Թուրքիոյ ներքաղաքական երկընտրանքը


Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ստեղծուած նոր իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ անյայտներով ձևաւորուող կնճռոտ հաւասարութիւն մըն է տարածաշրջանի նոյնքան կնճռոտ խաղատախտակին վրայ։

Յստակ է, որ Նախ. Էրտողանի կուսակցութիւնը (AKP) կորսնցուցած է շարժումի իր բացարձակ ազատութիւնը երկրի ներքին քաղաքական բեմին վրայ և այս փաստը ինքնին պատճառ կը հանդիսանայ, որ իշխող այս կուսակցութեան ղեկավար ոլորտին մէջ վաղուց գոյութիւն ունեցող ճեղքերը վերստին դրսևորուին և Էրտողան-Տաւութողլու մենատիրական օղակը դնեն լուրջ երկուութիւններու առջև։ Նախկին Նախագահ Ապտուլլա Կիւլ, Փոխ-Վարչապետ Պիւլէնթ Արընչ և կիւլէնեան իսլամիստներու «Ճեմաաթ» խմբաւորումը – իւրաքանչիւրը՝ իր ինքնայատուկ դիրքերէն – արդէն պղտորած են AKP-ի ներքին ջրատարածութիւնը կուսակցութեան յետ-ընտրական խաղաքարտերը աւելի ևս տկարացնելով։ Էրտողանի կուսակցութիւնը տակաւին կը մնայ խորհրդարանի մեծամասնական ուժը և ըստ օրինի դեռևս կը տիրապետէ երկու հուժկու քաղաքական զէնքերու։ Անոնցմէ առաջինը համախոհական (coalition) կառավարութիւն կազմելու իր իրաւունքն է, իսկ երկրորդը՝ Ազգային Մեծ Ժողովի լուծարու՛մը։ Իրականութեան մէջ , երկու զէնքերն ալ դարձած են խնդրայարոյց մէկ կողմէ՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու դժուարահաճութեան պատճառով և միւս կողմէ՝ AKP-ի ղեկավար ոլորտի վերոյիշեալ պառակտումներով։

Այս կէտին վրայ, յստակ չէ, թէ ի՞նչ մարտավարութիւններով առաջ պիտի տարուին միջ-կուսակցական բանակցութիւնները Պր. Տաւութողլուի կողմէ։ Նախ. Էրտողանի յայտարարութիւնը բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց հետ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկելու՝ բուռն առարկութիւններու տեղի տուաւ։ Հարցը այն է, որ Նախ. Էրտողան հետևողականօրէն կ՚անտեսէ իր սահմանադրական իրաւասութիւններու շրջանակը և կը գործէ նախագահական համակարգի մտայնութեամբ. բա՛ն մը՝ որուն հասնելու կարելիութիւնը զլացուեցաւ իրեն վերջին ընտրութեանց արդիւնքներով։ AKP-ի ծրագիրը սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով նախագահական համակարգ ստեղծելու՝ փուլ եկաւ քուէներու անսպասելի վերադասաւորումով։ Իր յայտարարութիւնը բոլոր կուսակցութեանց հետ հանդիպումներու ձեռնարկելու՝ դիտուեցաւ որպէս ներկայ վարչապետական համակարգը շրջանցելու զարտուղի փորձ և նեղ կացութեան մատնեց Տաւութողլուի բանակցային գործընթացը։ Տաւութողլու այժմ կը վստահեցնէ քաղաքական համայնքը, որ ի՛նք պիտի ըլլայ բանակցողը՝ միաժամանակ պնդելով, որ Նախագահին իրաւասութիւնները բանակցութեանց նիւթ չեն կրնար ըլլալ։ Ո՞ր իրաւասութիւնները…

Պատասխանը այս հարցումին կու գայ CHP-ի ղեկավար Պր. Քիլիճտարողլուէն։ Խորհրդարանի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ուժը բնականաբար կը գտնուի հակակշռողի դերին մէջ և այժմ կը ներկայանայ բանակցային գործընթացին իր մեծ պահանջներով։ Յունիսի 15-ի մամլոյ ասուլիսով, Քիլիճտարողլու կը ներկայացնէ 14 ծանր նախապայմաններ բանակցային գործընթացը ուղղորդելու յստակ յաւակնութեամբ։ Այդ պայմաններուն վեցերորդը բացայայտօրէն կը խօսի նախագահի իրաւասութիւններու շրջանակը զգալիօրէն նեղցնելու մասին։ Պարզ խօսքով, Քիլիճտարողլու կառավարական ապագայ դաշինքին միջոցով կ՚ուզէ միանգամընդմիշտ լուծարքի ենթարկել Էրտողանի ժառաանգութիւնը և ճամբայ հարթել դէպի աստիճանական հերթափոխութիւն AKP-էն CHP։ Քիլիճտարողլուի քաղաքականութիւնն է մէկ գրոհով գրաւել երկու դաշտ…Նախ թուլցնել Էրտողանի կուսակցութեան դիրքերը նոր կառավարութեան մէջ և նոյնատեն վերագրաւել HDP-ի քաղաքական տարածքը…Տեմիրթաշի և իր համախոհներուն «ներխուժում»ը ձախակողմեան դաշտէն ներս մեծ մարտահրաւէր մըն է նախ և առաջ Քիլիճտարողլուի կուսակցութեան համար։ Տեմիրթաշի գործօնը հաւասարապէս կը մտահոգէ թէ՛ աջակողմեան AKP-ն և թէ՛ ձախակողմեան CHP-ն։

Տէւլէթ Պահչելիի ծայրայեղ ազգայնական կուսակցութեան (MHP) արժեթուղթերը առայժմ չեն երևար նժարի վրայ, բայց անոնք կարևոր տեղ մը կը գրաւեն ընդհանուր հաշուարկին մէջ։ Տաւութողլու կրնա՛յ ի վերջոյ դաշինք ձևաւորել MHP-ի հետ և շրջանցել Քիլիճտարողլուն և սակայն այդ բանին գինը կրնայ շատ թանկ ըլլալ։ Էրտողան և Տաւութողլու պիտի ամէն գնով խուսափին «արատաւորելէ» AKP-ի դիմագիծը երկրին մէջ և երկրէն դուրս։ Ծայրայեղականութեան բացորոշ պիտակը կրնայ քանդել իրենց համաժողովրդական խարիսխը և յամենայն դէպս զօրացնել ձեռքը ներկուսակցական ընդդիմութեան։

Բանակցային նախնական քննարկումներուն մէջ այսօր նաև չերևար քրտական հարցը համաձայնական լուծումի բերելու Էրտողանի հին նախաձեռնութիւնը։ Միաժամանակ այդ մասին ոչինչ կ՚ըսէ Քիլիճտարողլու իր նախապայմաններով։ Քիւրտ ղեկավարները մտահոգուելու լուրջ պատճառ ունին այս կէտին վրայ։ Քրտական հարցը կրնայ բռնուիլ միջկուսակցական բանակցութիւններու մացառներուն մէջ։ HDP-ի ղեկավարներէն՝ Տիկ. Ֆիկէն Եիւքսէքտաղ Շէնողլուի յայտարարութիւնը երէկ բանակցային գործընթացին մէջ մտնելու իրենց պատրաստակամութեան մասին՝ նոր և անակնկալ գործօն մըն է, որ կը հակասէ առաջին օրերուն Տեմիրթաշի կողմէ տրուած հաւաստիքներուն։ Նոր կացութիւնը կրնայ նոր մարտավարութիւն պարտադրել և խախտել HDP-ի քաղաքական առաջնահերթութիւնները։ Մօտերս կը նախատեսուի PKK-ի և HDP-ի հանդիպումը քրտական հարցի նոր ռազմավարութեան եզրերը ճշտելու նպատակով։ Ուշագրաւ է այն պարագան, որ PKK-ի ղեկավարներէն Տուրան Քալքան բացառուած կը համարէ HDP-ի մասնակցութիւնը որևէ դաշինքի առանց որ արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլայ Թուրքիոյ օրինակարգը…

Յամենայն դէպս բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան այսօր, որ Թուրքիոյ քաղաքական բեմը մտած է տագնապի ոլորտէ մը ներս։ Քաղաքական ուժերը զգալի անվստահութեամբ կը դիմագրաւեն դաշինք ձևաւորելու ներկայ հրամայականը։ Կողմերը վստահ չեն, որ համախոհական կառավարութեամբ գործելու ատակ է ներկայ իշխանութիւնը։ Հակառակ բոլորի ձևական պատրաստակամութեան, ոչ ոք կը գործէ ապահովութեան էական զգացումով։ Ոչ ոք տրամադիր կը թուի իր խաղաքարտերը այրելու և բոլորն ալ անխտիր կը փնտռեն բացառիկ երաշխիքներ։ Տաւութողլու պիտի կրնա՞յ երաշխաւորել զիրենք առանց ցնցելու հիմերը իր հաստատութեան…թէ ի վերջոյ ներկայ գործընթացը պիտի հասնի իր անխուսափելի վախճանին առաջնորդելով Ազգային Մեծ Ժողովի լուծարման և նոր ընտրութիւններու կայացման։ Մօտէն դիտեցէ՛ք. Քիլիճտարողլուի 14 նախապայմանները աւելի շուտ կը յիշեցնեն ընտրական նոր պլատֆորմի մը ուրուագիծը։

Կարօ Արմենեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.