1915. Երկու Դայեակներու Պատմութիւն


Ձախէն աջ՝ Ովսաննա Շնորհոքեան, Լիտիա Գափլանճեան (Ովսաննային դուստրը), Նուրիձա եւ Սիֆորա

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք պատմաբան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանի խօսքը` արտասանուած Այնթապի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին (21 մարտ 2015): Մուրատեան իր խօսքը արտասանեց թրքերէնով:

***

Սկսիմ պատմութեամբ մը:

Սիֆորա, հայուհի մը, իբրեւ դայեակ ծառայեց Այնթապի մէջ 1800-ականներու վերջերէն մինչեւ 1922: Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին ան տետրի մը մէջ բծախնդրօրէն կ՛արձանագրէր ծնած իւրաքանչիւր մանուկի տուեալները: Երբ լքեց քաղաքը, ան 4274 ծննդաբերութեան վերահսկած էր:

Չորս հազար երկու հարիւր եօթանասունչորս:

Սիֆորայի քոյրը` Նուրիձան, նոյնպէս դայեակ դարձաւ 1905-ին: Ան, իր կարգին, կը պահէր տետր մը` մանուկներուն մասին մանրամասնութիւններով:

Սկզբնական շրջանին անոնց գլխաւոր յաճախորդները հայ ընտանիքներն էին: Սիֆորայի օժանդակութեամբ, օրինակ, ծննդաբերեցին Ռաֆայէլին կինը` Զարուհին, (յունուար 1892, ապա` մարտ 1893), քիւչիւք Ներսէսին աղջիկը` նիզիպցի Ովսաննան (հոկտեմբեր 1895), թամբագործ Աւագին կինը (մարտ 1879), փիլաւճի Ներսէսին կինը (ապրիլ 1897), տէլի Կիւլլիւն (փետրուար 1898), ատաղձագործ Մինասին կինը` Խանըմ (յունիս 1899), ոսկերիչ Յարութիւնին կինը (հոկտեմբեր 1899) եւ հարիւրաւոր ուրիշներ:

1915-էն ետք հայերուն անունները գրեթէ կը բացակային տետրակներէն:

Պատճառը դուք ալ գիտէք:

Այդ թուականէն ետք անոնց յաճախորդներն են գլխաւորաբար իսլամներ եւ հրեաներ. ժանտարմաներու հրամանատար Քեմալ պէյին կինը (1916), Սելանիկէն գաղթական Մահմուտ էֆենտիին կինը (1916), հրեայ Ճապրային կինը` Սառան (մարտ 1918) եւ ուրիշներ:

Յանկարծ, 1922-ին Սիֆորան հետեւեալը կը գրէ իր տետրակին մէջ. «Անթէպտէ իշիմիզ պիթթի» (Այնթապի մէջ մեր գործը վերջացաւ): Նուրիձան իր տետրակին մէջ կը նշէ, որ 29 նոյեմբերին մեկնեցան կայարան եւ խումբ մը հայ որբերու հետ փախուստ տուին Հալէպ:

Հալէպի մէջ երկու դայեակները շարունակեցին իրենց աշխատանքը: Օսմանեան կայսրութեան տարբեր անկիւններէն ճողոպրելով Սուրիա հաստատուած վերապրողներու անուններով լեցուեցան տետրակներուն էջերը:

Սիֆորայի տետրակի վերջին էջին վրայ կը կարդանք, որ ան մահացաւ 28 մայիս 1940-ին: Քոյրը շարունակեց դայեակութեամբ զբաղիլ 15 տարի եւս:

Այնթապցինե՛ր,

Խորհրդանշական է, որ առաջին անգամ Այնթապի մէջ է, որ երկու քոյրերուն տետրակներէն էջեր հրապարակային կերպով ցուցադրութեան կ՛արժանանան: Այսօր երկու քոյրերը Այնթապ կը վերադառնան իրենց տետրակներով:

Եւ հիմա այս բեմէն ձեզի նայելով` կը մտածեմ պահ մը, թէ արդեօք ձեզմէ քանի՜-քանիները Սիֆորայի եւ Նուրիձայի ծննդաբերած մանուկներուն զաւակներն ու թոռներն են:

Հաւանական է, որ Սիֆորան կամ Նուրիձան ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը գրկող առաջին անձերն էին:

Այս քաղաքին տասնամեակներ ծառայած այդ երկու կիները լքեցին, ցաւ ի սիրտ, եւ երեք բառ իրենց շրթներուն` «Անթէպտէ իշիմիզ պիթթի»:

Պատճառը դուք ալ գիտէք:

Սիֆորայի եւ Նուրիձայի նման հազարաւոր հայեր հեռացան այս քաղաքէն եւ երբեք չկրցան վերադառնալ, բայց անոնք իրենց հետ տարին Այնթապէն մաս մը ու Այնթապով ապրեցան:

Այն քիչերը, ովքեր առիթ ունեցան իրենց պապենական քաղաքը այցելելու, խառն զգացումներով համակուած էին: Անոնցմէ մէկն էր Ճորճ Հայկ: Ան Այնթապը ձգած էր 1919 դեկտեմբերին` «Միացեալ Նահանգներու մէջ գիւղատնտեսութիւն ուսանելու եւ վերադառնալով` մեր արտերու պիստակին, ձիթենիներուն, թզենիներուն եւ այգիներուն հունձքը աւելի հարստացնելու», բայց ան չկրցաւ վերադառնալ:

Պատճառը դուք ալ գիտէք:

40 տարի ետք միայն, արդէն` ամերիկեան բանակի հանգստեան կոչուած սպայ, Ճորճ Հայկ այցելութիւն մը տուաւ Այնթապ: Ահա թէ ի՛նչ գրեց այդ մասին.

«Կանգնած էի մեր տան դիմաց: Ի՜նչ խայտանք, ի՜նչ զգացումներ, ի՜նչ երջանկութիւն է տուն վերադառնալ տարիներ ետք: Սակայն լիովին գիտակցած չէի դեռ, թէ այլեւս կը գտնուիմ ուրիշի մը տան դիմաց: Երբ դուռը թակեցի, տակաւին ունէի այն տպաւորութիւնը, որ շեմին պիտի յայտնուէր եղբայրներէս կամ քոյրերէս մէկը: Մե՞ղք է երազել: Բայց երբ շուրջ 12 տարեկան աղջիկ մը բացաւ դուռը, գիտակցեցայ, թէ ես դրսեցի եմ հիմա»:

Այսօր անոնք, որոնք հայեր ջարդեցին 1895-ին, 1909-ին եւ 1915-ին, արդէն շատոնց չկան: Վերապրողներն ալ մեզի հետ չեն այլեւս: Սիֆորան, Նուրիձան եւ Հայկը մահացած են, բայց անոնք իրենց յիշատակները փոխանցեցին Այնթապէս հեռու հասակ նետած սերունդներուն` իրենց յուշագրութիւններուն եւ տետրակներուն ընդմէջէն:

Սիֆորայի եւ Նուրիձայի շառաւիղները կենդանի են: Անոնք են, որ ինծի յանձնեցին այս երկու տետրակները:

Կենդանի են նաեւ թոռներն ու ծոռերը այն այնթապցիներուն, որոնք լոյս աշխարհ եկան երկու դայեակներուն շնորհիւ:

Անոնցմէ ոմանք հոս` այս սրահին մէջ են հաւանաբար:

Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք պահը շատոնց հասած է, որ անոնց յիշատակները ըլլան նաեւ ձե՛ր յիշատակները:

Պահը հասած է, որ Սիֆորային, Նուրիձային եւ Հայկին շառաւիղներուն ըսէք, թէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան յանձնառու էք այլեւս:

Եւ, վերջապէս, պահը հասած է, որ փոխենք այն երեք բառերը, որոնք կ՛արձագանգեն մեր ականջներուն մէջ այսօր, եւ ըսենք. «Այնթէպտէ իշիմիզ պաշլըեոր» (Այնթապի մէջ մեր գործը կը վերսկսի՛):

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.