Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան` Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեան


6-10-15_antranig-garabedyan

Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ երեք ծանրաբարձներով: Անոնք են` Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), Նորայր Աւետիսեան (85 քկ) եւ Սիմոն Մարտիրոսեան (գերծանր):

Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Անդրանիկ Կարապետեան` հրաշալի ելոյթ ունենալով եւ բարձրացնելով 355 քկ (155 եւ 180), տիրացաւ ոսկիէ մետալին, հանդիսանալով երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան:

Լուրը փոխանցեց ArmSport.am` օգտագործելով Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին փոխանցած տեղեկութիւնը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.