20 Փետրուար 1988. Արցախեան Շարժման հերոսական շղթայազերծումը


 

Փետրուարի այս օրը, Ստեփանակերտէն մինչեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափերը, մեր ժողովուրդը կը տօնէ 26ամեակը Արցախեան Շարժման հերոսական շղթայազերծումին։

Կը տօնէ՝
– թէ՛ Արցախի իրաւունքները իր սեփական ուժերով վերականգնած Ազգի ինքնավստահութեամբ,
– թէ՛ իրեն պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ժողովուրդի հպարտութեամբ,
– թէ՛ հազարաւոր հերոսներու գերագոյն անձնազոհութեամբ յառաջ մղուած Արցախեան պահանջատիրական շարժումը շարունակելու, ամբողջական ազատագրութեամբ պսակելու Պետական հաստատակամութեամբ։

Պատմութիւնը արձանագրեց, որ 1988 թուականի Փետրուար 20ին, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կարգավիճակով Խորհրդային Միութեան մաս կազմող, բայց ստալինեան հրահանգով ատրպէյճանական ուղղակի հակակշռի տակ դրուած հայոց հայրենի Արցախը ծառացաւ իրեն պարտադրուած ստոյգ կործանման վտանգին դէմ։

Պատմական այդ որոշումին հետեւեցան օրհասական պայքարի արիւնալի տարիներ, որոնք յատկանշուեցան մէկ կողմէ ազերի փան-թուրքիստներու գործադրած հայասպանական ոճիրներով եւ Արցախի հայաթափման գործողութիւններով, իսկ միւս կողմէ համաթրքական այդ մոլեգնութեան ֆետայաբար դիմադրող, պարտութեան մատնող եւ հայ ազգային-ազատագրական կռուի նորագոյն խոյանքի հերոսապատումով։

Արցախեան Շարժման շղթայազերծումը իր յաղթական պսակումին արժանացաւ 1991 թուականի Դեկտեմբեր 10ի հանրաքուէով, երբ Արցախցի Երիտասարդներու նոյն Յայտարարութեան շեշտադրումով՝ «Արցախի ժողովուրդը ամրագրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը՝ հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ որպէս ազատ, անկախ, ժողո-վըրդավարական պետութիւն»:

Փետրուար 1988ի օրհնաբեր այդ օրերէն ասդին 26 տարիներ թաւալած են եւ, Արցախի հետ, ողջ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման Ուղին հարթած են։ Վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Հռչակուած ու կայացած է ազատ ու անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։

Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլին շնորհիւ, իրողապէս նուաճուած է հայկական Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։ Հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ ապահովուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային միացման կապը։ Թէեւ ազատագրեալ տարածքներու մեծ մասը տակաւին սուր կարիքը ունի վերանորոգման, վերաբնակեցման ու զարգացման, այսուհանդերձ՝ Արցախը հաստատուն քայլերով կþառաջանայ պետական շինարարութեան՝ տնտեսական եւ հասարակական ընդհանուր վերականգնման ուղ- ղութեամբ։

Ցեղասպանական «մաքրագործման», տեղահանութեան, աւերման ու աւարման ծանրագոյն հար-ւածներ եւ վտանգներ դիմագրաւելու, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակելու եւ մոլեգնած ոսոխին զինադադար պարտադրելու 26ամեակ մը ապրեցաւ հերոսական Արցախը։ Մեծ զրկանքներու եւ գերագոյն զոհաբերութեան գնով արցախահայութիւնը ուղի հարթեց։ Որքան պատերազմի ժամանակաշրջանը, նոյնքան զինադադարի եւ խաղաղութեան տարիները դժուար եղան։ Արտաքին ու թշնամական ճնշումները հետեւողականօրէն փորձեցին, յանուն Արցախեան Հարցի բանակցային կարգաւորման, Արցախահայութեան պարտադրել, որ արեան գնով ազատագրուած Արցախը վերստին ենթարկուի Ատրպէյճանի տիրակալութեան։

26 տարի առաջ Ստեփանակերտէն թափ առած Միացման շարժումին հետ կազմաւորուեցաւ նաեւ Սերունդ, որ չունի իր նախորդներուն՝ ատրպէյճանական լուծի տակ ապրուած դառն ու դաժան ժամանակներու յիշողութիւնը։ Բայց ազատ ու անկախ Արցախի ծնունդ այդ սերունդը անկասկած ունի խոր գիտակցութիւնը իր ժառանգած մեծագոյն հարստութեան, որ սեփական ազգին ու հայրենիքին անբաժան մասը կազմելու, ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ամրագրումն է։ Մանաւանդ որ այդ ժառանգութեան նուաճումին համար, ծանրագոյն գին վճարուած է սեփական ընտանիքէն հարազատի կորուստով, որբացումով եւ հաշմանդամութեամբ…

Արցախեան շարժման 26ամեայ աւանդին ընդ- հանուր արժեւորման նուիրուած որեւէ անդրադարձ անպայման իր հետ կը բանայ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, հայ քաղաքական մտքի ջրբաժանը հանդիսացող  հայ ազգային պահանջատիրութեան ու Հայ Դատի մեր ժամանակներու ռազմավարութեան կիզակէտին՝ Արցախեան արեւելումին նորովի արժեւորման մեծադիր հարցը։

Նախ յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու գլխաւոր պահանջին ու առաջադրանքին շուրջ միասնական դիրքորոշում ունենալով հանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը, շարժման առաջին իսկ պոռթկումի օրերէն, տարակարծիք եղաւ պայքարի յարմարագոյն ռազմավարութիւնը որդեգրելու հարցին շուրջ։

Սկզբնապէս զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ ազգային-ազատագրական պայքար շղթայազերծելու անհրաժեշտութեան շուրջ ծաւալեցաւ բանավէճը։ Իսկ ժամանակի թաւալումին եւ հայ-ադրբեջանական հակամարտութեան բարդացման հետ՝ ջրբաժան առաջացաւ մէկ կողմէ այսպէս կոչուած մեծապետական ճնշումներուն հետ քայլ պահելու «իրատեսութեան», իսկ միւս կողմէ՝ «ծայրայեղական» որակուած ազատագրուած հայրենականը ամէն գնով պահպանելու յեղափոխական արեւելումին միջեւ։

Արցախեան Շարժման շրջադարձային բոլոր փուլերուն կրնկակոխ հետեւեցաւ հայ քաղաքական մտքի ներքին այս բեւեռացումը, ի վերջոյ 1997ին յանգելու համար Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ թէ խաղաղութիւն» ձեւակերպումով յայտնի երկփեղկումին։

Շարժման 26ամեակին կարեւորագոյն պարգեւը անկասկած ա՛յս յաղթանակն է, որ իրաւատէր հայութիւնը տարաւ իր ներսիդին ծուարած համակերպումի ու պարտուողական «իրատեսութեան» դէմ։

Ժամանակը, փաստօրէն, հիմնովին սրբագրեց 90ականներէն եկած խարխափումի այդօրինակ տարազումներն ու բեւեռացման եզրերը։

Բիւրեղացաւ հայ քաղաքական մտքի պահանջատիրական կողմնորոշումը, որուն հետ նաեւ պետական այն մտածողութիւնը, թէ Արցախեան Հարցի բանակցային եւ արդար կարգաւորման ուղին կþանցնի իրապէ՛ս փոխ-զիջումներու եւ ոչ թէ միայն հայկական կողմի զիջումներու կածաններէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.