44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը Արցախեան ազատագրական պայքարին աւա՞րտն է

Յ. Պալեան

Հող ունենք՝ խլած, կեանք ունենք՝ մեռած,

Ա՜խ, ջրի, կրակի մենք եսիր դառած,

Ո՛չ երկինքն տեսնի մեր սուգն ու լացը,

Ո՛չ երկիրը պատռուի մեզ տանի ցածը։

«Վաթան», Խաչատուր Աբովեան

 

2020-ի մեզի հոգեխոց դարձած պարտութիւնը հասկնալ Խաչատուր Աբովեանի քառեակով, բայց զայն չկրկնել:

Պէտք է վերադառնալ պատմութեան եւ քաղաքական իրադարձութեանց ակունքները: Ճիշդ հասկնալու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար էական են յստակ հարցումները:

            Արդէն երեսուներեք տարի անցած է այն օրէն, երբ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի նոյն նպատակով եւ նոյն հաւատքով, սկիզբ առած էր Արցախի ազատագրական պայքարը, զոր կը կոչէին Արցախեան Շարժում: Ժողովրդական եւ քաղաքական պարզ բանաձեւում ունէր ՇարժումըՄԻԱՑՈՒՄ: Պէտք է յիշել հրապարակին վրայ հաւաքուածներու միահամուռ պահանջը եւ առաջադրանքը. ՄԻԱՑՈՒՄ:

            Վաղուան վերականգնումին համար անհրաժեշտ է այսօր հարց տալ եւ խօսիլ, թէ ինչո՞ւ չիրականացաւ Միացումըինչո՞ւ չյաջողեցանք այդ ընել:

            Առանց անօգուտ եւ անտեղի բանավէճերու մէջ խրելու, արդարանալու համար արտաքին պատճառներ փնտռելու, նախ խօսինք այն մասին, թէ ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք: Անվարան պէտք է թուել թերացումները, Արցախը եւ արցախահայութիւնը Հայաստանի եւ հայութեան մաս չնկատելու յայտարարութիւնները: Չըսուեցա՞ւ միթէ, որ արցախսցիները մինչեւ հիմա ապրած են ազրպէյճանցիների հետ եւ այսուհետեւ ալ կրնան ապրիլ: Խօսքը ըսուած էր օրին Աշոտ Բլէյեանի կողմէ: Պէտք է յիշել, եթէ յիշողութեան կորուստի հիւանդութիւն չունինք, «եթէ ամնեզիա չունենք»: Թէեւ նոյն ձեւով մտածող զանգուած կայ մինչեւ այսօր:

            Հայ քաղաքական միտքին համար արցախեան ազատագրական պայքարի ազգային-քաղաքական նպատակը երկու չէր կրնար ըլլալ, մէկ էր. հայոց հայրենիքի վերամիաւորումը: Երբ այս հիմնական սկզբունքը դիւանագիտական ճապկումներու ծուղակը իյնալով փակագիծի մէջ դրուեցաւ, կողմերը եւ զանազան բնոյթի հաշտարարները եւ միջնորդները, արցախեան հիմնահարցը փակուղի տարին, ասդին անդին գումարուած բանակցութիւններու ուռկանին մէջ բանտարկելով էականը: Այս խնդիրը ուսանելի պէտք է ըլլայ վաղուան համար:

            Միթէ՞ 1920-ի անփառունակ պարտութենէն եւ անոր հետեւանքներէն աւելի վատ կ’ըլլային միաւորման յանդգնութեան հետեւանքները, թէ ինչպէս այդ կը պատահի ամէն տեղ, ընդուելի կ’ըլլար կատարուած իրողութիւնը:

            Ինչո՞ւ Մոսկուան, Մինսքի խումբի համանախագահները, նաեւ Իլհամ Ալիեւ, նոյնիսկ Էրտողան, չեն փորձեր, չփորձեցին, Արցախի հարցը քննել պատմութեան եւ օրէնքի լոյսին տակ, ճշդելու համար, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ Արցախը յայտնուած է Ատրպէյճանի կազմի մէջ, որպէսզի քաղաքակիրթ լուծում գտնեն, ԻԱ դարու մէջ չգործեն նախամարդոց անտառի օրէնքով:

            Ինչո՞ւ դահիճ համարուած Ստալինի կամայական որոշումը Արցախը Ատրպէյճան կցելու պիտի համարուի իրաւունք եւ օրէնք, եւ ո՛չ թէ բազմադարեան պատմութեան վկայութիւնը ըլլայ առաջնորդող սկզբունք:

            Եթէ Մ․Ա․Կ․-ը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը իրենց կոչման հաւատարիմ ըլլային, կը ճշդէին իրաւունք, ոչ թէ թնդանօթի եւ անօդաչու սարքերու պարտադրած արդարութեամբ, այլ պատմութեան վկայութեամբ, ժողովուրդներու անցած ուղիով: Յիշեցում. 451ին, Մաշտոց Ուտիքի մէջ հիմնած է դպրոց:

            Ո՞ւր էին ազերիները եւ թուրքերը երբ հայերէն գիրով եւ խօսքով ուսուցում կ’ըլլար Արցախի մէջ:

            Արցախի տէր ըլլալու-չըլլալու իրաւունքը բնիկները ջարդելո՞վ կը հաստատուի, նոյնիսկ քաղաքակիրթ համարուած ԻԱ դարուն, երբ կան միջազգային համայնքը վերահսկող ուռուցիկ անուններով կազմակերպութիւններ եւ իրենք զիրենք իրաւարարութեան կոչած ՄԵԾԵՐ: Անգլիական The Guardian թերթը, օրին, երկու տարբեր տեսերիզներու վրայ ճշդած էր ազերի զինուորներու կողմէ երկու հայ գերեվարուածներ, 69 եւ 82 տարեկան, որոնք գլխատուած էին: Ա՞յս է ընդունուած կարգը ուրիշը հայրենիքը իւրացնելու:

            Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կ’ըսէ, թէ Արցախը երբեք Ատրպէյճանի կազմին մէջ չի մտներ, մոռցէ՛ք… Յուզիչ յայտարարութիւն: Ան պատասխանած է Ատրպէյճանի տիրակալ Ալիեւի, որ ըսած է, թէ Արցախը ունի 25.000 բնակիչ: Արտակ Բեգլարեան ճշդած է, որ Արցախը ունի 120.000 բնակիչ: Ի հարկէ, խօսքը կը վերաբերի Արցախէն մնացած քառորդին: Իսկ ինչպէ՞ս տիրութիւն կրնար ըլլար Արցախի աւելի քան 10.000 ք.ք.մ. տարածքին, երբ ան բնակեցուած չէր այդ աշխարհին տէր ըլլալու դեր ունեցող ժողովուրդով: Այսօր հոն նստած է ներխուժած յաղթական թուրքը, որ զէնքի ուժով իրաւունքի ծնունդ կու տայ:

            Եթէ մնացած քառորդին վրայէն վերցուի ռուսական վահանը… Այս հայ ազգային քաղաքական հրատապ օրակարգ պէտք է ըլլայ, զոր կարելի չէ լուծել տեսութիւններով եւ խօսքի աճպարարութիւններով:

            Յաճախ պէտք է մտածել համահայկական քաղաքականութեան մէջ մեր ունեցած մեծ թերացման մասին. չկամութիւն եւ անկարողութիւն բնակեցման քաղաքականութիւն իրականանցելուԱյս՝ Արցախի պարագային, ոչ միայն այսօրուան քառորդինԱյս՝ նաեւ Հայաստանի: Իրատես ըլլանք. եթէ Երեւանը նկատի չունենանք, ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Հայաստանի բնակեցումը, հողին վրայ բնակչութեան խտութիւնը, մանաւանդ երբ այդ բախտատենք նոյն տարածութեամբ երկիրներու:

            Կրկնութեան գնով պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ բնակեցման քաղաքականութեան ձախողութիւնը կը բացատրուի նաեւ կազմակերպուած հայրենադարձութեան բացակայութեամբ: Զանազան պայմաններու բերումով սահմանափակ թիւով հայրենադարձները Հայաստան չեն վերադարձած, վերադարձած են Երեւան, ինչ որ հայրենի տարածքներու բնակեցման նպաստ չէ անպայման:

            Հայաստան եւ Արցախ հայերը պոռացին ՄԻԱՑՈՒՄ: Ի՞նչ ըրին այդ իրականացնելու համար: Երէկ եւ այսօր, Հայաստանի հանրային կարծիքին կողմէ «ղարաբաղցին» կը դիմաւորուի որպէս օտար, խանգարող, իշխանութիւն գրաւող: Իսկ սփիւռք(ներ)ը պոռաց ըսելով՝ որ «Ղարաբաղը մերն է», բայց ներկայ տէր չեղաւ, մխիթարական եւ ինքնամխիթարական բարեսիրութեամբ գոհացաւ, երբ տիրութիւնը կը պահանջէ ներկայութիւն: Վաղը ճիշդ գործելու համար, այսօր ճիշդ գնահատումներ եւ քննադատութիւններ պէտք է ընել, եւ յանգիլ կառուցողական եզրակացութիւններու:

            Ամէն տեղ եւ ամէն առիթով յայտարարուեցաւ, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»: Ղարաբաղեան Շարժման ալիքին վրայ իշխանութեան հասած Լեւոն Տէր Պետրոսեան, եւ այսօր Նիկոլ Փաշինեան ռէալ փոլիթիք առարկելով, Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու քաղաքականութեան հետեւեցան: Արցախի Հայաստան ըլլալուն իրապէս պէտք էր հաւատալ, անոր Հայաստանի հետ միաւորումը ազգային հիմնահարց համարել, ո՛չ միայն խօսքով, փոքրամասնութեան մը հաւատքով: Պատմութեան եւ մեր ժառանգութեան տէր ըլլալու յանձնառու պէտք էր ըլլային ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք, չգոհանալով ամբոխավարական ճառով:

            Հիմա, ամենայն անկեղծութեամբ պէտք է նայիլ Արցախի հարցին. եւ ըսել. թէ՝

ա. Արցախը Հայաստա՞ն է, թէ՞ ո՛չ:

բ. 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը եւ անոր հետեւած պարտութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին հանգրուա՞նն է, թէ՞ աւարտը:

            Մեկնելով իրարու շաղկապուած այս հարցումներուն դրական կամ ժխտական պատասխաններէն, հարկ է մշակել երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն, ճշդելով անկէ բխելիք մարտավարութիւնները. կազմակերպական, դիւանագիտական, բոլոր ճակատնրու վրայ հզօրացման, բոլոր ուժերու մէկտեղման, եւ անոնց ներսի եւ դուրսի զանգուածներու կողմէ իւրացման: Համահայկական քաղաքական փրաքսիս՝ այսօրուան եւ վաղուան մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն խաղերէն անդին:

            Պատրաստուող միջազգային բարդութիւններու եւ նախատեսուող բախումներու ծիրէն ներս, Արցախի հարցը ախտորոշման պալար մըն է: Եթէ երէկ դաշնակից չունէինք, այսօր չունինք, քաղաքական իրադրութիւններու զարգացումը պիտի ընէ այնպէս, որ պիտի ներառնուինք քաղաքական-մշակութական նոր եւ ընդհանուր վերադասաւորումներու մէջ, պիտի ունենանք դաշնակիցներ, որոնց համար զիջումներով եւ պարտութիւններով առաջնորդուող երկիր եւ անոր ղեկավարութիւնը, չեն կրնար վստահելի գործակից համարուիլ:

            Բանակցութիւն եւ համաձայնութիւն արդիւնաւետ եւ օգտակար են երբ կը կառուցուին փոխադարձութեան սկզբունքի վրայ:

            Հայաստան կորսնցնուց պատերազմ մը:

            Այսօր համայն հայութիւնը, ներսը եւ դուրսը, հայերը անհատաբար, ինչպիսի հեռանկարային եւ յանձնառութիւն պահանջող եզրակացութեան պիտի յանգին:

            Գիտակից մարդու եւ հարազատ հայու վերաբերում պէտք է ունենալ եւ աւելի քան երբեք ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուիլ, որ կ’ենթադրէ եսերու գերանցումը, ներազգային ամէն կարգի խտրականութիւնները, եւ ինչպէս միշտ կրկնած եմ, ունենալ ճիշդ մարդը ճիշդ գործին գլուխ դնելու իմաստութիւնը,- the rigհt man in the rigհt place,- զոր երբեք չենք իւրացուցած:

            Մեր իրաւազրկումներու շարքին, այսօրուան պարտութիւնը, որքան ալ ցաւալի ըլլայ, պէտք է յաղթահարել միացման եւ յաջողութեան գաղափարով:

            Այս ընելու համար ազգի ղեկավարութիւնը անմիջականութիւններէ վեր պէտք է բարձրանայ: Այդպէս եղած են պարտութենէ ետք, պարտութիւնը չընդունած եւ ի վերջոյ յաղթանակած ժողովուրդները:

            Պէտք է յիշել Ֆրանսայի առանձին մնացած բայց զէնքը վար չդրած ղեկավար զօրավար Շարլ տը Կոլը, Հնդկաստանի անզէն բայց իրաւունքի յաղթանակին հաւատացող Մահաթմա Կանտին:

            Յովհաննէս Շիրազ, սովետական կարգերու տակ, յստակ խօսք ըսած էր Ղարաբաղը Հայաստանէն պոկողի մասին: Բանաստեղծի խօսքով միայն սրահ պէտք չէ յուզել, այլ՝ լսել ճշմարտութիւնը եւ պատգամը.      

Ղարաբաղը մօրս կանչն է,
Ինձ է կանչում յոյսով տրտում,
………

Հայաստանից քեզ պոկողը
Հայաստանի եղբայրը չէ…

Այսպէս էր երէկ, է այսօր եւ պիտի ըլլայ վաղը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.