ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՆԱՅ


 

 

«Քրիշչըն Թուտէյ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի մարդկային իրաւանց հարցերով ենթայանձնախումբը անցեալ շաբաթ քննարկած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մտահոգիչ կացութիւնը։

Երեսփոխանները քննարկած են «Ուորլտ Ուաչ Մոնիթըր» կազմակերպութեան վերջերս ներկայացուցած այն զեկուցումները, որոնք տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած բռնարարքները կը ներկայացնեն։

Օրինակի համար, 22 Սեպտեմբերին, Քիրքուք նահանգի Ռաֆիքէյն շրջանին մէջ քրիստոնեայ քաղաքագէտ Իմատ Եուհաննայի տան առջեւ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառած է 19 զոհ, ներառեալ Եուհաննայի զաւակներէն երեքը։
Հիւսիսային Իրաքի Իրպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են շարք մը ականահարումներ, որոնց պատասխանատուութիւնը Քայիտան ստանձնած է։

«Ուորլտ Ուաչ Մոնիթըր» հաղորդեց, որ Պաղտատի մէջ եկեղեցական ղեկավարներ կը յայտնեն, որ իւրաքանչիւր երկու կամ երեք օր անգամ մը քրիստոնեաներու դէմ յարձակում տեղի կ՚ունենայ։ Խումբ մը քրիստոնեայ երիտասարդներ յայտնած են, որ ոստիկանները իրենց ըսած են, թէ պէտք է Իրաքէն հեռանան, որովհետեւ Իրաքը իսլամական տարածք է։

Հիւսիսային Իրաքի քրտական տեղական կառավարութիւնը քրիստոնէական գործունէութիւնները հսկելու միջոցներ քննարկած է եւ Արեւմուտքէն եկած անգլերէնի ուսուցիչները ամբաստանած է քրիստոնեայ միսիոնարներ ըլլալու համար։ Այժմ արեւմուտքցիներու համար գործի արտօնագիր ստանալը աւելի դժուար դարձած է։

Պաղտատի մէջ Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Քանըն Անտրիւ Ուայթ յայտնած է, որ Սատտամ Հուսէյնի տապալումէն ետք, անցնող 10 տարիներուն ընթացքին իր համայնքէն հազար հոգի սպաննուած է, որոնցմէ 58-ը՝ մէկ օրուան մէջ։ Ան նաեւ նշած է, որ վերջին տասնամեակին ընթացքին Իրաքի քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը 1.5 միլիոնէն նուազած է շուրջ 200 հազարի։

Երկրորդ զեկուցում մը լուսարձակի տակ կը բերէր Իրաք ու Աֆղնանիստան ներխուժումներէն եւ 2011-ի «Արաբական գարուն»-էն ի վեր Եգիպտոսի նման երկիրներու մէջ քրիստոնեաներու կացութիւնը։

Եգիպտոսի մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է, սակայն շատեր նախագահ Մուհամատ Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարած կառավարութեան տապալումէն ետք, աւելի յուսալից են։

Ղպտի եկեղեցւոյ Բրիտանիոյ թեւի ընդհանուր առաջնորդ Անկաէլոս եպիսկոպոսը փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ կը նշէ, թէ ինչպէս բազմաթիւ քրիստոնեաներ սկսած են իրենք զիրենք իբրեւ եգիպտական ընդհանրական համայնքի մէկ մասը նկատել եւ ոչ թէ անջատ համայնք մը։

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ներկայ էին Ներկայացուցչութիւն չունեցող ազգերու եւ ժողովուրդներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մարինօ Պուստասչին, Արեւելքի ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդ Էմանուէլ Եուհաննա արքեպիսկոպոսը, Իրաքի մէջ ասորի քրիստոնեաներու մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան ատենապետ Քամել Զոզօ։

Եւրոպական խորհրդարանի մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբը նշեալ խորհրդարանի անդամ երեսփոխաններուն կրնայ յանձնարարել արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու շուրջ օրէնսդրութիւն կատարել։

Քննարկումին ընթացքին, շարք մը խօսք առնողներ Իրաքի փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու եւ Քիւրտիստանի մէջ գաղթականներուն օժանդակելու համար յաւելեալ օրէնսդրական միջոցառումներ որդեգրելու կարեւորութիւնը շեշտեցին։

Նաեւ շեշտուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւն կրնայ նիւթական ներդրում ունենալ եւ յաւելեալ թեքնիք օժանդակութիւն տրամադրել։

Ենթայանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Պարպարա Լոխպիհլըր յայտնեց, որ Իրաքի մէջ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ ազգային փոքրամասնութիւնները կեանքի, մշակութային աւանդութեանց եւ տնտեսական վտանգներ կը դիմագրաւեն։ Ուստի, կացութիւնը մեղմացնելու համար Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Իրաքի ելեւմտական յատկացումներ ապահովէ, ինչպէս նաեւ ամէնէն խոցելիներուն, ներառեալ Քիւրտիստանի մէջ գաղթականներուն ձեռք երկարէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.