ղի խրոխտ կե­ցո­ւած­քով, դաշ­նակ­ցա­կա­նի գա­ղա­փա­րա­կան սքան­չե­լի տի­պա­րով եւ դաշ­նակ­ցա­կան մտքի դրօ­շա­կի­րի փայ­լուն դի­մա­գի­ծով, ինչ­պէս նաեւ իր գոր­ծով ու օ­րի­նա­կով, Ս. Զէյթ­լեան այ­լեւս մաս կը կազ­մէ դաշ­նակ­ցա­կան ան­մահ նա­հա­տակ­նե­րու փա­ղան­գին»։

Եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան հա­յոց յի­շո­ղու­թեան մէջ Մարտ 28ը ան­դին կ­’անց­նի գոր­ծո­ւած վա­տո­գի ո­ճի­րին առ­թած ընդվ­զու­մէն եւ կը զգե­նու Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի ան­մեռ յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լու, Գա­ղա­փա­րի Մար­տի­կի ա­նոր ա­ւան­դով ու վաս­տա­կով հա­ղոր­դո­ւե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու Օ­րո­ւան նշա­նա­կու­թիւն։
Սար­գիս Զէյթ­լեան ծնած էր 1930ին, պատ­մա­կան Մու­սա Լե­րան Խ­տըր Պէկ գիւ­ղը։ Մեծ մայ­րը՝ Վար­դե­րը 1915ի Մու­սա Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին կռո­ւած հայ հե­րո­սու­հի­նե­րէն էր։ Հայ­րը՝ Թով­մա­սը, հե­րո­սա­մար­տի շրջա­նին տա­կա­ւին պա­տա­նի, իբ­րեւ սուր­հան­դակ մաս­նակ­ցած էր թրքա­կան յար­ձակ­ման դէմ մղո­ւած մար­տե­րուն, իսկ ե­րեք տա­րի ետք, միա­նա­լով Ֆ­րան­սա­կան բա­նա­կի կող­քին կազ­մո­ւած Հայ­կա­կան Լե­գէո­նին, մաս­նակ­ցած էր 1918ի Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­կան ճա­կա­տա­մար­տին։

Բա­ռին ի­րաւ եւ հա­րա­զատ ի­մաս­տով մու­սա­լեռ­ցի էր Ս. Զէյթ­լեան։ Ու­սումն ու հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը ո՛ւր որ ալ տա­րին եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի՛նչ դիր­քի վրայ ալ կանգ­նե­ցու­ցին զինք՝ ան միշտ գոր­ծեց լեռ­նա­կան հայ գիւ­ղա­ցիի ա­նեղծ պայ­ծա­ռամ­տու­թեամբ, խրոխտ նկա­րագ­րով եւ ա­նե­րեր հայ­կա­կա­նու­թեամբ։
Կեան­քը չօգ­նեց, որ Ս. Զէյթ­լեան հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­նայ։ Ս­տի­պո­ւե­ցաւ բա­ւա­րա­րո­ւիլ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցին եւ Պէյ­րու­թի Հա­մազ­գա­յի­նի Ճե­մա­րա­նին ջամ­բած հա­յա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ։

Բայց ե՛ւ իր ու­սում­նա­տեն­չու­թեամբ ու ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ, ե՛ւ Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի, Լե­ւոն Շան­թի, Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի, Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի ու Կա­րօ Սա­սու­նիի տա­րո­ղու­թեամբ մեծ Ու­սու­ցիչ­նե­րու շուն­չով կազ­մա­ւո­րո­ւե­լու իր բախ­տա­ւո­րու­թեամբ՝ Սար­գիս Զէյթ­լեան մտա­ւո­րա­կան նա­խան­ձե­լի պա­շա­րի տի­րա­ցաւ եւ իր ողջ կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րեց հա­յոց պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի դե­գե­րում­ներն ու հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը ու­սում­նա­սի­րե­լու անս­պառ ե­ռան­դով։ Եւ այդ պա­շա­րով՝ Սար­գիս Զէյթ­լեան հա­մար­ձակ քայ­լե­րով իր ու­ղին հար­թեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Բա­ցա­ռա­պէս սփիւռ­քի մէջ գոր­ծեց, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նա­կան կեան­քի ա­ռօ­րեան, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին իր բո­լոր ե­րես­նե­րով ու հո­գե­րով, ան­բա­ժան մասն ու կի­զա­կէ­տը դար­ձուց սփիւռ­քա­հա­յու իր կե­ցու­թեան։ Միայն ի­րեն չպա­հեց գա­ղա­փա­րա­կան ու հո­գեմ­տա­ւոր այդ ջեր­մե­ռանդ ա­ռօ­րեան, այլ ան­սա­կարկ բաշ­խեց իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, իր դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն, դաշ­նակ­ցա­կան իր ըն­կեր­նե­րուն եւ, լայն ընդգր­կու­մով, աշ­խար­հաս­փիւռ ողջ հա­յու­թեան։
Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի կեան­քը մնա­յուն վե­րելք մը ե­ղաւ հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր մար­զե­րու մէջ եւ ծա­ռա­յու­թեան բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ։

1954ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Գա­հի­րէ՝ ա­տե­նի նստա­վայ­րը Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի, միա­նա­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. Ե­գիպ­տո­սի պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յու­սա­բեր»ի խմբագ­րա­կան կազ­մին։ Ան մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ու գոր­ծակ­ցե­ցաւ Վա­հան Նա­ւա­սար­դեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ «­Յու­սա­բեր»ի շուրջ խմբո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կան փա­ղան­գին՝ Գաբ­րիէլ Լազեա­նի եւ Բե­նիա­մին Թա­շեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ խմբա­գիր­նե­րու հետ։ «­Յու­սա­բեր»ի դպրո­ցին մէջ թրծուե­ցան Սար­գիս Զէյթ­լեան ազ­գայ­նա­շունչ մտա­ւո­րա­կա­նի, հզօր կամ­քի տէր քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի եւ դաշ­նակ­ցա­կան բո­լո­րա­նո­ւէր ա­ռաջ­նոր­դի նկա­րա­գիրն ու վար­քա­գի­ծը։ Նոյն տա­րի­նե­րուն նաեւ կրթա­կան մշակ ե­ղաւ Գա­հի­րէի Ազ­գա­յին «­Գա­լուս­տեան» վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր պաշ­տօ­նա­կից ու­նե­ցաւ իր կեան­քի հե­տա­գայ ըն­կե­րու­հին՝ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան Սո­նա Սի­մո­նեա­նը։

1958-1959ին, Վա­հան Նա­ւա­սար­դեա­նի մա­հէն ետք, Սար­գիս Զէյթ­լեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ «­Յու­սա­բեր»ի խմբա­գիր եւ մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ մին­չեւ 1962, երբ ըն­տա­նեօք վե­րա­դար­ձաւ Լի­բա­նան եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Այն­ճար, ուր ստանձ­նեց Ազ­գա­յին «­Յա­ռաջ» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ Թէ՛ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չով սե­րունդ հասց­նե­լու, թէ՛ «­Յա­ռաջ»ը Գո­լէ­ճի մա­կար­դա­կին բարձ­րաց­նե­լու եւ թէ, ընդ­հան­րա­պէս, Այն­ճա­րի հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան կեանքն ու դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ա­ռում­նե­րով՝ բեղմ­նա­ւոր ե­ղաւ Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան այն­ճա­րեան շրջա­նը։

1966ին ըն­տա­նեօք հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Պէյ­րութ։ Կար­ճա­տեւ շրջա­նի մը հա­մար միա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­թերթ «Ազ­դակ»ի խմբագ­րու­թեան, միա­ժա­մա­նակ՝ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն վա­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի մէջ։ Շու­տով եղ­բայր­նե­րուն հետ ըն­տա­նե­կան գործ հաս­տա­տե­ցին ա­զատ աս­պա­րէ­զի մէջ, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ձե­ռեց Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի, որ­պէս­զի լիա­ժամ նո­ւի­րո­ւի մտա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քի եւ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։

Ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Կ. Կո­մի­տէի ան­դամ, ստանձ­նեց նաեւ Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ, միա­ժա­մա­նակ, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ բժիշկ Բաբ­կէն Փա­փա­զեա­նի կող­քին խմբա­գիր նշա­նա­կո­ւե­ցաւ 1969ին իր վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ին։
Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան այդ զոյգ առումներով՝ Ս. Զէյթ­լեան ե­ղաւ ճա­ռա­գայ­թող ներ­կա­յու­թիւն։

Իր ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Կ. Կո­մի­տէն քա­ղա­քա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նո­ւա­ճեց պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ ներ­գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման ճա­կատ­նե­րուն վրայ։
Իսկ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն իր հրա­պա­րա­կած խմբագ­րա­կան­նե­րով եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յօ­դո­ւա­ծա­շար­քե­րով, Ս. Կա­լեան եւ Ս. Զէյթ­լեան ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով, հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան եւ Հայ Դա­տի պայ­քա­րի դաշ­նակ­ցա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան մշա­կու­մին ու հու­նա­ւո­րու­մին մէջ։

Տե­սա­կէտ ու­նե­ցող, ու­ղի հար­թող եւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քար ա­ռաջ­նոր­դող հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ե­ղաւ Սար­գիս Զէյթ­լեան, որ իբ­րեւ այդ­պի­սին, 1972ին, Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վրայ, ան­սա­կարկ նո­ւի­րա­բե­րու­մով, գոր­ծեց եւ ու­ղի հու­նա­ւո­րեց մին­չեւ վեր­ջին շունչ՝ մին­չեւ իր դէմ գոր­ծո­ւած ա­ռե­ւան­գու­մի եւ սպա­նու­թեան ա­նարգ ո­ճի­րը։

Բիւ­րո­յա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ, Սար­գիս Զէյթ­լեան ոչ միայն դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հաս­փիւռ մա­մու­լին ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նեց եւ ա­նոր ար­դիա­կա­նաց­ման եւ ու­ժե­ղաց­ման մէջ վճռո­րոշ ներդ­րում ու­նե­ցաւ, այ­լեւ՝ իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դրոշ­մը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ծ­րագ­րի այժ­մէա­կան վե­րամ­շա­կու­մին ու վե­րա­հաս­տատ­ման մէջ.- Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րուն, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եւ ըն­կեր­վա­րա­կան-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­կունք­նե­րուն վե­րա­թար­մաց­ման մէջ տի­րա­կան ե­ղաւ Ս. Զէյթ­լեա­նի աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Հիմ­նա­կան ե­ղաւ Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի ներդ­րու­մը նաեւ ու մա­նա­ւանդ սփիւռ­քա­հայ ա­ռօ­րեա­յի ՀԱՅՐԵՆԱՑՄԱՆ դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։
Իր ճի­գե­րուն եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ, սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի եւ ընդ­հան­րա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ա­ռօ­րեայ դաշ­տը դար­ձան հայ­րե­նա­կան կեան­քի զար­գա­ցում­նե­րը, հայ­րե­նի­քի դի­մագրա­ւած խնդիր­նե­րը եւ ա­նոնց ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան լու­սար­ձա­կով անդ­րա­դարձ­ներն ու քննար­կում­նե­րը։

Այդ­պէ՛ս, ի հե­ճուկս հայ­րե­նի­քին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին կար­գե­րուն եւ ընդ­դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւող խորհր­դա­յին ու­ծաց­ման եւ ա­պազ­գայ­նաց­ման բո­լոր ճնշում­նե­րուն ու հա­լա­ծանք­նե­րուն, հայ­րե­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քի պոռթ­կում­նե­րը ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թեամբ լու­սար­ձա­կի տակ պա­հո­ւե­ցան։ Իր ջան­քե­րուն շնոր­հիւ էր, նաեւ, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տո­ւե­ցան Դէ­պի Եր­կիր…

Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան 1970ա­կան­նե­րու քա­ղա­քա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին մէջ, ո­րուն ա­ռա­ջա­տար շար­ժի­չը ե­ղաւ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ներշն­չու­մով, Սար­գիս Զէյթ­լեան իր յա­տուկ ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ հայ­րե­նի ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րու եւ ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հետ կա­պե­րու հաս­տատ­ման ու սեր­տաց­ման մար­զին մէջ։ Այդ մա­սին վկա­յու­թիւն­նե­րը չեն պակ­սիր 1988էն ետք հրա­պա­րակ ի­ջած հայ­րե­նի գոր­ծիչ­նե­րու բա­նա­ւոր թէ գրա­ւոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն ու խոս­տո­վա­նու­թեանց մէջ։

Մարտ 28 է դար­ձեալ եւ հա­յոց յի­շո­ղու­թեան պաս­տա­ռին կ­’ու­րո­ւագ­ծո­ւի խրոխտ դէմ­քը Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի՝ յի­շեց­նե­լով ու շնչա­ւո­րե­լով ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին դի­մա­ցող եւ այժ­մէա­կան թար­մու­թեամբ յորդ իր գա­ղա­փար­ներն ու պատ­գամ­նե­րը։ Տա­կա­ւին այն ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ խորհր­դա­յին լու­ծի տակ հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը կը գտնո­ւէր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իր ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու բռնա­տի­րա­կան ար­գել­քի տակ, Սար­գիս Զէյթ­լեան հան­դի­սա­ցաւ յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը հայ­րե­նի հա­յու­թեան մէջ Հայ Դա­տի պայ­քա­րին ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նը գտնե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ա­րե­ւե­լու­մին՝ պատգամելով.-

«Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ դրո­ւած է, իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան դատ եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­ռար­կայ, ոչ թէ Հա­յաս­տա­նի ստեղ­ծու­մը, իբ­րեւ ազ­գա­յին հո­ղա­մաս, ինչ­պէս էր պա­րա­գան ե­րէկ, այլ Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­ցու­մը, փոքր ու ան­բա­ւա­րար տա­րա­ծու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ըն­դար­ձա­կու­մը մին­չեւ իր պատ­մաբ­նա­կան սահ­ման­նե­րը, ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը իր մէջ ամ­փո­փե­լու եւ ա­նոր բնա­կա­նոն զար­գա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշտ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։

«Ա­ւե­լի՛ն. այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ բարձ­րա­ցող հար­ցը ոչ թէ հայ ան­կախ պե­տու­թեան ստեղ­ծումն է ո­չին­չէն, այլ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ան­կա­տար ան­կա­խու­թիւ­նը կամ ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­րեալ կամ ամ­բող­ջա­կան ան­կա­խու­թեան վե­րա­ծելն է, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հան­րա­ճա­նաչ չա­փա­նիշ­նե­րուն ու ըմբռ­նում­նե­րուն հի­մունք­նե­րով, ազ­գա­յին ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման սկզբուն­քով։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նա­զուրկ բազ­մու­թեանց եւ հայ­րե­նա­կան հո­ղե­րու հա­յա­զուրկ, այլ կեն­սա­կան տա­րա­ծու­թեանց միա­ցումն ու ամ­բող­ջա­ցու­մը գե­րա­զան­ցօ­րէն գե­րիշ­խան հայ պե­տա­կա­նու­թեան մը հո­վա­նիին տակ։

«… Հա­յաս­տա­նի կեն­դա­նի՛ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը միան­գամ ընդ­միշտ կու գայ վե­րընդգ­ծե­լու մեծ ճշմար­տու­թիւն մը.- Հայ­րե­նի­քի ան­փո­խա­րի­նե­լի կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը ազ­գի մը գո­յու­թեան, գո­յա­տեւ­ման ու բնա­կա­նոն զար­գաց­ման հա­մար, ի շարս այ­լոց, նաեւ հա՛յ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

«­Հայ­րե­նի՛քն է, հայ­րե­նի՛ հողն է,- որ­քան ալ սահ­մա­նա­փակ իր տա­րո­ղու­թեամբ,- պե­տու­թի՛ւնն է, պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի գո­յու­թիւնն է,- որ­քան ալ թե­րի ազ­գա­յին ա­ռու­մով եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի ու քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ընդ­հա­նուր օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րով,- նա­խա­պայ­մանն ու ակ­նաղ­բիւ­րը ա­մէ՛ն բա­նի, ազ­գա­յին ընդ­հան­րա­կան ա­մէ՛ն բա­րի­քի ու վե­րա­փո­խու­թեան» («Ազ­դակ Շա­բա­թօ­րեակ-ԴՐՕՇԱԿ», 1978, թիւ 18-19, 20)։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.