Քեսապի մասին պատմական տեղեկութիւններ
Քեսապահայ բանասէր Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» եռահատոր գիրքերէն քաղուած հետեւեալ վիճակագրական ծանօթութիւնները կը փոխանցնք մեր ընթերցողներուն:
– Ուսումնասիրութիւններու կարծիքը այն է թէ «Հայաբնակ Քեսապի եւ Սուէտիոյ գաւառները 9-11 դարերուն Անտիոքի շրջանին հայ հոծ գաղթականութեան մնացորդացն են» (Ա Հատոր, էջ 8):
– 1910ին, Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ քսան վարժարաններ կային:
– 1910ին, Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը կը հիմնուի, նպատակ ունենալով «դաստիարակութեան հիմնական գիծն ու նպատակը դարձնել ազգայինը եւ ո՛չ յարանուանականը» (Ա հատոր, էջ 79):
– Դաշնակցութեան առաջին կորիզը Քեսապի մէջ կը հիմնուի 1906ին:
– «1909ին՝ աղէտը եւ 1915ի Մեծ Եղեռնը շուրջ 8,000 հոգի եղող Քեսապցիք տարագրութեան տուած են շուրջ 5,000 զոհ» (Ա հատոր, էջ 107):
– Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը (Ս.Օ.Խ. – ՀՕՄ) Քեսապի մէջ հիմնուած է 1926ին, իսկ ՀՄԸՄը՝ 1930ին:
– 1939-ին, Սանճագի պարպումին, Քեսապ կը մնայ Սուրիոյ սահմանին մէջ:
– 1947ին, երկու կարաւանով, 3,800 Քեսապցի կը ներգաղթէ Հայաստան:
– Քեսապ այցելողներ – 1909ին՝ Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան, 1932-ին՝ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, Վարդան Շահպազ, Նիկոլ Դուման, Սօսէ Մայրիկ, Լոլա Սասունի, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Համաստեղ, Բարսեղ Կանաչեան: