Ճատրակ. Չեխովի Անուան Թիւ 55 Դպրոցի Խումբը Ախոյեան` Ռուսիոյ Մէջ


6-09-15_number-55Սոչիի մէջ աւարտեցաւ «Սպիտակ նաւակ» կոչուող ճատրակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու դպրոցներու խումբերը:

82 խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Երեւանի Չեխովի անուան թիւ 55 դպրոցի խումբը, որ հանդիսացաւ ախոյեան:

9 հանգրուաններու վրայ երկարող այս մրցաշարքին հայ դպրոցականները արձանագրեցին 6 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեցին միայն մէկ պարտութիւն:

Սամուէլ Խաչատրեան ապահովեց 7 կէտ, Դաւիթ Միրզոյեան` 6,5, Արփինէ Գրիգորեան` 6, իսկ Արթուր Դաւթեան` 5,5:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.