Քարիւղի Գիներու Անկումով՝ Ազրպէյճանի Ղեկավարը Կը Մատնուի Անել Կացութեան


”Ֆայնանշըլ Թայմզ” կը գրէ‚ որ 2003-ին‚ հազիւ քարիւղի գիները սկսան բարձրանալ‚ պրն Ալիեւ իբրեւ Ազրպէյճանի նախագահ յաջորդեց իր հօր։ Յաջորդող տասնամեակին ընթացքին ան նախագահեց բարգաւաճման ժամանակաշրջանի մը‚ որ Պաքուն փոխակերպեց Կասպիան ծովի վրայ Տուպայի մը եւ երկրին շնորհեց համաշխարհային թատերաբեմին վրայ դերակատար դառնալու ինքնավստահութիւն մը։

Սակայն Ազրպէյճանի քարիւղի եկամուտներուն առնչուած ծաղկումը կտրուկ կանգ առաւ։ Քարիւղի գիներու անկումին ազդեցութեան վերաբերեալ ամիսներու վրայ երկարող ժխտումներէ ետք‚ Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատունը անցեալ Դեկտեմբերին հրաժարեցաւ տոլարին գինը ճշդելէ‚ որուն պատճառով մանաթը նուազեցաւ իր մէկ երրորդ արժէքին։ Այդ մէկը դրամատունը մղեց օտարերկրեայ դրամանիշերու փոխանակման գործողութիւնները արգիլելու‚ եւ ապա անցեալ շաբաթ տուրք հաստատեց դրամանիշերու արտածման դէմ։

Ազրպէյճանի բախտին արագ շրջումը Ալիեւի մինչեւ օրս դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրն է։

Երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ գնաճին եւ գործազրկութծեան դէմ տեղի կ’ունենան ցոյցեր‚ ինչ որ հազուադէպ երեւոյթ մըն է մենատիրութեան մը մէջ‚ ուր ընդդիմախօսութիւնը հազուադէպ կերպով կը հանդուրժուի։ Կառավարութիւնը ցնցուած է։

Քարիւղի գինը բարձր եղած ատեն Ազրպէյճանի մէջ աղքատութեան ցուցանիշը տասնամեակի մը մէջ 49 առ հարիւրէն նուազած էր 5 առ հարիւրի‚ սակայն հարստութեան մեծամասնութիւնը կը գտնուի գործարարներու եւ քաղաքագէտներու փոքր‚ սակայն ազդեցիկ շրջանակի մը մօտ։ Փորձագէտներ կը յայտնեն‚ որ նախագահ ալիեւ երկրի կայունութիւնը պահած է այս վերնախաւին իրարամերժ շահերը հաւասարակշռելով։ Սակայն Ազրպէյճանի աւելի աղքատ շրջաններուն մէջ խռովարարութիւնները կրնան փոխել կացութիւնը։

Կառավարութիւնը իր թիրախը դարձուցած է վերնախաւը՝ ջանալով փոխհատուցել եկամուտի այն նուազումը‚ որուն լոյսին տակ այս տարի իր ծախսերը կրճատած էր 15 առ հարիւրով։

Առեւտրականներ եւ անոնց խորհրդականները կ’ըսեն‚ որ այժմ ճնշումի կ’ենթարկուին ծախելու արտասահմանի մէջ ինչքեր՝ Ազրպէյճանին աւելի նպաստ բերելու համար։ Ալիեւ նաեւ մաքսային ծառայութեանց մէջ յաւելեալ թափանցիկութեան նախաձեռնած է եւ իր կառավարութեան կոչ ուղղած է ”պայքարելու մենատիրական ընթացքներուն դէմ”՝ ինչ որ սակաւապետներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող տնտեսական աղբիւրներուն ակնարկ մըն է։

Նախագահը նաեւ յայտարարեց շարք մը միջոցառումներ՝ հանդարտեցնելու համար հասարակութիւնը։ Այդ միջոցառումներուն շարքին են հացի ու ալիւրի վրայ տուրքերու նուազումը‚ հանգստեան թոշակներու եւ պետական պաշտօնեաներու ամսականներու բարձրացումը։

Վտանգը մեծ է։ Կեանքի պայմաններու անկումի լոյսին տակ կայունութիւնը պահպանելու նախանձախնդիր քարիւղով հարուստ հարեւանները մօտէն պիտի հետեւին երկրին ճնգնաժամին։ Ազրպէյճանի որեւէ ապակայունացում կրնայ նաեւ վտանգել Եւրոպայի համար ուժանիւթի մատակարարման կարեւոր աղբիւր մը եւ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենայ Պաքուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Հայաստանի հետ հակամարտութեան վրայ։

Բայցեւայնպէս‚ քիչն են այն փորձագէտները‚ որոնք կը նախատեսեն‚ որ անկարգութիւն մօտալուտ ապագային տարածուի բարգաւաճ Պաքուի մէջ։ Ալիեւ եւ անոր կառավարութիւնը‚ որոնք միշտ ալ ժողովրդային ըմբոստութեան մը հալածախտէ տառապած են՝ ընդհանրապէս ճնշած են պաշտօնական ընդդիմութիւնը‚ իսկ ականաւոր գործինչներն ու լրագրողները արգելափակուած են։

Սակայն վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն‚ որ եթէ տնտեսութիւնը խթանելու նախագահի ջանքերը մօտ օրէն արդիւնք չտան՝ ազրպէյճանցիներուն կառավարութեան նկատմամբ համբերութիւնը կրնայ սպառիլ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.