Իսթանպուլի Հրանդ Տինքի անուան վարժարանը
Լրագրող Աննա Մուրադեան կը գրէ. «Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 տեղական հայկական դպրոցներ, որոնցմէ միայն մէկը բացուած է թրքական հանրապետութեան ժամանակ, մնացեալը գործած են օսմանեան կայսրութեան ժամանակներէն ի վեր։ Տասը տարի առաջ՝ Թուրքիա աշխատանքային գաղթի մեկնած Հայաստանի քաղաքացիներու երեխաներու համար բացուեցաւ նաեւ ապօրինի կերպով գործող հայկական դպրոց, ուր դասաւանդման լեզուն արեւելահայերէնն է։
Փոքրիկ Հայաստան՝ Պոլսոյ Հրանդ Տինքի անուան դպրոցին մէջ
Հայաստանի անկախանալէն ի վեր ամէն տարի երկրի բազմաթիւ քաղաքացիներ կը մեկնին Թուրքիա արտաքին աշխատանքի, Վրաստանէն կտրելով սահմանը եւ ծախսելով շուրջ 100 տոլար՝ վիզայի եւ փոխադրակառքի համար։ Անոնցմէ ոմանք կ՚երթան-կու գան, շատերն ալ հաստատուած են Պոլսոյ մէջ։
«Կ՚ուզեմ, որ Հայաստանի մէջ աշխատատեղեր բացուին, որպէսզի մարդիկ աշխատին ու չգան այստեղ», շարադրութեան մէջ գրած է տասնամեայ դպրոցական Տիգրան Աւետիսեանը, որ թէւեւ ծնած է Սպիտակ քաղաքին մէջ, սակայն ոչինչ չի յիշեր քաղաքէն։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը լաւատեղեակ է այս դպրոցի գոյութեան մասին եւ չի խոչընդոտեր ատոր գործունէութիւնը, սակայն ստացած կրթութիւնը հաւաստող փաստաթուղթ, որ վաւերական պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար՝ աշակերտները չեն ստանար։
«Ես չեմ ուզեր այստեղ մնալ, կ՚ուզեմ երթալ Սպիտակ, որովհետեւ այնտեղ է տունս», կ՚ըսէ մտածկոտ Տիգրանը, «թէեւ ոչինչ չեմ յիշեր այնտեղէն, որովհետեւ հազիւ ծնած եմ՝ եկած ենք այստեղ»։
Քաղաքի ամէնէն հին թաղամասերէն մէկուն մէջ՝ Գումքափուի մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Հայոց պատրիարքարանը, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ (կառուցուած 1914-ին) հովանիին տակ կը գործէ այս դպրոցը, որ 2010-ին կոչուեցաւ Հրանդ Տինքի անունով, որովհետեւ այստեղ նախապէս եղած է որբանոց մը, ուր մեծցած է Հրանդ Տինքը։ ԱՍԱԼԱ (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ) խմբաւորման հետ կապուած հարցերու պատճառով կառավարութեան ճնշումով անիկա 1975-ին փակուած է։
«Ի տարբերութիւն Իսթանպուլի մէջ գործող այլ պետական հայկական դպրոցներու, ուր կը գերակայէ թրքական մշակոյթը՝ տնօրէնի սենեակին մէջ պարտադրուած Աթաթուրքի դիմանկարով եւ Թուրքիոյ օրհներգով, Հրանդ Տինքի անուան դպրոց մուտք գործելով կը յայտնուիս փոքրիկ հայկական իրականութեան մէջ։ Նախասրահի պատին Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի լուսանկարներն են, հայկական դրօշն ու զինանշանը, արեւելահայերէնով ձեւաւորուած պատի թերթեր կան։
«Այս դպրոցի մէջ փոքրիկ Հայաստան է», կ՚ըսէ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Լիլիթ Պօղոսեանը, «երեք տարի է, որ այստեղ եմ ու չեմ զգար, որ Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրիմ՝ օրս հայերէնով կը սկսիմ ու հայերէնով՝ կ՚աւարտեմ»։
Այս դպրոցը հիմնադրելու միտքը կը պատկանի պոլսահայ Ալեքս Ուզուրօղլուին եւ Պոլսոյ մէջ աշխատելու եկած Հերիքնազ Աւագեանին։ Անոնք տեղ յատկացնելու խնդրանքով դիմած են Պոլսոյ պատրիարքութիւն, սակայն մերժում ստացած են, որմէ ետք անոնց ձեռք երկարած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղաբալեանը (Աղաբալօղլու)։
Աղաբալեանը կը պատմէ, որ օր մը հարցուփորձ ըրած է հայ երեխայի մը ու թրքերէն պատասխաններ ստացած, ինչ որ ցաւ պատճառած է իրեն եւ մտածելու լուրջ պատճառ դարձած»։
«Հայաստանէն կային կիներ, որ եկած էին հոս աշխատելու, մէկ օր ալ պզտիկի մը հարցուցի «ինչպէս ես», պատասխանեց՝ «Իյիյմ (թրքերէն՝ լաւ եմ)», կը պատմէ ան, «ես ինծի ըսի, թէ տեղացի հայերն իրենց հայ ինքնութիւնը կորսնցուցած են ու հիմա նոյնը Հայաստանէն եկած հայերուն պիտի ըլլայ»։
Այդպէս ալ բացուած է այս դպրոցը, ուր սկիզբը յաճախած են 5-7 աշակերտներ, սակայն այդ թիւը հետզհետէ աւելցած է։
Թուրքիա աշխատանքային գաղթի մեկնած մարդոց վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական հետազօտութիւն չկայ, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան տարբեր առիթներով կը յայտարարէ, որ այնտեղ կայ ապօրինի կեցութեամբ ապրող մինչեւ 150 հազար հայ, սակայն Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի եւ Պոլսոյ մշակոյթի համալսարանին կից Համաշխարհային քաղաքական միտումներու կեդրոնի 2009 թուականին կատարած հարցախոյզին արդիւնքներով Թուրքիոյ մէջ ապօրինի կերպով կ՚ապրին շուրջ 15000 հայ, որոնց 94 առ հարիւրը կիներ են։
«Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ամէն տարի կը հրապարակէ տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքային գաղթի մեկնած Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիներու վիճակագրական ցուցակը, ուր Թուրքիան ներառուած չէ՝ փոքր դաշտ ըլլալուն պատճառով։ Ցուցակը կ՚ընդգրկէ ԱՊՀ երկիրներն ու եւրոպական երկիրները (անոնց մէջ 65 առ հարիւրով կը գերակայէ Ռուսիան)։ Միւս տարի, սակայն, հասանելի պիտի ըլլան նաեւ այլ ուղղութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Թուրքիան։
Դպրոցի փոխտնօրէն Դոնարա Բեբուրեանը 10 հոգինոց մանկավարժական անձնակազմի «հնաբնակներէն» է, որուն նոյնպէս Պոլիս բերած էր աշխատանքի փնտռտուքը։
«Սկիզբը միայն հայոց լեզու կը դասաւանդէինք, հետոյ մեզի միացաւ ռուսերէն լեզուի մասնագէտ, հետոյ աւելցուցինք անգլերէն ու այլ առարկաներ», կը տեղեկացնէ ան։ Թուրքերէն չեն սորվիր այս դպրոցին մէջ։
Բեբուրեան կը նշէ, որ ուղղագրութիւններու տարբերութեան պատճառով ծնողները չեն ուզեր երեխաները ուղարկել տեղական հայկական դպրոցներ։ «Մի քանին իրենց երեխաները տարին այնտեղ», կ՚ըսէ ան, «ապա ետ բերին՝ լեզուական խնդիրներու պատճառով»։
Դասաւանդող ուսուցիչները գրեթէ բոլորն ալ Պոլիս եկած են աշխատանք փնտռելու, ոմանք ալ՝ պարզապէս միացած են այնտեղ աշխատող իրենց ընտանիքներուն։
«Երբ Հայաստանի մէջ արժանապատիւ գործ չգտայ՝ միացայ ընտանիքիս անդամներուն, որոնք արդէն իսկ այստեղ էին», կ՚ըսէ դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ 25-ամեայ Դաւիթ Խաչատրեան, որ ԵՊՀ իրաւագիտութեան կաճառի շրջանաւարտ է։ Անոր հայրը Պոլսոյ մէջ կօշկակարութեամբ կը զբաղի, իսկ մայրը ընտանիք կը խնամէ։
Դասարաններու մէկ մասը տեղակայուած է եկեղեցւոյ կիսանկուղային յարկին վրայ, ուր ժամակին գործած է որբանոցը, սակայն դասերը կը կատարուին նաեւ ինքնին եկեղեցւոյ մէջ, ուր նոյն ընդարձակ սրահին աջ եւ ձախ թեւերուն մէջ միաժամանակ տարբեր դասարաններ տարբեր դասեր կ՚ընեն։
Ուսուցիչները կ՚առաջնորդուին Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու համար նախատեսուած ծրագիրով, իսկ դասագիրքերը անվճար կը ստանան Հայաստանէն, սակայն տեղափոխման վարձը կը վճարեն ծնողները։
Դպրոցը հիմնականին մէջ կը պահուի ծնողներու վարձով՝ ամսական 60 տոլար։ «Սակայն ծնողներ կան, որոնք այդ ալ չեն կրնար վճարել», կը պատմէ Բեբուրեան, «Բոլորին կ՚ընդառաջենք, զեղչեր կ՚ընենք, նաեւ Գրիգոր պատուելին մեզի շատ կ՚օգնէ։
Տեղացի քանի մը հարուստ ընտանիքներ որոշ չափով կ՚օգնեն, մասնաւորաբար՝ Հորոզօղլի ընտանիքը, սակայն ամէնէն մեծ դրամական օգնութիւնը յատկացուցած է Ռաքէլ Տինքը՝ նուիրելով Եւրոպական դատարանին մէջ «Տինք ընտանիքն ընդդէմ Թուրքիոյ» հայցով շահած գումարի մէկ մասը։
Այժմ 100 աշակերտ ունեցող դպրոցին կից կայ նաեւ մանկապարտէզ՝ 30 երեխաներով։ Գաղթականներու մէջ աշխարհագրական առումով կու գան Սեւանէն, Սպիտակէն, Երեւանէն, Գիւմրիէն, Էջմիածինէն եւ այլ վայրերէն։
Գրիգոր պատուելիի խօսքերով՝ ծնողներու մեծամասնութիւնը մտադրած է վերադառնալ։ Անոնք Իսթանպուլ եկած են միայն դրամ շահելու համար։
«Մենք նոյնպէս չենք ուզեր, որ անոնք այստեղ մնան», կը բացատրէ պատուելին, «տեղացի հայերը քրիստոնէւոթիւնը կը պահեն, սակայն մահմետական պետութեան մէջ թուրքերը շատ ազգայնական են եւ շատերուն իսլամութեան կը դարձնեն։ Շատ հայ աղջիկներ ու տղաներ օտարներու հետ կ՚ամուսնանան ու կը կորսուին՝ կ՚երթան, ու ատիկա մեզի համար չարիքի պէս բան մըն է»։