«Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը թիւ 587 բանաձեւի աշխատանքները սկսաւ 2013-ին»շ կը հաստատէ Օթթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան


«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ 30 տարիներէ ի վեր Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին ծառայող, նշեալ յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն եւ Հայ Դատի աշխատանքներու վաստակաւոր գործիչ ընկեր Ռուբէն Գոյումճեանի հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը.

«Հորիզոն»- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայութեան պատրաստուածութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

Ռուբէն Գոյումճեան- Եթէ սկսիմ Գանատայի տարածքով՝ բնականաբար լաւատեղեակ եմ անցուդարձէն։ Իսկ այլ երկիրներու մէջ թէ ինչ ծրագրուած էր եւ ինչ կրցան յաջողցնել՝ նուազ տեղեակ եմ։ Սակայն արձագանգներուն ծանօթ եմ։ Ինչպէս Գանատայի տարածքին, այնպէս ալ աշխարհի տարածքին կատարուած աշխատանքներուն պիտի անդրադառնամ քննադատի եւ ինքնաքննադատի աչքով։ Առաջին հերթին՝ շատ յստակ էր, որ շատ աւելի՛ն կրնայինք իրագործել։ Անշուշտ գոյութիւն ունէին բազմաթիւ դժուարութիւններ, ինչպէս մարդուժի եւ նիւթական միջոցներու պակաս եւայլն։ Ատոնց մանրամասնութիւններուն պիտի չանդրադառնամ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ անոնք արդէն հանրայայտ խնդիրներ են։ 100-ամեակը մեզի համար մեծ առիթ մըն էր։ Պիտի գոհանամ անդրադառնալով Գանատայի մէջ մեր ձեռքբերումներուն։ Այդ չի նշանակէր, որ ընելիք չունինք. ընդհակառակը՝ հիմա, որ հակառակորդը շատ աւելի զգացական վիճակի մէջ է, որովհետեւ ուրացումի թեզերուն հիմքերը խախտած են եւ օտար պետութիւնները սկսած են բացայայտ կերպով այդ ուղղութեամբ քննադատութիւններ ընել, երբեմն շատ կարծր ոճով, Թուրքիոյ մէջ մամուլը սկսած է շատ յստակ կերպով հարուածել կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Ասոնք լաւ նշաններ են, սակայն կայ հարց մը՝ մենք ի՞նչ ուղեգիծ ունինք եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ այդ։ Ուրացումի պատին մէջ յառաջացած ճեղքերը օգտագործելու ձեւը պէտք է անպայման գտնուի։ Եթէ այդ մէկը չկատարենք, այդ ճեղքերը որեւէ բանի չեն ծառայեր։ Միւս կողմէ՝ եթէ այդ ճեղքերը լաւապէս օգտագործենք ուրացումի պատին քանդումը կը դիւրացնենք։ Այդ մէկը մեր քաղաքական աշխատանքին հիմնաքարն է։ Ատիկա պէտք է ընենք նաեւ մեր ժողովուրդը ոգեւորելու համար, որպէսզի ան հարցին մասնակից դառնայ։ Ժողովուրդը մասնակից դարձնելը, ինծի համար, թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է։ Օտարներու մօտ աշխատանքը կ’ընենք, սակայն ոչ ոք թող կարծէ, թէ ժողովուրդին մօտ կատարուած աշխատանքը ժողովուրդին կը մնայ, իսկ օտարին մօտ կատարուածը՝ օտարին։ Այդպէս չէ։ Ժողովուրդին մօտ կատարուած աշխատանքը օտարին մօտ անարձագանգ չի մնար։

«Հ»-Ընկեր Ռուբէն, դուք Գանատայի մէջ տարիներու փորձառութիւն ունիք։ Ե՞րբ միացած էք այդ յանձնախումբին։

Ռ.Գ.- 30 տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանիմ Փարլիամընթ Հիլի վրայ, սակայն ոչ միայն իբրեւ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն։ Առաջին տարիներոուն գրասենեակ ալ չունէինք։ Շաբաթը մէկ-երկու անգամ կը մեկնէի Օթթաուա քարոզչական աշխատանք կատարելու համար։ Որդեգրուեցան որոշ բանաձեւեր, որոնց որդեգրումը ինքնաբերաբար չէր, այլ՝ աշխատանքի արդիւնք, օրինակ 1996-ի բանաձեւը, որ Պլոք Քեպեքուայի կողմէ ներկայացուած էր, եւ որուն աշխատանքը կատարուեցաւ տեղւոյն վրայ։ Այլ գետնի վրայ, եթէ նկատի ունենանք 80-ականներու սկիզբը Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ Օնթարիոյի եւ Քեպեքի մէջ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը, եւ երկու խորհրդարաններու կողմէ այդ բանաձեւերու որդեգրումը, այդ չի նշանակէր, որ մեր գործունէութիւնը անպայման այդ թուականին սկսաւ։ Ատիկա բնականաբար նախապէս կատարուած աշխատանքի մը վրայ հիմնուած էր։ Սակայն գործնական գետնի վրայ, եւ ըստ իս, ներկայ ձեռքբերումներուն մեկնակէտը Ապրիլ 1996-ի բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումն է. Այժմու մեր բոլոր ձեռքբերումները ատոր վրայ հիմնուած են։ Ասիկա շատ կարեւոր է։ 1996-էն մինչեւ 2002՝ Ծերակոյտի մէջ բանաձեւի որդեգրման թուականը ցեղասպանութեան վերաբերող 4-5 բանաձեւեր ներկայացուեցան, սակայն անոնք արգելակուեցան այդ օրուան կառավարութեան կողմէ։ Հարցը այն էր, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ կառավարութեան դիրքը շատ ամուր էր, ուստի ծրագրեցինք դիմել Ծերակոյտին, եւ մենք հոն յաջողեցանք. Ծերակոյտը 2002-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այդ բանաձեւը երկու բաժին ունէր. առաջին բաժինին մէջ կ’ըսուէր, որ Ծերակոյտը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ երկրորդ բաժինին մէջ Ծերակոյտը Ներկայացուցիչներու տան կոչ կ’ուղղէր իր օրինակին հետեւելով ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24-ը կը հռչակէր ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր։ Այս վերջին կէտին շուրջ Ծերակոյտին մէջ վէճ մը տեղի ունեցաւ։ Կարգ մը ծերակուտականներ առարկեցին, որ յիշատակի օրուան մը նշանակման լիազօրութիւնը Ծերակոյտին չի պատկանիր, այլ՝ Ներկայացուցիչներու տան, եւ այդ կէտը դուրս բերուեցաւ բանաձեւէն եւ հարցը այդպէս փակուեցաւ։

«Հ»- Անցնող օրերուն գանատահայութեան համար վերստին արձանագրուեցաւ յաղթանակ մը, որուն մէջ մեծ է դերը Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին։ Որդեգրուեցաւ թիւ 587 բանաձեւը, որ ապրիլ ամիսը կը հռչակէ ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս, իսկ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր։ Ճիշդ ե՞րբ սկսան այս բանաձեւի որդեգրման ապահովման աշխատանքները։

Ռ.Գ.- Թուականները շատ յստակ են։ Նախեւառաջ 2013-ի Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի շրջանային ժողովին ընթացքին, իմ առաջարկովս որդեգրուեցաւ այն բանաձեւը, թէ յաջորդող երկու տարուան ընթացքին 100-ամեակի առթիւ Ապրիլ 24-ը որդեգրուի իբրեւ յիշատակման օր։ Այս իմաստով, կրնանք հաստատել, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը թիւ 587 բանաձեւի   աշխատանքները սկսաւ 2013-ին: Աւելի ուշ, Հայ դատի յանձնախումբի այս աշխատանքը համադրուեցաւ 2014-ին կազմուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի միացեալ մարմինին հետ։ 100-ամեակի միացեալ մարմինը սկսաւ նկատի ունենալ նախապէս որդեգրուած բանաձեւերը, որոնցմէ մէկը յիշատակման օրուան հարցն էր։ Սակայն 2013-2014 ժամանակաշրջանին արդէն ես այդ ուղղութեամբ թղթածրար մը պատրաստած էի։ Թղթածրարներուն մէջ ներառած էի Գանատայի կողմէ ճանչցուած այլ ցեղասպանութիւնները՝ ընդգծելու համար, որ բացի Հայոց ցեղասպանութենէն մնացեալը արդէն իրենց յիշատակման օրը ունին, եւ ատով կը հիմնաւորէի Հայոց ցեղասպանութեան համար ալ յիշատակման օրուան ճշդումը։ Այդ մէկը իր արդիւնքը տուաւ։ Հարկ է նշել, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին այս թիւ 587 բանաձեւի աշխատանքները համադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի կեդրոնական մարմինին հետ, սակայն այդ աշխատանքին հիմնաքարը արդէն դրուած էր 2013-ի Հայ դատի յանձնախումբի շրջանային ժողովին որդեգրուած բանաձեւին հիմամբ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կատարած աշխատանքով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.