Պոնտոսի հայերու պատմութիւնը


Ապրիլեան Եղեռնով հայ ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագիրը եղաւ աղիտալի, խիստ ծանր ու անդարմանելի:
Ապրիլեան Եղեռնով այն բազմութիւնները որ կ’ապրէին Թրքահայաստանի մէջ, ձեռնածալ չմնացին:

Եղան շրջաններ, որ իրենց բազուկի ու զէնքի ուժին յենուելով, ծառացան թշնամիի կազմակերպած արիւնալի սպանդին դէմ: Այդ կեցուածքին կը պարտին իրենց գոյութիւնը Վասպուրականը, Տարօնը, Մուսա Լեռը, Եդեսիան եւ Այնթապը, Մարաշն ու Հաճընցի վերապրողներ: Նման առնական կեցուածք մը ցոյց տուին նաեւ Տրապիզոնի հայերը, որոնցմէ շատեր փարեցան զէնքին ու կռուեցան թշնամիին դէմ, մինչեւ ռուսական ուժերու յաղթական մուտքը ծովեզերեայ այս քաղաքը: Ու այդ յաջողութիւններու մէջ եւս, պատուաւոր դեր մը վերապահուած է առաջնորդողի հանգամանքով ծառայութիւն մատուցանող խումբ մը քաջերու:

Այդ շրջաններու քաջագործութիւններու մասին Սփիւռքի կազմութենէն յետոյ բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ թանկագին գործ կատարեցին հետագայ սերունդներուն կտակելով հայոց պատմութեան հարստութիւնն ու պատմութիւնը: Հայրենակցական միութիւններ, ինչպէս՝ Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, Ակնայ, Եդեսիոյ, Տարօնի, Կարինի, Կուտինայի, Թոմարզայի, Շապին Գարահիսարի, Զէյթունի, Ֆընտըճագի, Այնթապի, Մարաշի, Հաճընի, Երզնկայի, Ամիտայի, Սիսի, եւայլն: Հայրենակցական այդ միութիւնները իրենց հրատարակութիւններով փրկեցին ոչ միայն պատմութիւնը վերեւ յիշուած շրջաններու հայութեան, այլեւ փրկուեցան մեր գաւառաբարբառներու ու բանահիւսիւթեան հետ կապուած ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ մաս մը միայն տպագրութեան ճամբով սեփականութիւնը դարձած է մեր մշակոյթին: Անշուշտ կան նաեւ կորսուածներ, ինչպէս հազուագիւտ արժէքով արուեստի մասունքներ, մագաղաթներ, ասեղնագործուած ձեռագործներ, եկեղեցական անօթներ, հեքեաթներ, առածներ ու առակներ, երգեր ու ասոյթներ, որ իր հետը տարաւ դարերէն իրեն կտակուած ազգային ստեղծագործութեանց ամբողջ գանձ մը:

Վստահաբար կորուստ մը աւելի պիտի արձանագրէինք, եթէ վերապրող Պոնտահայեր գրի չառնէին իրենց գիտցածը, իբրեւ այդ միջավայրին ծանօթ, կամ հաւաքած ու կեդրոնացուցած չըլլային նիւթեր, փրկելով թանկագին հարստութիւն մը որ կարեւոր է մեր պատմութեան եւ մշակոյթին համար:

Տրապիզոնը (Թրափեզունտա) համանուն նահանգի կուսակալանիստ քաղաքն էր, Սեւ Ծովու թրքական առաջին նաւահանգիստն ու առեւտրական կեդրոնը:

Պոնտոսի մէջ Տրապիզոնէն զատ գոյութիւն ունէին հայկական գիւղեր, որ կապուած էին ամբողջ նահանգին հետ, ինչպէս Կիրասոնի, Պաֆրայի, Օրտուի, Ճանիկի (Սամսոն), առանց մոռնալու ծովեզերեայ այլ փոքր շրջաններ, ինչպէս Ունիէն, Թրիփոլին եւ դէպի հարաւը՝ Կիւմիւշխանէն:

Իր ծաղկած հայութեամբ Տրապիզոնը յատուկ տեղ մը կը գրաւէր Պոնտահայութեան շարքին: Եթէ Ապրիլեան Եղեռնը Պոլսոյ մէջ սկսաւ ձերբակալութեամբ եւ աքսորով մեր մտաւորական շարք մը փայլուն դէմքերուն, զանգուածային կոտորածը սակայն, առաջին անգամ Տրապիզոնի մէջ է որ սկսաւ 1915ի Յուլիսին:
Ջարդին կազմակերպիչներն ու ղեկավարները եղան կուսակալ Ճէմալ Ազմին եւ Իթթիհատի պետ Նայիմ Պէյը: Տեղահանութենէն ամիս մը առաջ Պոլսոյ ազդեցիկ անդամներէն Պէհաէտտին Շաքիր Տրապիզոն գացած էր հայերու բնաջնջման ծրագիրը մանրամասնօրէն տեղւոյն վրայ մշակելու համար:

Կÿարժէ ակնարկ մը նետել Պոնտոսի հայերու պատմութեան վրայ, նոյնիսկ նախքան Եղեռնը: 19-րդ դարու առաջին քարորդին Տրապիզոնը ունեցած էր հայկական հանրային դպրոցներ եւ մշակութային ընկերութիւններ: Տակաւին 1847-ին թատերական ներկայացումներ կ’ըլլային այնտեղ, իսկ 1860-ական թուականներուն կար թատրոնի շէնք եւ դերասանական մնայուն խումբ: 1950-ական թուականներուն ալ մանչերու հոյակապ դպրոց եւ առաջնորդարան շինուած էր եւ աղջկանց կանոնաւոր վարժարանը գործել սկսած էր:
Պոնտահայութեան ծոցէն ծնած էին տաղանդաւոր նկարիչներ, դերասաններ, գրագէտներ, բանահաւաքներ ու ազգային-յեղափոխական դէմքեր:

Օսմանեան սահմանադրութեամբ (1908) պատեհութիւն տրուած էր Պոնտահայութեան զարթօնքի նոր շրջան մը ապրելու: Մեծ խանդավառութիւն մը ստեղծուած էր տնտեսական, հանրային, յեղափոխական ու մշակութային մարզերուն մէջ: Շատ աւելի ընելու կոչուած էր Պոնտահայութիւնը, եթէ թշնամին մութին մէջ չսրէր իր դաշոյնը, խրելու համար զայն երկրին ամէնէն աշխատունակ եւ նուիրուած տարրին՝ հայութեան սրտին:

Ուիլսընեան սահմանագծումով, Պոնտոսը մաս կը կազմէր Հայաստանի քարտէսին, քաղաքական դէպքերը սակայն դասաւորուեցան այնպէս, որ չիրականացաւ Միացեալ Նահանգներու մեծ նախագահին արդար տնօրինումն ու բաղձանքը:

Պոնտոսի հայութիւնը բնորոշուած էր որպէս շինարար ու ստեղծագործող, մշակոյթի եւ կրթութեան սիրահար ու լոյսին ձգտող ազգ մը: Պոնտահայերը բնորոշուած էին նաեւ որպէս ճարպիկ եւ ձեռներէց: Հոնտեղի հայերը տնտեսապէս անկախ ըլլալու ձգտումը ազգային գիծի վերածած էին. բաւական էր խաղաղութեան շրջանը եւ միջավայրը, որպէսզի հայը, ինչպէս յոյնը կարճ ատենի մէջ տնտեսապէս զօրանան:
Տնտեսական անկախութեան զուգընթաց, քաղաքականօրէն անկախ ու ազատ ապրելու ձգտումն ալ բնածին եւ մեր ազգի առաջնակարգ յատկանիշը կը կազմէ:

Հարիւրամեակներու ընթացքին Պոնտոսի մէջ ապրելով թուրքերուն հետ, հայերն ու յոյները պահպանած էին իրենց ցեղային նկարագրի հիմնական գիծերը եւ ազդուած չէին թուրքերու հետեւողական ճիգէն՝ խաթարելու մեր նկարագրի յատկանշական գիծերը:

Պոնտահայութեան ցեղային բնորոշ ու շեշտուած նկարագիրներէն մէկն էր կրթութեան հանդէպ սէրը, բոլոր խաւերուն մէջ: 

Քաղաքին համեմատաբար բարեկեցիկ բնակչութեան զուգահեռ, ամէնէն աղքատ եւ քանի մը տուն ունեցող հայ գիւղն անգամ ունէր իր դպրոցը: Դպրոց մը ու եկեղեցին կողք-կողքի:

Քաղաքացիներու զաւակները նախ, 1890-ական թուականներէն յետոյ նաեւ գիւղացի տղաքը դէպի Եւրոպա համալսարանական կրթութիւն ստանալու կ’երթային: 1915 թուականի զարհուրանքի օրերուն, այդ երիտասարդներէն մեծ թիւ մը, արձակուրդով, կամ միջնակարգ ու համալսարան աւարտած՝ իրենց ծննդավայրը վերադարձած էին Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեանէն, Սանասարեան վարժարանէն, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն, Իտա- լիայէն, Ֆրանսայէն: Գաղափարական եւ ուսեալ այս սքանչելի երիտասարդները իրենց կարգին եւ իրենց հարազատներուն հետ զոհ գացին թրքական գազանութեան: 

Պոնտահայը, իր ծննդավայրէն հեռու, հոն ուր հաստատուեցաւ, պահեց իր աւանդապաշտ, հայրենասէր եւ ազգասէր նկարագիրը: Պոնտահայ մըն էր Միսաք Թորլաքեանը, Սողոմոն Թէհլիրեանը, Երուանդ Ֆընտքեանը, Ներսէս Ֆընտքեանը եւ ուրիշներ:
Յեղափոխական շարժման առաջին օրերէն իսկ Պոնտահայը, ուսեալ թէ ռամիկ, իր անվերապահ ու գործօն մասնակցութիւնը բերաւ անոր: Եւրոպական նաւային, ապահովագրական եւ առեւտրական մեծ տուներու ներկայացուցիչները, մեծագոյն տոկոսով Պոնտահայ առեւտրականներ էին եւ կը յատկանշուէին իրենց վարկով, հեղինակութեամբ, ճշդապահութեամբ եւ անխարդախ պարտաճանաչութեամբ:
Փակելէ առաջ այս նախաբան – ուսումնասիրութիւնը յայտնենք, որ Եղեռնէն ետք Պոնտահայութեան ստուար հատուած մը ապրեցաւ ու կÿապրի Սեւ Ծովու ռուսական ափերու երկայնքին, Պաթումէն սկսած մինչեւ Խրիմի թերակղզին, մինչեւ Հիւսիւսային Կովկաս:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.