Թէ ինչպէս 1915-ին Հալէպի հայերը օգնեցին իրենց հայրենակիցներուն


«Տեղահանուածներու խորհուրդ»ի ատենապետ Հայր Յարութիւն Եսայեան եւ խորհուրդի անդամներ

Խաչիկ Մուրատեան 100lives.com-ի վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հալէպը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանութեան ճամբաներուն համար կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Վտանգաւոր ճամբորդութենէն վերապրածներու կարաւանները շրջան սկսան հասնիլ Մայիս 1915-ին։ Հալէպի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ճեսի Ճաքսընի կողմէ 5 Յունիս թուակիր զեկուցում մը կը բացատրէ. ”Մօտակայ քաղաքներէ եւ գիւղերէ Հալէպ հոսող հայերու կենդանի գետ մը կայ…Կառավարութիւնը կենդանիներ չեն տրամադրեր, եւ անոնք որոնք բաւարար բախտ չունին կը ստիպուին ճամբորդութիւնը կատարել քալելով”։

Շատեր ապաստան չունէին։ Տասնամեակներ ետք իր գրած յուշերուն մէջ Սեբաստիայէն տեղահանուած Ճոն Մինասեան յայտնեց‚ որ ինք կարճ ժամանակուան համար ապաստանած է Հալէպի պատուելի Յովհաննէս Էսքիճեանի տան մէջ‚ ուր ”շուրջ 20 ընտանիքներ խմբուած էինբոլորն ալ սպառած եւ դանդաղօրէն սովէն ու հոգատարութեան պակասէն կը մահանային։ Հազիւ կենդանի‚ անոնք այդտեղ պաշտպանուած չէին‚ սակայն պատուելին ունէին իբրեւ բարեկամ”։ Ըստ ականատէս Հայկ Թորոյեանի‚ ”Հալէպի հայերը ընդհանրապէս տեղահանուածները մեծ սիրով ընդունեցին։ Անոնք անոնց դիմաց իրենց տուներուն դռները բացին…։ Սակայն քաղաքին փողոցները‚ դաշտերը եւ մոռցուած անկիւնները լեցուած էին հազարաւոր լքեալ մարդոցմով‚ որոնց բոյները քանդուած էին”։

Հալէպի 10,000 հաշուող հայ համայնքը տեղահանուածներուն օժանդակելու համար զօրակոչի ենթարկուեցաւ։ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցին սկիզբը անմիջական քայլեր առաւ նոր եկուորներուն օժանդակելու համար։ 24 մայիսին եկեղեցին աւելի կազմակերպուած նախաձեռնութեան մը ձեռնարկեց կազմելով ”Տեղահանուածներու համար խորհուրդ” մը‚ որուն պարտականութիւնն էր ժամանկող հայերու ”անմիջական տնտեսական‚ բարոյական եւ առողջապահական կարիքները հոգալ”։

Քաղաքի հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները կատարեցին օժանդակութեան իրենց սեփական նախաձեռնութիւնները։ Ամերիկացի հիւպատոս Ճաքսըն սկիզբէն նշմարեց համայնքին կողմէ ցուցաբերուող այդ աջակցութիւնը եւ 5 Յունիսին իր գերադասներուն զեկուցեց‚ թէ տեղահանուածներուն հոգ կը տանի այս քաղաքի հայ բնակչութիւնը”։ Մէկ այլ զեկուցումի մը մէջ ան նշեց.”Իւրաքանչիւր կրօնական համայնք իր սեփական օժանդակութեան յանձնախումբը ունի”։

Հալէպի հայ համայնքը Մայիս եւ Յունիս 1915-ին նոյնիսկ փորձեց փոխել կառավարութեան տեղահանութեան քաղաքականութիւնը։ Համայնքը առաջին հերթին դիմեց Օսմանեան կայսրութեան ծովուժի հարցերու նախարար եւ 4-րդ բանակի հրամանատար Ճեմալ Փաշային՝ քաղաքին մէջ տեղ չգտած տեղահանուածները վերստին դէպի անապատ չտեղահանելու։ Համայնքը պատասխան չստանալով՝ այս անգամ դիմեց վարչապետարանին‚ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան՝ խնդրելով դադրեցնել այդ հրամանները։ Երբ մայրաքաղաքէն եւս որեւէ պատասխան չստացան, խորհուրդը տեղահանուած կիներուն կողմէ մէկ այլ դիմում մը յղեց ինքնին սուլթանին։ Բայցեւայնպէս տեղահանութիւնները շարունակուեցան։

Կաթողիկոսը շուտով անդրադարձաւ‚ որ օսանցի թուրք իշխանութիւններուն դիմումները ոչինչ կ’իրագործեն։ 19 Յուլիսին Պոլսոյ պատրիարք Զաւեն տէր Եղեայանին յղուած նամակին մը մէջ գրեց.”Հայ ժողովուրդը խելագարած է։ Ցաւի տարողութիւնն ու բնոյթը չի հասկնար…Անոնք զիս կը մղեն սուլթանին եւ վերնախաւին դիմելու։ Զիս կը մղեն հեռագրելու եւ անօթիներուն համար հաց խնդրելու‚ սակայն գիտեմ, որ իւրաքանչիւր դիմում, աղաչանքի իւրաքանչիւր արարք անօգուտ է եւ միայն աւելի խիստ միջոցառումներու եւ յաւելեալ չարիքի դուռ կը բանայ”։

Կառավարութիւնը շատ չանցած ճնշեց Հալէպի հայ համայնքի օժանդակութեան ջանքը՝ բանտարկելով որոշ ղեկավարներ եւ աքսորելով ուրիշներ՝ ներառեալ հոգեւորականներ‚ եւ մինչեւ իսկ կաթողիկոսը‚ որ ղրկուեցաւ Երուսաղէմ։ Յաջորդող ամիսներուն տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներ մահացան Օսմանեան Սուրիոյ համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ‚ մասնաւորաբար անոնք որոնք կը գտնուէին Եփրատ գետի եզերքին եւ Ռաս ուլ Այնի մէջ։ 1916-ի ամրան շուրջ 200,000 վերապրածներ ջարդուեցան Տէր Զօրի մէջ։

Տարագիրներուն օժանդակութեան աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ Համշախարհային Ա պատերազմի աւարտը‚ եւ նոյնիսկ անկէ ետք‚ հազարաւոր տեղահանուածներու օգնութեան ձեռք երակարեցին Հալէպի հայերը, այն տարագրուածներուն, որոնք յաջողած էին կորսուիլ քաղաքին մէջ կամ ապաստանիլ որբանոցներու եւ համայնքային կեդրոններուն մէջ՝ այդպիսով խուսափելով դէպի անապատ վերստին աքսորուելէն։ Մեծաւ մասամբ շնորհիւ Հալէպի հայ համայնքի ջանքերուն‚ հազարաւոր հայեր վերապրեցան ցեղասպանութենէն եւ իրենց կեանքերը վերակառուցեցին սփիւռքի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.