45-ամեայ «Հորիզոն»ը եւ 21-րդ դարու տեղեկատուական հասարակարգը

Անցնող օրերուն, Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ կայացած հանդիսութիւններու ընթացքին, «Հորիզոն»ը նշեց իր հիմնադրութեան 45-ամեակը։ Սփիւռքի նորահաս սերունդները իրենց հայեցիութեան հանդէպ գիտակցութեան մղող քարոզչական գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկը հանդիսացած է հայ թերթը, եւ այդ տեսանկիւնէն, 45 տարիներու ընթացքին, «Հորիզոն» կատարած է այդ պարտականութիւնը, ամենայն պատասխանատուութեամբ: «Հորիզոն»ի գաղափարական ուղղուածութիւնը ազգայինն է: Անցնող 45 տարիներուն, «Հորիզոն» Գանատայի հայութեան մատուցած է ազգային արժէքներու կուսակցութեան, հայ ժողովուրդի կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, միաժամանակ հանդիսանալով Գանատայի տարածքին թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեանց հակադարձող արթուն պահակը։

Անցնող երկու տասնամեակներուն, 21-րդ դարու նախաշէմին, հայ հասարակութիւնը հաղորդակցութեան բնագաւառէն ներս վիթխարի տեղաշարժի ենթարկուած է եւ անցումային հանգրուանով գերակշռօրէն թեքած է դէպի գիտարուեստի տեղեկատուական բնագաւառ։ Միաժամանակ, 21-րդ դարու հաղորդակցական տարաբնոյթ սարքերը, համակարգիչներէն մինչեւ բջիջային հեռախօսները՝ 21-րդ դարու տեղեկատուական հասարակութեան նոր սերունդին համար, համացանցի կայքէջէն եւ տպագիր մամուլէն աւելի արագ, այլընտրանքային եւ արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան աղբիւրներու վստահելու կը մղեն։

Վերջին երկու տասնամեակներուն, մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց երեւոյթ է տեղեկատուական-համակարգչային գիտարուեստի աննախադէպ յառաջընթացն ու տարատեսակ ընկերային ցանցերու տարածումով՝ համաշխարհային ցանցային հասարակութեան յառաջացումը։ Ընկերային ցանցերը այսօր կոչուած են տեղեկատուութիւնը արագ տարածելու կարողականութեամբ: Ընկերային ցանցերու հարթակները այսօր տեղեկատուական հասարակութեան իրազեկման հիմնական լսարաններն են։

Ժամանակակից թուայնացած հաղորդակցութեան մեր ապրած դարաշրջանին, իրազեկութեան թուայնացած լրատուադաշտին մէջ նաւարկելու դժուարին հանգրուանին դէմ յանդիման կը գտնուի հայ մամուլը, երբ յայտնապէս սուտին եւ կեղծիքին դիմադարձելու պարտադրանքին տակ կը գտնուի իւրաքանչիւր աւանդական լրատուամիջոց։ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան մէջ արձանագրուած «ցանցային յեղափոխութեամբ»՝ մարդկային քաղաքակրթութիւնը թեւակոխած է զարգացման նոր հանգրուան, դրական եւ ժխտական իր երկու երեսներով։ Դրական՝ այն առումով, որ տեղեկութիւնը արագընթաց եւ լայնածիր տարածում կը ստանայ, իսկ ժխտական՝ այն առումով, որ տեղեկատուութեան բազմակողմանի չարաշահման առիթները կը բազմապատկուին։ Համաշխարհային տեղեկատուադաշտը այսօրուան դրութեամբ ենթակայ է յերիւրանքի եւ կեղծիքի ներթափացման եւ ամէն օր այդ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու դէմ յանդիման կը գտնուի, ընդ որում, սուտն ու պատիրը խոցելի կը դարձնեն ճշմարիտ ու արդար տեղեկատուութեան սփռման գործընթացը։

Անհրաժեշտ է յատկապէս նշել, որ ընկերային ցանցերը միաժամանակ կրնան ծառայել հանրային կարծիքի ապակողմնորոշման եւ հիմնական այս պատճառով, ներկայ դրութեամբ, հայկական լրատուամիջոցները, «ցանցային յեղափոխութեամբ» ստեղծուած համաշխարհային հաղորդակցութեան համակարգին մէջ ընդգրկուելով հանդերձ՝ անհրաժեշտ է որ պահպանեն նաեւ աւանդական որոշ ձեւաչափեր, միշտ մնալով եւ հանդիսանալով հայ հաւաքականութիւններու ու համայնքներու կենսագործունէութիւնը ցոլացնող լրատուամիջոցը։

Մարդկութիւնը այսօր անքակտալիօրէն համահիւսուած եւ ընդելուզուած է ընկերային ցանցերու «Հաւանում (like), մեկնաբանութիւն (comment), տարածում (share)» եզրոյթներուն հետ, եւ այդ շարակցութիւնը գերիշխող ներկայութիւն է աշխարհաքաղաքացիի տեղեկատուական օրակարգին մէջ։ Ի մի բերելով վերոնշեալ իրականութիւնները, 21-րդ դարու իւրաքանչիւր հայ լրատուամիջոց, հանրային կարծիք ձեւաւորելու ճանապարհին, «ցանցային յեղափոխութեան» մէջ ընդգրկուելով հանդերձ, էական է, որ համակարգուած ձեւով հակակշռէ տեղեկատուադաշտը, ապահովէ իրազեկման հաւաստիութիւնն ու արժանահաւատութիւնը, միաժամանակ պահպանելով աւանդական իր առաքելութեան ենթախարիսխը։

Յառաջիկայ հանգրուանին, «Հորիզոն»ը տեղեկատուական եւ քարոզչական իր առաքելութեան նոր թափ տալու միտումով, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու վրայ նպատակաուղղուած ու համապարփակ նոր ծրագիրներով կը ներկայանայ աշխարհատարած իր ընթերցողներուն։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Comments are closed.