«Շնորհիւ Մուսալեռցիներուն` Գրաբարը Տակաւին Կ՛ապրի»


Այնճար-Վրանաքաղաք---Առաջին-Տարիներ-

Այնճար վրանաքաղաք – Առաջին Տարիներ

Օրերը կ՛անցնին, կեանքը կը շարունակուի, իսկ արիւնով կերտուած պատմութիւնը կրնայ նուիրագործուիլ ու փոխանցուիլ սերունդներուն համապատասխան բարձրորակ մշակոյթով միայն: Ի զուր չէ, որ Յովհաննէս Քաջազնունին կ՛եզրակացնէ, թէ` «ազգը մշակոյթ է»: Իսկ ազգային գոյատեւման պայքարը ուրոյն մշակոյթ մը պահպանելու եւ զարգացնելու հաւաքական գործընթաց մըն է:

Այո՛, սեփական արիւնով պատմութիւն կերտած մուսալեռցին կը շարունակէ բարձրորակ մշակոյթով ու ճակատաբաց նուիրագործել ինքնապաշտպանական հարիւրամեայ իր սխրանքը, իսկ ժամանակի դատաստանին դիմաց գլուխը ծռած մեր թշնամին կը շարունակէ ուրանալ հարիւրամեայ իր ամօթանքը:

Այո՛, որսորդական հրացաններով պաշտպանուած մուսալեռցիները դիմադրեցին թնդանօթներով ու գնդացիրներով զինուած եւ համեմատաբար չափազանց մեծ թիւով թրքական կանոնաւոր զօրքին ու յաղթանակով պսակեցին իրենց «սրբազան խենթութիւնը»:

Քիչ թիւով շատին դիմադրելու եւ յաղթելու վճռակամութեամբ տոգորուած էին նաեւ Սասունի, Զէյթունի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Վանի եւ այլ շրջաններու կտրիճները, որոնք զէնք վերցուցին պարզապէս գլուխ չծռելու եւ պատուով ազգային դիմագիծն ու արժէքները պաշտպանելու խորին համոզմամբ:

Այո՛, անհաւասար կռիւներու շարան մըն է ողջ հայոց պատմութիւնը, ուր յաղթանակները քիչ չեն, սկսեալ` Հայկ Նահապետէն ու Տիգրան Մեծէն, մինչեւ Վահան Մամիկոնեանն ու Աշոտ Երկաթը եւ դեռ մինչեւ Սարդարապատի եւ Շուշիի վճռորոշ ճակատամարտերը: Իսկ պարտութիւնները դաւադրութիւններու եւ դաւաճաններու հետեւանք էին պարզապէս: Հակառակ անոր որ ժամանակի ընթացքին հայ ժողովուրդը ենթարկուած է դաժան  ու վայրագ բազում հաշուեյարդարներու, իր հերթին, դաժանութեան ու վայրագութեան օրինակներ չէ տուած, նոյնիսկ` Մեծն Տիգրանի աշխահակալութեան ժամանակաշրջանին:

Այնճար-Քաղաքապետարանի-Նոր-Շէնքը

Այնճարի քաղաքապետարանի Նոր շէնքը

Հին ու բարգաւաճ մշակոյթի տէր ժողովուրդները, սկսեալ` Չինաստանէն, Հնդկաստանէն ու Պարսկաստանէն մինչեւ Յունաստան, Հռոմ ու Գերմանիոյ ու դեռ մինչեւ ինքա-մայաներն ու ազթեկները, ունեցած են իրենց առասպելները, վիպասաններն ու ազգային հերոսները: Անոնց դիւցազունները յայտնի են իրենց ռազմատենչութեամբ, ընչաքաղցութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, վայրագութեամբ ու մասամբ նորին: Անոնք այս բոլորը կը շփոթէին քաջութեան, հերոսութեան եւ նոյնիսկ վեհանձնութեան հետ:

Ողջ աշխարհի ազգային հերոսներէն միակն է Սասունցի Դաւիթը, որ ո՛չ ռազմատենչ է, ո՛չ վայրագ եւ ո՛չ ալ` վրէժխնդիր, այլ` միամիտ ըլլալու չափ բարի, ազնիւ, ներող ու վեհանձն է: Ան նոյնիսկ  երբ կռիւի կ՛երթայ, փոխանակ դաւադրելու իր թշնամիներու նման` լուր կու տայ անոնց, որ արթննան ու պատրաստ ըլլան կռիւի: Այո՛, խաղաղասէր է ան, աշխատասէր ու ստեղծագործ` նման իր ժողովուրդին:

Այսպէ՛ս է նաեւ մուսալեռցին, թէեւ դարերու ընթացքին վայրագ ու դաժան թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու իրողութիւնը զինք հարկադրաբար մղած է մարտունակութեան, սակայն այդ մարտունակութիւնը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ գոյատեւելու եւ ազգային մշակոյթը պաշտպանելու եւ զարգացնելու խորին գիտակցութեամբ:

Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, չես գիտեր ինչո՛ւ շատեր մուսալեռցիները կը համարեն ռազմատենչ ժողովուրդ եւ քաջութիւնն ու մարտունակութիւնը կը շփոթեն ռազմատենչութեան հետ:

Մուսա-Լերան-Գաղթականներու-Յիշատակին-Կանգնեցուած-Յուշակոթող---19155,-Փորթ-Սաիտ-

Մուսա լերան գաղթականներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողը Փոր Սայիտ

Սակայն իրողութիւնը այն է, որ մուսալեռցին մարտունակութեան զուգահեռ է՛ նաեւ մշակութասէր, խաղաղասէր, շինարար ու ստեղծագործ ժողովուրդ: Անոր համար ազգային մշակոյթը թէ՛ միջոց է եւ թէ՛ նպատակ միաժամանակ: Երբ տուն կը կառուցէ մուսալեռցին, ան զինադարանի կողքին անպայմա՛ն գրադարանի չափն ու ձեւը կ՛որոշէ` համաձայն իր կարողութեան: Այցելեցէք Այնճարի եւ կամ հայրենիքի մէջ ապրող մուսալեռցիներու տուները, դուք ոչ միայն յատուկ գրադարաններ պիտի գտնէք հոն, այլ նաեւ պիտի նշմարէք, որ անոնցմէ շատ շատերու բնակարանները զարդարուած են նաեւ բնօրինակ գեղանկարներով ու քանդակներով: Հերոսներու, քաղաքական գործիչներու, զինուորականներու բարձրաստիճան կղերականներու եւ կամ գիտնականներու կողքին, մուսալեռցին տուած է նաեւ բազմաթիւ կայացած ու ականաւոր գրողներ, գեղանկարիչներ, քանդակագործներ, երաժիշտներ, դերասաններ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ այլ մշակոյթի գործիչներ, որոնցմէ շատերու համբաւը դուրս եկած է ազգային սահմաններէն ու յայտնի դարձած` միջազգայնօրէն: Պէտք չէ մտահան ընել, որ մուսալեռցին ունեցած է հարուստ բանահիւսութիւն ու բանահաւաքներ: Այնճար գիւղաւանի մէջն իսկ մուսալեռցին ունեցած է որակեալ թատերախումբ, երգչախումբ, պարախումբ, կերպարուեստի ուսումնարան ու նոյնի՛սկ թերթեր հրատարակուած են գիւղին մէջ գիւղին անունով:

Վագըֆ-այժմու-Մուսա-Լեռ-Գործող-Եկեղեցին

Վագըֆի այժմու գործող եկեղեցին

Այո՛, մուսալեռցին մարտունակ է ու հպարտ է, իր մարտունակութեամբ, սակայն միաժամանակ մշակութասէր է, որուն համար ոչ միայն հպարտ է այլ նաեւ պատրաստ է ի սպաս դնելու իր մարտունակութիւնը պահելու, պաշտպանելու եւ զարգացնելու համար ազգային մշակոյթը, բառին ամէն ալ այն տարողութեամբ:

Ապացոյց կ՛ուզէ՞ք: Թերթատեցէք մօտիկ անցեալը ու պիտի նշմարէք, որ (ըլլայ հայրենիքի, Այնճարի մէջ, թէ այլուր) քանի՜ քանի յատկանշական մշակութային ձեռնարկներով մուսալեռցիք տօնեցին իրենց «սրբազան խենթութեան» հարիւրամեակը:

Ապացոյց կ՛ուզէ՞ք: Այցելեցէք Հայաստանի Մուսա Լերան յուշարձան-թանգարանը: Եթէ պայմանները ներէին, այս տարի մենք առիթ պիտի ունենայինք նաեւ այցելելու Այնճարի Մուսա Լերան թանգարանը: Զիրար ամբողջացնող այս երկու հաւաքածոներու մէջ խտացուած կը թուի ըլլալ Մուսա Լերան եւ Այնճարի մօտիկ անցեալի պատմութիւնն ու մուսալեռցիի հաւաքական կերպարը` իր մարտունակութեամբ, տոկունութեամբ ու մանաւա՛նդ հնարամտութեամբ, ուր դրսեւորուած է իւրայատուկ ժողովուրդի մը մտքի լոյսն ու ստեղծագործ ոգին:

Իւրայատուկ է եւ ուշադրութեան արժանի Մուսա Լերան ժողովրդական պարարուեստը եւս: Շարք մը պարեղանակներու կողքին, յատկանշական երեւոյթ է մարտական պարը (չալմը դանկէն), որ դաշոյններով կը պարուի եւ ինքնապաշտպանական կռիւի կը նախապատրաստէ հայ ֆետային ու զինուորը: Իբրեւ մարտական պար, սասունցիներէն ետք, մեզի յայտնի երկրորդն է այս մէկը, որ բարեբախտաբար վերջին տարիներուն Մուսա Լերան միւս պարեղանակներու կողքին սկսած է ժողովրդականացուիլ նաեւ հայրենիքի մէջ:
Այնճարի-Ս-Պօղոս-եկեղեցին-առաւօտուն

Այնճարի Ս Պօղոս եկեղեցին առաւօտուն

Ու տակաւին ամենակարեւորը, մուսալեռցիները, յատկապէս Այնճարի, ոգի ի բռին կենդանի ու կենսունակ կը պահեն իրենց սրբութիւն սրբոցը` Մուսա Լերան բարբառը` մշակութային մեծագոյն գանձը: Իմ սիրելի ու յարգարժան դասախօսներէս, փրոֆ. Էդիկ Աղայեանը օր մը դասի պահուն մէջբերեց հանճարեղ Աճառեանի վկայութիւնը, որուն համաձայն, «Շնորհիւ մուսալեռցիներուն` գրաբարը տակաւին կ՛ապրի, քսան հազար մուսալեռցիներ այսօր կը խօսին գրաբարեան մէկ ենթաբարբառով:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.