«Ֆըրաթ» Մուսուլի Ողբերգութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նման Կը Նկատէ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ մինչեւ 2003 թուական շուրջ 200 հազար քրիստոնեայ կը բնակէր իրաքեան Մուսուլի մէջ, ուր այժմ մինչեւ իսկ մէկ քրիստոնեայ չէ մնացած։ Իրաքի եւ Շամի Իսլամական պետութիւն (ISIS) խմբաւորման յարձակումէն եւ մահուան սպառնալիքէն փախած հայերը ապաստան գտած են Իրաքի քրտական մասին մէջ։
Քրիստոնեայ աշխարհի վերլուծաբանները Մուսուլի ողբեգրութիւնը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան կը նմանցնեն։
Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը Յունիսին գրաւած է Մուսուլն ու այնտեղ ազգային փոքրամասնութիւնները գաղթի կ՚ենթարկէ։ Հազարաւոր տարիներ Մուսուլի եւ անոր շրջակայքը բնակած ասորի, հայ, եզիտի փոքրամասնութիւնները սպառնալիքի տակ լքած են իրենց տուները։
Անցեալ շաբաթ իսլամական ծայրայեղականները հրկիզած են տարածաշրջանի ամէնէ հին եկեղեցիներէն մէկը համարուող կաթողիկէ ասորիներու 1800-ամեայ եկեղեցին, իսկ քաղաքին մէջ բնակող քրիստոնեաներուն եւ կրօնական այլ խումբերու ներկայացուցիչներուն սպառնացած են սպանել։
Թուրքիան, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան Լուռ Են
Աշխարհի կաթողիկեներու հոգեւոր ղեկավար Ֆրանչիսկոս պապը Կիրակի աղօթած էր Իրաքի քրիստոնեաներուն, իսլամականներու յարձակումներու հետեւանքով մահացածներուն եւ սպառնալիքի տակ ապրողներուն համար։
Ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Քաթարը եւ ո՛չ Սէուտական Արաբիան որեւէ կերպ չեն արձագանգած, ինչ որ քրիստոնէական շրջանակներու քննադատութեան արժանացած է, որովհետեւ վերջին երեք օրերու ընթացքին Մուսուլէն իրական գաղթ տեղի կ՚ունենայ։
Պաղտատի մէջ ասորիներու հոգեւոր առաջնորդը յայտարարած է, որ այս շրջաններուն մէջ մինչեւ իսկ մէկ քրիստոնեայ չէ մնացած, իսկ իսլամական զինեալները «քրիստոնեաներու որսի» դուրս եկած են։ Քրիստոնեաներու փախուստէն քանի մը օր առաջ անոնց տուներուն վրայ նշաններ դրուած են, եւ ասորի առաջնորդը կոչ կ՚ուղղէ միջազգային ընտանիքին ու, յատկապէս, իսլամական աշխարհին արձագանքելու տեղի ունեցողին։
1915-ի Ցեղասպանութիւնը Կը Կրկնուի
Աշխարհի վրայ ճնշումներու ենթարկուած քրիստոնեայ ժողովուրդներու հարցերով ուսումնասիրութիւններ կատարած «Միջազգային հանրութիւնը՝ յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան բանբերը այժմ Մուսուլի մէջ կատարուող դէպքերը նմանցուցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան։
Ան նշած է, որ քրիստոնեաները 100 տարի է՝ այսպիսի ողբերգութեան ականատէս չէին եղած եւ երախտագիտութիւն յայտնած է գաղթականները պաշտպանութեան տակ առած քիւրտերուն եւ Յորդանանին։
Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ Սատամ Հուսէյնի պաշտօնավարման տարիներուն քրիստոնեաները աւելի ապահով էին։ Ան ընդգծած է, որ եթէ քրտական հատուածներուն մէջ քրիստոնեաներու համար վրանային ճամբարներ չկառուցուէին՝ ողբերգութիւնը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար։
Պաղտատէն ընտրուած քրիստոնեայ խորհրդարանական Ջոնատամ Քաննան իսլամական ահաբեկիչներու յարձակումները «էթնիկ զտում» կ՚որակէ, իսկ քրիստոնեայ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնները կը մտահոգուին, որ յարձակումներ կրնան կատարուիլ շրջանին մէջ ամէնէն մեծաթիւ քրիստոնեաները ունեցող երկիրի՝ Լիբանանի դէմ։
1.5 Միլիոնէն 300 Հազարը Մնացած Են
2003-ին, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրաքի մէջ սկսած պատերազմէն առաջ երկրին մէջ 1.5 միլիոն քրիստոնեայ կ՚ապրէր։ Անոնց 200 հազարը կը բնակէր Մուսուլի մէջ։ Այժմ, կ՚ենթադրուի, որ Իրաքի մէջ 300 հազար քրիստոնեայ մնացած է։ Ատոնց մեծ մասը այժմ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ մնացած շրջաններուն մէջ են։