Քեսապի մէջ նշուեցաւ Դաշնակցութեան 125ամեակը


Քեսապի «Սարդարապատ» սրահը Սուրիական Հայրենիքի հնգամեայ տագնապին պատճառոփ, բացի դպրոցական քանի մը ձեռնարկէ, ամայի մնացած էր։ Առնուազն չորս տարի անոր բեմը տօնական պատկեր չէր ունեցած։
Հանդիսութիւն, ձեռնարկներ չկային։ Մանաւանդ քեսապցիներու 21 Մարտ 2014-ի տեղահանութենէն ետք, հոգեվիճակները անկում կրած էին․ ուստի խրախճանքներ, տօնախմբութիւններ առժամապէս կանգ առած էին։ Սակայն ոսկեայ առիթը ընծայուած էր։
2 Դեկտեմբեր 2015
Սքանչելի առիթ։ Թէեւ թուականը մեզի յիշեցնել կու տար 27 տարի առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, սակայն 125ամեակը, 125 տարին մէկ անգամ միայն կը ներկայանար։
Նոյն պահուն լսած էին Սուրիական Հայրենիքի քաջարի բանակի յառաջխաղացքը, բանակը վերջնականապէս տիրապետած էր «Զահի» լերան գագաթին, յարակից մի քանի ռազմավարական այլ գագաթներու հետ միասին փոքրագոյն կորուստներով Քեսապը շրջափակուած պահելու եւ զայն հրակոծելու կամ երկրորդ անգամ զաւթելու ախորժակները կը հեռանային։ Անոր՝ բանակին սլածքը այլ ուղղութեան զուգահեռ, կը միտէր հսկողութեան տակ
Առնել զինեալ հրոսակներու պարենաւորման ճանապարհները, որոնք դաւադիր դրացիէն՝ Թուրքիայէն կու գային ահա նաեւ րակել այդ ապօրինի ու մահաբեր ճանապարհները եւ շրջանը հականեխել այդ արիւնռուշտ ահաբեկիչները, որոնց արեւմուտքը կը փորձէ «ընդդիմութիւն» կամ «ազգային» պիտակը փակցնել, քաջ գիտնալով որ օտար վարձկաններ են անոնք։

Պատմական պահուայ հանդիսութիւնը սկսաւ ժամը 7։30-ին։ Ընկերուհի Շողեր Աշըգեան բացման խօսքով հպանցիկ ակնարկ մը նետեց Դաշնակցութեան պատմական առաքելութեան վրայ՝ անցեալէն ցայսօր, հասնելով այժմէական մարտահրաւէրներուն։
Ապա իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը պարունակէր երգեր, ասմունքներ, խմբերգներ եւ կենդանի պատկերներ, պատրաստուած խումբ մը պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ։

Օրուան բանախօսն էր ընկ․Կարօ Մանճիկեան, որ Դաշնակցութեան 125ամեայ ճամբուն պատմական ուրուագիծը տալով, կեդրոնացաւ այժմէական մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք ցցուած են հայ ժողովուրդին եւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան դիմաց հայրենի թէ սփիւռքեան պայմաններուն պարտադրանքով։ Ան ակնարկեց նաեւ թուրք ոսոխին կիրարկած նոր օսմանեան եւ նոր փանթուրքական մեթոտները՝ զուգահեռներ գծելով երէկուայ 1915-ի Հայոց եւ 2011-2015 տարիներուն վրայ երկարող սուրիական ողբերգութիւններուն միջեւ։

Ան իր խօսքը աւարտեց, յարգանքի տուրք մատուցելով սուրիական բանակին եւ հայրենիքին համար ինկած նահատակներուն, մաղթելով որ շուտափոյթ աւարտի Սուրիական Հայրենիքի տագնապը, որմէ անմասն չմնաց նաեւ գիւղս՝ Քեսապը։

Այնուհետեւ ընկ․ Ճորճ Գալայճեան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով մպնոլորտը շիկացուց ու երգեց Սուրիական Հայրենիքի հնգամեայ տագնապին նուիրուած երգ մը։

Օրուան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Արհիապատիւ Գերապայծառ Գէորգ Եպս․ Ասատուրեան, նորանշանակ Առաջնորդ Հայոց Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին, որուն անդրանիկ հովուական այցելութիւնն էր, որ սկսած էր Քեսապէն։ Գերապայծառը հովուապետած էր Քեսապի Կաթողիկէ Ս․ Միքայէլ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Բարելուսոյ վարժարանի հիմնադրութեանց իննսուի ամեակը։

Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց այն աշխատանխները, որոնց անձամբ մասնակցած էր Քեսապի ազատագրման համար, Ֆրանսա, իր առաջնորդութեան հանգամանքի բեռումով, գործակցաբար Հ․Յ․Դաշնակցութեան Ֆրանսայի մարմիններուն եւ ազգային այլ կառոյցներուն։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սարդարապատի յաղթերգով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.