Տէր Արմէն աւ. քհ. Իշխանեանի համառօտ կենսագրութիւն


Կարպիս Իշխանեան ծնած է 1930-ին՝ Հալէպ։ Կանուխէն կորսնցուցած էր հայրը։ Նախնական ուսումը ստացած էր Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ վարժարանին մէջ։ Երբ 1947-ին փոխադրուած է Լիբանան, հետեւած է Հ. Յովհաննէս Մսըրեանի հայագիտական դասախօսութեանց։ Դաշնակցականի երդումը 1951-ին կու տայ։ 1959-ին կու գայ Սէնթ-Գաթրինզ, Օնթարիօ (եւ այդ շրջանին մաս կը կազմէ ՀՅԴ Գանատայի Գործադիր մարմինին), իսկ 1961-ին կը հաստատուի Պոսթըն՝ պաշտօնի կոչուելով «Հայրենիք» հաստատութենէն ներս որպէս գրաշար։ Միեւնոյն ատեն ան կ՚աւարտէ իր երկրորդական ուսումը եւ կը հետեւի կրօնաբարոյական եւ գրական դասընթացքներու՝ Հարվըրտ համալսարանէն ներս։ 1968-ին կ՚ամուսնանայ Շաքէ Զէրտէլեանին հետ եւ կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Գէորգ եւ Ռուբինա։ 1974-ին քահանայ կը ձեռնադրուի ու կը ստանձնէ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Տէր Արմէն աւագութեան աստիճան կը ստանայ 1996-ին։ Հանգստեան կը կոչուի 2001-ին՝ միշտ տրամադրելի մնալով իր օժանդակութիւնը բերելու եկեղեցւոյ աշխատանքներուն՝ երբ որ կարիքը ըլլայ։
Ան անդամ էր նաեւ «Համազգային»-ին, ՀՄԸՄ-ին եւ ՀՕՄ-ին։
Իր յօդուածները եւ ակնարկները ամփոփուած են «Երկու աշխարհ» (2001) եւ »Կեանքէն էջեր» (2009) հատորներուն մէջ։ 

 Շնորհիւ իր գրելու ձիրքին, ան հաւատարիմ թղթակից-աշխատակիցը եղաւ մեր մամուլին, սկսելով Պէյրութի «Ազդակ»-էն, շարունակելով Պոսթընի «Հայրենիք»-ին մէջ (երկու տեղերն ալ վայելելով մեր վաստակաւոր խմբագիր ընկերներու շունչն ու հովանին), վերջապէս հասնելով «Հորիզոն»-ին՝ նախ թղթակցութիւններով ապա մեր առօրեայէն քաղուած ու միշտ ազգային կամ կրօնական դաստիարակութեան երանգով մը մտածուած ակնարկներով՝ իր աշխարհական օրերուն ըլլայ թէ կղերական։ 

Վախճանեցաւ 27 Նոյեմբեր 2015-ին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.