Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ելոյթ պիտի ունենայ Բ. Աշխարհամարտի Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հրամանատարներէն Միսաք Մանուշեանի մահուան 70-ամեակի հանդիսութեան


Այս տարի մահուան 70-ամեակն է Բ. Աշխարհամարտի Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հրամանատարներէն Միսաք Մանուշեանի եւ իր 22 գործակիցներուն, որոնք 1944-ի Փետրուար 21-ին գնդակահարուեցան նացի գերմանական բանակին կողմէ։

Այս մասին անդրադառնալով, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու (CCAF) համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեանը հայկական լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը փափաք յայտնած է ներկայ ըլլալ յիշատակի հանդիսութեան լեւ հանդէս գալ յատուկ ուղերձով։

 Փափազեան աւեցլուց, որ ֆրանսահայութիւնը մեծ յոյս ունի, որ իր ելոյթի ընթացքին Հոլլանտը կ՚անդրադառնա նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ ճանչնալու պատմական իրողութիւնը։

Մանուշեանի եւ իր ընկերներու յիշատակին ամենամեայ դրութեամբ կը կայանայ յիշատակման հանդիսութիւն, որ կը կազմակերպուի Ֆրանսայի հայ և հրեայ համայնքներուն կողմէ։ Այս տարի յարգանքի տուրքը առաջին անգամ ըլլալով պիտի մատուցուի պետական բարձրագոյն մակարդակով և արարողակարգով:

 

 Միսաք Մանուշեան (1906-1944) 

 

Հայ բանաստեղծ եւ Բ. աշխարհամարտի ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման գործիչ Միսաք Մանուշեան ծնած է Ատիյաման (Արեւմտյան Հայաստան) 1906-ին: Ծնողները կը զոհուին Մեծ եղեռնի օրերուն: Հրաշքով փրկուած Միսաքն ու եղբայրը կը հասնին Սուրիա։ 1920-ական թուականներու սկիզբը կ՚ապաստանի Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի հայկական որբանոցը, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը: 1925-ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա: 1932-ին Ա. Սեմայի հետ լոյս կ՚ընծայէ «Ջանք» գրական-գեղարուեստական հանդեսը:

Ֆրանսիայի համայնավար կուսակցութեան անդամ կը դառնայ 1933-ին: Շուտով կը դառնայ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ։

1935-37 կը խմբագրէ «Զանգու» շաբաթաթերթը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ (1939-1945) կը մասնակցի գերմանական ուժերու դէմ ֆրանսական դիմադրական զինեալ պայքարին: 1943-ի Մարտին կը նշանակուի «Սթալինկրատ» ջոկատի հրամանատար, իսկ նոյն տարուան Մայիսին` կը նշանակուի Փարիզի ու Փարիզի շրջանի հայդուկային  ջոկատներու հրամանատար:

1943-ի Նոյեմբեր 16-ին մատնութեան պատճառով կը ձերբակալուի եւ երեք ամիս անց, Փետրուար 21-ին, կը գնդակահարուի իր 22 մարտական ընկերներուն հետ: 

1946-ին (յետ մահու) Փարիզի մէջ լոյս տեսած է իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ վերահրատարակուած է Երեւանի մէջ` «Իմ երգը» (1956) խորագրով: Պարգեւատուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն» պետական բարձրագոյն շքանշանով (յետ մահու): Մանուշեանի անունով փողոցներ կան Փարիզի, Մարսէյլի, եւ Առնուվիլի մէջ, ինչպէս նաեւ իր անունով դպրոցներ` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:

 

«Հիմա կը մեռնիմ ընկերներուս հետ` արիաբար և մարդու մը գիտակցութեամբ, որուն խիղճը հանգիստ է, քանզի ոչ ոքի չարիք չեմ պատճառած: Ես կամաւոր մտած եմ Ազատագրական բանակի շարքերը և կը մեռնիմ յաղթանակի շէմին»

Մահապատիժէն առաջ Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակի տողերէն՝ ուղղուած իր կնոջ եւ մարտական գործակից Մելինէ Մանուշեանի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.