Սուրիահայութեան Գոյերթը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի Նաեւ
Սուրիահայութեան գոյերթի պահպանումը համայնքային ինքնանըպատակ անհրաժեշտութենէ բխած խնդիր չէ, այլ հայ ժողովուրդի ազգային-ընդհանրական շահերուն ծառայող պատմաքաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական հիմնաւորումներով ներկայացող հրամայական:
Ակնարկ մը նետելով սուրիահայ համայնքի կազմութեան եւ հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն վրայ պիտի տեսնենք, թէ Հայկական լեռնաշխարհի եւ Սուրիոյ միջեւ առկայ յարաբերութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին: Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը, իբրեւ մայր երակներ, Հայաստանը կապած են հարաւի երկիրներուն հետ, մինչ այդ պատմական Սուրիոյ տարածքը Հայաստանի սահմանակից եղած է հիւսիս-արեւելքէն, իսկ Արեւելքի հին ճանապարհները, որոնք Սուրիան միացուցած են Սեւ ծովին ու Եւրոպային Հայկական Բարձրաւանդակէն անցած են:
Հայեր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն կայք հաստատած են Սուրիա: 12-13-րդ դարերուն հայկական ներկայութիւնը ծաղկում ապրած է Սուրիոյ մէջ, իսկ մեծագոյն գաղթերը դէպի Սուրիա իրականացած են Օսմանեան կայսրութեան հալածանքներուն իբրեւ արդիւնք, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայկական Կիլիկիոյ աղէտին եւ Ալեքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ կցումին հետեւանքով:
Ժամանակի ընթացքին սուրիահայ համայնքի զաւակները, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, դրական յարաբերութիւններ մշակած են սուրիական ընկերութիւնը կազմող բոլոր բաղադրիչներուն, յատկապէս մահմետականներուն հետ:
Սուրիահայերը իրենց մասնակցութիւնը բերած են երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ նոյնիսկ զինուորական նուաճումներուն: Ապրելով իրենց պատմական հայրենիքի մերձաւորութեան, անոնք պահպանած են իրենց ազգային ժառանգութիւնը` մշակոյթը, աւանդոյթները, առանձնայատկութիւնները, ձգտումներն ու իղձերը ու մանաւանդ լեզուն` արեւմտահայերէնը: Այլ խօսքով իրենց ինքնութիւնն ու տեսակը:
Ունենալով ազգային կառոյցներ, կազմակերպութիւններ ու եկեղեցիներ պահպանած ու սերունդէ սերունդ փոխանցած են բռնագրաւուած մեր հողերուն իրաւատէրը ըլլալու գիտակցութիւնն ու անոնց վերատիրանալու կամքը` դառնալով Հայ Դատի հետապնդման ուղիի առաջատար հաւաքականութիւններէն մէկը:
Բնականաբար Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ տարուող յարաբերական- քարոզչական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը թերագնահատելու հարց գոյութիւն չունի այստեղ: Անառարկելի է սակայն, որ հայրենամերձ Սուրիոյ մէջ կազմակերպ, քաղաքականացած ու պահանջատէր հայութեան գոյութիւնը պատմաքաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական ազդու գործօն է Հայ Դատի հետապնդման ծիրէն ներս: Ու երբ Սուրիոյ հայութեան ներկայութիւնը նօսրանայ, անոր շօշափելի մէկ հատուածը աշխարհագրականօրէն անջատուի իր պապենական հողերուն մերձաւորութեան, անոր մշակոյթով, լեզուով ու աւանդոյթներով ապրող զանգուածէն, բնականաբար պիտի թուլանայ Հայ Դատի հետապնդման տուեալ գործօնին ազդեցութիւնը:
Փաստօրէն հայկական ներկայութեան թուլացման կը միտէր սուրիական տագնապի անցնող հինգ տարիներու ընթացքին ահաբեկչական թրքամէտ խմբաւորումներու կողմէ հայկական թաղամասերու, եկեղեցիներու, սըրբավայրերու եւ կեդրոններու նպատակաուղղուած հրթիռակոծումը, Տէր Զօրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական Յուշահամալիրի ականահարումը` միանգամայն վերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան շառաւիղներու ներկայութիւնն ու պատմական խօսուն վկայարանները:
Հայկական համընդհանուր շահերուն մէջ, սուրիահայ համայնքի գոյութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի նաեւ այլ նկատառումներով:
Համայնքը տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս որպէս տնտեսական, մշակութային ազդու լծակ, իր դրական ներգործութիւնը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սուրիա յարաբերութեան մէջ:
Տարիներ շարունակ եղած է Սփիւռքի հայ համայնքներուն մարդուժ հայթայթող հնոց: Իր վարժարաններով ու մշակութային կեդրոններով` հայ մշակոյթի, հայկական աւանդոյթներու եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ամրոց:
Այս բոլորով հանդերձ արաբական եւ յատկապէս մահմետական աշխարհին մէջ եղած է թրքական ապատեղեկատուութիւնը քօղազերծող ազդակ:
Ուստի եթէ կը յաւակնինք ազգային հաւաքական տեսլական ունեցող ազգ ըլլալ, ապա մեր ամբողջ ճիգը ի գործ պէտք է դնենք ոչ միայն պահպանելու եւ ուժեղացնելու սուրիահայ համայնքը, այլեւ Սուրիոյ անցողակի դըժուարութիւնները տանելու յանձնառու քաղաքացիի կարգապահութեամբ եւ զոհողութեամբ, ընդհանրական շահերու գիտակցութեամբ:
Որովհետեւ մեր ազգային- ընդհանրական շահերը կը պահանջեն, որ սուրիահայութիւնը չարտագաղթէ ու չհեռանայ իր հայրենիքի մերձաւորութեան գտնուող տարածքներէն:
«Գանձասար»Ի խմբագրական