Հայը պիտի ապրի… Դանիէլ Վարուժանի նամակը «Ազդակ»ի խմբագրութեան գրուած 1909-ին
«Համիդին փորասողուկ թաւալումը ինձի այնքան ուրախութիւն չպատճառեց, որքան Կիլիկիայի ջարդը ճմլեց աղիքներս։ Ցեղին հոգին արիւն կուլայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկող ամէն լուր տաք մոխիրի նման կը թափի գլուխիս եւ սրտիս վրայ։ Հինգ դարեր պէտք եղան, որպէսզի թուրքերէն մաս մը քաղաքակրթուէր, եւրոպականանար, ինչպէս փտած կաթսաները կը կլայեկուին. ո՞վ գիտէ դեռ որչա՜փ հինգ դարեր պէտք են եւ որչա՜փ հայու արիւն՝ միւս մեծագոյն մասին համար։ Երիտասարդ թուրքերը չեն դադրիր Եւրոպայի հասկցնելէ, թէ թուրքը ի բնէ բարի ժողովուրդ է, թէ տաք հայերու անխոհեմութիւնն է աղէտին սկզբնապատճառը… Լուրերը այնքա՜ն գէշ ազդած են վրաս, որ կը ցաւիմ Ատանա չգտնուելուս համար։
Կովկասի հայ-թաթարական ընդհարումները օրինակ մեզ։ Եթէ այդ ոճով շարժինք, խուժանը ինքը պիտի գայ մեզ եղբայրութիւն քարոզելու։ Կռապաշտ է խուժանը. բոցին առջեւ միայն կը խոնարհի։ Քանդելը եւ այրելը բարբարոս ժողովուրդի մը համար առաքինութիւն են. այդ կարմիր աոաքինութիւնը ունեցող մարդիկ միայն կրնան իրենց պատկառանք ներշնչել։ Երջանիկ ապագան, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը Աշխատանքի սրբարանին առջեւ՝ զոր մենք բոլորս կը յուսանք եւ կը հետապնդենք՝ ուխտ մըն է, որ թուրք խուժանին հետ լոկ զէնքերու վրայ կը կնքուի։
Միթէ՞ դեռ հայեր կան, որ ձեր ըսած խլուրդի գոյութիւնը կ’ապրին։ Եթէ մինչեւ հիմա ուրիշ ազգ մը մեր կեանքը ապրէր՝ իր մէջ մէկ պահպանողական չէր հաշուեր։ Միթէ՞ այսքան պղնձի եւ կրակի դարեր չկրցան ձուլել Գայլ Վահաններու սերունդ մը։ Գնչուները անիշխանական պիտի ըլլային, եթէ մեր ճակատագիրն ունենային։ Եւ դեռ հայութեան ծոցին մէջ «խլուրդի գոյութիւններ» կան։ Խլուրդ չեն ատոնք, ընկե՛ր, մեր նախնիներուն դիակներէն տարասերած որդեր են, անարգ որդեր, զոր ադամանդէ գարշապարիս տակ ճզմելու իսկ պիտի զզուէի։ Ո՜վ ատրաշէկ երկաթով կուրացուած հայրենիք, չտեսա՞ր, թէ ինչպէ՛ս լուսաբուխ ծիծերուդ վրայ կը սեղմէիր աստղապսակ որդիներուդ հետ, որոնք Մասիսէն կ’իջնէին, այնպիսի ճէտեր, որոնց սկիզբը թաղուած է այն մօրուտներուն մէջ՝ ուր Վահագն աստուածային Մեղքի վիշապն սպաննեց։
Բայց Հայը պիտի ապրի՝ հակառակ դահիճներուն եւ հակառակ իր Առիւծի աչքին տակ բուսած կորեկին։ Հայը պիտի ապրի ժողովուրդներու սիրազօդ շղթային մէկ ոսկի օղակն ըլլալու համար։ Այս է մեր բոլորիս յոյսը, յոյս մը՝ զոր մուրճով կռեցինք՝ ինչպէս մեր պապերէն մէկուն նիզակը, որ նպատակին կը դիմէր օդին եւ արեւուն մէջ երգելով։ «Չ’անցնիր այն ճրագն, զոր վառեց Աստուած»,- ըսած է վարպետս իր «Հայրունի»ին մէջ, զոր ես կը հասկնամ այն Աստուածը, որ իւրաքանչիւրիս կամքին մէջ է, այն Աստուածը, որ իր իսկ քնարը զէն ու զարդեց մարտիկի մը նման՝ զոր աոաջին անգամ իտէալական պատերազմին կը տանին։ Չ’անցնիր այն ճրագն՝ զոր կամքը վառեց»։
Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթը հիմնուած է 1908ին։ Թերթի հիմնադիրներն են Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Գեղամ Բարսեղեան եւ Վահրամ Թաթուլ։