Սասունի Վերջին հայերը


Սասունցի հայուհիներ

«Թարաֆ» թերթի մէջ Էնվէր Սէզկին երէկ կը խօսէր Սասունի վերջին հայերէն Իսա Տէմիրճիի, այս առիթով ալ Սասունի պատմական վայրերու մէջ մնացած վերջին Հայերու մասին։ Իսա Տէմիրճի երեք տարեկան էր 1915-ին: Այդ օրերուն քիւրտ Պէքիրհանի ցեղախումբը պահեց Տէմիրճի ընտանիքի անդամները եւ զանոնք փրկեց։

Հայրը Գէորգ Տէմիրճի տեղահանութենէն ետք կը վերադառնայ իրենց Հէրէնտ գիւղը։ Վեց զաւակներ կ՚ունենայ, մէկը Հայաստան կը գաղթէ, երկու աղջիկները երիտասարդ հասակի մէջ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն։ Գէորգին մահէն վերջ ընտանիքին հոգը կը ստանձնէ Իսա Տէմիրճի։ Սիրուած անձ մը կը դառնայ, բայց 1980-ի պետական հարուածով դարձեալ կու գան գէշ օրեր։ Ահաբեկչական արարքներու պատճառաւ ծանր ճնշում կայ։ Ընտանիքը կը ստիպուի գաղթել, բայց Իսա Տէմիրճի հոն կը մնայ մինչեւ իր մահը։ Գիւղի եկեղեցիին քով մզկիթ մըն ալ կառուցել կուտայ։ Իր երկու աղջիկները Պէշիրհան ցեղախումբէն տղոց հետ ամուսնացնելով այդ ցեղախումբին մօտ իր պարտքը կը վճարէ։ Դագաղին վրայ կը գրեն. «Սասունի վերջին Հայը»։ Բայց իսկապէս վերջի՞ն Հայն էր ան։

Իր յօդուածին մէջ Էնվէր Սէզկին այնուհետեւ կը պատմէ դէպի այդ վայրերը իր այցելութիւնը։ Այս վայրերը իրենց պատմական հարստութեամբ դրախտային գեղեցկութիւն ունին։ Ատենօք հոս միասին կ՚ապրէին Հայեր, Արաբներ ու Քիւրտեր։ Հիմա իրենց դիմացը ելլողին կը հարցնէ թէ հոս Հայեր կա՞ն։ Միշտ նոյն պատասխանը կը ստանայ։ Ոչ։ Յետոյ գիւղապետը կը խոստանայ անոնց ընկերանալ ու միասին կը բարձրանան դէպի Մէրէթօ (Մարաթուկ) լեռը։ Ճամբաները ահաւոր կերպով գէշ են, միջոց մը վերջ կը ստիպուին կառքերէն իջնել ու հետիոտն երթալ։ Ի վերջոյ կը հասնին 50 հոգի բնակչութեամբ գիւղ մը։ Գիւղապետը կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ անոնք»։ Այսինքն Հայերը։

Մէկը Արիֆ Գափլանն է, որ Իսթանպուլ կ՚ապրի։ Ճէմիլ Գափլանն ալ 38 տարեկան է ու բնաւ չէ հեռացած իր գիւղէն։ Բայց չէ ամուսնացած։ Երբ պատճառը կը հարցուի, կը պատասխանէ, որ գիւղին մէջ Հայ աղջիկ չկայ, որպէսզի անոր հետ ամուսնանայ։ Քանի մը մահմետական ընտանիքէ աղջիկ ուզեց, անոնք ալ պահանջեցին որ նախ կրօնքը փոխէ եւ իսլամանայ։ 

Հաճելի զրոյց մը կը սկսի, բայց երբ խօսքը կուգայ ջարդին, անոնց բերանը չի բացուիր։ Կը վախնան խօսելու։

Ճէմիլ Գափլան կ՚աւելցնէ սակայն որ իր հօրը ու մերձաւորներուն գերեզմանները հոս են ու ինք ալ հոն ծնած է եւ հոն ալ պիտի մեռնի։ Յօդուածագիրը ինքն իրեն կը հարցնէ թէ արդեօք ան պիտի կարենա՞յ յարգել իր խօսքը։ Յայտնի չէ։ Միայն յայտնի է որ այդ տեղերը այլեւս Հայերը բոլորովին ոչնչանալու վրայ են։

Վերադարձին յօդուածագրին ականջներուն մէջ միշտ կը հնչէ գիւղապետին սա խօսքը. «Այս հողերը տժգունիլ սկսան։ Մե՜ղք, շատ մե՜ղք»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.