Մալաթիոյ հայերու բարեսիրական միութեան ատենապետ Հոսրոֆ Քէօլեդաւիթօղլուի սպասումն է, որ թրքական իշխանութիւնները քաջութիւնը ունենան դատապարտելու Մեծ Եղեռնը


 

 

Թրքական «Զաման» թերթը  Դեկտեմբեր 22-ի իր թիւով կը գրէ, որ Մալաթիոյ հայերու բարեսիրական միութեան (ՀԱՅՏԵՐ) ատենապետ Հոսրոֆ (Խոսրով «Հ») Քէօլեդաւիթօղլու տիպար անատոլուցի մըն է։ Ան իր սրտին, մտքին եւ զգացումներուն մէջ անատոլուցի է։ Իրեն համար ճշմարիտ անատոլուցի մը լաւ քաղաքացի մըն է։ 

Ան, կը յայտնէ, որ ինք իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի մը, Թուրքիոյ բոլոր հայերուն նման իր հայրենիքը՝ Թուրքիան թշնամիներէ պաշտպանելու չերկմտիր՝ «ճիշդ ինչպէս մեր փոքրամասնութեան նախահայրերը կատարեցին Տարտանելի ճակատամարտի ընթացքին»։

«Զաման» կը գրէ, որ Քէօլեդաւիթօղլուի սպասումն է, որ թրքական իշխանութիւնները քաջութիւնը ունենան դատապարտելու Մեծ Եղեռնը, որ Օսմանեան ժամանակաշրջանին կազմակերպուած էր Երիտասարդ դուրքերուն կողմէ եւ կը նշէ, որ քանդումը, աքսորը, սեռային բռնութիւնները, բռնաբարումները եւ ջարդերը կարելի չէ ժխտումով ջնջել։ Ան կը յայտնէ, որ անմարդկային, ահաւոր ողբերգութեան հետ պէտք է առերեսուիլ եւ տխրութիւնը բաժնեկցիլ, ինչպէս նաեւ կարեւոր է, որ հայերն ու թրքական քաղաքացիական հասարակութեան խմբակներ շարունակ երկխօսութիւն կատարեն։

Ըստ Քէօլեդաւիթօղլուի, ողբերգութեան տարիներուն, բազմաթիւ հայերու ստիպեցին իսլամանալ։ Ան կը նշէ, որ 1915-ին ամուսնութեան կամ որդեգրման ճամբով իսլամացած հայերուն թիւը շուրջ 200,000 է։

Ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր իսլամ հայեր կան։ Ոմանք իրենց ծագումը կը հերքեն, ուրիշներ իրենք զիրենք էթնիկ գետնի վրայ հայ կը նկատեն, սակայն կրօնական գետնի վրայ՝ իսլամ։

Քէօլեդաւիթօղլու շեշտած է, որ եթէ իսլամացուած հայերը իրենց նախահայրերուն ցաւալի պատմութիւնները ուրիշներուն պատմեն՝ հայերուն համար հասկցուիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։

Ան ըսած է, որ հայերը, որոնք տարածաշրջանին մէջ վերապրած են կը փորձեն իրենց մշակոյթը պահպանել եւ իրենց կենցաղակերպը պահպանելու համար կը պայքարին՝ աւելցնելով, որ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարած է, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ հայերուն համար բաւարար քայլեր կատարած է։

Քէօլեդաւիթօղլու կը յայտնէ, որ թրքական կառավարութիւնը ալեւիներու եւ քիւրտերու նկատմամբ բազմաթիւ քայլեր առած է. հայերն ալ արժանի են նոյնպիսի վերաբերմունքի եւ անոնք թեւերնին բաց կը սպասեն առանց նախապաշարումի եղող բոլոր բարեկամական քաղաքական տեսլականներուն։

Ան յայտնած է, որ հայերը պաշտօնատարներուն «ցեղասպանութիւն» կամ «ջարդ» ըսելնուն պէտք չունին, որովհետեւ աշխարհը արդէն գիտէ, թէ ինչ պատահած է։

Քէօլեդաւիթօղլու կը յայտնէ, որ զանգուածային սպանութեան նպատակը հայերու դրամն ու կալուածները իթթիհատական կուսակցութեան համակիրներուն եւ ականաւոր բնիկներու փոխանցելն էր։ Հայերը, որոնք Անատուլուի ամէնէն մեծաթիւ փոքրամասնութիւնն էին, յանկարծ իրենց անցեալին կողքին, աշխարհագրութենէն, համայնքէն, գրականութենէն եւ տեղական պատմութեան գիրքերէն անհետացան. կարծէք անոնք երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլային։

Ըստ Քէօլեդաւիթօղլուի, այս հարցով հայերու կարծր կեցուածքին պատճառը պետութեան կողմէ ժխտումն է։ Սակայն եթէ Թուրքիա իր կեցուածքը փոխէ սփիւռքի հայերը աւելի չափաւորական պիտի ըլլան։

Ինչ կը վերաբերի «1915-ի դէպքերու 100 ամեակին», ան կը յուսայ, որ Թուրքիոյ մէջ համատարած սուգ պիտի ըլլայ, սակայն 2015-ի վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքին կողմէ որեւէ ձեռնարկ չի սպասեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.