Անձնուրաց հայուհիներ – Լոլա Սասունի (1893-1969)
Լոլա Սասունի, բուն անունով` Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, ծնած է 1893-ին, պատմական Հայաստանի Ակն` Բինկեանի շրջանը (Ակն): Ան զարմուհին է բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի: 1908-ին ընտանեօք հաստատուած են Պոլիս: Երիտասարդ տարիքէն ան մխրճուած է ազգային- հասարակական գործունէութեան մէջ` գործակցելով իր սերունդի հայուհիներու հետ: Մաս կազմած է Եղեռնի օրհասական պայմաններու հարկադրած ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերուն, կողք-կողքի զէնք կրելով դաշնակցական ֆետայիին հետ, բարձր պահելով հայու, յատկապէս հայուհիի արժանապատուութիւնը, որուն համար իր նմաններէն շատեր իրենք զիրենք նետած էին Եփրատ գետը:
Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, որ իր գաղափարակից ընկերոջ` Կարօ Սասունիի հետ 1917-ին ամուսնանալէ ետք կ՛ընտրէ Լոլա անունը կ՛անցնին Թիֆլիս: Ան մշտական ներկայութիւն է յետեղեռնեան հայութեան կազմակերպական աշխատանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Եղած է Մուշ, Վան, Խնուս, հոն, ուր գործը կը կանչէր, կազմակերպելով ու խնամելով Եղեռնէն ճողոպրած որբերն ու հիւանդները:
1918-ի մայիսեան անկախութեան նախօրեակին կը միանայ Համազասպի խումբին եւ կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին:
Առաջին զաւակը կը ծնի Երեւանի մէջ: Խանձարուրի մէջ փաթթուած երեխան միշտ զինուորի մը վիզէն կախուած էր, իսկ Լոլա կիներու խումբի մը հետ վիրաւորներ ու հիւանդներ կը խնամէր եւ տարագիր ընտանիքներուն կարիքները կը հոգար: Դժբախտաբար փոքրիկը մալարիայէ բռնուած` կը մահանայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Լոլա կը նուիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր խաչի կազմակերպումին, եւ երբ 1920-ին ամուսինը Շիրակի նահանգապետ կը նշանակուի, ան հայկական որբանոցներու ընդհանուր վարիչին հետ կը գործակցի:
1920-ին կը բանտարկուի, բախտով կ՛ազատի եւ մօտ տաս հազար գործիչներու հետ կ՛անցնի Զանգեզուր, անկէ ալ` Պարսկաստան: Ապա պարբերաբար կը մնայ` Պոլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Ժընեւ ու Փարիզ:
Փարիզ կեցութեան վեց տարիներուն ընթացքին բեղուն գործունէութիւն կ՛ունենայ ՀՅԴ-ի հովանաւորութիւնը վայելող Կապոյտ խաչին մէջ: Ինչպէս հայրենիքի, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ Լոլա Սասունի կը շարունակէ քալել հանրային ծառայութեան ճամբով, անսահման նուիրումով կը սատարէ տարասփիւռ հայութեան վերականգնումին: Փարիզէն ետք Գահիրէի, յետոյ Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ միշտ Հայ օգնութեան միութեան աշխատանքները կազմակերպող գործիչը կ՛ըլլայ:
Պէյրութի մէջ ան կը գործակցի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադիրներէն Ջաւօ Շանթին, որուն հետ կը շարունակէ կազմակերպչական աշխատանքները Լիբանանի մէջ: Լոլա Սասունի ամբողջ երեք տասնամեակ ԼՕԽ-ի ընկերուհիներու գործակցութեամբ դարմանատուներու ցանց մը կը ստեղծէ, չքաւորներուն ու որբերուն սնունդին եւ առողջութեան կը հսկէ, անոնց կրթական կարիքները կը հոգայ, հայ կնոջ մտաւոր ու ընկերային մակարդակի բարձրացման կը նպաստէ, ազգային հաստատութիւններուն կ՛օժանդակէ: Ան իր գործակիցներուն հետ կը նախաձեռնէ «պնակ մը կերակուրի» երախտաշատ գործին:
Լոլա Սասունի այն հազուագիւտ հայուհիներէն է, որոնք արժանացած են պետական բարձր գնահատանքի: Լիբանանի պետութիւնը բարձրօրէն գնահատելով ԼՕԽ-ի դերը եւ Լոլա Սասունիի անձնուէր ծառայութիւնը, 1966-ին «Մայրիներու ազգային կարգ»-ի շքանշանով կը պատուէ վաստակաշատ խաչուհին:
Տարիներու ընթացքին անոր առողջութիւնը կը քայքայուի, սակայն ան կը շարունակէ մնալ ԼՕԽ-ի գործավարուհին:
Կեանքի վերջին տարիներուն իր միակ երազն էր հայրենիք այցելելը: Հակառակ իր ամուսնոյն կամքին` կ՛երթայ եւ կը տեսնէ Սարդարապատի յաղթանակի կոթողը եւ վերադարձէն տասը օրեր ետք Լոլա Սասունի իր աչքերը կը փակէ 2 հոկտ. 1969-ին, ուխտը կատարած նուիրեալի մը հոգեկան բաւարարութեամբ: