Ընկ. Կարոն՝ Տէր Արմէնը
Եթէ մէկ բառով ուզենք բնութագրել այսօր մեզ չափով մը որբ ձգող երբեմնի ընկ. Կարոն ու մեր բոլորին ճանչցած Տէր Արմէն աւ. քհ. Իշխանեանը՝ այդ բառը պիտի ըլլայ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ, ամբողջովին գլխագիր։
Արդարեւ, մեր սիրելի Տէր հայրը մարմնացումը եղաւ այդ բառին՝ իր երիտասարդութեան օրերէն իսկ։ Անդամագրուելով ՀՅԴ շարքերուն՝ ան ծառայութեա՛ն ուխտ կ՚ընէր, ապա դառնալով կղերական՝ ան նոյնպէ՛ս ծառայութեան ուխտ էր, որ կ՚ընէր։ Իրեն համար էականը իր ժողովուրդին ծառայելն էր, կարեւորութիւն չունի, թէ ի՛նչ ճամբով՝ կուսակցութեա՞ն, թէ՞ եկեղեցւոյ։ Ու ան մինչեւ վերջին շունչ հաւատարիմ մնաց իր երկու ուխտերուն հաւասարապէս, միաժամանա՛կ, հետեւելով Վասպուրականի կամ Մշոյ մեր յեղափոխական վանահայրերու աւանդութեան, կամ Ղեւոնդ երէցներու օրինակին՝ մէկ ձեռքին՝ խաչ, միւս ձեռքին՝ սուր…
Կարպիս Իշխանեան ծնած է 1930-ին՝ Հալէպ։ Կանուխէն կորսնցուցած է հայրը։ Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ վարժարանին մէջ։ Երբ 1947-ին փոխադրուած է Լիբանան, հետեւած է Հ. Յովհաննէս Մսըրեանի հայագիտական դասախօսութեանց։ 1951-ին կը մտնէ շարքերը Դաշնակցութեան՝ այն կուսակցութեան, որ, ինչպէս կ՚ըսէ իր «Կեանքէն էջեր» հատորին մէջ, «ճակատագրուեցաւ Մամիկոննեաներու ծանր բայց պատուաբեր դերը ստանձնելու»։ 1959-ին կու գայ Սէնթ-Գաթրինզ, Օնթարիօ (եւ այդ շրջանին մաս կը կազմէ ՀՅԴ Գանատայի Գործադիր մարմինին), իսկ 1961-ին կը հաստատուի Պոսթըն՝ պաշտօնի կոչուելով «Հայրենիք» հաստատութենէն ներս որպէս գրաշար։ Միեւնոյն ատեն ան կ՚աւարտէ իր երկրորդական ուսումը եւ կը հետեւի կրօնաբարոյական եւ գրական դասընթացքներու՝ Հարվըրտ համալսարանէն ներս։ 1968-ին կ՚ամուսնանայ Շաքէ Զէրտէլեանին հետ եւ կ՚ունենան երկու զաւակ՝ Գէորգ եւ Ռուբինա։ 1974-ին քահանայ կը ձեռնադրուի ու կը ստանձնէ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Տէր Արմէն աւագութեան պատուին կ՚արժանանայ 1994-ին։ Հանգստեան կը կոչուի 2001-ին՝ միշտ տրամադրելի մնալով իր օժանդակութիւնը բերելու եկեղեցւոյ աշխատանքներուն՝ երբ որ կարիքը ըլլայ։
Ան անդամ էր նաեւ «Համազգային»-ին, ՀՄԸՄ-ին եւ ՀՕՄ-ին։
Շնորհիւ իր գրելու ձիրքին, ան հաւատարիմ թղթակից-աշխատակիցը եղաւ մեր մամուլին, սկսելով Պէյրութի «Ազդակ»-էն, շարունակելով Պոսթընի «Հայրենիք»-ին մէջ (երկու տեղերն ալ վայելելով մեր վաստակաւոր խմբագիր ընկերներու շունչն ու հովանին), վերջապէս հասնելով «Հորիզոն»-ին, ամենուրեք նախ թղթակցութիւններով ապա մեր առօրեայէն քաղուած ու միշտ ազգային կամ կրօնական դաստիարակութեան երանգով մը մտածուած ակնարկներով՝ իր աշխարհական օրերուն ըլլայ թէ կղերական։
Իր գրութիւնները ամփոփուած են «Երկու աշխարհ» (2001) եւ »Կեանքէն էջեր» (2009) հատորներուն մէջ։
Տէր Արմէն օրինակելի էր բազմաթիւ առումներով։ Ան ծառայեց անմնացորդ, անսակարկ, իբր կոչեցեալ եւ ոչ պարզապէս պաշտօնատար։ Տեւաբար գործի վրայ, ու սիրտը միշտ գործին մէջ։ Գաղութը բախտաւոր եղաւ, որ երէցկինը՝ Շաքէն միշտ իր կողքին եղաւ, իր աջակիցը, իր զօրավիգը։
Ան կրցաւ սրտէ սիրտ կապ հաստատել իր հօտի անդամներուն հետ, հասնելով անոնց հոգեկան կարիքներուն, միշտ մխիթարելով սգակիրները, ամոքելով հիւանդները, սփոփելով ազատազրկեալները, քաջալերելով հայկական նոր բոյներու կերտումը, ջանալով հարթել ընտանեկան տարակարծութիւնները ։
Ներկայ եղաւ մեծ ու փոքր բոլոր ձեռնարկներուն, ամեն ատեն խրախուսիչ խօսք մը ունենալով կազմակերպիչներուն ուղղուած։
Ինք միշտ մնաց պատնէշի վրայ, ջանալով աւելցնել զօրակիցներու թիւը, մօտեցնել հեռու մնացածները կամ հեռացածները՝ Եկեղեցիէն թէ ազգային կեանքէն, չվարանելով իր հեգնական ժպիտով բայց առանց չարամտութեան կշտամբել զանոնք, որ հայութեան, ազգին չզլանան իրենց բարոյական թէ նիւթական աջակցութիւնը։ Անմիջական մասնակիցը, եթէ ոչ առաջնո՛րդը, հանդիսացաւ բոլոր մեծ հանգանակութիւններուն, գաղութի կռուաններու կերտման բոլոր նախաձեռնութիւններուն։
Բոլորիս մտքին մէջ դրոշմուած պիտի մնայ իր պատկերը՝ թեւերը սոթթած՝ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հին շէնքէն նոր շէնքը փոխադրութեան ատեն, երբ անձամբ գլուխը անցաւ ու վարեց այդ գործողութիւնը՝ որպէսզի խնայենք անոր ծախսերը։ Արդարեւ տէր հօր անմիջական գուրգուրանքին առարկան էին մեր կրթական հաստատութիւները։
Հայ լեզուն, հայ կրթութիւնը, հայ վարժարանը միշտ եղան իր պաշտպանութեան ու անսահման սիրոյ առարկան։ Այստեղ կ՚ուզեմ մէջբերել իր երկրորդ հատորէն փոքր պարբերութիւն մը։ Երբ այն օրերուն Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական պատուիրակ (ապագայ կրկնակի կաթողիկոս) Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեան իրեն կը յայտնէ, թէ զինք քահանայ պիտի ձեռնադրէ ու նշանակէ Սուրբ Յակոբի հովիւ, ան ահա թէ ի՛նչ կը պատասխանէ.
– Սրբազա՛ն հայր, ցարդ քահանայանալու երբեք ցանկութիւն չեմ ունեցած, յատկապէս ուժերէս վեր նկատելով այդ նուիրական ասպարէզը, սակայն նկատելով որ Մոնթրէալի մէջ ճիշտ այս օրերուն ամենօրեայ ծաղկոց մը բացուեցաւ, որը անկասկած պիտի վերածուի նախակրթարանի, եւ նկատելով որ իմ զաւակներուս հայ մեծնալը հիմնական նշանակութիւն ունի ինծի համար, եւ Մոնթրէալը ցոյց կու տայ թէ ունի այդ տուեալները,– կ՚ընդունիմ առաջարկդ։
Հայկական տոհմիկ աւանդութիւններու պահպանումը նոյնպէս եղաւ իր մտահոգութեան առարկան։ Իր առաջին հատորին մէջ կ՚ափսոսայ, որ կ՚անհետանայ տնօրհնէքի աղուոր սովորութիւնը ու կը ցանկայ, որ «Եկեղեցին իսկապէս հետեւի Քրիստոսի ՍԻՐՈՅ պատգամներուն» ու կը յուսայ որ «մենք ալ կը վերադառնանք այն երանելի օրերուն, երբ տէր հայրը ամե՚ն մէկ հայ ընտանիքի հարազատ անդամը, խորհրդատու հայրը կը նկատուէր»։
Ահա այսպիսի օրինակելի հայորդի մըն է, որ կ՚երթայ միանալ մեր պատմութեան խոնարհ հերոսներուն, տիպար մը, որուն պաշտպանած գաղափարականն ու տարածած հաւատքը շարունակել պաշտպանելն ու տարածելը մեր բոլորին՝ իր յետնորդներուն պարտքը պիտի ըլլայ։
Այս առթիւ պարտականութիւնը ունիմ ՀՅԴ Միհրան Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէութիւններուն, Արմէն Գարօ ուսանողական միութեան, Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի ու Լաւալի հայ կեդրոններու յարկին տակ գործող միւս բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հայ կեդրոնի տարեցներու միութեան անունով խորին ցաւակցութիւններս յայտնելու մեր սիրելի երէցկին Շաքէին, իրենց զաւակներուն՝ Գէորգին ու Ռուբինային եւ իր ընտանիքին, Տէր Արմէնի եղբօր՝ ընկ. Յարութիւնին, ազգականներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն որ եկած են յարգելու յիշատակը այս արժանաւոր հայուն։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ծանօթ.– Կարդացուած Տէր Արմէնի եկեղեցւոյ կարգի աւարտին՝ 2015 դեկտեմբեր 4-ին։ Տէր հայրը վախճանեցաւ նոյեմբեր 27-ին։