Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը պիտի վերանորոգուի


«Կեդրոն» պատկերասփիւռի կայանը վերջերս հաղորդեց Գէորգ Չաւուշի եւ Մուշի մասին պատրաստուած ծրագիր մը։ 

1907-ին, Սուլուխի կռիւի ընթացքին հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ 80 հոգիէ բաղկացած հայկական ֆետայական խումբը յաջողեցաւ մէկ գիշերուան մէջ սպաննել զինք պաշարող 8 հազարնոց թշնամիէն 127 զինուոր եւ թուրք հրամանատար Քէօսէ Պինպաշին։ Սուլուխի ճակատամարտին զոհուեցաւ նաեւ Գէորգ Չաւուշ: Հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշէն թուրքերը այնքան կը վախնային, որ զինք թաղեցին մեծ պատիւով։ 

107 տարի ետք՝ Չաւուշի գերեզմանը մատնուած է անուշադրութեան։ Ժամանակին Մուշի հայերը տէր կանգնած են գերեզմանին, որ թուրքերը զայն չպղծեն։ Այսօր անոնք ոչ միայն կը հսկեն այլ կը պատրաստուին 8000 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող հայկական գերեզմանատունը ցանկապատելու եւ դարձնելու հայ համայնքի սեփականութիւնը։

Մուշի հայկական միութեան նախագահ Արմէն Գալուստեան կը յայտնէ, որ այդ գերեզմանատան մէջ թաղուած է հերոս մը՝ Գէորգ Չաւուշը եւ իրենց համար ընդունելի չէ այդ վայրէն քարեր վերցուելու հարցը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան իր կարգին կը նշէ, որ իրենք գերեզմանի վերակառուցման թոյլտուութիւն ստանալու համար դիմած են Անգարայի եւ ստացած են այդ թոյլտուութիւնը եւ այժմ մշեցի հայերու հետ կը քննակեն, թէ ինչ ձեւով պիտի ձեռնարկեն այդ աշխատանքին։

Արագած Ախոյեանի այցելութեան եկած մշեցի հայերը կը շեշտեն, որ պէտք է համախմբել ոչ միայն Մուշի այլ Արեւմտահայաստանի ամբողջ բնակիչները թիկունք կանգնելու եւ ուժեղացնելու համար Թուրքիոյ արեւելքին մէջ հայկական գործօնը՝ աւելցնելով, որ կորսուածը աստիճանաբար վերականգնելու միակ ուղին այդ է։

Հայկ-Ասլան Յովհաննիսեանը, յայտնի ֆետայի Իսրոյի (Իսրօ Կորիւն) զարմիկն է եւ Մուշի հայ համայնքի ղեկավարներէն մէկը։ Ան կը պայքարի Մուշի մէջ հայկական դպրոց-մանկապարտէզ բանալու եւ տեղւոյն հայերուն հայերէն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդելու համար։ Հայկն ու Արմէնը կը յայտնեն, թէ հայ մնալու գլխաւոր գրաւականները հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը գիտնալն է։ 

Հայկ-Ասլան կը յայտնէ, որ թուրքերը մէկ տարի առաջ Մուշի վերի թաղերու հայկական բնակարանները քանդած են։ Անոնք յայտնած են, որ այդ բնակարանները այժմ իրենց հսկողութեան տակ են եւ անոնց ճակատագիրը իրենք պիտի որոշեն, իսկ իրենք պայքարած են պահելու համար իրենց պապերէն մնացած ժառանգութիւնը եւ յաջողած են, սակայն այդ մէկը պիտի չկարողանային կատարել, եթէ չունենային սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իրենց հայրենակիցներու աջակցութիւնը։ 

Արագած Ախոյեան կը յայտնէ, որ այժմ իրենք կ՛որոնեն ձեւեր, որպէսզի հայերէնի ուսուցիչ ուղարկեն Մուշ եւ այդտեղի բնակիչները ստանան հայերէն կրթութիւն։ «Այս հարցը շատ կարեւոր է եւ պիտի պատուով լուծենք, որովհետեւ ասիկա առաջին գործնական քայլը պիտի ըլլայ, եւ այդ քայլով Մշոյ հայ համայնքը պիտի ամրապնդուի եւ հասկնայ, որ իրենք մինակ չեն», կ՚ըսէ ան։

Ներկայիս Մուշի 100 հազարանոց բնակչութեան շուրջ 20 առ հարիւրը հայեր են, որոնց մեծ մասը իր ազգային ինքնութիւնը բացայայտած է։ Տարօն-Մուշ միութեան ջանքերով շատերը կ՚ուզեն հայերէն սորվիլ, թէեւ դժուար է գտնել ուսուցիչներ, որոնք թեկուզ ժամանակաւորապէս պատրաստակամ ըլլան Թուրքիոյ մէջ ապրելու: Ըստ «Կեդրոն»ի հաղորդման առաջին «կամաւոր» ուսուցիչը արդէն պատրաստ է եւ ան շուտով Երեւանէն պիտի մեկնի Մուշ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.