Վարդան Յարթունեան իր հօր` վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի հեղինակած յուշագրութեան հայերէն անտիպ բնագիրը անգլերէնի թարգմանելով, հրատարակած է հետեւեալ խորագիրով` «Ո՛չ խնդալու է, ո՛չ ալ լալու-Հայոց ցեղասպանութեան մասին յուշագրութիւն», Հայագիտութեան եւ հետազօտութեան ազգային ընկերակցութիւն, Քեմպրիճ, Մասաչուսեց 02138, Բ. հրատ., ԱՄՆ, 1986, 206 էջ (Rev. Abraham Hartunian, «Neither to Laugh, Nor to Weep- A Memoir of the Armenian Genocide» – National Association for Armenian Studies and Research (NAASR), Cambridge, Mass. 02138, Second Edition, USA, 1986, 206 pages): Գիրքը վերապատուելիին` Հայոց ցեղասպանութեան ապրած ոդիսականին պատմութիւնն է:

Թէեւ տառապողը հեղինակն է, սակայն վերապրած վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան Հայոց ցեղասպանութեան իր ապրած կեանքի ամբողջ ոդիսականը պատմելու ընթացքին զուսպ է եւ առարկայական: Ան դէպքերը մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ եւ ոչ մէկ ատելութիւն ունի թշնամիին հանդէպ` մեկնելով զուտ քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքերէն: Ընթերցողը կարդալով անոր տողերը, պահ մը կը տարուի մտածելու, թէ ան թուրքին եւ կարգ մը կողմերու հանդէպ բուռն ատելութիւն կրնայ ունենալ իր սրտին մէջ, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ: Յուշագիրքին խմբագիրն ու թարգմանողը` Վարդան Յարթունեան, գիրքին սկիզբը զետեղած է հեղինակին ուշագրաւ հետեւեալ խօսքը, ուր ան կ՛ըսէ. «Քանի որ իմ ինքնակենսագրութիւնս կապուած է Թուրքիոյ, թուրքերու եւ իսլամներու, ինչպէս նաեւ` կարգ մը եւրոպական ուժերու հետ, բնական է, որ ես շատ զօրաւոր քննադատութեան առարկայ դարձնեմ զանոնք: Կը փափաքիմ, որ մարդիկ գիտնան, թէ անոնց հանդէպ իմ սրտիս մէջ ո՛չ ատելութիւն եւ ո՛չ ալ վրէժ պահած եմ: Ես չեմ գրած անպատուելու համար մէկը: Մասնաւորաբար մտադրութիւն չունիմ թուրքերու դէմ միտքեր թունաւորելու: Վստահ եմ, որ ներկայի թուրքը հին թուրքին ըրածներէն կ՛ամչնայ: Կը հաւատամ, որ, այսպէս կոչուած, Եւրոպայի քրիստոնեայ ուժերը կը զղջան իրենց գործած սխալները հայոց վրայ բարդելու համար: Վերջապէս, կը հաւատամ, որ այս աշխարհի վրայ Աստուծոյ զօրաւոր կամքը պիտի իշխէ, եւ արդարութիւնը չարիքի ուժին պիտի յաղթէ» (էջ v):

Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան դառնութիւնն ու բռնագաղթը ճաշակած է, այլ նաեւ անկէ առաջ ան ենթարկուած է բազում տառապանքներու` 1895-ի ապտիւլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին: Այս մասին անկէ սրտցաւ գրութիւն մը կը մէջբերենք` առ ի լրացում իր վերոյիշեալ խօսքերուն. «Ողջ մնացած հայերը սարսռած վիճակի մէջ էին: Տուները առանց դուռի եւ պատուհանի մնացին: Ո՛չ անկողին կար, ո՛չ վառելանիւթ, ո՛չ հագուստ եւ ո՛չ ալ ուտելիք: Ինչպէ՞ս կարելի էր ապրիլ: Միակ փրկութիւնը… մուրալ էր` բաց ափ երկարելով: Սակայն որոնցմէ՞ մուրալ: Ա՛յն ոճրագործներէն, որոնց տուները այժմ լեցուած են հայոց ստացուածքներով եւ ինչքերո՞վ» (էջ 20):

Սոյն յուշագիրքին Ա. հրատարակութեան առիթով ներածականը գրած է հայասպանութեան ականատես վկայ եւ հմուտ վերլուծող, օսմանեան պետութեան Կ. Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաու, որ բազմիցս միջամտած է թուրք բարձրաստիճան պետական մարդոց մօտ` հայոց կոտորածներն ու բռնագաղթերը դադրեցնելու համար:

Հայոց ցեղասպանութեան նախորդող տարիներուն արդէն ուրուագծուած էր երիտթուրքերու իսկական դիմագիծը Կիլիկիոյ հայոց աղէտով: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ 1895-1896-ի հայոց ջարդերէն բացի այս ոճիրի յանցանքին մէջ եւս բաժնեկից էր անոնց: Հայերը յուսախաբ եղած էին, սակայն վերատեսութեան չենթարկեցին երիտթուրքերու կողքին կենալու իրենց սխալ արարքը: Ահա այս կէտն է, որ կը շեշտէ Մորկընթաու` աւելցնելով. «Երիտթուրքերը շուտով համերաշխ գործակցութեան գաղափարը վանեցին հայոց միտքէն եւ հասկցուցին անոնց, որ բռնատիրելու եւ բռնատիրուելու նախկին օրէնքը կը շարունակուի: Թուրքերուն վերաբերմունքը հայոց հետ 1913-ին անտանելի չափանիշներու հասաւ, եւ հայերը դիմեցին եւրոպական կառավարութիւններու իրենց ազատութիւնը ապահովելու ձգտումով» (էջ ix):

Կասկած չունենալով թուրքերու պատեհապաշտութեան եւ ընծայուած առիթները շուտով շահագործելու մարմաջին վրայ` իրենց ոճրային արարքները գործադրութեան դնելու համար, Մորկընթաու կ՛ըսէ. «Պատերազմի պայմանները թրքական կառավարութեան երկար ատեն երազած առիթը տուին, որպէսզի հայոց կոկորդը սեղմէ` սպաննելու համար: Սկիզբը կառավարութիւնը հայ երեւելիներուն տեղեկացուց, որ եթէ որեւէ հայ դոյզն չափով իսկ նպաստէ ռուսական բանակին, երբ ան կը յարձակի Թուրքիոյ վրայ, կառավարութիւնը պիտի չբաւականանայ հետապնդելով, այլ պիտի պատժէ ամբողջ հայ ազգը»: Ահաւասիկ հոս թուրքերը իրենց գործադրելիք ծրագիրին նախապատրաստութիւն կը տեսնեն եւ սկիզբէն անոր արդարացում կու տան: Մորկընթաու կ՛աւելցնէ. «Թուրքերը 1914-ի գարնան յղացան հայոց բնաջնջման ծրագիրը: Անոնք քննադատեցին իրենց նախնիները` քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները կրօնափոխ չընելնուն համար» (էջ x): Թուրքերը խիստ բարկացած էին իրենց նախնիներուն վրայ, որովհետեւ անոնք թերացած էին իրենց պարտականութեան մէջ: «Թուրքերը լաւ մտածելէ ետք եզրակացուցին, որ երբ արդէն իրենք իրենց ոճրային արարքները վերջացնեն, մեծ ուժերը իրենք զիրենք կատարուած իրողութեան առջեւ պիտի գտնեն», կ՛աւելցնէ Մորկընթաու (էջ x):

Օտարները լաւ գիտէին հայոց եւ թուրքերու միջեւ հսկայ քաղաքակրթական մակարդակի տարբերութիւնը: Հայերը մարդկայնօրէն շատ աւելի քաղաքակիրթ եւ յղկուած էին, քան` թուրքերը: Այս մասին Մորկընթաու ակնարկութիւն մը կ՛ընէ բռնագաղթուած հայոց մասին խօսելու ընթացքին. «Բռնագաղթի ճանապարհին դէպի հարաւարեւելեան անապատները հայոց ոչ մէկ փոխադրամիջոց հայթայթուած էր: Զոհերը, որոնց մէջ կային բարձր մակարդակով զարգացած մարդիկ եւ կիներ, պէտք էր ոտքով քալէին եւ աւազակախումբերու ու ոճրագործներու յարձակումներուն ենթարկուէին` մասնաւորաբար այս նպատակին համար թուրքերու կողմէ ծրագրուած: Հայոց տուները կողոպտուած էին, ընտանիքի անդամները իրարմէ բաժնուած, այրերը սպաննուած, կիներն ու աղջիկները` իրենց ճամբուն վրայ բռնաբարուած եւ թրքական ու քրտական հարէմները տարուած: Մանուկները գետը կը նետուին եւ կամ օտար մայրերու կը վաճառուէին» (էջ  xi):

Մորկընթաու թուրքերու բոլոր վատ արարքները եւ բարբարոսութիւնները յիշելէ ետք զանոնք միամիտ կը կոչէ` ըսելով. «Թրքական իշխանութիւնները նահանգներու միջեւ բոլոր հաղորդակցութեան միջոցները կտրած էին այն միամիտ կարծիքով, որ անոնք պիտի կարենային թաքցնել այս դարերու ոճիրը արտաքին աշխարհի աչքերէն: Սակայն տեղեկութիւնները կը սպրդէին հիւպատոսներու, միսիոնարներու, օտար ճամբորդներու եւ նոյնիսկ թուրքերու միջոցով» (էջ  xi):

Յուշագիրքի յառաջաբանը գրած պատմաբան Մարժորի Յուսէփեան Տոպքին գնահատելով վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի գործը` կ՛ըսէ. «Հեղինակը իր անձնական կեանքի դրուագները սերտօրէն կը կապէ մեր ազգային կեանքի անցուդարձերուն հետ, որոնցմէ մենք կ՛իմանանք 1895-1922 հայոց հանդէպ թուրքերու վատ վարուելակերպին մասին շատ բաներ: Ապրած ըլլալով եօթը անջատ կոտորածներ, որոնց շարքին` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 1922-ի Զմիւռնիոյ աղէտը, վերապատուելի Ա. Յարթունեան իր յուշագիրքին մէջ կը մարմնաւորէ հայոց փորձութիւնները այդ տարիներու ընթացքին» (էջ xviii):

Պատմաբան Յուսէփեան իր յառաջաբանի վերջաւորութեան հետեւեալ կարեւոր ակնարկութիւնը կ՛ընէ. «Վստահաբար աստուածային արդարութեան կարգադրութիւն մըն է այն, որ փաստօրէն հայոց մնացորդացը նոր հայրենիքներ հաստատած է,  բազմապատկուած եւ ճոխացած ու յառաջդիմած իր հայու ինքնութիւնը պահելով: Այսօր աշխարհի վրայ կ՛ապրին օսմանեան պետութեան մէջ ապրած հայոց թիւին կրկնապատիկը: Այս հրաշքի պէս բան մըն է եւ կը համընկնի վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի յոյսերուն» (էջ xix):

Վեր. Աբրահամ Յարթունեան ծնած է Սեւերակ (թրքերէն` Սէւէրէկ – Յ.Ի.), 1872-ին: Փոքր տարիքին կորսնցուցած է մայրը ու ապրած հօրը եւ անոր առաջին կնոջմէն քրոջ ու երեք եղբայրներուն հետ: Տեղւոյն երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք ան հինգ տարի հօրը հետ կ՛աշխատի կաշեգործութեան մէջ: Ապա կը մեկնի Այնթապ եւ  այնտեղի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճը կ՛ուսանի, որ ամերիկեան հաստատութիւն մըն էր: Աւարտելէ ետք, վերադառնալով Սեւերակ, տեղւոյն երկրորդական վարժարանին մէջ ուսուցչութեամբ կը զբաղի:

Կիրակի, 2 օգոստոս 1914-ին Մարաշի մէջ խաղաղ օր մը եղած է: Յաջորդ օրը Ա. Համաշխարհային պատերազմը կը յայտարարուի: Վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեան այդ դառն օրուան մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ինչպէս ամբողջ աշխարհի վրայ, հայութեան սիրտը համարուող Մարաշի մէջ եւս խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը յօդս ցնդեցան, յոյսերը խամրեցան, եւ նախկին եռանդը չմնաց» (էջ 53):

Թրքական իշխանութիւնը Մարաշի մէջ 1915-ի ապրիլ ամսուան սկիզբը վեր. Աբրահամ Յարթունեանն ու 10 հայ հոգեւորականներ կը ձերբակալէ: Մարաշի ձերբակալուածները թուրքերը սրահի մը մէջ կը հաւաքեն, անոնց կը հրամայեն Ֆընտըճագ մեկնիլ ու ըմբոստ հայերը համոզել, որ յանձնուին թուրքերուն: Թուրքերը վեր. Ա. Յարթունեանէ, տէր Արսէն Յովհաննէսեանէ եւ Տէր Սահակ Տէր Պետրոսեանէ կազմուած յանձնախումբ մը ճամբայ կը հանեն թուրք զինուորներու հսկողութեան տակ: Պատգամաւոր յանձնախումբը ճերմակ դրօշակ պարզած` 31 յուլիս 1915-ին կը մտնէ Ֆընտըճագ: Իրենց առաքելութեան մասին վեր. Ա. Յարթունեան կ՛ըսէ, թէ իրենք ոչ միայն չեն փորձեր համոզել ըմբոստ հայերը, զէնքերը յանձնելու, այլ կը քաջալերեն զանոնք կռուելու մինչեւ վերջ, որովհետեւ յանձնուելու պարագային, այսպէս կամ այնպէս, թուրքերը զանոնք մահուան պիտի դատապարտէին, ուստի նախընտրելի էր, որ անոնք կռուելով մեռնէին:

Ֆընտըճագի մէջ պատսպարուած 1500 հայերէն միայն 300-ը կռուողներ էին, իսկ մնացեալը` կիներ, մանուկներ ու ծերեր: 3000 թուրք զինուորներ կը պաշարեն գիւղը եւ հետզհետէ նեղցնելով պաշարման օղակը` կրակոցներու տակ կը խեղդեն հայերը: Հայ քաջերը հերոսաբար կը դիմադրեն, սակայն դիմացը գտնուող ուժը ահռելի եւ անհաւասար էր: Չոլաքեան եղբայրներու ղեկավարութեամբ հայ կռուողները բազմաթիւ թուրք ասկեարներ կը սպաննեն ճակատի վրայ` արհամարհելով վախն ու մահը: Թրքական ուժերը հետզհետէ կը յառաջանան գիւղին խորը եւ կը գրաւեն զայն: Անոնք գիւղը կրակի կու տան: Երկինքը ծուխով կը ծածկուի, եւ Մարաշէն գիւղին վրայ բարձրացող մուխն ու ծուխը պարզ աչքերով կ՛երեւայ:

Չոլաքեան եղբայրներու առաջնորդող խումբերը ժողովուրդին օգնութեան կը հասնին եւ կիներն ու ծերեը լեռները կը քաշուին: Գիւղին մէջ մնացած ժողովուրդը  ոչխարներու հօտի պէս կը տարուի Մարաշ: Վեր. Ա. Յարթունեան մեծապէս օգտակար կը դառնայ Ֆընտըճագի հայ գաղթականներուն` անոնց ուտելիք եւ հագուստ ապահովելով: Այս գործը ան կը յաջողի գլուխ հանել շնորհիւ տեղւոյն հայանպաստ կառավարիչ Իսմայալը Քեմալ փաշայի բարեհաճութեան: Վերապատուելի Յարթունեան կառավարիչին մասին կ՛ըսէ, որ ան խղճամիտ, ազնիւ եւ արդարադատ մարդ մըն էր, որ բոլոր կարելի միջոցներով փորձած էր ազատել հայերը: Քեմալ փաշա յաճախ վերապատուելիին ցոյց կու տար Կ. Պոլսէն եկած Թալէաթի եւ էնվերի հրահանգ-հեռագիրները, որոնցմով անոնք կը հրամայէին իրեն կոտորել հայերը, սակայն ինք կ՛անտեսէր այդ հրահանգները:

Սոյն յուշագիրքին հեղինակը կը յիշէ նաեւ Կ. Պոլսոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի հայանպաստ կեցուածքն ու գործունէութիւնը:

Տառապանքներով լեցուն քանի մը տարիներ կ՛անցնին, եւ զինադադարը կնքուելէ ետք հայերը կարճ ժամանակ լայն շունչ մը կը քաշեն:

Ահռելի տարի մը կ՛ըլլայ 1920-ը: Մարաշի մէջ հայոց սոսկալի կոտորածը տեղի կ՛ունենայ թուրք մոլի իսլամներու կողմէ: Հաճըն հերոսաբար կը դիմադրէ եւ անոր 6000 զաւակները կը նահատակուին կամ կը բռնագաղթուին: 160 հայ աղջիկներ Հաճընի Աղջկանց որբանոցէն կ՛առեւանգուին, թրքական հարէմները կը տարուին եւ ապա կը խողխողուին: Քեմալականները Մարաշի հայերէն շատերուն կը ստիպեն, որ զինուորագրուին` զանոնք սպաննելու միտումով: Այնթապի հայերը ինքնապաշտպանական կռիւներ կը մղեն: 1921-ի վերջերը Զէյթունի հայութիւնը կոտորուելէ ետք քաղաքը հայութենէ կը պարպուի: 1922-ի սկիզբը հայերը Մարաշէն կը հեռանան: Վեր. Ա. Յարթունեան ընտանեօք այնտեղէն Այնթապ կ՛երթայ, յետոյ կ՛անցնի Քիլիս, Հալէպ, Պէյրութ եւ անկէ ալ Կ. Պոլիս ու Զմիւռնիա կը հասնի, որուն անկումով ընտանեօք նախ Փիրէա` Յունաստան կ՛անցնի եւ ապա ԱՄՆ կը գաղթէ:

Դեսպան Մորկընթաուի եւ պատմաբան Յուսէփեան Տոպքինի այս յուշագիրքին բովանդակութեան մասին տուած գնահատականները սկիզբէն իսկ ցոյց կու տան, որ ան իր մարզին մէջ կատարուած իւրայատուկ եւ ինքնատիպ աշխատանք մըն է:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Comments are closed.