«Մեր միասնութիւնը պէտք է նպատակաուղղուի հայոց պետութեան հզօրացման ուղղութեամբ». ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան


«Մեր միասնութիւնը պէտք է նպատակաուղղուի հայոց պետութեան հզօրացման ուղղութեամբ». ՀՀ  Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան

Հարցազրոյց ՀՀ  Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի հետ

Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան Գանատա կատարած իր այցելութեան ընթացքին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հորիզոն»¬ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը.
 

«Հորիզոն»¬ Ի՞նչպէս կ’արժեւորէք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները, եւ յաջորդ հանգրուանին ի՞նչ կարելի է ծրագրել այս առնչութեամբ։

Հրանոյշ Յակոբեան¬ Ես այն կարծիքին եմ, որ ամբողջ աշխարհի վրայ, ոչ ոք չէր պատկերացներ, որ արդիւնքները այսպէս պիտի ըլլան։ Բոլորս ալ զարմացած ենք եւ բոլորս ալ հասկցանք, թէ ինչ կը նշանակէ հայկական աշխարհը, ինչ կը նշանակէ երբ սփիւռքը հայրենիքի պետութեան հետ է։ Երբ սփիւռքը հայերնիքի կողքին է աւելի կը հզօրանայ մեր ուժը եւ կրնանք աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրել։ Արդիւնքներու արձանագրումը ակնյայտ էր յատկապէս քաղաքական գետնի վրայ։ Մենք շատ յոռետես կերպով կը նայէինք այն հարցին, թէ Աւստրիոյ, Գերմանիոյ եւ միւս կառավարութիւնները ինչպէս պիտի արձագանգեն, բայց ինչպէս տեսանք, աշխարհի վրայ շատ բան փոխուած է, աշխարհը փոխուած է, եւ մենք պէտք է այդ մէկը օգտագործենք յօգուտ արդարութեան եւ ճշմարտութեան։ 

Ի հարկէ, այստեղ կ’առանձնացնէի Ֆրանսիս Պապի գործունէութիւնը եւ անոր հզօր, համաշխարհային քայլը, որ կատարեց։ Ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութինիւնը, Պապը աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հարցի վրայ, որ պէտք է վերջ տալ անտարբերութեան, պէտք է չլռել եւ պէտք է եղելութիւնները կոչել այնպէս ինչպէս են։ Ան իր արտասանած տարբեր խօսքերուն մէջ քանի մը անգամ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան։ Նաեւ ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի, երբ Ֆրանսիս Պապը մեր դարաւոր  աստուածաբանը, գիտնականը, իմաստասէրն ու հոգեւորականը՝ Գրիգոր Նարեկացին դասեց տիեզերական վարդապետներու շարքին։ Ասիկա ոչ միայն գնահատական էր Նարեկացիին, այլ նաեւ՝ հայ ժողովուրդին։ Հայ ժողովուրդը հնագոյն, դարաւոր ժողովուրդ ըլլալով՝ դարերու ընթացքին ստեղծած է, արարչագործած է, կերտած է եւ ոչ թէ ոչնչացուցած է, սպաննած, վայրագութիւններ կատարած։ Ուր որ ալ հասած է, որ երկրին մէջ ալ ապրած է խաղաղութեան, հանգստութեան ջատագովն ու պաշտպանը եղած է մեր ժողովուրդը։ Այսօր հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ ապրող հայ համայնքներու նկատմամբ տեղական իշխանութեան վերաբերմունքը կը խօսի այն մասին, որ մեր ժողովուրդը իր բնաւորութեամբ, իր հոգեկերտուածքով միայն բարութեան, արդարութեան, ընկերակցութեան պայմաններու մէջ ապրող եւ արարող ժողովուրդ է։ Բան մը, որ ան հազարամեակներու ընթացքին կատարած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, մեր հայրենիքին, մեր հողերուն վրայ, սակայն թուրք բարբարոսները գալով եւ տիրանալով այդ տարածքներուն չկարողացան հաշտուիլ, գրագէտ, խելացի մարդոց հետ։ Չկարողացան հաշտուիլ արարողներու հետ։ 
Իսկ այն հանգրուաններու մասին, որ դուք նշեցիք՝ առաջին հերթին սփիւռքի գործունէութիւնը պէտք է գնահատել իբրեւ փայլուն, սփիւռքեան կառոյցները բոլորը համատեղ աշխատեցան մէկ մարմինի մը նման, եւ այսօր ալ, մենք ամբողջ տարին պէտք է շարունակենք, կանգ պէտք չէ առնենք։ 

Մեր միասնութիւնը պէտք է նպատակաուղղուի մէկ ուղղութեամբ՝ հայոց պետութեան հզօրացման ուղղութեամբ։ Ասիկա պէտք է ըլլայ մեր գերխնդիրը։ Եթէ մենք կ’ուզենք ցեղասպանութեան հարցով, որեւէ շօշափելի քայլ կատարել՝ ատիկա Հայաստանի հզօրացման ճամբով է։

«Հ»¬Տիկ. Յակոբեան, անցնող օրերուն հայրենի  լրատուամիջոցներ տարբեր մեկնաբանութիւններ կատարեցին ձեր այն յայտարարութեան մասին, թէ սփիւռքը ինչպիսի դերակատարութիւն կրնայ ունենալ հայերնիքի հզօրացման գործին մէջ։ Խնդրեմ, եթէ կրնաք մեր ընթերցողներուն դարձեալ փոխանցեցէք այդ ուղերձը։

Հ.Յ.¬ Սիրով։ Երկրաշարժէն ետք, սփիւռքը հայրենիքին կողքին եղած է, եւ եթէ մենք կարողացանք դիմագրաւել այդ ծանր օրերը, եթէ կարողացանք Ատրպէյճանէն եկած 400 հազար տեղահանուածներուն տիրութիւն ընել, եթէ մենք կարողացանք ղարաբաղեան պատերազմին մէջ յաղթանակ արձանագրել, եթէ մենք այսօր ունինք ազատ ու անկախ Արցախի պետութիւն, եթէ այսօր Հայաստանի հանրապետութեան տնտեսութեան որոշ ճիւղեր կը զարգանան ու կը հզօրանան, ապա ատոր գլխաւոր հերոսներէն մէկը սփիւռքն է, սփիւռքահայ անհատներն են, սփիւռքեան կառոյցներն են, եւ ես կը ցաւիմ, որ մեր լրատուամիջոցները չեն տեսներ այդ դրականը, այդ ամէնը եւ անընդհատ կը յայտարարեն, որ սփիւռքը չի վստահիր հայրենիքին։ Եթէ սփիւռքը հայրենիքին չվստահէր, ընդամէնը մէկ տարի առաջ հարիւր միլիոնէն աւելի ներդրում չէր կատարէր Դիլիջանի մէջ միջազգային դպրոց հիմնելու համար, 13-14 միլիոն տոլար չէր ներդրեր Երեւանի մէջ Աւետիսեան դպրոց կառուցելու համար, միլիոնաւոր տոլարներ չէր ներդրեր «Երեւան մոլ»¬ը կամ այսօր ալ մէկ այլ առեւտրական համալիր կառուցելու համար։ Այնպէս, որ անընդունելի են այդպիսի յարձակումներն ու խօսքերը, թէ իբրեւ թէ, սփիւռքի չի վստահիր եւ չուզեր օգնել հայրենիքին։ Ընդհակառակը, սփիւռքը միշտ ալ հայրենիքին կողքին եղած է։ Անհատներու հետ անհամաձայնութիւններու դէպքեր եղած են, սակայն զանոնք ընդհանրացնելը եւ ամբողջ սփիւռքի վրայ տարածելը ես կը գտնեմ անտեղի։ Միւս կողմէ՝ եթէ այսքան ոգեւորուած ու համախմբուած ենք, ապա ով եթէ ոչ սփիւռքի նախարարը պէտք է էր սփիւռքին դիմէր՝ խնդրելով եւ յորդորելով, որ այս մեր կարողականութիւնը եւ ներուժը ինչ ընենք, որպէսզի յաջորդ հանգրուանը աւելի հզօրանայ։ Ատիկա Հայաստանի հզօրացումն է։ Ասիկա շատ յստակ է։

Որքան Հայաստանը հզօրացնե՛նք, այդքան արտագաղթը կը կանխարգիլուի, որքան Հայաստանը հզօրացնե՛նք, այդքան աղքատութիւնը կը կրճատուի։ 25 տարիէ ի վեր շարունակ կը խօսինք արտագաղթի մասին։ Ասիկա նոր երեւոյթ մը չէ, եւ սփիւռքէն ու Հայաստանէն տարբեր մշակութային գործիչներ անընդհատ կ’արտայայտուին։ Անոնց շարքին է նաեւ երգիչ Սերժ Թանգեան։ Ըսուածը նոր բան չէ։ Բայց իմ խնդիրս, իմ յորդորս ու խնդրանքս սփիւռքին, ոչ թէ ինքնին անհատին կամ մարդուն, այն է, որ եթէ կրնաք օգնել հայրենիքին, օգնութեան ձեւերէն մէկը կարելի է համարել երեւանեան դրամատուներուն մէջ անձնական հաշիւներու հաստատումը։ Այդ ձեւով մենք կը հզօրացնենք մեր դրամատնային համակարագը, որ իր կարգին շատ ցած տոկոսներով տնտեսութեան վարկեր կը յատկացնէ եւ այդ ձեւով տնտեսութիւնը կը զարգանայ։ Զարգացած տնտեսութեան պայմաններուն մէջ արտագաղթը կը կրճատուի։ Ասիկա սովորական, շատ պարզ բանաձեւ է։ Եւ իբրեւ նախարար, դարձեալ կը կրկնեմ, սփիւռքէն գումարներ չեմ խնդրեր, այլ ընդամէնը կը յորդորեմ, որ խնդիրը լուծելու ձեւերէն մէկը՝ առաջարկածս է։ 

Երկրորդը զբօսաշրջութեան խնդիրն է։ Եօթը միլիոն մարդ կ’ապրի հայրենիքէն դուրս։ Եթէ տարեկան երկու միլիոն մարդ հայրենիք գայ եւ այնտեղ հանգստանայ, ապա երկու միլիառ տոլար մուտք կը գործէ Հայաստան։ Այդ մէկը դարձեալ կը նշանակէ տնտեսութեան հզօրացում, ենթակառոյցներու զարգացում եւ աշխատատեղերու յաւելում։ 

Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրս այդ երկրին մէջ մէկ փոքրիկ ներդրում կատարէ, մեր երկիրը կը հզօրանայ։ Ես կ’ուզեմ, որ աշխարհին յղենք այն պատգամը, որ մենք փոքր տարածքի մէջ կ’ապրինք, սակայն իբրեւ ժողովուրդ մենք մեծ ենք, հզօր ենք, մենք տասը միլիոն ենք եւ եթէ ատոր վրայ գումարենք նաեւ իսլամացած, թաքուն հայերը՝ 12 միլիոն ենք, եւ մենք իրաւունք չունինք քանի մը հոգիով 12 միլիոն ժողովուրդի անունով խօսելու։ Ատիկա բոլորին կը վերաբերի: 

Ես հպարտ եմ սփիւռքով, կը խոնարհիմ սփիւռքեան բոլոր կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու առջեւ, ներառեալ Դաշնակցութեան եւ անոր քոյր կառոյցներու առջեւ։ Այս օրերուն ես եղայ թէ՛ ՀԲԸՄ¬ի դպրոցին մէջ, թէ՛ Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող եկեղեցւոյ մէջ, եւ հիացայ, ուրախացայ, զարմացայ։ Հազար երեխայի մայրենի լեզու սորվեցնել, կրթել ու դաստիարակել, զբաղիլ հայակերտումի եւ մարդակերտումի հարցերով աննկարագրելի հզօր ուժ է հայրենիքէն այսքան հեռու։ Դուք ա՝դ ճամբով Գանատայի հայութիւնը կը մօտեցնէք Հայաստանին։ Կը հաստատէք կամուրջներ, որ աւելի ամուր,ուժեղ եւ հայկական ըլլան։ Չեմ կրնար խորին շնորհակալութիւններս չյայտնել Գանատայի իշխանութիւններուն, գանատական պետութեան, Գանատայի վարչապետին, մեր Մոնթրէալի քաղաքապետին այդ ջերմութեան, սկզբունքայնութեան,ճշմարտութեան, մարդկային որակի համար, որոնք անոնք կը ցուցաբերեն հայ ժողովուրդի ցաւին եւ իրաւունքներուն նկատմամբ։ Գանատան միշտ ալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով յառաջամարտիկ եղած է, եւ մենք այդ մէկը կը զգանք մեր վրայ իբրեւ հայ ժողովուրդ։ 

Կ’ուզեմ նաեւ շնորահակալութիւն յայտնել «Հորիզոն»¬ին, որովհետեւ այս թերթը ճիշդ, առարկայական քաղաքականութիւն կը վարէ, ոչ թէ ծայրայեղութիւններու մէջ կ’իյնայ, այլ՝ իր բռնած գիծը, որով ան կ’աշխատի միայն օգուտ է հային, հայութեանը եւ Հայաստանին։ Եւ մեր բոլորին նպատակը այդ պէտք է ըլլայ։

«Հորիզոն» – Շնորհակալութիւն տիկ. Յակոբեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.