2020՝ Իսլամական Պետութիւններու Անկումը եւ Իրան-Իսրայէլ-Հայաստան Դաշինքի Հաստատումը


Սոհրապ Շամանարայի 15 Յունուար 2015-ին լոյս տեսած «2020՝ Իսլամական պետութիւններու անկումը եւ հաստատումը քաղաքական նոր համակարգի (Իրան-Իսրայէլ-Հայաստան միութիւն)» խորագիրով գիրքին մասին կ՚անդրադառնայ Kirkus Review պարբերականը։

Գիրքը Միջին Արեւելքի վերիվայրումներով լեցուն անցեալին ու թերեւս աւելի ներդաշնակ ապագային նկատմամբ համարձակ գնահատական մըն է։ Շամանարայի գիրքը կը շրջանցէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը տարածաշրջանի ազգային եւ յարանուանական հակամարտութեանց երկարատեւ պատմութեան հակասող երեւակայութիւն մը նկատող ներկայ մտածելակերպը։ Ընդհակառակը, գիրքին հեղինակը կը պնդէ, որ տարածաշրջանին մէջ պատմութիւնը, մասնաւորաբար Իրանի պատմութիւնը, ցոյց կու տայ, թէ արդէն իսկ նոր, նուազ խնդրայարոյց ապագայի մը խոստումը կը պարունակէ։

Շամանարա Իրանը կը նկատէ քաղաքական փոխակերպման մը հիմնաքարը, անոր երիտասարդ քաղաքացիները, որոնք դժգոհ են յարատեւ վերիվայրումներէն եւ կրթական ու ճարտարագիտութեան մակարդակի աճով խանդավառ սերունդ մըն են։ Ըստ անոր, անոնք բռնատիրական վարչակարգը այլեւս գրեթէ չեն հանդուրժեր։ Շամանարա կը պատկերացնէ ապագայ Իրան մը, որ կ՚որդեգրէ նոր սահմանադրութիւն մը, աշխարհիկ օրէնք մը եւ մաս կը կազմէ Իսրայէլի ու Հայաստանի հետ տնտեսական դաշինքի մը։ Այս յեղափոխութիւնը, մասնաւորաբար աստուածապետական իշխանութեան նահանջը պիտի յառաջացնէ տոմինոյի ազդեցութիւն մը, որ պիտի տարածուի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։ «Անգամ մը, որ կրօնի ազդեցութիւնը վերցուի, մանաւանդ, երբ կառավարութիւնն ու կրօնը մէկ չեն, եւ երբ տնտեսական ճնշում չկայ, մարդիկ իրարու նկատմամբ իրենց իսկական զգացումները պիտի արտայայտեն», կը գրէ ան։ 
Միջին Արեւելքի պատմութեան ներածական մը ներկայացնելուն կողքին՝ Շամանարա հասկնալի կը դարձնէ շիիութեան, սիւննիութեան եւ սալաֆականութեան տարբերութիւնները եւ կը բացատրէ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման յառաջացումը, ինչպէս նաեւ հարցականի տակ կ՚առնէ իրանեան նախագահութեան քաղաքական իսկական նշանակութիւնը։ Վէճ յառաջացնելէն չվախնալով՝ ան նաեւ հիմնաւորուած ձեւով կը պնդէ, որ հրեայ ժողովուրդը Իրանի «բնական դաշնակից»-ն է։ Գիրքը կը յիշեցնէ, որ Իրան, որ ներկայիս քաղաքական գետնի վրայ առաջատար կարգի վրայ չէ, ատենօք համաշխարհային քաղաքակրթութեան հնոցն էր եւ արուեստի, գիտութեան եւ առեւտուրի յառաջատար մը։ Պատմական գիտելիքներով լեցուն եւ լաւատես՝ այս պարզ ոճով գրուած գիրքը ողջունելի նպաստ մըն է Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեան։ Ճիշդ ատենին կատարուած եւ մտածելու մղող ուսումնասիրութիւն մը, միջին արեւելեան հարցերու թէ՛ անծանօթներու եւ թէ՛ մասնագէտներու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.