Վերջին օրերուն Արցախի մէջ զոհուած չորս հայ սահմանապահ զինուորները
Ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ հրթիռակոծման հետեւանքով Սեպտեմբեր 25ին զոհուած Կարէն Շահինեանն ու Յարութ Յակոբեանը Սեպտեմբեր 27ին յուղարկաւորուեցան զինուորական կարգով:
Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքի բնակիչ, 18ամեայ Կարէն Շահինեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ քաղաքի գերեզմանատան մէջ, իր մեծ մօր կողքին: Կարէնը ընտանիքի կրտսեր զաւակն էր: Անոր հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 26ին, եւ արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի պաշտպանութեան փոխ-նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Կոտայքի մարզպետ Կարապետ Գուլոյեան, զինուորականներ, ընկերներ ու հարազատներ: «Փայլուն մարդ էր, հոյակապ անձնաւորութիւն: Մարդկային էր, օգնող, հասնող, երբ գալիս էի տուն, ձեռքիս պայուսակ էր լինում, օգնում էր, բարձրացնում: Դպրոցում ոչ մէկին չի նեղացրել, չարութիւն չի արել»,- ըսած է անոր ուսուցչուհին՝ Սիրուշ Միքայէլեան:
Կարէնը մինչեւ 9րդ դասարան յաճախած է, եւ նախքան բանակ զօրակոչուիլը, քանի մը տարի աշխատած է հացատան մը մէջ՝ օգնելով ընտանիքին: Անոր գործընկերներէն Արտակ Յովսէփեան ըսած է.- «Ուրախ, զուարթ, կեանքով լի տղայ էր: Փորձում էր ամէն ինչի մէջ օգնել բոլորին, ոչ մէկը իրենից ոչ մի վատ բան չի տեսել կամ լսել»: Կարէն Շահինեանի ընտանիքըԳիւմրիէն է եւ Երեւան տեղափոխուած է շուրջ 10 տարի առաջ:
18ամեայ Յարութ Յակոբեան կ՛ապրէր մօր, աւագ քրոջ ու եղբօր հետ, իսկ հայրը քանի մը տարի առաջ մահացած էր: Մայրը հողագործութեամբ կը զբաղի: Յարութը զօրակոչուած էր այս տարուան Յուլիս 3ին:
Յարութի հոգեհանգիստի արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի զինուած ուժերու կապի զօրքերու պետ Կոմիտաս Մուրադեան, բարձրաստիճան սպաներ, զօրամասի հրամանատարական կազմը ու բնապահպանութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեան, որ Յարութ Յակոբեանի համագիւղացին է, նաեւ հարազատներ, ընկերներ եւ հարեւաններ:
«Շարքային Յակոբեանը պարկեշտ, ազնիւ եւ ճշդապահ զինծառայող էր: Հրամանատարների կողմից տրուած խնդիրները կատարել է ճիշդ եւ ժամանակին: Միշտ յարգուել է հրամանատարութեան եւ ընկերների կողմից: Իր լաւ ծառայութեամբ օրինակ է եղել բոլորի համար: Պատրաստ է եղել թէկուզ կեանքի գնով հայրենիքի պաշտպանութեան համար կատարել ցանկացած խնդիր»,- ըսած է հրամանատար Զոհրաբ Մկրտչեան: Ընկերներուն եւ դրացիներուն համաձայն՝ Յարութ Յակոբեան մարդասէր եւ ընկերասէր անձ մըն էր:
Իսկ նոյն յարձակումին ընթացքին զոհուած 20ամեայ Ռոբերտ Մկրտչեան Երեւանէն էր ու մէկ հատիկ զաւակ էր: «Աշխատասէր երեխայ էր. ջերմոցներում է աշխատել, մի երկու կոպեկ փող է աշխատել, որ իրան եւ մօրը պահէր, տանջուած, դժուար կեանքով ապրած երեխայ էր»,- ըսած է անոր դրացիներէն Արմինէ Հայրապետեան:
Դրացիները Ռոբերտէն միայն լաւ յիշողութիւններ ունին. «Որտե՛ղ, ո՛ւմ ի՛նչ լինէր, Ռոբերտը հասնում էր: Բոլորն իրեն սիրում էին. հարիւրաւոր մարդիկ կան այս տարածքում ապրող, բոլորի համար էլ ոնց որ յեղաշրջում լինէր, որ իմացան իր մահուան լուրը: Չկայ մէկը, որ կ՛ասի՝ «վատն էր Ռոբերտը»»,- աւելցուցած է դրացուհին: Ռոբերտը շուրջ մէկ տարի առաջ զօրակոչուած էր բանակ:
Նմանապէս զոհուած 20ամեայ Նորայր Խաչատրեան Ստեփանակերտէն էր: 20ամեայ Նորայրը տան փոքրն էր. ան ունէր իրմէ մեծ 2 եղբայր: