Պէյնըր Էրտողանին Խոստացած Է Օրակարգի Չբերել Ցեղասպանութեան Բանաձեւը


ՊՈԼԻՍ, ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու», «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Ճան Պէյնըրն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Այս ընդունելութիւնը կը զուգադիպէր Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի վաւերացման, եւ այդ պատճառով, այցելութեան ընթացքին թրքական կողմը օրակարգի բերաւ այս հարցը։
Բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ վերապահութիւնը բարձր մակարդակի հիւր երեսփոխանին փոխանցուեցաւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ, որ աւելի ուշ, վարչապետարանին մէջ ընդունեց հիւրն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Էրտողան, այլ հրատապ հարցերու առընթեր, անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ու փոխանցեց այս խնդիրին մէջ Թուրքիոյ զգայնութիւնը՝ ըսելով, թէ պէտք չէ արտօնուի, որ այդպիսի բանաձեւ մը խանգարէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։
Նիւթը լայնօրէն արծարծուեցաւ նաեւ Չիչեքի կողմէ։ Չիչեք, հիւրերուն համար սարքուած ընթրիքի սեղանին վրայ խօսեցաւ ու տարածաշրջանի բազմաթիւ հարցերուն անդրադառնալէ ետք՝ խօսքը բերաւ Հայկական Ցեղասպանութեան՝ ըսելով. «Կը հաւատամ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ հասցէին կատարուած ամէնէն մեծ զրպարտութիւնն է եւ ասիկա մեծ ծանրութիւն կը դնէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր ունեցած կապերուն վրայ»։
Չիչեք կրկնեց Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը՝ ըսելով. «Ես ալ կը հաւատամ, որ խորհրդարանները պէտք է կառուցանեն այսօրն ու վաղը, այլ ո՛չ թէ վճիռներ արձակեն անցեալի մասին։ Եթէ անցեալի մասին վճիռներ արձակելու սկսինք, այն ատեն խաղաղութիւնն ու կապերը վտանգի կ՛ենթարկուին»։ Չիչեք դիտել տուաւ, որ Ծերակոյտի յանձնախումբին որոշումը զուգադիպեցաւ այնպիսի շրջանի մը, երբ բազմաթիւ փորձութիւններ կան մերձակայ երկիրներու մէջ։ «Ամէն անգամ, երբ Ապրիլ ամիսը կու գայ, այսպիսի մթնոլորտ մը կը ստեղծուի։ Հայկական պնդումներուն ու Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն՝ խորհրդարաններու կողմէ ընկալումը ու այս մարզէն ներս անոնց բաւական ճամբայ կտրած ըլլալը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ», ըսաւ Չիչեք։ Ան կրկնեց, թէ այս խնդիրները պէտք է ձգուին պատմաբաններու։
Պէյնըր իր պատասխան ուղերձին մէջ վստահեցուց, որ Ամերիկա բացառիկ կարեւորութիւն կու տայ Թուրքիոյ հետ ունեցած իր յարաբերութիւններուն եւ կ՛ուզէ զանոնք առողջ պահել։ «Մի՛ մտահոգուիք, մենք պատմութիւն գրելու պարտականութիւն պիտի չստանձնենք, բայց պայման է, որ մեր երեսփոխանները աւելի յաճախակի հանդիպումներ ունենան իրարու հետ», ըսաւ ան՝ յայտնի դարձնելով, թէ Քոնկրեսը հեռու է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւ մը ընդունելէ։
Միւս կողմէ, թրքական «Հապեր 7» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ Ցեղասպանութեան բանաձեւը հապճեպ կերպով ներկայացուած է, սակայն Ծերակոյտի օրակարգ պիտի չմտնէ: «Նման բան չ՛ակնկալուիր: (Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար) Քերի նշեց, որ բանաձեւը յանձնախումբէն անդին պիտի չանցնի: Մեր դիրքորոշումն ու արձագանգը յստակ է: Թուրքիան նման քաղաքական շահարկումներ պիտի չարտօնէ: Մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններուն», ըսած է ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է նաեւ, որ այս հանգրուանին այդ բանաձեւը Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն վրայ պիտի չազդէ: «Բանաձեւը Ծերակոյտի կամ Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ անցընելու կամ որեւէ յայտարարութեան պարագային, մենք նախապէս ցոյց տուած մեր արձագանգը դարձեալ ցոյց պիտի տանք: Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ: Սակայն նման հաւանականութիւն չենք նախատեսեր», ըսած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.