Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ Գիտաժողով՝ «Արեւմտահայերէնը 21րդ Դարուն»


Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքը նախատեսած է յառաջիկայ 21-23 Յունուար 2016ին կազմակերպել գիտաժողով մը՝ «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» ընդհանուր թեմայով:
2015ին, երեք գիտաժողովներ տեղի ունեցան հայերէն լեզուին առնչուած, որոնցմէ երկուքը Հայաստանի մէջ. առաջինը նիւթ ունէր հայերէնի երկու լեզուաճիւղերու մերձեցման հիմնախնդիրը. երկրորդը՝ ընդհանուր առմամբ հայերէնի հիմնախնդիրները նկատի ունէր: Իսկ երրորդը, որ կազմակերպուած էր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ, ԻՆԱԼՔՕի մասնակցութեամբ, կը վերաբերէր արեւմտահայերէնի դասաւանդութեան դաստիարակչական նորարարութիւններուն: Նոյն թափը շարունակելով, Օքսֆորտ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնը 2016 տարին կը բանայ արեւմտահայերէնի աշխուժացման համար խորհրդածութեան երկօրեայ աշխատանոցային գիտաժողով մը, զոր կազմակերպիչ-դասախօսները՝ Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Թէօ վան Լինտ կը բանաձեւեն հետեւեալ կերպով.
«Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրները եւ անոնց լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ են: Առնուազն, Սփիւռքի ազգային, մշակութային ու կրթական շարք մը գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու սփիւռքահայութեան ապագայով մտահոգ անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն ԵՈՒՆեՍՔՕի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է: Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժինին կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրուելու, օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը որպէս լեզու դասաւանդելու ու անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելութիւնները:
Բայց եւ այնպէս 21րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ, ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը:
Նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով, յառաջիկայ 22-23 Յունուար 2016ին, Օքսֆորտ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին կազմակերպութեամբ ու «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «արհեստանոցային» հաւաք մը, որ պիտի մէկտեղէ արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:
Համալսարանի պարունակին մէջ տեղի ունենալիք այս հաւաքը առաւելաբար գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ պիտի ունենայ, քան՝ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հիմնական հինգ նիստեր նախատեսուած են: Բոլոր նիստերու լեզուն արեւմտահայերէն պիտի ըլլայ: Մասնակիցներու զեկոյցներէն ետք տեղի պիտի ունենան ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ»:

Նախատեսուած Ծրագիր

Ուրբաթ, 22 Յունուար 2016

Քննարկումներ՝

1. Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը». աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթի ներկային ու յառաջիկայ տասնամեակներուն վրայ. (օրինակ՝ Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ արեւմտահայախօս համայնքներու դիմագրաւած բարդ մարտահրաւէրները):
2. Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները՝ ա. գրողին/ստեղծողին համար. բ. ընթերցողին/ունկնդիրին համար:
3. Ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք են գալիք 10, 20, 30 տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար:

Շաբաթ, 23 Յունուար 2016

4. Արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրները ու ապագայի ակնկալութիւնները:
5. Սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլի (ելեկտրոնայինն ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրները եւ ապագայի մարտահրաւէրները:

Հրաչ Չիլինկիրեան՝ Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժինի պաշտօնակից
hratch.tchilingirian@orinst.ox.ac.uk
Թէօ վան Լինտ՝ «Գ. Կիւլպէնկեան»ի հայագիտութեան փրոֆեսէօր theo.vanlint@orinst.ox.ac.uk


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.