Թուրքիոյ Մէջ Հրապարակուած Է Ցեղասպանութեան Վկայութեանց Հաւաքածոյին Թրքերէնը


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- ««Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների Վկայութիւններ» արխիւային փաստաթուղթերու եռահատոր հաւաքածոյի առաջին հատորի թրքերէն տարբերակին հրատարակութեամբ՝ լիարժէք կը դառնան այդ նիւթերուն հետ կապուած փաստերուն ներկայացումը», Չորեքշաբթի, Յուլիս 2ին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է եռահատոր շարքին մէկ հատորի թրքերէն թարգմանութեան հրատարակիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու:
«Ինծի համար յատկապէս արժէքաւոր է գիրքին թրքերէն տարբերակին հրապարակումը, քանի որ անիկա «Վան» հասարակական կազմակերպութեան օգնութեան շնորհիւ իրականացուած աշխատանքի արդիւնք էր», նշած է Զարաքօլու, աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ մէջ տպագրած է նաեւ Հայոկական Ցեղասպանութեան մասին գերմաներէնով փաստաթուղթեր, Վերժինէ Սվազլեանի հաւաքած վկայութիւններ եւ այլ փաստաթուղթեր:
Նշենք, որ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների Վկայութիւններ» եռահատոր ժողովածուն հայերէնով հրատարակուած էր 2012ին: Հոն կան Վան, Բիթլիս, Էրզրում, Խարբերդ, Տիարպեքիր, Սեբաստիա եւ Տրապիզոն նահանգներու եւ Պարսկահայքի շրջանին մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու 602 վկայութիւններ:
2013ին, եռահատորէն առանձնացուած էին 145 վկայութիւններ, որոնք թարգմանուած ու հրատարակուած էին անգլերէնով: Մօտիկ ապագային կը նախատեսուի նաեւ հրատարակել գիրքին ռուսերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն թարգմանութիւնները:
Միւս կողմէ, Զարաքօլու ողջունած է Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին Թուրքիոյ ապագայ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը:
«1965էն ի վեր, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած աշխատանքներ կը տարուին: Ցեղասպանութիւնը, ի հարկէ, Թուրքիոյ ամօթն է: æարդուածները նաեւ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ էին եւ իրաւունքներ ունէին: Ասիկա նաեւ իրաւական խնդիր է», ըսած է Զարաքօլու:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ուղերձին, որով թուրք ղեկավարը փորձած էր հաւասարեցնել կողմերու կորուստները, ինչպէս նաեւ՝ Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան, թէ պէտք է պատմութեան հանդէպ «արդար յիշողութիւն» ձեւաւորել: «Տաւութօղլուի կշիռքը սխալ կը կշռէ: Եթէ նայինք, թէ 1915ին կատարուած Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր ի՛նչ մնացած է, ապա կը տեսնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի երկու միլիոն հայերը բնաջնջուած կամ հեռացուած են տարածաշրջանէն: Եթէ Ցեղասպանութիւնը տեղի չունենար, ապա այսօր 8-10 միլիոն հայ բնակչութիւն պէտք է ունենայինք այդ տարածքներուն վրայ: Ցեղասպանութիւնը միայն ապրող բնակչութեան բնաջնջումը չէ, այլ նաեւ ապագայ սերունդներու, մշակոյթի, արուեստի վերացումն է», շեշտած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.