Հայութիւնը 100 տարի ետք
Երբ օտարներուն հայութեան մասին խօսուի, ինքնաբերաբար անոնց միտքը կ]ուղղուի դէպի Ազնաւուր, Արարատ լեռ, ցեղասպանութիւն, Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի հետ մեր ունեցած վէճերը, մեր եկեղեցիներն ու վանքերը։ Սակայն անոնց հայութեան մասին ունեցած կարծիքները ընդհանուր առմամբ սահմանափակ են ու պղտոր։ Այս գիրքով Սետա Մավեան, լրագրող եւ Nouvelles L’Armenie magazine-ի թղթակից Երեւանի մէջ, յստակօրէն ու ինքնատիպ կերպով կը բացատրէ ու կը քննարկէ ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, ներկայ հայութիւնը յուզող հարցերուն բոլոր երեսները եւ ներկայ ու ապագայ սերունդներուն առջեւ դրուած մարտահրաւէրները։
իրքը ներածական բաժին մը ունի, ուր կը խօսուի աշխարհացրիւ հայութեան ընդհանուր թիւին մասին (մօտ 10 միլիոն), որուն մեծամասնութիւնը արտասահմանի մէջ է։ Ան ներկայ Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը գնահատէ մօտ 2,9 միլիոն։
Սովետական միութեան փլուզումէն ետք, 1990 թուականէն սկսեալ, հայութիւնը արձանագրած է շատ մը կարեւոր յառաջդիմութիւններ (avance՛es), ինչպէս անկախութիւնը (1991), ազգային բանակի մը կազմութիւնը (1992), զէնքի ուժով Ղարաբաղի վերադարձը հայութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչումը բազմաթիւ երկիրներու կողմէ։
Քաղաքական գետնի վրայ, վերոյիշեալ ձեռքբերումներու իբր հետեւանք՝ ունինք Հայաստանի հանրապետութիւնը (2900 քմ2) եւ Արցախը (11300 քմ2), որուն սակայն անկախութիւնը պաշտօնապէս չէ վաւերացուած միջազգային մարմիններու կողմէ։
Սետա Մավեան կը նշէ նաեւ, որ ներկայ հայութեան ամբողջական պատկերը թերի պիտի մնայ, եթէ նկատի չունենանք այն պատուհասները, զորս Հայաստանի հայութիւնը կը դիմագրաւէ մօտ 25 տարիներէ ի վեր, որոնք են, ընտրական խարդախութիւնները, ընկերային անարդարութիւնները, աղքատութիւնը, կաշառքը, ինչպէս նաեւ մասսայական արտագաղթը։
Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, ներկայ հայութեան վիճակը միաժամանակ վտանգուած է աշխարհացրիւ հայութեան սպառնացող ճերմակ ջարդով, ծննդաբերութեան քանակի նուազումով եւ Թուրքիոյ մէջ մեր ունեցած մշակութային հարստութիւններու անհետացումով (Genocide culturel)։ Ըստ հեղինակին, ներկայիս հայերը, հակառակ հայ ժողովուրդի յաւերժականութեան նկատմամբ ունեցած խոր հաւատքին, երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուին. միայն որպէս հայ ոտքի կանգնիլը ապահովութիւն չի ներշնչեր ապագայի նկատմամբ, հարկ է աւելին ընել, աւելի բարձր մակարդակի վրայ, ապահովելու համար հայ ժողովուրդի յաւերժականութիւնը։
իրքը կ՛ընդգրկէ վեց գլուխներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ Սետա Մավեան մատնանշելէ եւ քննարկելէ ետք հարցերուն կարեւոր կէտերը, կը կատարէ խորհրդածութիւններ ու կ’առաջարկէ դարմաններ։
Ա. գլուխ.- Հայկական ինքնութեան հարց (Identite՛ Armenienne)
Ըստ հեղինակին, երբ ներկայի բարեշրջումները մօտէն քննարկենք, կը նկատենք որ հայկական ինքնութիւնը բնորոշող կէտերը բազմազան են եւ յարափոփոխ (en mutation)։
Հայաստանի հայ, թրքահայ, պարսկահայ, լիբանանահայ, ծնունդով հայ, լուսաւորչական, կաթողիկէ, բողոքական հայ, իսլամացած հայ, սեւամորթ հայ եւայլն՝ Սփիւռքի մէջ 1915-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող, 3 կամ 4 սերունդներու՝ մօտ կատարուած խառն ամուսնութիւնները, »եան« ով չվերջացող մականունները, մեզի կը թելադրեն հասկնալ ներկայ կացութիւնը, վերանայիլ ու նոր հասարակ յայտարար մը որդեգրել, որ ներփակէ բոլոր այն անձերը, որոնք ամբողջապէս կամ մասնակի կերպով հայ կը զգան ներքնապէս, որովհետեւ հայ անուանուելու ներկայ ցուցանիշները՝ լեզուական, կրօնական, մշակութային, կը պատշաճին միայն Հայաստանի, Արցախի, Վրաստանի, Իրանի ու Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող գաղութներուն։ Հարկ է կարկինին թեւերը աւելի լայն բանալ ու ներքաշել այն բոլոր անհատները, որոնք իրենք զիրենք մասնակի հայ կը համարեն։ Հեղինակը օրինակ բերած է 52 տարեկան, կատակախօս (humoriste) հեռատեսիլի ու շարժանկարի աստղ, խառնածին Pascal Legitimus–ը, որ թատերախաղի մը վերջաւորութեան հպարտանքով յայտարարած է իր կիսով հայ ըլլալը։ Ուրիշ օրինակ մը Hamchen–ի մէջ իսլամացած հայու մը պարագան, որ կը շարունակէ իր կապերը պահել Հայաստանի հետ։
Բ. գլուխ.- Հայաստան ու Արեւմտահայաստան այցելութիւնները
Հայաստան ու Արեւմտահայաստան այցելութիւնները կենսական են ու հրամայական՝ ներկայ ու ապագայ սերունդներուն կապերը ամուր պահելու մեր ազգային ժառանգութիւններուն նկատմամբ։ Հեղինակը կու տայ շարք մը անձերու անուններ, որոնք 1969-էն ի վեր, կանոնաւոր կերպով իրենց ուխտագնացութիւնը կը կատարեն՝ այցելելով հայրենիք, ու երկարօրէն կը ծանրանայ Արմէն Արոյեանի վրայ, որ 1991-էն ի վեր, տարին մի քանի անգամ խմբային շրջապտոյտներ կը կազմակերպէ դէպի Արեւմտահայաստանի անցեալի հայաբնակ գիւղերն ու քաղաքները, իր հաւաքած պատմական տեղեկութիւնները փոխանցելով խումբի անդամներուն։
Սետա Մավեան կ’անդրադառնայ նաեւ Տէր Զօր այցելութիւններու մասին, որ գերեզմանը եղած է տասնեակ հազարաւոր հայերու։ Ան կը նշէ, թէ 2011-է ի վեր, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, այժմ անկարելի է այցելել Տէր Զօր, ուր ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող ու զոհերուն աճիւնները պարփակող մատուռը ականահարուած է իսլամ ճիհատիստներու կողմէ։ Ռմբակոծումը կատարուած է 21 Սեպտեմբեր 2014-ին Հայաստանի անկախութեան օրը…։
Հեղինակը կը նշէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը վանքերու անհետացումը եւ ոմանց մզկիթի վերածուած ըլլալու պարագան։
Գ. գլուխ.- Արտագաղթը, Հայաստանի մեծագոյն վէրքը
Սետա Մավեան տարօրինակ կը գտնէ արտագաղթի սպասարկութեան տնօրէն Զաւէն Եկանեանի, այս առընչութեամբ յստակ պատասխան մը չունենալուն պարագան։ Ըստ վիճակագրութիւններուն, 1992 թուականին 1.010.400 հայեր արտագաղթած են. 1993-1994 տարիներուն՝ մօտ 475.800. Հայաստանի բնակչութեան թիւը նուազած է հակառակ Ատրպէյճանէն Հայաստան ապաստանած տարագիրներուն։ Ան արտագաղթի գլխաւոր պատճառ կը նկատէ անգործութիւնն ու աղքատութիւնը, ինչ որ կը մղէ շատեր գաղթելու Ռուսիա եւ կամ Միացեալ Նահանգներ, իրենց կեանքի մակարդակը բարելաւելու հեռանկարով։ Նոյն գլուխին մէջ կը նշէ 21 Մարտ 2014-ին, թուրքերու կողմէ քաջալերուած ճիհատիստներու յարձակումը Քեսապի վրայ։ Ինչպէս՝ 1909-ին եւ 1918-19 տարիներուն Քեսապի բնակչութիւնը, գլխաւորութեամբ Արք. Սահակ Սարգիսեանի, վերաշինած է կիսաքանդ եկեղեցին ու այլ վնասուած հայապատկան կալուածները։
Դ. գլուխ.- Հայ Դատը
Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը գրաւելէ ու իւրացնելէ ետք հայոց ինչքերը, կը շարունակէ ուրանալ ցեղասպանութիւնը։ Հակառակ շատ մը խոչընդոտներու ու աննպաստ պայմաններու հայ ժողովուրդը յամառօրէն կը շարունակէ պայքարը, որպէսզի ցեղասպանութիւնը ճանաչում ունենայ թրքական կառավարութեան կողմէ։ Սետա Մավեան կը նշէ միջազգային իրաւաբան Ժէրար Կէրկէրեանի հետ ունեցած իր տեսակցութիւնը, որու ընթացքին ան հաստատած է իրաւական գետնի վրայ թրքական ներկայ կառավարութեան Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ ըլլալուն պարագան, ու հետեւաբար անոր պարտաւորութիւնը՝ ընդունելու ցեղասպանութիւնը ու յանձն առնելու հատուցումները, որոնք չեն կրնար խորհրդանշական ըլլալ։ Սկզբունքով իւրաքանչիւր սխալ արժանի է հատուցումի, ու հատուցումը պէտք է ըլլայ համապատասխան կատարուած ոճիրին։ Իւրաքանչիւր հայու պէտք է իրաւունք տրուի ազատօրէն այցելելու աւերուած եկեղեցիներն ու վանքերը, նաեւ թուրք կառավարութիւնը ստիպուած է յանձն առնելու կարգ մը վանքերու նորոգումները։ Կարեւոր է նաեւ դէպի Սեւ Ծով ազատ անցք մը ունենալը եւ նիւթական մեծ յատկացումի մը կատարուիլը՝ զօրացնելու համար Հայաստանի տնտեսական վիճակը։ Սետա Մավեան կը նշէ նաեւ, որ ՀՅԴաշնակցութեան համար թուրք կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք, արդար հատուցումը պայման է։
Ե. եւ Զ. գլուխներ.
Սոյն գլուխներուն մէջ Սետա Մավեան աւանդական կը նկատէ իւրաքանչիւր հայու հայրենիքի ու հայութեան հանդէպ ցուցաբերած անձնուէր կեցուածքն ու քաջալերական կը նկատէ կարգ մը գործատէրերու պարագան, որոնք ներդրումներով կը սատարեն հայրենիքի զարգացման։ Ան նոյնպէս կարեւոր կը սեպէ հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներու ներդրումը, որպէսզի հայ անունը փայլի ու ճառագայթէ միջազգային բեմերու վրայ։
Սետա Մավեանի «Les Armeniens 100 ans apre՝s» հատորը առարկայական գետնի վրայ կը ներկայացնէ ներկայ հայութիւնը յուզող գլխաւոր հարցերը, որոնց հանդէպ իր մօտեցումը յստակ է ու ինքնատիպ։ Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած հրատարակութիւններուն ծիրէն ներս կարեւոր տեղ կը գրաւէ սոյն հատորը։
Բժ. Օհան Թապաքեան