Վերջին կենդանի վկաներ եւ Ցեղասպանութեան հարիւր տարիներ


Ոչինչ ցեղասպանութիւնը աւելի անհերքելի կը դարձնէ քան նայիլը աչքերուն մէջ անձի մը, որ աներեւակայելի կացութենէն վերապրած է։ Ես ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ առաջին հանդիպումի ընթացքին միշտ կը պապանձիմ։ Անոնց ի՞նչ կրնամ ըսել, որ անոնց տեսածին լոյսին տակ անհեթեթ չթուի։

Մարտ 2015-ին, այցելեցի Մոնթրէալի մէջ երեք ծերանոցներ։ Նպատակս հարցազրոյց կատարել էր այս քաղաքին մէջ գտնուող ցեղասպանութիւնը վերապրած վերջին վկաներուն հետ։ Այցելութիւններուս մղիչ ուժը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շուրջ համաշխարհային հետաքրքրութիւնն էր։ Տարեցներու հոգատարութեան կեդրոնները զիս երբեք անտարբեր չեն ձգեր։ Այդտեղ գտնուող տարեցներուն տարօրինակ անհոգութիւնն ու դատարկ կամ զգաստ նայուածքները ժամանակի թաւալման մասին ազդու յուշարարներ են։

Գանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի նախաձեռնութիւնը եղող այս ծրագիրին նպատակը վերապրողներու վերջին վկաներուն վկայութիւնները արձանագրելն ու արխիւագրելն է։ Տարիներու ընթացքին անհատներու եւ հաստատութիւններու կողմէ ջանքեր գործադրուած են Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները հաւաքագրելու համար։ Սակայն, մինչ 24 Ապրիլ 2015-ը կը մօտենայ եւ վերապրողներուն վերջին մոհիկանները, իրերայաջորդ կերպով կը հեռանան այս կեանքէն՝ անոնց ձայներն ու պատմութիւնները պահպանելը աւելի քան երբեք հրատապ կը դառնայ։ Թէեւ ճշմարտութեան եւ երկխօսութեան ձգտող թուրք մտաւորականներու, մարդկային իրաւանց գործիչներու եւ ուսանողներու թիւը տեսնելը քաջալերական է՝ այս հրատապ գործի դրդապաճառը նաեւ թրքական պետութեան տարածած տարատեսակ մերժողական հռետորաբանութիւնն է։

Ես, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին որպէս անհամ, մեր ծրագիրի գործավար Ալիք Պուլկարեանի եւ մեր լուսանկարիչ Սերժ Եսայեան յանուն յանձնախումբին ձեռնարկեցինք այս կենդանի պատմութիւններու հաւաքման ու փաստագրման աշխատանքին։ Հանդիպում ունեցանք երեք վերապրողներու հետ. Գեղեցիկ Յակոբեան-Զուրիքեան (104 տարեկան), Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան (106 տարեկան) եւ Արմէնուհի Թենքերեան-Փիլիկեան (101 տարեկան)։ Անոնց երկարակեացութիւնը բնագիտական առումով տպաւորիչ չէ, սակայն անոնց տարիքը մեծապէս խորհրդանշական է, որովհետեւ Թուրքիոյ արդի հանրապետութիւնը նախորդող Օսմանեան կայսրութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը գործեց հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին։

 

Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան (106 տարեկան) 

Ձեռքս ունէի շարք մը հարցումներ, սակայն չէի գիտեր ինչ ակնկալել, սակայն մեծապէս հետաքրքրուած էի լսելու վերապրողներուն կեանքի պատմութիւնը եւ զայն ուրիշներու փոխանցել։ Մեր հանդիպումին ընթացքին փորձեցի անոնց հետ մտերմանալ։ Ի վերջոյ անոնց համար օտար մըն էի, որ իրենցմէ կը խնդրէր ներկայացնել իրենց անցեալի սեւ ու դժուար օրերը։ Հարկ չկայ նշելու, որ այս կիներուն հետ հարցազրոյց կատարելը մեզի համար ուժեղ փորձառութիւն մըն էր։ Անոնց խոր աչքերուն եւ բառերուն միջոցով ժամանակի եւ պատմութեան մէջ ետ երթալը մեծապէս զգացական եւ ազդեցիկ փորձառութիւն մըն էր։ Տեսնելն ու դիտելը, թէ այս կիները ինչպէս կը վերապրին իրենց անցեալը, մինչ կը պատմեն անջատումը, տեղահանութիւնը, մահը, սակայն կը պահեն իրենց արժանապատուութիւնը, թէ՛ սրտաճմլիկ է եւ թէ՝ տպաւորիչ։ Այս կիները թերեւս հիմա ֆիզիքապէս տկար են, անոնց մարմինները յոգնած ու նիհարակազմ, սակայն անոնց աչքերը կը շարունակեն մնալ փայլուն, առատաձեռն եւ վճռակամ։

 

Գեղեցիկ Յակոբեան-Զուրիքեան (104 տարեկան)

Մեր առաջին հանդիպումը Գեղեցիկ Յակոբեան-Զուրիքեանի հետ էր։ Ան ծնած է Պոլսոյ մօտ գտնուող Պուրսայի մէջ։ Այս տարուան Սեպտեմբերին Յակոբեան 105 տարեկան պիտի ըլլայ։ 1915-ին, Յակոբեանի հայրը զինուորագրուեցաւ թրքական բանակին մէջ, ապա հայ ըլլալուն համար սպաննուեցաւ։ Հետագային ան փոքր տարիքին անջատուած է իր մօրմէն ու քոյր-եղբայրներէն եւ իբրեւ որբ մեծցած իր կողքին ունենալով քոյրերէն միայն մէկը, մինչեւ որ վերջինս հիւանդացած է եւ իրմէ բաժնուած։ Իբրեւ որբ տեղահանուած մը՝ անոր երթը զինք տարած է Յունաստան եւ Եգիպտոս։ Որբանոցէն հեռանալէ ետք՝ ան Յունաստանի մէջ հրէական տան մը մէջ սպասաւորութիւն կատարած է։ Յակոբեան հետագային հանդիպած եւ ամուսնացած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մէկ այլ որբի մը հետ, որ իբրեւ գաղթական կ՚ապրէր Պէյրութի մէջ։ Անոնք ընտանիք կազմած են Եգիպտոսի մէջ եւ իրենց երեք զաւակներուն հետ գաղթած Գանատա։ Տասնեակ տարիներու բաժանումէ ետք՝ Յակոբեան փնտռած ու գտած է իր մայրը։ Հակառակ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն՝ Յակոբեան կ՚ապրի իբրեւ վկայ մը, թէ հայերը ինչպէս հակառակ ամէն բանի վերապրեցան։ Ապշեցայ, որ 104 տարեկանին ան կը վայելէ գեղեցկութիւն, շնորհք եւ հաւատք։ Նոյնիսկ այսօր, մինչ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք իրադարձութիւնները, աչքերը կ՚արտացոլացնեն անոր ներքին ուժն ու վերապրելու կամքը։

 

Արմէնուհի Թենքերեան-Փիլիկեան (101 տարեկան)

Երկրորդ հանդիպումը Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեանի հետ էր։ Ան ծնած է 1909-ին Կեսարիոյ մէջ։ Երբ ջարդերը եւ Կեսարիոյ դէմ յարձակումը սկսան, ան իր ընտանիքին հետ քանի մը ամիս ապաստանեցան յարդանոցի մը մէջ։ Հետագային անոր ընտանիքը աքսորուեցաւ, սակայն ոչ իրենց տունէն շատ հեռու, որովհետեւ հայրը թրքական բանակին մէջ զինուոր էր։ Պոհչալեան կը յիշէ, որ մեծնալու ընթացքին իր մայրը եղբօրը գլխուն թաշկինակ կը կապէր, որպէսզի զինք աղջիկ կարծեն, որովհետեւ բոլոր այր մարդիկը կը հաւաքէին ու կը սպաննէին։ Կառավարական հրամանագրէ մը ետք եւ իրենց մեծ մօր քաջալերանքով անոնք իրենք զիրենք կը թրքացնեն, որպէսզի կենդանի մնան։ Պոհչալեան եւ իր ամբողջ ընտանիքը թրքական անուններ կը կրեն։ Զինադադարը յայտարարուելէն ետք՝ անոր ծնողը կ՚որոշէ շրջանէն փախուստ տալ։ 1928-ին, անոնք կը մեկնին Անգարա, ապա՝ Պոլիս, ուր 11 ամիս մնալէ ետք նաւով կ՚անցնին Յունաստան եւ երկու օր ետք կը հասնին Աղեքսանդրիա։ Ան օրին 19 տարեկան էր։ Պոհչալեան կ՚ըսէ, թէ իր ընտանիքին ցեղասպանութենէն վերապրելու միակ պատճառը՝ թրքական ինքնութիւն ընդունիլն էր, այսինքն՝ իսլամանալ եւ թուրք դառնալ։ Ան երախտապարտ կը մնայ իր մեծ մօր, որ (վստահաբար դժկամութեամբ) Պոհչալեան ընտանիքը քաջալերեց թրքանալու։ Պոհչալեան ամուսնացաւ եւ 40 տարի Եգիպտոսի մէջ ապրեցաւ մինչեւ 1971, երբ իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Մոնթրէալ։ Հակառակ բոլոր դժուարութեանց ան ցեղասպանութենէն վերապրեցաւ։ Անոր հետ հանդիպում ունենալն ու ներկայութիւնն ու առատաձեռնութիւնը վայելելը հոյակապ փորձառութիւն մըն էր։ Պոհչալեան ունի երկու զաւակներ, երեք թոռներ եւ երեք ծոռեր։

ԼԱԼԷ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Վահրամ Էմմիյեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.