Որպէսզի ոչ միայն վերապրինք


Հարիւր տարի մենք վերապրեցանք, փաստօրէ՛ն, թէեւ ոմանք հարցականի տակ կրնան դնել մեր այս վերապրումն անգամ։ Անուրանալի է, սակայն, որ մեզ աշխարհի երեսէն սրբելու սադայելական ծրագիրը ձախողած է, գէթ տակաւին ամբողջովին չէ՛ յաջողած։

Փրկուեցանք։

Փրկուեցաւ մնացորդացը մեր ժողովուրդին։ Ցրուեցաւ հիւրընկալ կամ անհիւրընկալ երկիրներու տարածքին, վիշտը սրտին, վէրքերը չսպիացած՝ ինքզինք կազմակերպեց, բազմացաւ, արմատախիլ իր սեփական հողէն՝ արմատ նետեց այլուր, ճիւղեր արձակեց, պտուղ տուաւ այլոց այգիներուն մէջ եւս։

Փրկուեցաւ մնացորդացը մեր հայրենիքին։ Թաղուելու ճակատագրուած Հայաստանը «իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով» յարութիւն առաւ, պետութիւն դարձաւ, իր տեղը գրաւեց աշխարհի երկիրներու ընտանիքին մէջ։

Այս ամենը անհերքելի է։

Հարիւր տարի ետք սակայն, մենք մեզի պարտաւոր ենք հարց տալու թէ բաւարա՞ր է վերապրիլը։ Եւ մինչեւ ե՞րբ։ Չէ՞ որ Աղէտը կը շարունակուի, նոյնիսկ եթէ Եղեռնը վերջ գտած ըլլալ կը թուի։ Չէ՞ որ դեռ չէ «ժողովուած» մնացորդացը՝ թէ՛ երկիրը, թէ՛ ժողովուրդը։ Չէ՞ որ աքսորեալ կը հանդիսանայ Ազգը՝ իր մեծ մասով, իսկ Հայրենիքը՝ կոտորակուած, նաեւ բռնագրաւուա՛ծ իր մեծ մասով։ Զրկուած, երկուստեք, ծաղկելու, ուռճանալու, քաղաքակրթութեան բնականոն ընթացքով մը ապրելու հնարաւորութիւններէն։

Աղէտը կը յամենայ մեր հոգիներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ աղէտեալները անհետացան, գրեթէ՛ անհետացան։ Ան չի՛ մոռցուիր։ Իսկ եթէ պիտի մոռնանք,– եւ վա՜յ այդ օրուան,– ապա արդէն իբր ոչ հայեր, կամ եթէ պիտի վերյիշենք՝ ապա պարզապէս որպէս պատմութեան մէկ պատահարը, մեզի թէ այլոց պատուհասած նման պատահարներու կողքին,– եւ երկի՛ցս վայ։

Ուրե՞մն։

Մեզի՛ կը մնայ ուրեմն ո՛չ ըսել։ Ըսել ոչ՝ մեր ճակատագրին, մեզի պարտադրուած, պարտադրուո՛ղ ճակատագրին։ Իսկ ոչ ըսելու միակ կարելի ձեւը՝ միաբերա՛ն ոչ ըսել է։ Լիահագա՛գ։

Ճակատագիրը մեզի պարտադրեց Աղէտը ապրիլ ամբողջ հարիւր տարի։ Այսինքն իբր աղէտեալ ապրիլ։ Կէ՛ս ապրիլ։ Աղէտո՛վ մտասեւեռեալ։

Եթէ հարիւրամեակը իմաստ մը պիտի ունենայ, անկիւնադարձ մը պիտի ըլլայ, բան մը պիտի փոխէ Ազգի կեանքին մէջ, ահա ճիշտ այս առումով է, որ արժէք պիտի ստանայ ու իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ իբր հանգրուան։ Ի՞նչ պիտի ընենք ուրեմն գալիք փուլին։ Ի՞նչ պիտի ընենք, որ ազգերու համաշխարհային այս խայտաբղէտ հաւաքականութեան մէջ ըլլանք հաշուի առնուող միաւոր մը, միաւոր մը որ կարելի չէ անտեսել կամ արհամարհել, կարելի չէ չլսել։

Անշուշտ պիտի շարունակենք այն ամբողջը, որ կը կատարենք՝ տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն՝ ջանալով առաւել ուժգնութեամբ բանաձեւել մեր պահանջները, զօրավիգ կանգնիլ մեր հայրենիքին՝ ջանալով առաւել վճռակամութեամբ նպաստել անոր հզօրացման ու զայն վերածել օրէնքի երկրի, հարազատ մնալ մեր ինքնութեան՝ ջանալով առաւել թափով ապահովել իւրաքանչիւր հայորդիի հայեցիութիւնը։ Վերջապէս ճանչնալ ու արժեւորել մեր բովանդակ ներուժը՝ զայն առաւել չափով մասնակից դարձնելու Հայրենիքի ու Սփիւռքի վերելքին։

Սակայն կայ աւելին։

Այդ բոլորէն անդին ու այդ բոլորէն վեր մեր մնայուն ու անխախտ մտասեւեռումը դարձնել գլխագիր Ստեղծագործութիւնը, մեր գուրգուրանքին առարկան՝ գլխագիր Ստեղծագործողը,– մեր մշակոյթն ու անոր վերընձիւղումը. մեր լեզուն ու անոր փթթումը. մեր հաւատն ու անոր սաղարթաւորումը. մեր միտքն ու անոր ճառագայթումը. ու բնականաբար՝ մեր մտածողները, մեր հաւատքի տարածիչներն ու գիտնականները, մեր գրողներն ու արուեստագէտները։

Մտասեւեռումը դարձնել Որակը, Որակաւորը։ Խորքը, Խորք ունեցողը։ Գեղեցիկը, Գեղեցիկը երկնողը։ Բոլո՛ր մարզերուն մէջ՝ մտքի թէ հոգիի, բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ նիւթեղէն թէ ոգեղէն, բոլոր երկնակամարներուն տակ՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ամբողջովին վերստանձնելով համամարդկային քաղաքակրթութեան անշրջելի ազդակ հանդիսանալու մեր աւանդական առաքելութիւնը։

Կանգ չառնել աշխարհիկ դժուարութիւններուն առջեւ։ Գիտնալ մեր նիւթական անբաւ ներուժը հոսեցնել այն հունով, որ կ՚որոգէ մեր ոգեկա՛ն անբաւ ներուժը։ Սեփական շահարկումը վերածել հաւաքական հարստութեան։ Բոլոր «ես»երէն գոյացնել «Մենք»ը։

Այնպէս ընել, որ Բարերարութիւնը դառնայ ազգային նկարագիր ու իւրաքանչիւր հայ դառնայ բարերար, որպէսզի ոչ մէկ հայ աշակերտ հայ դպրոցէն դուրս մնայ, ոչ մէկ հայ գրողի գիրք՝ անտիպ, ոչ մէկ հայ արուեստագէտ՝ անօգնական, ոչ մէկ հայ տաղանդ՝ անբացայայտ, ոչ մէկ հայ աշխատաւոր՝ անգործ, ոչ մէկ հայ ընտանիք՝ կարօտեալ։

Այնպէս ընել, որ Հայրենիքը ոչ թէ վանէ, այլ ներգրաւէ իւրաքանչիւր հայ մարդ, իր նիւթական թէ մտային կարողութիւններով, ու մագնիսական առանցքը հանդիսանայ մեր կեցութեան։

Այնպէս ընել, որ հարիւրամեակի հանգրուանէն անդին ազդեցութիւն չունենան այլեւս ներքին սին վէճերն ու ճղճիմ տարաձայնութիւնները, փոխադարձ անհանդուրժողութիւններն ու ամօթալի արհամարհանքները, անձնական մանր հաշիւներն ու դատապարտելի շահագրգռուածութիւնները։

Ազգովին՝ միասնաբա՛ր ողջունել գալիք հարիւրամեակը մեր գոյութեան, որպէսզի վերապրումէն անդին՝

ԿԱՐԵՆԱՆՔ ԵՒ ԱՊՐԻ՛Լ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.