Պատմաբան Ժան-Փիեռ Մահէի նուիրուած հրատարակութիւն


Տիգրան Եկաւեան կը գրէ, որ բանասէր, Կովկասի պատմագէտ, հայագիտութեան մասնագէտ, Ֆրանսայի հիմնարկի անդամ եւ Հայաստանի ու Վրաստանի գիտութեանց ակադեմիաներու անդամ Ժան-Փիեռ Մահէ ծանօթացման կարիքը չունի։ Մահէի 70-րդ տարեդարձին առթիւ ամիսներէ ի վեր անոր կողակիցին՝ Անիի կողմէ պատրաստուող հոյակապ աշխատութիւն մը 22 սեպտեմբեր 2014-ին նուիրուեցաւ անոր։ 854 էջերէ բաղկացած եւ 46 գիտական յօդուածներ պարունակող «Մելանժ»-ը, որ Քոլեժ տը Ֆրանսի «Աշխատանքներ եւ յուշեր»-ու 8-րդ հատորն է, կազմուած է իրաւագիտութեան պատմաբան Արամ Մարտիրոսեանի, լեզուաբան Անիէս Ուզունեանի եւ բիւզանդագէտ Քոնսթանթին Զուքերմանի հսկողութեամբ։ Հատորին մէջ կը գտնենք ուսումնասիրութիւններ հիմնականին մէջ հնադարեան Հայաստանին վերաբերող երեւոյթներու շուրջ, ինչպէս լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, հնագիտութիւն, մանրանկարչութիւն եւայլն։ Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու Մահէի ամբողջական երկերու ցանկը։

Այդտեղ կը գտնենք Անահիտ տէր Մինասեանի կողմէ իր մեծ հօր՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանին (1866-1918) (գրչի անունով Մշոյ Գեղամ կամ Տատրակ, 1908-ի յեղափոխութենէն ետք օսմանեան խորհրդարանին մէջ Մուշէն երեսփոխան) կեանքին ու երկերուն անդրադարձ մը։

Յատկանշական է նաեւ պատմաբան Փաթրիսիա Պուասոնի յօդուածը, որ մեզի կը ներկայացնէ հայ առեւտրականներու կողմէ օգտագործուած հնդկական աշխարհի համառօտ ծանօթագրութիւնը, որ փորթուկալցի նաւագնացներու կողմէ այդ շրջանի յայտնաբերումէն շուրջ մէկ դար առաջ գրուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.