Սուրիական պատերազմը, հայութիւնը, ազգային ինքնութեան եւ համրանքի պաշտպանութիւնը


Սուրիական պատերազմը բնորոշել դժուար պիտի ըլլայ պատմաբանին համար: Դիւրութեամբ կարելի է ըսել, որ ան քաղաքացիական կռիւ էր: Քաղաքացիական կռիւները կ’ունենան մրցակցական, գաղափարախօսական, քաղաքական, կրօնական, տնտեսական, համայնքային, լեզուական, մշակութային կամ քաղաքակրթական պատճառներ: Ո՞ր գլխուն տակ կրնանք զետեղել սուրիական պատերազմը:

Կացութիւնը ըմբռնելու այս փորձին մէջ, բնական է որ պէտք է խօսինք սուրիահայութեան մասին, անոր պաշտպանութեան, ազգային նկարագրին եւ լինելութեան մասին: Մեծ քաղաքականութեամբ կը զբաղին աշխարհի մեծերը: Մեղանչում չէ տագնապիլ մեր բազմիցս կոտորակուող, աստանդական դարձող ժողովուրդի, այս պարագային մէկ հատուածի, ինքնութեան եւ համրանքի պաշտպանութեան հարցով, որ ոչ տեղական է եւ ոչ մասնակի:

Յաճախ սուրիահայութեան հանդէպ մեր վերաբերումը սահմանափակուեցաւ ընթացիկ բարեսիրութեան եւ մարդասիրութեան ոլորտին մէջ, անկասկած օգտակար օժանդակութեան մտահոգութիւններով: Բայց այդ օժանդակութիւնը եւ այլ նախաձեռնութիւններ սուրիահայութեան համահայկական նշանակութիւնը եւ դերը  գրեթէ նկատի չունեցան, նկատի չունեցան նաեւ ազգի հեռանկարային հարցը, չներշնչուեցան հայկական լինելութեան պատկերացման մը թելադրած նախաձեռնութիւններով:

Հրապարակային ելոյթներու եւ օժանդակութեան դրամահաւաքի ընթացքին սուրիահայութեան անցեալի ազգային մեծ նպաստը անտեսուեցաւ ապագայի պատկերացումներ ունենալու համար, եւ մարդասիրականը ծածկեց զայն: Ոչ ոք զարմացաւ, համահայկական զօրաշարժ տեղի չունեցաւ այդ անխառն հայութիւն պահած համայնքի անդամները առաջնորդելու հայրենադարձութեան ուղղութեամբ: Անմիջականի թափահարումները եւ մակերեսային մարդասիրութիւնը մոռցուցին ազգային առաջադրանքը:

Այս պատճառով ալ նախ պէտք է խօսիլ սուրիահայութեան մասին, որպէս սփիւռքի ոգեկանութեան եւ ազգային որակի փեթակի:

Մենք սովորութիւն չունինք ընկերաբանական լուրջ հարցախոյզներու արդիւնքով ընթացք եւ քաղաքականութիւն ճշդելու: Այսօր եթէ ուսումնասիրութիւն մը կատարուի սփիւռքի զանազան հատուածներուն մէջ սուրիահայութեան համրանքի եւ որակի ներդրման մասին, պիտի հաստատենք, սկսելով Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, որ այդ ներդրումը մեծ է,, որպէս թիւ եւ որպէս հայկական որակ: Այդ ներդրումը մեծ է նաեւ գրականութեան, ազգային կեանքի, մամուլի, եկեղեցականութեան պարագային:

Այսօր այդ փեթակի կեանքը խանգարուած է, վտանգուած է, զէնքի ու վառօդի մուխով ու ծուխով: Հետեւաբար, այդ ինքնուրոյն համայնքի եւ անոր անդամներու պահպանումը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ այսօր, վերակազմութիւնը՝ երբ պատերազմը կանգ առնէ, կամ անոր մշակութային-ոգեկանութեան աւանդի պաշտպանութիւնը՝ ընդդէմ տարտղնումի չարիքի: Անոնք որոնք Հայաստան հաստատուած են, կը հաստատուին, հայրենադարձութեան որակի ընթացքի մէջ կը գտնուին, տրամագծօրէն հակառակը ցրուումով այդ որակի կորուստին: Բարեսիրութիւնը անգիտացաւ այդ որակի պահպանումը եւ ներդրումը՝ հայրենադարձութեամբ:

Այժմէն պէտք է մտածել նաեւ  խաղաղութեան հաստատման վաղորդայնին մասին: Առաջին հերթին համազգային աջակցութեամբ հարկ պիտի ըլլայ վերականգնել բոլոր կառոյցները, մնացողներուն կեանքի պայմանները բարւոքել,- բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ,- ներդրում կատարել ստեղծելու համար աշխատանքի պայմաններ՝ բարեկեցութեան հասնելու համար: Իսկ եթէ կարելի ըլլայ տարտղնուած համայնքի անդամները վերադարձնել իրենց միջավայրին, նիւթական բարենպաստ պայմաններու ստեղծումով, որպէսզի սուրիահայութիւնը տոկայ եւ բարգաւաճի որպէս հայկական հարազատութիւն, այդ կ’ըլլայ ազգային, քաղաքական եւ մշակութային հեռանկարային քաղաքականութիւն:

Այսօ՛ր պէտք ծրագրել գալիքը, քանի դեռ տարտղնուածները ասդին անդին դրախտ հասած ըլլալու պէս չեն արմատաւորուած: Նման ծրագրում բարեսիրութենէ  տարբեր որակի պէտք է ձգտի: Ինչո՞ւ սփիւռք(ներ)ը մարդասիրական վերաբերումի մէջ խիղճի պարտք կը կարծէ կատարել, փոխան ազգային վերաբերումի, որ պարզ սահմանումով հայրենադարձութիւնն է ազգային որակ ունեցող սուրիահայութեան: Սփիւռք(ներ)ը աճեցնել ազգային նպատակ չէ: Հակառակն է: Ղեկավարութիւնները (եթէ այս բառը պերճանք չէ) ինչո՞ւ չեն առաջնորդուիր հիմնականի գաղափարով:

Հայաստանի վերաբնակեցման եւ ազգային գաղափարախօսութեան կենսագործման ոսկեղէն զոյգ առիթներուն քովէն անցանք: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Ափսո՛ս:

Մենք մեր աչքին եւ յաչս աշխարհի աղմուկէ տարբեր որակ կրնայինք նուաճել… հայրենի պետութիւն եւ ղեկավարութիւններ:

 Յ. Պալեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.