Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Պատգամը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Առթիւ
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Առիթով, մենք, Հայ Աւետարանականներս, տարածուած աշխարհի չորս ծագերուն, մտքով ու հոգիով միացած՝ կ’ոգեկոչենք յիշատակը մեր նահատակներուն: Պատմական այս նշանակալից հանգրուանին, համայնական ոգիով որոշած ենք ընել հետեւեալները.-
Առաջին, յարգանքով խոնարհիլ մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ: Պաշտամունքով եւ հանդիսութիւններով, երգով ու խօսքով եւ այլեւայլ մշակութային ձե–նարկներով կ’ոգեկոչենք անոնց յիշատակը: Այս առիթով, խոր յուզումով կը յիշենք մեր պատմութեան ամենէն եղեռական այս ողբերգութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մտայղացուած եւ գործադրուած Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: Յուզումով ու վրդովումով կը յիշենք մեր ժողովուրդի բռնագաղթը իր երեքհազարամեայ հայրենիքէն, մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերն ու նահատակները, այն նիւթական եւ մշակութային ահաւոր կորուստը, որուն տարողութիւնը ազգովին կը զգանք 100 տարի ետքն իսկ, կորուստ մը որ անհաշուելի եւ անչափելի է:
Երկրորդ, Հարիւրամեակի առթիւ, մեր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք առ Աստուած՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար: Թէեւ մարդկօրէն հնարաւոր չէ բացատրել թէ ինչու՞ համար պատահեցաւ այս աղէտը, թէ ինչու՞ համար մեր անմեղ ժողովուրդին բաժին եղաւ այդչափ աներեւակայելի չարիք: Սակայն իրազեկ ենք այն իրողութեան որ ասիկա աստուածային պատիժ մը չէր, այլ անմարդկային ոճիր մը ի գործ դրուած անգութ եւ վայրագ մարդոց կողմէ: Ի հեճուկս այս ամէնուն, Հայ ժողովուրդը, ինչպէս անցեալ դարերուն, Մեծ Եղեռնի տարիներուն ալ, կառչած մնաց իր հաւատքին, եւ աստուածատուր զօրութեամբ ոտքի կանգնեցաւ ու շարունակեց ապրիլ եւ ստեղծագործել: Հայ ժողովուրդին է եղեր նաեւ Եզեկիէլ մարգարէի չորցած ոսկորներու յարութեան տեսիլքը: Ինչպէս Գողգոթայէն անդին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, մենք ալ ազգովին վկայեցինք թէ Տէր-զօրներէն եւ Միջագետքի անապատներէն անդին ալ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդին յաղթական յարութիւնը:
Երրորդ, Հարիւրամեակի առթիւ, մեր երախտագիտութիւնը կ’ուզենք յայտնել բոլոր անոնց որոնք օգնութեան ձեռք կարկառեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ արաբ հիւրասէր եւ հայասէր ժողովուրդները, որոնք լայնօրէն բացին իրենց դռները գաղթական հայ ժողովուրդին առջեւ եւ ջերմ ու գուրգուրոտ վերաբերում ցոյց տուին անոնց: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ ամերիկացի բարերար ժողովուրդը, որ իր «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց»ով միլիոնաւոր տոլարներով օգնեց հայ ժողովուրդին: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ Եւրոպական բարեսիրական, մարդասիրական եւ միսիոնարական կազմակերպութիւնները, որոնք մեր վիրաւոր ու արիւնաքամ «Մնացորդաց»ին համար եղան ճշմարիտ «Բարի Սամարացի»ներ: Հարիւրամեակի այս պատեհ հանգրուանին մեզի համար քաղցր պարտք ու պարտականութիւն կը համարենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել մեր անցեալի բոլոր բարերարներուն:
Չորրորդ, հարիւրամեակի առթիւ, կ’ուզենք յիշեցնել համայն աշխարհի, որ որեւէ ցեղասպանութիւն, քրէական ոճիր մըն է մարդկութեան դէմ գործուած: Օսման Երիտասարդ Թուրքերու կողմէ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայ ազգին դէմ, այլ ամբողջ մադկութեան դէմ աններելի ոճիր մըն էր: Հարիւրամեակը դիպուկ յիշեցում մըն է մեզի, դատապարտելու բոլոր այն ազգերը, որոնք ցեղասպանութեան ոճիրը կը գործեն այլ ազգերու դէմ: Եւ մենք կ’ուզենք կարեկից ըլլալ բոլոր անո՛նց, որոնք անմեղ զոհեր են նմանօրինակ անմարդկային արարքներու:
Հինգերորդ, հարիւրամեակի առիթով կ’ուզենք յայտարարել թէ որպէս անբաժան մասնիկը Հայ ազգին, տէր ու պաշտպան պիտի մնանք Հայ Դատին: Կը հաւատանք որ Հայ Դատին պահանջատիրութեան հիմնաքարը անժամանցելի արդարութիւնն է: Այդ պատճառով շարունակելու ենք մեր պայքարը յանուն Հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Անտարակոյս, մեր Դատի յաջողութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի, սակայն պէտք չէ յուսալքուինք: Յաճախ ազգերու իրաւունքները մէկ սերունդի ջանքերով ձեռք չեն ձգուիր: Ամէն սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը: Մեր դատի պաշտպանութեան ծանր հրետանին հայութեան միացեալ կամքն ու հետեւողական աշխատանքն է:
Վեցերորդ, հարիւրամեակի առթիւ կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հայ քրիստոնեայ ինքնութեան: Խորապէս կը հաւատանք որ զօրաւոր ազգ մը ըլլալու համար անհրաժեշտ է մեր քրիստոնէական եւ հայեցի արժէքները պահել եւ զօրացնել: Դարերու ընթացքին, մեր քրիստոնէական հաւատքին ու մեր մշակութային արժէքներուն շնորհիւ է, որ կրցած ենք դիմադրել ահաւոր աղէտներ, կոտորածներ եւ ցեղասպանութիւններ եւ կրցած ենք անոնցմէ դուրս գալ եւ գոյատեւել: Կը հաւատանք նաեւ որ Հարիւրամեակի առթիւ մեր տարած աշխատանքներէն անբաժան, ունինք ուրիշ կարեւոր պարտականութիւններ՝ նոր սերունդները քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ թրծելու: Այդ առաջադրութեամբ անհրաժեշտ կը համարենք զանոնք մեծցնել քրիստոնէական սկզբունքներով, հայրենիքի եւ հայ մշակոյթի սիրով:
Ապահովաբար, այս ազնիւ առաքելութիւններու կոչումով ապրող նոր սերունդներ՝ համադրուած ու համակարգուած աշխատանքով՝ պիտի յաջողին Հայ Դատի խիզախ երթը իր յաջող աւարտին հասցնելու:
Արդ, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը դառնալու է մեզի ոչ միայն ոգեկոչումի, այլ նաեւ, եւ մանաւանդ, վերանորոգումի հանգրուան մը՝ ապրելու այն արժէքներով եւ սկզբունքներով որոնց համար մեր նախահայրերը նահատակուեցան:
Դիւան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի