Սպիտակի Երկրաշարժի Մասին Շարժանկար Կը Նկարահանուի


Cinema Concept Production ընկերութիւնը Սպիտակի երկրաշարժի մասին հայ-ռուսական համատեղ «11։41» (7 Դեկտեմբեր 1988-ի ժամը 11։41-ին տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժը) շարժանկար պիտի նկարահանէ։ Նկարահանումները պիտի սկսին Յունուար 2015-ին։ Շարժանկարի պիւտճէն 2,5 միլիոն տոլար է, յայտնած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեք Շահբազեան։ Այս մասին կը հաղորդէ շարժանկարի պաշտօնական կայքը։

Շարժանկարին մէջ դերեր ստանձնած են Արմէն Ջիգարխանեանը, Մկրտիչ Արզումանեանը, Ռաֆայէլ Քոթանջեանը, Սոս Ջանիբեկեանը եւ շարք մը ռուս դերասաններ։

«11։41» 

Այդ օրը անսովոր ու տարօրինակ տաք էր։ Ու կը թուէր, որ երկինքը ինք կը տաքցնէ քաղաքը։ Ողբերգութենէն քիչ առաջ թռչունները կարծես թէ կը մղուէին դէպի գետին, տնային կենդանիներու վարմունքը նոյնպէս մտահոգիչ էր, իսկ ինքը՝ քաղաքը, տեսակ մը անշարժացած էր ահագնացող լռութեան մէջ։

Առաւօտեան ճիշդ ժամը 41։11։22,7-ին սկսաւ դժոխքը։ Ռիխթըրի աստիճանով տասը ուժգնութեամբ, մէկ վայրկեանէն ալ քիչ տեւողութեամբ աւերիչ երկրաշարժը գրեթէ ամբողջութեամբ կործանեց ու ամայացուց Հայաստանի հիւսիսային մասը։

Գիւմրիի բնակելի թաղամասերու շուրջ 80 առ հարիւրը մէկ ակնթարթի մէջ վերածուեցաւ աւերակի։ Իսկ բնակիչները՝ շուրջ երկու հարիւր հազար մարդ, յայտնուեցան շաղախէ ծանր սալերու տակ եւ խաւարի մէջ։

Շատերու համար եթէ մահը ակնթարթային չէր, ապա անիկա կու գար հետոյ։ Հազարաւոր մարդիկ կը մահանային ծանր շաղախակոյտներու տակ երկարատեւ սեղմուած վիճակէն, արեան կորուստէն, ծարաւէն, ցուրտէն, վախէն, կը խեղդուէին փոշիէն ու անորոշութենէն։ 
Փլատակներու տակ գտնուողներու մէջ էր երիտասարդ կին մը՝ փոքրիկ աղջնակի հետ։ Յաղթահարելով անտանելի ցաւը, մայրը կը փորձէ ձեւով մը հանգստացնել փոքրիկը, սակայն անտանելի ցաւը, ցուրտն ու գաղցը երթալով կը խորանային։ Աղջնակը ջուր կ՚ուզէ, եւ այլեւս ելք չգտնելով, մայրը անոր կը խմցնէ իր արիւնը։

Իսկ վերը կը սկսի փրկարարական աշխատանքները։ Աւելի ուշ, այստեղ կու գան հազարաւոր փրկարարներ, բժիշկներ, շինարարներ, փրկարարական մասնագիտացած ջոկատներ՝ աշխարհի տարբեր անկիւններէն. Կազմակերպուած փրկարարական աշխատանքները հունի մէջ կը մտնեն միայն 2-3 օր հետոյ։ Իսկ մինչ այդ, ողբերգութեան առաջին իսկ վայրկեաններէն, փլատակներու տակ մնացածներուն անձնուրացօրէն կը փորձէին օգնել ողջ մնացած բնակիչները, բարեկամները, հարեւաններն ու հարազատները։

Օգնութեան եկած առաջին օդանաւը Ռուսիայէն էր։ Եւ ռուս օդաչուն փրկարարներու խումբի հետ միասին կ՚ուղղուի դէպի աւերակի վերածուած, երբեմնի ծաղկուն ու պայծառ քաղաքը։

Այդ ընթացքին կենդանի թաղուած մարդոց համար ժամանակը կանգ առած էր։ Օգնութեան լսելի կանչերը, տնքոցներն ու հառաչանքները երթալով կը նուազէին ու կը մարէին։ Մերթընդմերթ կը լսուին փրկողներու ուրախութեան ձայները, երբ փլատակներէն կը լսեն որեւէ կենդանութեան ձայն ու կը շտապեն փրկել։

Փլատակներու տակ անշարժացած երիտասարդ կինը կը հասկնայ, որ շուտով պիտի մեռնի եւ դժուար թէ կարողանայ որեւէ բանով օգնել իր երեխային։ Հաւաքելով իր վերջին ուժերը, ան վիզէն կը հանէ խաչով շղթան, որպէսզի զայն հագցնէ աղջկայ պարանոցին, սակայն ձեռքերը այլեւս չեն ենթարկուիր իրեն։ Անոր տեսիլք կ՚երեւի, թէ կ՚երթայ անտառի մէջ, ուր կու գայ թեթեւ սնկաբեր անձրեւ եւ ինք գեղեցիկ ու երջանիկ է։ Եւ այդ պահուն, հեռուէն տեղէ մը, ան կը լսէ աղջկայ ձայնը…մայրիկ։ Երիտասարդ կինը դժուարութեամբ կը սթափի եւ կը վերադառնայ իրականութեան։ Բանալով աչքերը ան կը տեսնէ իրական յոյսը՝ աղջնակը ռուս օդաչուի գիրկն է։

Շարժանկարին մէջ կայ ե՛ւ շարժում, ե՛ւ հոգեբանական տրամա, եւ երգիծանք. մինչեւ իսկ այսպիսի ողբերգութեան պահուն գիւմրեցիները չեն կորսնցներ իրենց համ ու հոտով երգիծանքի զգացումը։

Կ՚անցնին շատ տարիներ. նոյն օդաչուն իր վերջին, կամ ինչպէս մասնագէտները կ՚ըսեն, իր ծայրագոյն չվերթը կը կատարէ այս անգամ Մոսկուա-Գիւմրի ուղղութեամբ։ Ան դուրս կու գայ օդաչուի խցիկէն եւ յանկարծ հայացքը կ՚ինայ սրահին մէջ նստած կնոջը, որ աղջկայ մը հետ էր։ Ան կը յիշէ հեռաւոր ութսունութը, յիշողութեան մէջ ամբարուած աւերակներն ու օգնութիւն հայցող աչքերը։ Ան կը մօտենայ կնոջ, կը հանէ գրպանէն այն նոյն շղթան, որ երկար տարիներ կը կրէր իբրեւ թալիսման։

Շարժանկարի մտայղացումը կ՚իրականացուի ռուսական շարժանկարի ընկերութեան կողմէ։

Տեսանիւթը դիտել հոս

https://www.youtube.com/watch?v=gUGKCiwO_Bk


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.