Հարցազրոյց Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեանին հետ


 

Մեր երիտասարդութիւնը միշտ պատնէշի վրայ է

 Հարց.- Այս տարի 100-ամեակն էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ առթիւ, ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, Գանատայի մէջ եւս տեղի ունեցան նախաձեռնութիւններ։ Քաղաքական գետնի վրայ Գանատայի մէջ ի՞նչ իրագործումներ տեղի ունեցան, յատկապէս Հայ դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ։

Պատ.- Մեր արժեւորումով Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը ընդհանրապէս իր վրայ դրուած պարտականութիւնները լիովին կատարեց եւ գերազանցեց։ Մենք այս շրջանին ազգային միասնականութիւնը դրինք այնպիսի մեքանիզմի մը մէջ, որ ընդհանրապէս աշխատանքները ներգաղութային, ներազգային իմաստով հեշտ ընթացան։ Աշխատանքները սկսան կանուխ՝ 2014-ի աշնան եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր, որովհետեւ տակաւին աշխատանքներ ու ձեռնարկներ կան։ Բաղդատմամբ այլ շրջաններու՝ իսկապէս ճոխ եւ բոլոր մարզերով ամբողջական աշխատանք տարուեցաւ։ Գալով քաղաքական աշխատանքներուն, մենք ուզեցինք 100-ամեակը քաղաքական գործօնի վերածել եւ մեր դատը յառաջ մղել, այդ իմաստով ալ բաւական մեծ յաջողութիւններ արձանագրուեցան։ Գանատայի քաղաքական խաւի մասնակցութիւնը ձեռնարկներուն, Արեւելեան Գանատայի, Օնթարիոյի կամ հոս՝ Քեպէգի մէջ աննախընթաց էր։ Բոլոր կուսակցութիւնները, թէ՛ դաշնակցային, թէ՛ նահանգային մակարդակով, գրեթէ բոլորը մասնակցեցան, որոնցմէ էին Օնթարիոյի վարչապետը, Գանատայի պաշտպանութեան նախարարը, ներկայ վարչապետը, որ ատենին Ազատական կուսակցութեան ղեկավարն էր եւ ուրիշներ։ Այդ առումով մասնակցութիւնը շատ լաւ էր եւ ընդհանրապէս իրենց պատգամները եւ որդեգրած կեցուածքները դրական էին։ Ասոր կողքին շարունակուեցան եւս յուշարձաններու զետեղման աշխատանքները, որոնք թէեւ քաղաքապետական մակարդակի վրայ են, սակայն շատ կարեւոր։ Ինչպէս բոլորս գիտենք, Վանգուվըրի եւ Լաւալի մէջ յուշարձանի զետեղումներ տեղի ունեցան, իսկ ներկայիս աշխատանք կը տարուի, որ ուրիշ քաղաքներու մէջ եւս յուշարձանի զետեղումներ ըլլան։ Անշուշտ այս բոլորին կողքին պէտք չէ մոռնալ բանաձեւը, որուն Ապրիլ ամսուան մէջ որդեգրումը կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնն էր։ Այս մէկը Հայ դատի յանձնախումբին եւ 100-ամեակի Միացեալ յանձնախումբին ճիգերով եղաւ։ Մեր երիտասարդականի տղաքը իսկապէս լաւ աշխատանք տարին, որպէսզի գրեթէ միաձայնութիւն ապահովեն խորհրդարանին մէջ, եւ այնպէս պատահեցաւ, որ այդ բանաձեւը քուէարկուեցաւ Ապրիլ 24-ի օրը, երբ մեր ժողովուրդը մեծ թիւով Օթաուայի մէջ էր։ Այս բոլորը ընդհանրապէս դրական են եւ դուռ կը բանան Հայ դատի եւ Հայաստանի ի նպաստ Գանատայի կողմէ նախաձեռնութիւններու, որովհետեւ ֆրանքոֆոնիի, առեւտուրի եւ ընդհանրապէս Գանատա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը շատ կարեւոր է, եւ մենք, իբրեւ Գանատայի հայ գաղութ, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց կամրջողը ըլլալով՝ զանոնք ընդհանրապէս դրական եւ ճիշդ հունի մէջ կը նկատենք:

 

Հարց.-  Սուրիոյ տագնապը կը շարունակուի, եւ ինչպէս այլ գաղութներ, Գանատայի հայութիւնն ալ իր կարելին կ՚ընէ աջակցելու համար սուրիահայ քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Այս առումով Գանատայի հայ գաղութը սուրիահայութեան օժանդակութեան համար ի՞նչ աշխատանք կը տանի, մանաւանդ որ սուրիահայեր հասած են Գանատա։

Պատ.- Անշուշտ Սուրիոյ մէջ շատ դժբախտ կացութիւն է։ Իսկապէս ցաւալի է տեսնել Սուրիոյ մէջ պատահածները եւ անոնց ազդեցութիւնը մեր հայահոծ գաղութներուն վրայ, մանաւանդ Հալէպի, Քեսապի, Դամասկոսի եւ Գամիշլիի մէջ։ Նշեմ, որ մենք առաջին օրէն ի վեր մեծ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի ապահովենք Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու եւ մեր պարագային՝ հայ փոքրամասնութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը։ Ճիշդ է, որ Գանատայի կառավարութիւնը գործնականապէս շատ բան չի կրնար ընել, բայց արեւմտեան այլ երկիրներու կողքին ինք եւս պահանջեց պատերազմներու բոլոր կողմերէն՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն յարգումը։ Այս մէկը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Քեսապը գրաւուեցաւ, երբ Հալէպը շրջափակուած էր, եւ սննունդ չէր հասներ։ Ինչ կը վերաբերի գանատահայութեան, հայկական այլ գաղութներու նման, այս աշխատանքին լծուած է չորս տարիէ ի վեր։ Ընդհանրապէս մեր օժանդակութիւնը նիւթական է, որ հանգանակութիւններու ճամբով կ՚ըլլայ, եւ Գանատայի Միացեալ յանձնախումբը, որ վերահսկող յանձնախումբ մըն է, իսկ հիմնական աշխատանքը կը տանին տեղական յանձնախումբերը, կը շարունակէ մեր գաղութը տեղեակ պահել վերջին անցուդարձերէն եւ կ՚աշխատի նիւթական օժանդակութիւն ապահովել, որպէսզի ըստ կարելւոյն Սուրիոյ մէջ մնացողներուն օժանդակենք։

 

Հարց.- Նախապէս յայտարարած էիք հանգանակուած գումարները: Ցարդ որքա՞ն գումար փոխանցուած է։

Պատ.- Գրեթէ կէս միլիոն տոլարի հասած է, եթէ ոչ աւելի։ Գանատայի Միացեալ յանձնախումբը ունի իր կայքէջը, եւ ստացագիրները կը զետեղուին այդտեղ։ Հետեւաբար ընթերցողները կրնան այդտեղ տեսնել հանգանակուած գումարները։ Անոնք ուղղակի Բերիոյ Թեմի շտապին կ՚ուղարկուին. անոր կողքին ՀՕՄ-ը եւ ՀՄԸՄ-ը իրենց սեփական միջոցներով կ՚օգնեն։ ՀՕՄ-ը երկու տարիէ ի վեր Նոր Տարուան առիթով դպրոցական պիտոյքներ կ՚ուղարկէ եւ տարի մը նաեւ վերարկուներ ուղարկեց, իսկ ՀՄԸՄ-ը իր միջոցներով Սուրիոյ մէջ գործող ՀՄԸՄ-ականներու կ՚օժանդակէ եւայլն։ Եթէ այս բոլորը գումարելու ըլլանք հաւանաբար կը շրջանցէ նշած կէս միլիոնս։ Յիշեմ, որ Բերիոյ Թեմի առաջնորդը երբ Գանատա այցելեց, տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններուն համար յատուկ հանգանակութիւն։ Այս աշխատանքներէն զատ գոյութիւն ունի նաեւ այստեղ ժամանող սուրիահայերու հարցը։ Յստակ է, որ սուրիահայերու կարեւոր թիւ մը կը գտնուի Գանատա. անոնք այստեղ կը հասնին ընդհանրապէս իրենց ազգականներու կամ բարեկամներու երաշխաւորութեամբ, անոնց դիմաւորման աշխատանքին մէջ գաղութը կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ։ Մինչեւ հիմա հասնողները ընդհանրապէս կը գտնուին մեծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս Մոնթրէալ, Լաւալ, Թորոնթօ եւ Վանգուվըր, սակայն կան նաեւ Հարաւային Օնթարիոյի, Քեմպրիճի եւ Սէյնթ Քաթրինի մէջ հաստատուողներ։ Այստեղ հասնող մեր սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները օժանդակութեան կարիքը ունին, որպէսզի վարժուին այստեղի կեանքին, իրենց զաւակները դպրոց ուղարկեն եւ գործ գտնեն։ Սակայն հաւանաբար կարեւորագոյն մարտահրաւէրը ժամանողներու զաւակներու կրթական կարիքն է։ Անշուշտ մեր դպրոցներու ցանցը կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրը՝ զանոնք պատրաստելով, ֆրանսերէնի առումով, որպէսզի կարենան յետագային շարունակել դպրոցական բնականոն կեանքը: Այս մէկը ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ վայրի իմաստով լուրջ հարց է: Նախատեսելի է նաեւ, որ այս հարցը տակաւին առկայ է, մանաւանդ որ վերջին դաշնակցային ընտրութիւններու արդիւնքով կազումած նոր կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց նոր գաղթականներ ընդունելու, եւ որովհետեւ այդ գաղթականներուն մեծ տոկոսը Լիբանանէն եկողներն են, կ’ենթադրենք, որ անոնց մեծ տոկոսը մեր սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները պիտի ըլլան։

 

Հարց.- Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը, չորրորդ տարին ըլլալով, կ՚իրագործէ ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութիւն մը Վանաձորի մէջ, որ երիտասարդական ճամբարն է: Անոր կը մասնակցին շուրջ չորս հարիւր երեխաներ։ Այս մէկը մեր գանատահայ երիտասարդութեան աշխոյժ գործունէութեան մէկ կարեւոր փաստն է։ Այս առումով ի՞նչ ունիք ըսելիք, ըստ ձեզի, անոնք մեզի ի՞նչ ապագայ կը խոստանան։

Պատ.- Ատիկա ապագայի հարց չէ, այլ՝ ներկայի։ Այս երիտասարդները մեր ներկան են, մեր առօրեային մասնակից են: Անոնք ոչ թէ ապագային պիտի ստանձնեն ղեկավարութիւնը, այլ արդէն բոլոր մակարդակներու վրայ անոնք ունին իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը։ Մեր կառոյցները երիտասարդներուն առիթը կ՚ընծայեն ծրագրելու եւ գործադրելու իրենց աշխատանքները բոլոր մարզերէն ներս։ Օրինակ տուիք Հայաստանի ճամբարը։ Նշեմ, որ մեր երիտասարդութիւնը յատուկ պարտականութիւն ստանձնած է օժանդակելու Լոռիի մարզի մեր կառոյցին։ Անոնք մեծ ներկայութիւն են նաեւ Հայ դատի եւ 100-ամեակի աշխատանքներուն մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ունին սուրիահայ ներգաղթողներուն համար մշակուած ծրագիրներներուն մէջ, ինչպէս՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն սորվեցնելու եւ գործի փնտռտուքի աշխատանքներուն մէջ։ Այլ խօսքով մեր առօրեային մաս կը կազմեն եւ դերակատար են, այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ ու շարունակուի։ Մենք միշտ պիտի աջակցինք  իրենց ու խրախուսենք, որպէսզի ապագային եւս այդպէս մնայ։ Մեր երիտասարդութիւնը միշտ պատնէշի վրայ է:

 

Հարց.- Այս տարի Գանատայի մէջ տեղի ունեցան դաշնակցային ընտրութիւններ, եւ ինչպէս միշտ, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը իր քաղաքական գործունէութեամբ մասնակից դարձաւ ընտրապայքարին։ Այս առումով ի՞նչ նախաձեռնութիւններ ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբը։

Պատ.- Շատ հետաքրքրական ընտրարշաւ մըն էր գանատական պատումութեան մէջ, եւ Հայ դատի յանձնախումբերն ու մեր գաղութները շատ կարեւոր դեր ունեցան։ Ինչպէս գիտէք, ժողովրդավարութիւնը Գանատայի մէջ զօրաւոր արմատներ ունի։ Ոմանք կը զարմանան, թէ խորհրդարանի մէջ երրորդ դիրք գրաւող կուսակցութիւն մը ինչպէ՞ս իշխանութիւն կը դառնայ, սակայն որովհետեւ Գանատայի մէջ ժողովրդավարութեան արմատները խորն են, այդպիսի զարգացում մը կարելի է միշտ սպասել: Ըստ ընտրապայքարին, այդ կուսակցութիւններէն որեւէ մէկը կրնար այս ընտրութեամբ՝ դառնալ իշխանութիւն։ Եւ մենք հարցը լաւապէս դիտարկելով՝ երեք հիմնական կուսակցութիւններուն, նաեւ չորս-հինգ փոքր կուսակցութիւններու հետ անցեալ տարուընէ արդէն լաւ յարաբերութիւններ մշակեցինք։ Այս մէկը դիւրին չէ. նախկին իշխանութիւն եղող պահպանողականներուն հետ յարաբերութիւն մշակելը դիւրին էր, որովհետեւ գիտէինք, թէ ո՛վ է վարչապետը, ովքե՛ր են նախարարները եւ բոլորին հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէինք։ Սակայն նոր հանգրուանով նոր ալիքներ կային, եւ պէտք էր կարենայինք լաւապէս ճանչնալ պատասխանատուները եւ զանազանել, թէ ո՛վ մեր բարեկամն է, ո՛վ՝ ոչ։ Ազատականներու պարագային, որոնք խորհրդարանին մէջ երրորդ ուժն էին եւ ունէին միայն երեսունի հասնող երեսփոխաններ, իբրեւ վերանորոգման ու վերակազմակերպման արդիւնք, այս ընտրութիւններուն ընթացքին բազմաթիւ նոր դէմքեր յայտնուեցան, որոնց պէտք էր ծանօթանայինք եւ անոնց հետ յարաբերութիւններ մշակէինք, որպէսզի կարենայինք անոնց հետ բարեկամանալ եւ Հայ դատի աշխատանքներու եւ գաղութային կեանքի մակարդակներու իմաստով անոնց աջակցութիւնը շահիլ։ Այդ աշխատանքը Կեդրոնական կոմիտէն, Հայ դատի յանձնախումբերը եւ կոմիտէները բաւական լաւ ձեւով կատարեցին, եւ որովհետեւ երեք կուսակցութիւններէն որեւէ մէկը կրնար ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրել՝ մենք յաղթանակողին հետ լաւ յարաբերութեան մէջ էինք արդէն: Բարեբախտաբար կրնանք յայտնել, որ թէ՛ ներկայ իշխանութեան շրջանակին, թէ՛ ընդդիմադիր պահպանողականներու, թէ՛ ալ երրորդ դիրքը գրաւող կուսակցութեան շրջանակներուն մէջ ունինք լաւ բարեկամներ, եւ այդ իմաստով կը կարծենք որ պիտի կարենանք Հայ դատի մեր ապագայի աշխատանքները զարգացնել եւ շարունակել կամրջել Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները։

 

Հարց.- Այս տարի ՀՅԴ-ի 125-ամեակն է։ Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ իր կազմակերպական արմատները նետած է 1902-ին եւ մինչեւ օրս ներկայութիւն է։ 125-ամեակի առիթով ի՞նչ է ձեր պատգամը Դաշնակցութեան շարքերուն եւ համակիրներուն։

Պատ.- Պատմութիւնը շատ կարեւոր է, եւ անկէ շատ բան կը սորվինք: Վերջին 125 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴ-ն մեծ դերակատարութիւն ունեցած է։ Բոլորը այդ պատմութիւնը գիտեն, եւ տօնակատարութիւններուն ընթացքին կը յիշատակուին։ Սակայն կարեւորը ապագան է, մեր դերակատարութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագային։ Անցեալի մեր պատասխանատու ընկերներն ու ընկերուհիները մեզի պատրաստեցին ու ներշնչեցին, իսկ այժմ կարեւորը այն է, որ մե՛նք ի՞նչ պիտի ընենք եւ ինչպէ՞ս մեր կարգին պիտի ներշնչենք ապագայ սերունդները։ Հիմնական պատգամը այս է։

 «Հորիզոն»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.