Ինչպէ՞ս կեսարացի հայ մը փրկեց Սուրիոյ Սէտնայայի վանքը ստոյգ քանդումէ 1918-ին


Կեսարացի Սարգիս Սաղըրեան հրաշքով ազատած էր 1915-ի Կեսարիոյ ջարդէն եւ ապաստանած՝ Դամասկոս, ուր նոյնպէս ապահով չըլլալով ապաստանած էր Սէտնայայի վանքը: 40 մայրապետներ կը ծառայէին վանքին մէջ, որ ունէր որբանոց մը, ուր տեղւոյն արաբ կաթողիկէ պատրիարքին հայասէր փոխանորդին կողմէ ղրկուած էին 2 հայ որբեր եւ յանձնուած՝ մայրապետներուն խնամքին:

Սարգիս Սաղըրեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ վանքին մէջ իրեն յատկացուած սենեակէն օր մը կը տեսնէ, թէ թուրք ոստիկաններ կառքերով կը մօտենան եւ կը մտնեն վանք: Այդ օրերուն թրքական բանակը երկաթի պէտք ունենալով Ճեմալ փաշայի հրահանգով կը քանդէր շրջակայքի կալուածները եւ երկաթները կը փոխադրէր քաղաք: Սէտնայայի վանքն ալ նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուէր, նկատի ունենալով որ ան մեծ քանակութեամբ երկաթներով ամրացուած էր:

Մայրապետները խուճապի կը մատնուին, իսկ Սարգիս Սաղըրեան կը հանդարտեցնէ զիրենք եւ կը խնդրէ, որ զինք ներկայացնեն թուրք ոստիկաններու պետին՝ որպէս վանքի ներկայացուցիչ: Մայրապետները կը համաձայնին, եւ Սարգիս ներկայանալով ու հարցուփորձելով ոստիկանապետին՝ կը ստուգէ հրամանագիրը: Ապա 5 արծաթ մեճիտիէով կը կաշառէ թուրք ոստիկանապետը՝ համոզելով որ նախ ուրիշ վայրեր երթան քանդելու: Այսպիսով կը յետաձգէ քանդումը, եւ մայրապետները առիթ կ’ունենան պատրիարքին միջոցաւ դիմելու Ճեմալ փաշային: Չորս օր ետք նոր հրամանագիր կու գայ Ճեմալ փաշայէն, ըստ որուն քանդումէ զերծ կը պահուէր Սէտնայայի դարաւոր վանքը:

Իբրեւ երախտագիտութիւն Սարգիս Սաղըրեանի կատարած այս ծառայութեան՝ պատրիարքին հայասէր փոխանորդին կողմէ 5 հայ որբեր եւս կը ղրկուին Սէտնայայի որբանոցը ապաստանելու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.